ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ՏՈՒՆԸ. ԲԱՐԻ ԵԿԱՔ
Թիֆլիզի հայկական հետքերը բազմաթիւ են: Ամէն քայլափոխի կարելի է հայկական պատմութեան մասնիկի մը հանդիպիլ այս հին քաղաքին մէջ, որ Վրաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքն է, ուր հայկական մեծ համայնք մը կայ: Հայաստանի զբօսաշրջային ընկերութիւնները Թիֆլիզի հայկական վայրերը երթուղիներ կը կազմակերպեն եւ զբօսաշրջիկները կը ծանօթացնեն այն կառոյցներուն, վայրերուն, որոնք հայոց պատմութեան անբաժան մասը կը կազմեն: Այնպիսի խօսք մը կայ, թէ Թիֆլիզը կառուցած են հայերը: Եւ այդ մէկը չափազանցութիւն չէ: Հայերուն ներդրումը անուրանալի է այս հրաշալի քաղաքին կառուցման մէջ: Անզէն աչքով ալ կ՚երեւի այդ մէկը: Ճիշդ է, որ Թիֆլիզը միշտ բազմազգ քաղաք մը նկատուած է եւ զանազան ազգեր իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են քաղաքի բարգաւաճման, բայց հայերուն թողած գիտական, արդիւնաբերական, տնտեսական, մշակութային ներդրումը միշտ աւելին եղած է, քանի որ այս քաղաքին մէջ ապրած եւ գործած են հայ մեծահարուստներ, ազգային գործիչներ, պետական եւ հասարակական, արուեստի ու գրականութեան, հոգեւոր եւ աշխարհիկ կեանքի նուիրեալներ, լրագրողներ, խմբագիրներ, մամուլի մշակներ: Մանթաշով, Արամեանց, Պիտոեւ, Միրզոեւ, Անանովներ, Թամամշեւ, Մելիք-Ազարեանց, Եղիազարեան, Տէր-Աւետիսով, Տէր-Ակոբով, Բոզարճեան եւ այլ մեծահարուստներ իրենց նիւթական ներդրումով շէնքեր, շինութիւններ կառուցած են Թիֆլիզի մէջ։ Անոնք նաեւ հովանաւորած են ազգային կեանքի՝ մշակութային, կրթական ծրագիրներ: Քաղաքի Հաւլաբար թաղամասը այսօր ալ այցելավայր մըն է հայկական հետք փնտռող մարդոց համար: Հոս նաեւ հայոց անուանիներուն Խոջիվանք գերեզմանատունը կը գտնուի, ուր յուղարկաւորուած են Րաֆֆին, Յովհաննէս Թումանեանը, Գրիգոր Արծրունին, Մակար Եկմալեանը, Պերճ Պռոշեանը, Մուրացանը, աշուղ Ճիւանին, Ղազարոս Աղայեանը, Գաբրիէլ Սունդուկեանը, Ալեքսանդր Ծատուրեանը, Նար-Դոսը եւ ուրիշ նշանաւոր արուեստագէտներ ու հասարակական գործիչներ:
Բազում են նաեւ հնագոյն ոճով կառուցուած տուները, որոնք տակաւին կը պահպանուին: Առհասարակ Թիֆլիզի մէջ հինը պահելու սովորութիւն կայ: Այս քաղաքին մէջ նորը կառուցելով երբեք հինը չեն քանդեր: Ատիկա քաղաքի հարստութիւնը կը նկատեն եւ կառոյց մը որքան հին ըլլայ, այնքան հպարտութիւն կը պատճառէ քաղաքի բնակիչներուն:
Այսօր ալ Թիֆլիզի մէջ, Ախոսպիրելի փողոցին վրայ, կը գտնուի հայ քահանայի մը տունը, որու մուտքին տակաւին պահպանուած է «Բարի եկաք» գրութիւնը: Ոչ միայն տանտէրը հայ եղած է, այլ ճարտարապետը նոյնպէս, որ Միխայիլ Օհանջանեանցն է: Հակառակ որ քահանան այլեւս չկայ, բայց հին ու նոր բնակիչները սովորոյթի ուժով տունը կը կոչեն «Քահանայի տուն»:
Այս եռայարկ տունը անցեալ դարասկզբին կառուցուած է՝ 1902 թուականին, իսկ այսօր նորոգման կարիք ունի: Տան ներկայ բնակիչները կը սպասեն, որ զիրենք ուրիշ վայր մը փոխադրեն, քանի որ տունը պետութեան կողմէ ենթակայ է նորոգման, ամրացման եւ պահպանման:
Ժամանակին հոս կը բնակէր Թիֆլիզի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ քահանայ Աշոտ Տէր-Գէորգ Թէյմուրազեանցը: Ան Սեն Փեթերսպուրկի Հոգեւոր ակադեմիոյ եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ ուսանած է:
«Սփութնիք-Վրաստան» կայանի լրագրողը վերջերս այցելած է քահանային տունը եւ յօդուած մը պատրաստած է իր այցին մասին: Լրագրող Եկատերինա Միքարիծէ հետաքրքրական կերպով նկարագրած է իր այցը հայ քահանային տունը: Ան կը գրէ.
