ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 111 տարեկան

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը վաղը կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 111-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետի հերթական տարեդարձի փուլն է ահա... Ինչպէս միշտ, տարեդարձը կ՚ողջունենք բարձր տրամադրութեամբ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իւրաքանչիւր տարեդարձ կու գայ նոր մրցանիշ մը սահմանել հա՛յ մամլոյ պատմութեան մէջ, թո՛ւրք մամլոյ պատմութեան մէջ, նաեւ համաշխարհայի՛ն մամլոյ պատմութեան մէջ։ Չէ՞ որ, ան հայ աշխարհի եւ Թուրքիոյ ամենաերկարակեաց օրաթերթն է՝ իր անընդմէջ հրատարակութիւնով եւ այս առումով ունի նաեւ ուրոյն տեղ մը համաշխարհային մամլոյ մէջ՝ մանաւանդ, փոքրամասնութիւններու մամուլի տեսանկիւնէն։

ԺԱՄԱՆԱԿ կը գոյատեւէ առաջին հերթին՝ որպէս պոլսահայութեան ձայնը եւ հայաշխարհի վրայ բացուած պատուհան մը։ Այդ պատուհանը երկկողմանի է. հայաշխարհը կը դիտարկէ պոլսահայութիւնը եւ պոլսահայն ալ՝ ամբողջ հայաշխարհը։ Սա համայնքի թերթն է։ Եւ, ինչպէս որ պոլսահայութիւնը՝ փոքր ներուժով հանդերձ իր գոյութեամբ ու լինելութեամբ խորհրդանշական մեծ իմաստ կը ներկայացնէ ու մեծ ժառանգութեան մը մերօրեայ յաջորդն է, իրաւատէրն է, այնպէս ալ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարատեւ առաքելութիւնը, տեւական գործունէութիւնը կ՚առըն-չըւին բազում կենսական չափումներու հետ, հակառակ համեստ հնարաւորութիւններուն։ Մամուլը, ընդհանրապէս, երկար տասնամեակներէ ի վեր կը պայմանաւորէ մեր համայնքի կշիռը։ ԺԱՄԱՆԱԿ այդ ամբողջին մէջ ունի իր տեղն ու դերը։ Արդարեւ, հայ իրականութեան մէջ բազում համայնքներ ի վիճակի չեն օրաթերթ մը պահելու, հակառակ կարելիութիւններու եւ միջոցներու։

Պոլսահայութիւնը չափազանց սահմանափակ մարդուժով, ներուժով կանգուն կը պահէ ազգային հաստատութիւններու մեծ ցանց մը։ Այստեղ մամուլը բազմապատկիչ գործօն մըն է, որովհետեւ ժողովուրդի զանազան խաւերու գիտակցութիւնը արթուն ու վառ կը մնայ շնորհիւ կանոնաւոր հաղորդակցութեան։ Այդ գիտակցութիւնն է, որ կ՚երաշխաւորէ հաստատութիւններու երթը։ Եւ տակաւին, պոլսահայութեան պարագային գրեթէ ընդելուզուած են ինքնութեան պահպանման եւ հաստատութիւններու գոյատեւման հարցերը։ Այս առումով ալ ԺԱՄԱՆԱԿ ունի անփոխարինելի դեր մը՝ որպէս մայրենիի օգտագործման կայուն հարթակ։

Լեզուական երեսակը արդէն այս թերթը դուրս կը բերէ պոլսահայութեան սահմաններէն, որովհետեւ ան նաեւ կայուն հարթակ մըն է արեւմտահայերէնի օգտագործման համար։ www.jamanak.com կայքէջը այս առումով անգնահատելի է, որովհետեւ համացանցի վրայ մատի վրայ հաշոււած հասցէներ կան նման առանձնայատկութեամբ։ Բաց աստի, հաշուի առնելով, որ հայաշխարհի հետաքրքրութիւնը մեծ է պոլսահայութեան նկատմամբ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը հանդիսանայ առանցքային սկզբնաղբիւր մը պոլսահայ կեանքի իրադարձութիւններուն տեսակէտէ ու այդ հետաքրքրութիւնը կը յագեցնէ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ։

