ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՌԱՏԻՈՅԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ընդհանուր տնօրէն Մարկ Գրիգորեանն ու իր օգնականը՝ Անի Մինասեանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Մարկ Գրիգորեան եւ Անի Մինասեան շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէին քաղաքիս մէջ։ Այս առաւօտեան Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով անոնք արդէն հրաժեշտ առին քաղաքէս։
Մարկ Գրիգորեան եւ Անի Մինասեան Իսթանպուլի մէջ ունեցան հետաքրքրական կեցութիւն։ Մարկ Գրիգորեան նախապէս զանազան առիթներով այցելած էր քաղաքս, իսկ Անի Մինասեանի առաջին այցելութիւնն էր այս մէկը։ Անոնք թէ՛ շրջեցան քաղաքի պատմամը-շակութային յատկանշական յուշարձաններն ու հիմնական թաղամասերը եւ թէ զանազան շփումներ ունեցան համայնքէն ներս։
Երէկուան այցելութեան ընթացքին Մարկ Գրիգորեան եւ Անի Մինասեան մեզի հետ բաժնեցին շուրջ մէկ շաբթուան կեցութեան տպաւորութիւնները։
Մարկ Գրիգորեան ներկայիս մշակած է ծրագիր մը՝ Իսթանպուլի հայկական կեանքին եւ հետքերուն վրայ ծանրանալու նպատակով։ Ներկայ այցելութիւնը առիթ հանդիսացած է, որպէսզի ան քիչ մըն ալ այդ աչքով դիտարկէ Պոլիսը եւ համապատասխան գաղափարները հասունցնէ։
Մարկ Գրիգորեան եւ Անի Մինասեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցան նաեւ նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի հոգեճաշին։