«Ես բոլորովին պատահական մտայ այս տունը, այն պահուն, երբ հին Բեթղեհէմեան թաղամասին մէջ կը զբօսնէի: Իջայ եկեղեցւոյ քովի աստիճաններէն եւ անցայ Ասատիան փողոցը: Երկու քայլ ալ առի, իմ առջեւս աւերակներ կային: Ինքզինքս հէքեաթի մէջ զգացի. այն հէքեաթին, որ երեք քաջ հերոսներուն մասին կը պատմէ եւ որուն մէջ կ՚ըսէ. «Եթէ ձախ երթաս, քու ձիդ կը կորսնցնես, իսկ եթէ աջ երթաս, կեանքդ կը կորսնցնես, ապա եթէ ուղիղ երթաս, ողջ կը մնաս, բայց ինքզինքդ կը մոռնաս»:
Այնուհետեւ լրագրողը կը նկարագրէ աջ ու ձախ փողոցները, մէկուն մէջ հնագիտական պեղումներ եւ կառուցումներ կ՚ընթանան, իսկ մէկը տակաւին զերծ է շինարարական եռուզեռէն: Այդ փողոցին մէջ կը գտնուի տունը, որ հայ քահանային պատկանած է: Տան այսօրուան բնակիչները տակաւին կը յիշեն քահանային սերունդները, որոնք մինչեւ 1980-ականներ տակաւին երրորդ յարկը կը բնակին: Եկեղեցին ալ, ուր քահանայագործած է ան, տունէն քանի մը ոտք հեռաւորութեան վրայ է եւ եկեղեցւոյ զանգերը ժամանակին մինչեւ տուն կը հասնէին: Այսօր այդ եկեղեցիէն քիչ բան պահպանուած է: Խօսքը, անշուշտ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մասին չէ, այլ Թիֆլիզի Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մասին, որ կը դասուի այն եկեղեցիներուն կարգին, որոնք Վիրահայոց թեմէն բռնագրաւուած են Խորհրդային Միութեան ժամանակ եւ առ այսօր չեն վերադարձուած հայերուն: Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վիճակը այսօր օրհասական է, կը գտնուի փլուզման եզրին:
Այսօր, ինչպէս լրագրողը կը նկատէ, զանգերու ղօղանջին փոխարինած է լռութիւնը, բայց անփոփոխ է քահանայի տան շքամուտքը՝ հայերէն «Բարի եկաք» գրութեամբ: Նոյնքան տպաւորիչ է շքամուտքին դուռը, որ տանտէրերու ձեռքին հետքերը կը կրէ՝ նուրբ եւ փորագրուած նախշերով այդ հանդիսաւոր դուռը պահպանուած է այնպէս, ինչպէս եղած է:
Այս տունը նշանաւոր եղած է իր որնանկարներով: Ժամանակին Թիֆլիզի մէջ նորոյթ էր նկարիչ մը հրաւիրել եւ տան պատերը, առաստաղը նկարել տալ ձեռքով: Նշանաւոր նկարիչներն էին, որոնք իրենց արուեստի գործերը պատերուն վրայ կը գծէին: Քահանային տան մէջ ալ այսօր որմնանկարներ կան, բայց ոչ այնքան հարուստ, ինչպէս անցեալին եղած է: Դրացիները կը վկայեն, որ ժամանակին տան իւրաքանչիւր պատին վրայ տարուան եղանակ մը գծուած կ՚ըլլար:
Բայց ատիկա եղած է մինչեւ այն ատեն, երբ տունը պետութեան յանձնած են: Նոր իշխանութեան եկողները պատերուն խստութիւն հաղորդած են եւ ներկած են միանման, ձանձրալի գոյնով մը: Առաստաղը, սակայն, զերծ մնացած է այդ նորոգումէն եւ առաստաղին վրայ տակաւին կը պահպանուին հին որմնանկարներ: Տան մուտքին լրագրողը շատ տպաւորուած է սանդուխով, որ նոյնքան հանդիսաւոր է, որքան մուտքի դուռը:
