ԲԱՐՁՐ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ
Մարդկութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ՝ դարերու ընթացքին «օրէնք»ի հանգամանք էր ստացած հասարակական անհաւասարութիւնը եւ խորթութիւնները եւ մարդս մարդու ստրուկ եւ հլու կամակատար էր դարձեր։ Ահաւասիկ, մարդկային արժանապատուութեան բոլորովին ներհակ այս իրողութեան դէմ հետզհետէ հաստատուեցան հաւասարութեան, եղբայրսիրութեան եւ անձնական կատարելութեան բարձր գաղափարները։
«Սիրեցէ՛ք զիրար» բազմիմաստ պատուէրով, Յիսուս, մարդոց մէջ արմատացած հասարակական անհաւասարութեան դէմ սիրոյ ազնիւ զգացումով սկսաւ պայքարիլ։ Արդարեւ, դարերու ընթացքին, այդ անհաւասարութեան անարդար վիճակը անդունդ մը բացած էր ժողովուրդի զանազան խաւերուն մէջ։ Յիսուս, իր ուսուցումներով եւ տիպարով ցոյց տուաւ, թէ միա՛յն այդ հանրամարդկային, ընդհանուր սէ՛րը կարող է հաւասարացնել, աւելին՝ եղբայրացնել տէրը եւ ծառան, բռնակալը եւ ստրուկը, որոնց մէջ էապէս խտրութիւն կամ տարբերութիւն գոյութիւն չունէր, քանի որ բոլորն ալ ի վերջոյ «մա՛րդ» էին։
Ահաւասիկ, բարձր սիրոյ այս սկզբունքը արգելք հանդիսացաւ, մարդիկ իրարմէ անջատող զանազան երեւոյթներու, եւ մարդոց ներկայացուց ընդհանուր մեծ գաղափարը՝ մարդկայնութի՛ւնը։
Սիրէ՛ մարդը, ո՛վ կ՚ուզէ ըլլայ, ի՛նչ ազգի պատկանի, ի՛նչ դրութեան մէջ գտնուի, սիրէ՛ ան իբրեւ քո՛ւ անձը։ Արդարեւ, սիրելու այս բարձր գաղափարը կարելի է բացատրել սա խօսքով. «Որովհետեւ կը սիրեմ…»։ Այսինքն՝ սէրը հի՛մն է ամէն մարդկային ազնիւ յարաբերութիւններու։ Իսկ այն որ կ՚ըսէ. «Կը սիրեմ, որովհետեւ», ան իր սէրը կը հաստատէ պատճառի մը վրայ, մինչդեռ սիրելու միա՛կ պատճառն է, միակ պատճառը պէտք է ըլլայ մա՛րդը. «կը նուիրուիմ, կը զոհուիմ որովհետեւ կը սիրեմ…», եւ ո՛չ թէ «կը սիրեմ, որովհետեւ ան ալ զիս կը սիրէ» եւ կամ. «կը սիրեմ, որովհետեւ ինծի կ՚օգնէ» եւ այլն պատճառաբանութիւնները ճշմարիտ սիրոյ արտայայտութիւններ չեն կրնար ըլլալ իբր սիրոյ բարձր գաղափար։
Սէրը փոխարինութիւն չ՚ընդունիր, փոխադարձութեան միջոց մը պէտք չէ՛ համարուի, այլ միայն եւ միակ պատճառը, «որովհետեւ կը սիրեմ…» ըլլալու է։ Արդարեւ «մա՛րդ» ըլլալ՝ սիրելու համար բաւարար է. մարդը սիրել՝ առանց նախապայմանի, առանց պայմանադրութեան եւ առանց փոխադարձ սիրոյ կամ ուրիշ որեւէ զգացումի…։
Ահաւասիկ, Յիսուս, այս աննախընթաց եւ իւրայատուկ բարձր գաղափարով միացուց մարդկային կեանքի «հակառակ ծայր»երը՝ համայն աշխարհը դարձուց «մէկ տուն», մարդկութիւնը վերածեց «մէկ ընտանիք»։ Այսպէս, սիրոյ բարձր գաղափարով հաստատեց հաւասարութիւն, եղբայրսիրութիւն եւ ազատութիւն մարդոց մէջ։
Յիսուս, մտադրած վեհ նպատակին եւ համամարդկային բարձր գաղափարներուն հասնելու համար ցոյց կու տայ միակ ճամբան. այն է՝ ինքնատիրութիւն եւ անձնական կատարելութիւն. «Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (ՄԱՏԹ. Ե 48)։