Ի լրումն այս բոլորին, աշխարհի ամենահին ու երկարակեաց հայերէն օրաթերթի Պոլսոյ մէջ գոյատեւելը ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դրական խորհրդանշանի մը կը վերածէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու տեսակէտէ։ Սա թէ՛ այս համայնքի եւ թէ այս երկրի հարազատ օրաթերթն է, իւրացուած որպէս արժէք բոլորին կողմէ։

Իր գոյութեամբ այսքան շատ ու տարբեր պարագաներու առընչակից դառնալով հանդերձ, ԺԱՄԱՆԱԿ հաւատարիմ կը մնայ նախ եւ առաջ, ամէն բանէ առաջ լրատուամիջոց մը ըլլալու սկզբունքին ու կը ջանայ իր լսարանին մատուցել ամենալաւը՝ ամենաարագ ձեւով։ Այս թերթը չի գործեր գերադասութեան յաւակնութիւններ ունենալով նման առաքելութեամբ այլ գործընկեր լրատուամիջոցներու նկատմամբ, սակայն երբ ուրիշներ փորձեն հանդէս գալ այդ ձեւով, ապա այս թերթի հայելին անմիջապէս կը ցոլացնէ բո՛ւն, ճշգրիտ պատկերը։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը պատմութեան քննութենէն անցած գաղափարական ամուր գետին մըն է, որու վրայ բծախնդիր աշխատանք կը տարուի ներկան կատարելագործելու եւ հայեացքը դէպի ապագայ սեւեռելու համար։ Այս հանգամանքը կը վերաբերի այն բոլոր բնագաւառներուն, որոնց հետ կ՚առընչուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութիւնը։

*

Տարեդարձի օրուան յուզումով՝ երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը։ Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար։ Մեր սրտի տրոփին մէջ են՝ Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն։ Կ՚աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան եւ Էպէօղլու գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար։ Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիկ պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին լոյսով, բազկին ուժով, աչքին լոյսով անխնաօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար։ Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 110 տարիէ ի վեր։

*

Այս տարուան մեր տարեդարձին բարոյական պարտք կը համարենք ոգեկոչել նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը, որու յիշատակին առջեւ կը բերենք մեր խոնարհումը։ Թէ՛ ասպարէզի եւ թէ մարդկային առումով իր կեանքի ընթացքը յաճախ խաչաձեւուած էր այս թերթին հետ եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը պահած էր կապը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին հետ։ Արա Կիւլէրի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ ունեցած ամուր կապը պատուաբեր է հայ մամուլի տեսակէտէ ու մենք իր յիշատակը կը պահենք յաւերժ՝ բիւր յարգանքով ու խնկարկութեամբ։

*

Տարեդարձները, ճիշդ է, որ տօնական տրամադրութիւն եւ զգացումներ կ՚առթեն։ Մենք այսօր կ՚ըմբոշխնենք այդ բոլորը։ Սակայն եւ այնպէս, զգացումներէ տարուելու չենք բնականաբար։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութիւնը մեղուաջան աշխատանքի, վիթխարի զոհողութիւններու եւ անխնայ վաստակի մրցանիշ մըն է։ Մտքի լոյսի ու ճակտի քրտինքի, հաւատի ու նուիրումի համադրութիւն մըն է, որ կարծես յուշակոթողի մը վերածուած ըլլար։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը տարեդարձը կը նշէ, առանց մոռնալու կամ անտեսելու այն մարտահրաւէրները, որոնք այսօր կը դիմագրաւէ այս թերթը։ Համատարած ձուլում, հաւաքական կեանքէ ներս ահագնացող անտարբերութիւն, համայնքի մէջ տագնապի եզրին հասած պառակտում, նիւթական աներեւակայելի դժուարութիւններ եւ տակաւին ինչ-ինչ խնդիրներ։ Այս համայնապատկերին վրայ կը գոյատեւէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ու մանաւանդ՝ կը փորձէ կազմակերպել իր ապագան։ Մեր միակ ապաւէնն է մեր ընթերցողը, այն հայ մարդը, որ ամէն օր իր ընտանիքի նուիրական յարկէն ներս կը հիւրընկալէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը։ Այդ վերաբերմունքը, որմէ կը բխի նաեւ զգայնութիւն մը, էական միակ գործօնն է, որ կրնայ ապահովել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վերածնունդը ու կրնայ խթանել անոր ապագան։

Բարին ընդ մեզ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2018