«Այս շքամուտքի ամենէն պայծառ մասնիկը իրապէս նրբագեղ սանդուխն է: Կարծես պարապտոյտին ընթացքին քարացած պալէի պարուհի մըն է, որ կ՚երկարի դէպի վեր՝ լոյսին քով: Լոյսն ալ կը թափանցէ այդ տեսակ տուներուն բնորոշ ապակեայ առաստաղին մէջէն: Այստեղ լուռ է՝ ի տարբերութիւն հին ժամանակներուն, երբ օրուան մէջ քանի մը անգամ տան մէջ կը հնչէր զանգերուն ղօղանջը», կը գրէ Եկատերինա Միքարիծէ:
Լրագրողը մինչեւ տուն մտնելը, քանի մը լուսանկար կ՚առնէ դուրսէն եւ կը սեղմէ մեծ, փայտեայ դրան հին զանգը: Կին մը կը յայտնուի շեմին: Ներս կը հրաւիրէ: Կնոջ անունը Մարիցա է, բայց լրագրողին կ՚ըսէ, թէ հազիւ կրնայ օգտակար ըլլալ, քանի որ շատ քիչ բան գիտէ տան անցեալին ու պատմութեան մասին: Կ՚ըսէ ինչ որ բոլորը գիտեն՝ հայ քահանայի մը տունը եղած է եւ նորոգման կարիք ունի այսօր: Մարիցային ընտանիքը երեսուն տարիէ ի վեր տան մէջ կը բնակի, անոնք տունը գնած են ազգութեամբ հրեայ, բարի կնոջմէ մը՝ Ռաիսա անունով:
Մարիցան կ՚ըսէ, որ թաղամասին մէջ հինէն ի վեր հայեր ու հրեաներ բնակած են, իսկ տան ամենահին բնակիչները երրորդ յարկի վրայ կը բնակին: Ան լրագրողին կ՚առաջարկէ բակի աստիճաններով վեր ելլել եւ զրուցել երրորդ յարկի բնակիչներուն հետ, թերեւս աւելի շատ բան գիտնան: Բայց կը զգուշացնէ, որ բակին աստիճանը ապահով չէ, պէտք է զգուշօրէն բարձրանալ եւ ամուր բռնել երկու կողմէն: Լրագրողը համարձակութեան կը դիմէ եւ երրորդ յարկ կը բարձրանայ պարոյրի պէս ոլորուող երկաթէ աստիճաններէն: Ամբողջ բակը կը դիտէ անոր բարձրանալը, Տաշա անունով շուն մըն ալ կայ՝ պզտիկ, բայց ճարպիկ եւ առաջին յարկի բնակիչը վարէն կը ձայնէ երրորդ յարկին՝ շունը պահէ ըսելով: Շունը նոյնպէս վերէն կը հետեւի անծանօթին գալուստին՝ ցատկռտելով եւ պոչը շարժելով:
Երրորդ յարկի բնակչուհին հայ է՝ Հրանոյշ անունով: Լրագրողը անոր կը յայտնէ, որ առաջին յարկէն Մարիցան ղրկած է զինք, Հրանոյշը կը ժպտի եւ կ՚ըսէ, թէ շատ կը սիրէ, երբ Մարիցայի որդին՝ Թիֆլիզի օփերային թատրոնի մենակատարը, առտու կանուխ կը սկսի ձայնը մարզել, կախարդական երգով կը լեցուի բակը. ձայն մըն է, որ կ՚ուզես անվերջ մտիկ ընել:
Լրագրողը արդէն այն սենեակին մէջն է, ուր բնակած է հայ քահանան: Հրանոյշը կը յիշէ անոր Գէորգ անունով թոռը, որ իրմէ 10 տարի մեծ էր:
Կը պատմէ նաեւ քահանային մասին. լսած է, որ բազմազաւակ հայր մը եղած է, ունեցած է հինգ երեխայ: Քահանայի կենսագրութենէն ծանօթ է, որ անոր աղջիկներէն մին՝ Լիւսեան, նկարիչ դարձած է, Կէորկին երաժշտական ուղի ընտրած է, Արամը մանկավարժութիւն ուսանած է: Միւս դուստրերէն Եուլեան ամուսինին հետ Թիֆլիզի մէջ հիմնած է առաիջ «Շտապօգնութիւն»ը եւ ճակատագրին բերումով Եուլա մահացած է շտապօգնութեան ինքնաշարժին տակ մնալով: Իսկ Մարիամը հետաքրքրուած է արուեստով, աւարտած է Թիֆլիզի