ՏՕՆ ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ (326)

Խաչվերացէն յետոյ 7-րդ կիրակի օր կը տօնուի Սուրբ Խաչի Գիւտի յիշատակը։ Այս տարի Գիւտ Խաչի տօնը կը հանդիպի 28 հոկտեմբեր կիրակի օրուան։ Սուրբ Խաչի գիւտը պատահած է 326 թուականին՝ Կոստանդիանոսի մօր սրբուհի Հեղինէի նախաձեռնութեամբ։

Դ. դարու սկիզբը Հռոմէական կայսրութիւնը Արեւելքի մէջ նոր նուաճումներու շրջան մը կը թեւակոխէր։ Այս նուաճումներու կարգին, պայքար կը մղէր նաեւ խղճի եւ կրօններու ազատութեան համար։

Կոստանդիանոս Մեծ կայսրը (ծննդեան թուականը՝ մօտաւորապէս 275 եւ մահացած՝ 337-ին), 306 թուականէն սկսեալ Հռոմի արեւմտեան աշխարհի կայսրն էր. 312 թուականին Հռոմի պարիսպներու առջեւ տարած յաղթանակը քրիստոնէութեան թշնամի Մաքսենսի (Maxence) դէմ, վճռական եղած է քրիստոնէութեան հաստատման համար եւ ի նպաստ անոր պաշտօնական հաստատման, որովհետեւ 313 թուականին Միլանի մէջ ստորագրուած հրովարտակը այնուհետեւ ազատութիւն պիտի շնորհէր կրօններուն, ինչպէս նաեւ այդ թուականին քրիստոնէութեան։

Կոստանդիանոս Մեծը 325 թուականին վերջ է դրած նաեւ Արեւելքի Լիկիանոս (Licinius) զօրավարի ինքնիշխանութեան, եւ այս կերպով կայսրութեան միութիւնը իր կատարին կը հասցնէր։

Այնուհետեւ թագաւորը, 323-325 թուականներու միջեւ անձամբ կ՚ընդունի քրիստոնէութիւնը, դէպք մը եւ թուական մը, որ որեւէ կապ չունին 313 թուականին քրիստոնէութիւնը «ազատ կրօն» հռչակուելու յիշեալ հրովարտակին հետ։

Այս դէպքէն վերջ է որ կրօնական տիեզերաժողովի կը հրաւիրուի 325 թուականին, Նիկիոյ մէջ, որպէսզի այնտեղ լուծուին ստեղծուած զանազան դաւանաբանական վէճեր։

Ահա, յիշեալ կայսրին մայրն է սրբուհի Հեղինէն (Sainte Helene), որուն մասին կ՚ըսուի, թէ իր զաւկի բարի գործերը մղիչ ոգին է եղած եւ որ Նիկիոյ ժողովէն մէկ տարի յետոյ՝ 326 թուականին, իբրեւ կայսերամայր եւ հեղինակութիւն, կ՚երթայ Երուսաղէմ՝ կարեւոր գաղափարները եւ յղացումները իրագործելու։

Սրբուհի Հեղինէն Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանափոսի վրայ Սուրբ Յարութեան տաճարը կառուցանել կու տայ, միեւնոյն ժամանակ հետեւելով հնագէտ, բանգէտ Յուդա անունով հրեայ անձնաւորութեան մատնանշումներուն, պեղումներու շնորհիւ կը գտնեն Յիսուսի եւ երկու աւազակներու խաչափայտերը։

Արդարեւ, դժուար չէ եղած ճշդել Յիսուսի խաչելութեանը համար գործածուած Խաչը։

Ըստ աւանդութեան, նոր մահացած պատանիի մը մարմինը կը բերեն եւ յաջորդաբար կը դնեն գտնուած երեք խաչերու վրայ։ Եւ երբ պատանին այդ խաչերէն մէկուն դպչելով յարութիւն կ՚առնէ, ապա ուրեմն, գտնուած կը համարուի Ճշմարիտ ԽԱՉը՝ Յիսուսի խաչուած Խաչը։

Հրեայ բանգէտը՝ Յուդա կը հիանայ այս հրաշք-դէպքին ականատես ըլլալով, եւ ինք եւս քրիստոնեայ կը դառնայ։ Ան կը նուիրուի անդուլ, անդադար քարոզչութեան եւ ապա կրօնական ասպարէզի - հոգեւոր ծառայութեան մէջ կը բարձրանայ մինչեւ եպիսկոպոսութեան աստիճան, եւ ահաւասիկ, նշանաւոր Կիւրեղ եպիսկոպոսն է այդ բանգէտը՝ Յուդան։

