ԽՈԿՈՒՄԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁԸ

Խոկում եւ կեանքի փորձառութիւն, ահաւասիկ այս երկու վիճակէն է, որ կը ծնի իսկական տեսիլքը՝ որուն մէջ կը բռնուին մեծ մարդիկ եւ կը ստեղծեն հրաշալիքներ։ Այս իմաստով է որ Միւսէ, ֆրանսացի բանաստեղծը կ՚ըսէ, թէ՝ «մեծ ցաւեր, տառապանքներ են, որ կը ստեղծեն հրաշագործութիւններ եւ կը զօրացնեն մարդուս նկարագիրը»։

Մարդ, արդարեւ կը հասուննայ, կը կատարելագործուի ցաւերու եւ վիշտերու մէջ։

Ծառայութիւնը, երբ լայն անկիւնէ մը դիտուի, եթէ ո՛չ տառապանք, բայց «ճգնութի՛ւն» է՝ նուիրում, աշխատանք, որ կը նը-պաստէ բարիին, ճշմարիտին եւ գեղեցիկին՝ որոնց միջոցով է, որ մարդ կը հասնի կատարելութեան՝ որուն պսակումն է երջանկութի՛ւնը։ Ուրեմն երջանկութեան տանող ճամբան՝ ցաւերու, տառապանքներու, անձնուիրութեան, զոհողութեան եւ նուիրումի ճամբա՛ն է։

Եթէ այս իմաստով մօտենանք, ցաւը, վիշտը, տառապանքը պատիժներ չեն մարդուն տրուած, կամ հատուցումներ պահանջուած մարդոցմէ իրենց չար եւ վնասակար արարքներուն փոխարէն։

Ուրեմն, խոկում, աղօթք, հոգեկան բարձր ապրումներ երբ կը միանան կեանքի փորձառութեան հետ, այն ատեն է, որ մարդուս միտքը կը զարգանայ եւ հոգին կ՚ազնուանայ։

Ուստի ընթերցանութիւն, խոկում եւ փորձառութիւն համընթաց ըլլալու են, որպէսզի հասնին իրեն նպատակին եւ առիթ ընծայեն մարդուն կատարելագործման եւ երջանկութեան։

Արդարեւ, մարդուս կեանքին մէջ փոքր եւ պատահական ուրախութիւններ եթէ տեւական ըլլան՝ երջանկութիւն կը ստեղծեն, ինչ որ երկրային կեանքի յատուկ վիճակ մըն է։ Իսկ եթէ երջանկութիւնը փոխադրուի երկնային աշխարհի, այն ատեն ան կ՚ըլլայ երանութիւն՝ որ նպատակը ըլլալու է ամէն ողջախոհ եւ հաւատացեալ անձի։ Այս կը նշանակէ՝ անդրադառնալ եւ գիտակցիլ՝ թէ կեանքը իմաստ մը եւ նպատակ մը ունի, եւ մարդ կ՚ապրի կեանքը իրագործելու եւ մաս կազմելու համար աստուածային ստեղծագործութեան եւ արարչութեան ընդհանուր «ծրագիր»ը, որ տակաւին չէ կատարելագործուած եւ կը շարունակէ ընթացքը։

Եւ ահաւասիկ, արարչագործութեան այս ընդհանուր ծրագրին իրագործման համար իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ գիտակցութիւնը ունենալով իր պատասխանատուութեան եւ պարտականութեան։

Արդարեւ, ամէն անհատ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, կամաւոր կամ ակամայ, կարեւոր կամ անկարեւոր, մեծ կամ փոքր, մասնակցութիւնը կը բերէ այս «աստ-ւածային ծրագիր»ին իրագործման մէջ։ Ամէն մարդ դեր մը ունի այդ ծրագրին մէջ։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ալ աշխատանքի, նուիրումի, խոկումի եւ կեանքի փորձառութեան ճամբուն վրայ կը հասնի այն «տեսիլք»ին՝ որ հոգեկան հոտով եւ նախանձախնդրութեան բոցով վառուած տեսիլք մըն է։