պալէի ուսումնարանը եւ դարձած է պալէի պարուհի, իբրեւ պարուհի շատ քաղաքներու մէջ եղած, պալէի դպրոց մըն ալ հիմնած է: Քահանայ Գէորգին մահը համընկած է Թիֆլիզի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատուելու շրջանին: Ան մահացած է 1921 թուականին, ծանր ապրումներուն պատճառով, երբ շատ մը կառոյցներու հետ բռնագրաւուած է նաեւ այն եկեղեցին, ուր կը ծառայէր ինք: Յեղափոխութենէն ետք քահանային տունը ազգայնացուցած են, իսկ անոր բազմանդամ ընտանիքը տեղաւորուած է միայն մէկ սենեակի մէջ: Ծանր տարիները ապրած են միասին՝ կիսելով ուրախութիւնն ու տխրութիւնը:
Հրանոյշը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս իրենք յայտնուած են այդ շէնքին մէջ. անոր ամուսինին ծնողքը այն կօշկակարներէն եղած է, որ պետութիւնը բնակեցուցած է այդտեղ, իբրեւ արհեստաւորներ: Երրորդ յարկը նաեւ վրացի ընտանիք մը բնակած է եւ բոլորը հաշտ ու համերաշխ ապրած են:
Ժամանակի ընթացքին տան բնակիչները փոխուած են, վերջին Թէյմուրազեանցը՝ Գէորգը, դարձած է մանկավարժ, յետոյ Թիֆլիզի թիւ 110 դպրոցի տնօրէնը: 1990-ականներուն ան Վրաստանէն իր կնոջ հետ Ռուսաստան գացած է:
Բնակիչները այսօր կը սպասեն կառավարական միջամտութեան, որպէսզի տունը նորոգուի, իսկ իրենք կամ կը շարունակեն հոն բնակիլ, կամ ալ իրենց նոր տուներ կը տրամադրուին: Խոստացած են նորոգման ժամանակ ժամանակաւոր կացարան տալ բնակիչներուն եւ վճարել այդ կացարանին ծախսերը: Հիմա, շէնքին բոլոր բնակիչները կը սպասեն այդ ուրախ վերաբնակեցման, բայց չեն գիտեր, թէ ե՞րբ կարգը կը հասնի եւ իրենց շէնքը կը նորոգուի… Լրագրողը կը հեռանայ այդ համերաշխ տունէն, ուր զանազան ազգերու ներկայացուցիչներ կը բնակին՝ հայ քահանայի մասին պատմութիւնները փոխանցելով այցելուներուն… Եւ բոլորը յոյս ունին, որ նորոգման ընթացքին կը պահպանուի մինչյեղափոխական տարիներուն գրուած «Բարի եկաք» գրութիւնը, որ աւելիք քան դարէ մը ի վեր բարի գալուստ կը մաղթէ այցելուներուն:
ՄՈՒՂՆԻԻ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Քահանային տունէն քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ է եկեղեցին, ուր երկար տարիներ ծառայած է Աշոտ Տէր-Գէորգ Թէյմուրազեանցը: Այդ կիսաքանդ եկեղեցին այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ վիճաբանութեան առարկայ աղօթատուներէն մին է, որուն պատճառով ալ կառոյցը պետական համապատասխան մարմիններու կողմէ չէ արժանացած անհրաժեշտ ուշադրութեան եւ յայտնուած է կիսաւեր վիճակի մէջ: Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնադրման մասին ստոյգ տուեալներ յայտնի չեն: Կը նշուին 1356 եւ 1751 թուականները: Հիմնադրումէն մինչեւ Վրաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը եղած է Տփղիսի (ներկայիս Թիֆլիզ) հայկական