ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՈՐ ԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱ՞Յ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

ԿՈՎԿԱՍԻ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ

Պաշտօնական Երեւանը դրական շեշտադրումներով «ճանապարհեց» Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերու գլխաւոր խորհրդական Ճոն Պոլթընը։

Ճիշդ է, որ այցելութիւնը եւ անոր ընթացքին Պոլթընի կատարած «մեղմասած» անսպասելի յայտարարութիւնները դարձան ներքին քաղաքական օրակարգի սպառման հիմնական նիւթեր։ Բայց եւ այնպէս, յստակ է, թէ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը, յատկապէս, վարչապետի պաշտօնակատարն ու իր սեղմ շրջանակը կը հաւատան, որ այցը մեծ կարեւորութիւն ունի եւ այն կրնայ ստեղծել նոր որակի յառաջընթաց կապուած՝ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն։

Անշուշտ այս տասակէտէ պէտք է հաշուի առնել, թէ դէպի Կովկաս «բացուելու» Ամերիկայի որոշումը նախ եւ առաջ ամերիկեան որոշում մըն է, ու այնպէս չէ, որ Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները պիտի չուզէին, որ այդպիսի այցելութիւն մը իրականացուի։

Յստակ է նաեւ, որ ինչպէս շարք մը վերլուծաբաններ ամերիկացի «սպիտակ արծիւ»ին այս այցը կը կապեն Իրանի դէմ «սեղմուելիք» օղակին հետ, բայց նոյն առումով եւս Հայաստանի նոր իշխանութիւնները շատ լաւ գիտեն, թէ այդպիսի վտանգաւոր խաղի մը մէջ մտնելը՝ որքա՛ն վնասակար կրնայ ըլլալ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան, տրուած ըլլալով, որ Թեհրան բացի զանազան առիթներով Արցախի հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու մասին իր կատարած յայտարարութիւններէն, դարձած է այդ գօտիի խաղաղութեան պահպանման հիմնական երաշխիքներէն մին։ Թեհրանի համար երբեք ձեռնտու չէ, որ Պաքու հեռուները երթալով կարողանայ խախտել առկայ հաւասարակշռութիւնը ու այդպէսով ստեղծել այնպիսի նոր իրավիճակ մը, որ նման չէ այսօրուան առկայ «սթաթիւքօ»ին։

Ամէն պարագայի յստակ է, թէ ամերիկացիներուն համար ընթացք առած է նոր փուլ մը, որ կը կոչուի կովկասեան շրջանի նոր փուլ, որուն մէջ ալ ըստ երեւոյթին կարեւոր դեր կրնայ վստահուիլ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՇՈՒԿԱՐԵԱՆ

«Ինծի համար դժուար է կանխատեսումներ ընել այս պարագային: Մենք կրնանք պարզապէս նայիլ այցի աշխարհագրութեան․ պիտի գայ Ռուսաստան, յետոյ Հարաւային Կովկաս: Բացի այդ, իւրայատուկ հանգամանքի վրայ ալ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել․ ընդհանրապէս այդպիսի պաշտօնեաները՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականները, քիչ կը ճամբորդեն, եթէ նման բան ալ ընեն, ապա այդ կը դառնայ իրադարձութիւն: Պէտք է հաշուի առնենք նաեւ, թէ այս մէկը վերլուծական մարմին մըն է, որ առաւել խորացած է ազգային անվտանգութեան հարցերու մէջ, քան արտաքին քաղաքականութեան», ըսած է իր յայտարարութեան մէջ դիւանագէտ Ռուբէն Շուկարեան, որ եղած է Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի առաջին դեսպանը (հարցազրոյցը տրուած է «tert.am» կայքէջին)։