Թէ ի՞նչ կը նշանակէ «կատարեալ ըլլալ»։
Երկնաւոր Հայրը՝ Աստուած կատարեալ է, քանի որ Ան Սէ՛ր է, Իմաստութիւն է, Ամենողորմ եւ Գթասիրտ…։ Ապա ուրեմն, մարդ ալ կատարեալ կ՚ըլլայ երբ կը սիրէ, երբ իմաստութեամբ կը վարուի, ողորմած է, կը գթայ իր նմաններուն, եւ եթէ մարդ ունենայ այս յատկութիւնները եւ գործադրէ զանոնք՝ կատարեա՛լ կ՚ըլլայ եւ քանի որ Աստուած կատարեալ է, ան կ՚ըլլայ «աստուածանման» կամ «աստուածամերձ»։ Ուրեմն, աստուածանման ըլլալու՝ այսպիսի կատարելութիւն ձեռք բերելու համար պէ՛տք է մարդ անձնատիրութեամբ, ինքնաքննութեամբ եւ ինքնաճանաչութեամբ կարողանայ կազմել այնպիսի «բարոյական զօրաւոր բնաւորութիւն», որուն առջեւ խոնարհին բոլոր եսապաշտ, նեղ կիրքերը եւ չար հակումները, եւ մարդու բոլոր գործունէութիւնները ենթարկուին անոր արդար եւ անաչառ դատաստանին եւ արդար վճռին։ Եւ ասիկա կարելի է իրականացնել սիրոյ բարձր գաղափարով։
Ահաւասիկ, այսպիսի ներդաշնակ եւ հաւասարակշիռ բնաւորութիւնը եւ հաստատ նկարագիրը ձեռնհաս կ՚ըլլայ Աւետարանին հետեւեալ ճշմարտութեամբ եւ զայն իւրացնելով։
«Սիրէ՛ քու ընկերդ քու անձիդ պէս»։
Բայց մարդ, ըստ էութեան, կարո՞ղ է հասնիլ այդ անհատական կատարելութեան եւ դառնալ անպայման «բարոյական բնաւորութիւն»։
Դարձեալ, Յիսուս կ՚ուսուցանէ, կը սորվեցնէ այդ ճամբան եւ միակ միջոցը «բարոյական բնաւորութիւն» դառնալու, որով մարդ կրնայ հասնիլ այդպիսի կատարելութեան։ Այդ ապահով ճամբան հաւա՛տքն է։ Հաւատա՛լ Աստուծոյ, հաւատա՛լ ճշմարտութեան, հաւատա՛լ գաղափարներու ճըշ-մարտութեան, հաւատա՛լ սկզբունքներու, հաւատա՛լ անձնական ուժերուդ, եւ այն ատեն կարելի է հասնիլ կատարելութեա՛ն։
Ուստի, Յիսուս ո՛չ միայն խօսքով, քարոզով, այլ Իր անձնական օրինակով ցոյց տուաւ, որ այդպիսի բարձր գաղափարներ կարելի է իւրացնել ե՛ւ իրագործել կեանքի մէջ այն ժամանակ, երբ անկեղծ եւ խորին կերպով առանց տատանուելու եւ վարանելու, համոզուած է մարդ իր գաղափարներուն, համոզումներուն եւ սկզբունքներուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան մասին։ Արդարեւ, հոն՝ ո՛ւր տարակոյս, վարանում կամ երկմտութիւն կայ, հոն չի կրնար գոյութիւն ունենալ սկզբունք եւ բարձր գաղափար։ «Հաւատքով կարելի է լեռներ շարժել», կ՚ըսէ Յիսուս, եւ Իր Եկեղեցին կը հաստատէ այդպիսի հաւատքի վրայ, որուն կարող չեն ըլլար խորտակել «դժոխքի դռները»։
«Քանզի կ՚ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկարենայ յաղթահարել», (ՄԱՏԹ. ԺԶ 18)։
Ուրեմն Եկեղեցիին հիմքը կը կազմէ «վէմ»ը՝ Պետրոսի «հաւատք»ը՝ հաւա՛տք, որու վրայ կը կառուցանէ Յիսուս Իր ամբողջ վարդապետութիւնը, բարոյական բարձր գաղափարները՝ Եկեղեցի՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 22, 2018, Իսթանպուլ