Սա իրողութիւն մըն է՝ թէ նոր երեւոյթ մը, աննախընթաց տեսարան մը չէր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի աչքերուն առջեւ պարզուող կացութիւնը։ Կրօնին հանդէպ ժողովուրդին անտարբեր վերաբերումը, հեթանոսական բարք եւ աւանդութիւններու յամառ գոյատեւումը՝ բնականօրէն մտահոգութեան անվերջ աղբիւր էին նորութեան՝ յառաջդիմութեան, բարեփոխութեան, լուսաւորութեան եւ վերանորոգութեան համար։ Անշուշտ ասիկա հոգեկան ներքին տառապանքի ծանր վիճակ մը կը ներկայացնէր ամէն ողջախոհ եւ նախանձախնդիր անձնաւորութեան, ինչպէս եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի նման առաքելական խանդով եւ ծառայութեան բարձր հոգիով լեցուած բոլոր ճշմարիտ հոգեւորականներու եւ մտաւորականներու համար։

Սա իրողութիւն մըն է՝ թէ ամէն ողջամիտ հոգեւորական՝ մտաւորական է նաեւ, ինչպէս ամէն զգայուն մտաւորական՝ հոգեւորակա՛ն։ Այս բնական է, քանի որ միտք եւ հոգի, բանականութիւն եւ զգայութիւն տեւապէս կը հակակշռեն զիրար, եւ երբ անոնք ներդաշնակ վիճակ մը ունին՝ ներքին խաղաղութիւն կը ստեղծեն մարդուս մէջ, որ կատարելութեան առաջին քայլն է՝ որուն կը յաջորդեն երջանկութիւն եւ երանութի՛ւն։

Բնական է որ ամէն «նոր», օտար, արտաքին, իր աւանդական-սովորական կեանքին հետ անհարազատ, եւ երբեմն անընդունելի դրոշմ մը կ՚ունենայ ժողովուրդին ընկալմանը մէջ։

«Նոր»ը միշտ «օտա՛ր» մըն է իր հարազատներուն մէջ. օտա՛ր իրեններուն մէջ եւ անընդունելի իրեններէն։ «Նոր»ը՝ ժամանակի մը համար առանձին է բազմութեան մէջ եւ օտար-անծանօթ՝ զինք ճանչցողներու մէջ։ «Նոր»ը ժամանակի կը կարօտի ընդուն-ւելու՝ հարազատ նկատուելու համար եւ այդ ժամանակին մէջ, ան արդէն հետզհետէ կը հիննայ եւ սովորական կը դառնայ։ Դարեր, շրջաններ իրարու կը յաջորդեն, բայց կացութիւնը կը մնայ գրեթէ անփոփոխ, քանի որ «նոր»ին համակերպիլ, քայլ յարմարցնել, եթէ ո՛չ անկարելի, բայց բաւական դժուար է։ «Նոր»ը լիովին եւ ուղղակի չի հասնիր մարդու սիրտին եւ միտքին։ «Նոր»ը կասկած, տարակուսանք կը ստեղծէ մարդուս, քանի որ մարդուն համար իր սովորութիւններէն փրկուիլ եւ նոր վիճակի մը համակերպիլ շատ դժուա՛ր է, եւ այս իմաստով մարդ իր աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, վարժուածներուն գերին կը դառնայ գոնէ ժամանակի մը համար։

Այս ուղղութեամբ եթէ դիտենք Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մեծ եւ հրաշալի գործը, շատ դժուար էր անոր գործադրութիւնը, քանի որ «նոր»ով մը կը ներկայանար ան ժողովուրդին, եւ ոչ մէկ «նոր» կարելի է անմիջապէս կեանքի կոչել, գործադրել՝ որքան ալ անիկա կարօտով սպասուած եւ հետաքրքրութեամբ դիմաւորուած ըլլայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 26, 2018, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2018