Շուկարեան նաեւ կարեւոր գնահատականներ հնչեցուցած է յատկապէս Պոլթընի Հայաստան տուած այցելութեան առթիւ ու ըսած՝ «Ինչ կը վերաբերի Պոլթընին, ապա պէտք է նկատել, որ ան շատ յայտնի գործիչ մըն է: Ընդհանրապէս ամերիկեան համակարգի մէջ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականները զանազան վարչակազմերու ժամանակ զանազան դերեր կը խաղան: Միացեալ Նահանգները ունեցած է ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականներ. ինչպէս՝ Հենրի Քիսինճըր, Զփիկնեւ Պրզեժինսքի, Էնթընի Լէյք, բայց եղած են խորհրդականներ, որոնց անունը նոյնիսկ դժուարութեամբ կրնանք յիշատակել: Պոլթըն չափազանց հետաքրքրական կենսագրութիւն ունեցող մէկն է: Հեռու չերթանք՝ 2001, 2002 թուականներուն ան Պուշ Կրտսերի վարչակազմին մէջ էր, որպէս պետական քարտուղարի տեղակալ: Այն ժամանակ ան արդէն բաւական խորացած էր նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններու զարգացումներու՝ Հարաւային Կովկասի եւ յատկապէս Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ, որովհետեւ այն ժամանակ դեռ գոյութիւն ունէր ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններու յանձնաժողովներ, նոյնիսկ անոնք ունէին անուանումներ: Այն շրժանին էր, որ կար Պոլթըն-Մամէտով յանձնաժողովը: Ազգութեամբ ատրպէյճանցի Մամէտով՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալն էր եւ անոնք մշտապէս խորհրդակցութիւններու մէջ էին: Տեղի կ՚ունենային հարցեր, որոնց առընչութեամբ երկու երկիրներէն անմիջական արձագանգներ կը պահանջուէին թէ՛ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ զարգացումներու վերաբերեալ»։

Շուկարեան խօսած է նաեւ Կովկասի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քաղաքականութեան շուրջ։

«Հիմա իմ մօտ տպաւորութիւն կայ, թէ Թրամփի վարչակազմը կը փորձէ յստակեցումներ մտցնել Ռուսաստանի, յատկապէս նախկին Խորհրդային Միութեան եւ մասնաւորապէս Հարաւային Կովկասի նկատմամբ իր քաղաքականութեան մէջ:

«Շատ ճշգրիտ տեղեկատուութիւն չունիմ, որովհետեւ այդ քաղաքականութեան մեծ մասը փակ է: Այն՝ ինչ որ գիտեմ, ոչ-պաշտօնական է: Թրամփի խումբին ընդգրկուած է Վիոնա Հիլ, որ Հարաւային Կովկասի լաւագոյն մասնագէտներէն մին է: Ան հիմա Սպիտակ տան մէջ է՝ Անվտանգութեան խորհուրդէ ներս, բայց մինչ այդ ան աշխատած է «Պրուքինկս»ի մէջ, որ շատ յայտնի Think Tank մըն է։ Զինք գիտենք նաեւ որպէս անձնաւորութիւն մը, որ խորապէս կը տիրապետէ ո՛չ միայն ղարաբաղեան հակամարտութեան նիւթին, այլ նաեւ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդրին։ Ան ընդգրկուած է Ճոն Պոլթընի՝ այստեղ եկող պատուիրակութեան մէջ: Պէտք է նկատել նաեւ, որ այցելութեան օրերուն Հայաստան եղած է նաեւ Թրամփի մէկ այլ խորհրդականը՝ Ռուտի Ճուլիանին։ Պէտք է ընդգծել նաեւ, թէ առաջին անգամը չէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը եկաւ Հայաստան։ 1997-ին տարածքաշրջանային այցով Երեւան, Պաքու, Թիֆլիզ ժամանած էր Սամուէլ Պըրկըր: Ան Քլինթընի խորհրդականն էր: Այդ այցը կապուած էր թէ՛ տարածքաշրջանային հարցերու եւ թէ այնպիսի խնդիրներու հետ, որոնք կը վերաբերէին բարդոյթներու լուծման: Այս պահուն, ես չեմ կարծեր, որ կը քննարկուին հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ Միացեալ Նահանգներու դերը այդ յարաբերութիւններուն մէջ: Գոնէ պաշտօնական դիւանագիտութեան մէջ այդ հարցի հետ կապուած որեւէ հետաքրքրութիւն եւ փոփոխութիւն չկայ», ըսած է Շուկարեան։

