ԵՓՐԱՏԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ԱԶԴՈՒ ՀԱՐՈՒԱԾ

Թուրք զինեալ ուժերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ հիւսիսը։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի մերձակայ Զօր Մաղարի շըր-ջանէն ներս բանակի ռմբակոծումներուն թիրախը դարձան ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի դիրքերը։

Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա միջոցէ մը ի վեր սկսած էր անհան-գըստութիւն յայտնել Եփրատի արեւելքի ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ այնտեղ տեղակայուած ՓԵՏ-ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի տարրերուն բերումով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ վերջերս յայտարարած էր, որ Թուրքիա այլեւս մտադիր չէ անոնց գոյութեան թոյլ տալու։

Այս մթնոլորտին մէջ, Սուրիոյ հիւսիսային շըր-ջաններէն երէկ կէսօրուան ժամերուն կրակ բացուեցաւ դէպի Թուրքիա։ Այս սադրանքներէն վերջ շարժման անցան զինեալ ուժերը։ Այսպէս, թնդանօթներով կրակի տակ առնուեցաւ Զօր Մաղարի շրջանը, որ կը գտնուի Քարքամըշի դիմացը։ Այս գործողութիւնները կատարուեցան 40 քիլօմեթր հեռահարութեամբ թնդանօթներով։ Կը հաղորդուի, որ բանակը յաջողութեամբ լուծած է իր առջեւ դրուած խնդիրը եւ ոչնչացուած են նախատեսուած ահաբեկչական թիրախները։

Քաղաքական մեկնաբանները կը մատնանշեն, որ Թուրքիա այս քայլով ապացուցանած է, թէ Եփրատի արեւելքի վերաբերեալ իր արտայայտած վճռակամութիւնը լոկ խօսքերով սահմանափակ պիտի չմնան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018