Այսպէս ուրեմն, իսկական Խաչափայտը իր պատուաւոր եւ արժանի տեղը կը գտնէ Քրիստոսի գերեզմանին վրայ կառուցուած Սուրբ Յարութեան մեծ տաճարին մէջ. քրիստոնեայ եկեղեցիներն ալ այդ բացառիկ առիթով իսկական Խաչափայտէն մասունքներ կը ստանան։

Եւ այս հրաշալի՜ գիւտն է եւ գիւտով խանդավառուած Խաչը բարձրացնելու, պատուելու մեծ եւ բարեպատեհ շարժառիթն է ահա ԳԻՒՏ ԽԱՉ տօնը՝ որ իբրեւ Երկրորդ դրուագ կը հանդիսանայ Սուրբ Խաչի պատմութեան մէջ։

Դարեր շարունակ այն կամ մեծ բաժինը իսկական Խաչէն կը մնայ այնտեղ՝ Սուրբ Յարութեան տաճարի գանձատան մէջ, երբ պատմութեան ընթացքին հզօր ուժերը՝ պարսկաբիւզանդական ուժերը, զայն ձեռքէ ձեռք կը փոխանցեն։

Գիւտ Խաչի այս տօնը իր իմաստին եւ կարեւորութեան կարգով, յոյները նոյնացուցած են Խաչվերացի հետ։ Խաչի «Գիւտ»ի յիշատակի նշումը կը կատարուի առանձին՝ հոկտեմբեր ամսուայ վերջին կամ Խաչվերացէն 6 շաբաթ յետոյ՝ 7-րդ կիրակիին։

Գիւտ Խաչի յիշատակի տօնը՝ Պատուական անունը կրողներու անուանակոչութեան օրն է։

Այստեղ պէտք է նշել, որ իրապէ՛ս Խաչի պատմութեան մէջ «Գիւտ»ը կարեւորագոյն իրողութիւն է եւ թերեւս արդար է, որ այն դասուած ըլլայ մեծ տօներու շարքին։

Արդարեւ, Խաչի Գիւտի տօնը եւ միւս խաչի տօները ցոյց կու տան Եկեղեցւոյ ընծայած կարեւորութիւնը Խաչի նկատմամբ։ Խաչը կը ներկայացնէ մահուան հանդէպ յաղթանակը՝ որ Քրիստոս իր իսկ յարութեամբ ցոյց տուաւ համայն աշխարհի, ամբողջ մարդկութեան…։

Ուստի Խաչափայտին վրայ կա՛յ եւ կը մնայ Քրիստոսի փրկարար Արիւնը՝ որ կը սրբագործէ զայն եւ խորհրդանիշի կը վերածէ խաչը՝ վստահութեան, ապահովութեան, պահպանութեան, փրկութեան եւ մխիթարութեան։ Արդարեւ, Քրիստոսի Խաչը պաշտպանը եւ պահապա՛նն է քրիստոնեային։

Խաչուած Քրիստոս ցոյց կու տայ, թէ չկա՛յ աւելի մեծ սէր, քան զոհել եւ զոհուիլ իր բարեկամներուն համար, եւ այս իսկ պատճառով, խաչը կը խորհրդանշէ նաեւ «Սէ՛ր»ը՝ քրիստոնէական անկեղծ սէրը, որ կը պահանջէ զոհողութիւն, նուիրո՛ւմ։ Խաչուած Յիսուսի օրինակով խաչը, ահաւասիկ, սիրոյ խորհրդանիշն է նաեւ։

Խաչին մէջն է ճշմարիտ սէրը, անկեղծ, իսկական սէրը, քանի որ Յիսուս զոհուեցաւ՝ խաչուեցաւ մարդկութիւնը փրկելու համար, քանի որ Ան անսահման սէր ունէր համայն մարդկութեան նկատմամբ։ Եւ Հայր Աստուած ալ ա՜յնքան սիրեց աշխարհը, որ տուաւ Իր Միածին Որդին զայն փրկելու համար իր խաչելութեամբ։

Եւ Քրիստոս Իր իսկ խօսքը գործադրեց, իրականացուց խաչին վրայ զոհուելով, երբ կ՚ըսէր.

«Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։

Եւ Յիսուս զոհուեցաւ խաչի՛ն վրայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 23, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018