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՄԱՆ» ԿԱՐԻՔԸ ԿԱ՞Յ

Ապրիլին, երբ Հայաստան կ՚եռար, շատեր գրեցին եւ խօսեցան, որ Փաշինեանի արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ եւ նոր անսպասելի տագնապի տանիլ երկիրը։ Աւելի վերջ եւ ամենաբարձր ամպիոններէ իր խօսքը հնչեցնելով վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, թէ ինք չէ եկած վերատեսութեան ենթարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը եւ այն, որ Հայաստան պիտի շարունակէ մաս կազմել «ռուսական ճամբար»ին։ Վարչապետը իր խօսքը ամրագրելով բարձր մակարդակի այցելութիւններ ալ տուաւ եւ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Անոնք, որոնք քննադատաբար կը խօսէին երիտասարդ կառավարութեան որդեգրելիք արտաքին քաղաքականութեան մասին՝ պահ մը լռեցին եւ հասկցան, որ Փաշինեան չէ եկած «կրակի հետ խաղալ»ու։ Բաց աստի, յստակ դարձաւ, որ Ռուսաստանն ալ հանգիստ հայեացքով կը հետեւի Հայաստանի զարգացումներուն, հակառակ մի քանի կէտերու, որոնց մասին կարելի է խօսիլ այլ առիթով։ Պարզուեցաւ նաեւ, որ այդ «սպիտակ բիծեր»ը մեծ ուժականութիւն մը չունին Փաշինեան-Փութին յարաբերութեանց վրայ ազդելու։

Այսօր սակայն բոլորովին այլ իրավիճակ մը կայ։

Ճոն Պոլթընի Երեւան տուած այցելութիւնը առաջին հայեացքով Հայաստանի համար դրական այց մըն էր, որուն մասին սակայն Մոսկուայի մէջ այլ կերպով կը մտածեն։

Յստակ է նաեւ, որ Մոսկուայի զանազան պարբերականներուն մէջ այդ այցելութիւնը գրեթէ «կասկածելի» համարող գրութիւնները կը հրապարակուին այն պահուն, երբ Պոլթըն իր կարգին «շատ դրական» համարած էր Երեւան տուած իր այցը։

Այս տասակէտէ հաշուի պէտք է առնել, թէ Պոլթըն Երեւան կը ժամանէր Մոսկուայէն, եւ ըստ ռուսական կարգ մը աղբիւրներու, յատկապէս Իրանի թեզով այդ այցելութիւնը դրական արդիւնքներու չէր յանգած։ Այս կէտին յստակ կը դառնայ նաեւ, որ ամերիկացիներու այս «աննախընթաց» դրական մօտեցումները կապ ունին Թեհրանի ուղղութեամբ անոնց մղած պայքարին հետ։

Վերջին հաշուով յառաջիկային պարզ պիտի դառնայ, թէ ինչ հիմքերով պիտի նետուին հայ-ամերիկեան նոր խարիսխները, սակայն նոյնպէս յստակ է, որ այդ ճանապարհը դրական ըլլալէ աւելի կը նմանի կրակին մէջէն «տաք շագանակ» հաւաքելու ոչ-շնորհակալ գործին։

Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի կատարէ այդ «գործ»ը՝ ապագային կը բացայայտուի, սակայն աւելի քան որեւէ ժամանակ յստակ սկսած է դառնալ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը կարիքն ունին նոր մօտեցումներու։

Այդ մօտեցումներուն թագն ու պսակը «հայկական արեւելում»ն է, որուն մասին քիչեր գիտեն, եւ որ նոյնպէս ընդունելի չէ բոլորին կողմէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2018