մշակութային եւ կրօնական ազդեցիկ կեդրոններէն: Վրաստանի թագաւորի որդիին հիւանդութեան պատճառով վրաց արքան խնդրանքով կը դիմէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որպէսզի վերջինս արտօնէ Հայաստանի Մուղնի գիւղի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պահուող Սուրբ Գէորգին մասունքները տեղափոխել Տփղիս: Սակայն թագաւորին որդին կը մահանայ, երբ մասունքները տակաւին ճամբան կ՚ըլլան: Սուրբին մասունքները հասցնելով Վրաստանի մայրաքաղաքը, որոշում կը կայացուի զայն ձգել քաղաքի նորակառոյց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ: Այս հանգամանքն ալ հիմք հանդիսացած է, որ եկեղեցին կոչուի Մուղնիի Սուրբ Գէորգ: 1763 ու 1784 թուականներուն եկեղեցին կը յիշատակուի որպէս Հաղբատի թեմի մէջ մտնող Թիֆլիզի հայկական եկեղեցիներէն մին: 1789 թուականին եկեղեցւոյ վրայ կը կառուցուի զանգակատուն: 1795 թուականին կ՚ենթարկուի պարսիկներու յարձակման ու թալանին: Սակայն Տէր Գրիգոր Ա. Քահանայ Տէր-Շմաւոնեանի ջանքերով հնարաւոր կը դառնայ պահպանել եկեղեցապատկան իրերուն մէկ մասը:
1852 թուականին եկեղեցին յայտնուած էր ոչ բարւոք վիճակի մէջ: Ըստ շինարարական հաշուարկներու, անհրաժեշտ էր 4500 րուբլի (արծաթ դրամ): Յայտնի է, որ շինարարական աշխատանքներուն վերահսկողներէն եղած է օգնական երէց Գէորգ Մանդինեանցը: Այս վերանորոգման մասին կան քիչ տեղեկութիւններ, ըստ որոնց՝ 1860 թուականին կը նախատեսուի քանդել եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմին վրայ գտնուող իշխանուհի Մարիա Պեկթաբեկեանցի, դերձակ Ցաբոյի, Գէորգի Ամիրաղեանցի, Փողինեանցի եւ Քալինովի տուները, իսկ տարածքը գործածել եկեղեցւոյ ընդարձակման համար: Պարիսպի շինարարութեան համար անհրաժեշտ էր 1000 րուբլի: Շինարարական աշխատանքները կը վերահսկէին իշխան Ղահրամեան Արղութեանցը, Եակոր Թամամշեանցը եւ Նիկոլայ Միրիմանեանցը:
1893 թուականին, հերթական վերանորոգման նպատակով եկեղեցւոյ ծխականները ժողով մը կը գուրարեն: Սակայն վերանորոգման ընթացքի մասին տեղեկութիւններ չեն պահպանուած:
Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շուրջ տարածուած է գերեզմանոցը, ուր ամփոփուած են հայազգի հռչակաւոր մշակութային, կրօնական, հասարակական-քաղաքական գործիչներ: Եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմը ամփոփուած հանգուցեալներուն մէջ են բարերար Բարսեղ Յովսէփեան-Խոճայեանց, Եկոր Յովհաննիսեան-Փուրղինեանց, մանկավարժ եւ խմբագիր Նիկողայոս Խոտովեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ սպասաւորներ եւ այլք:
Վրաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ անցեալ դարասկզբին գոցուած ու բռնագրաւուած եկեղեցին մինչեւ 1980-ական թուականները կը ծառայէր որպէս թանգարանային պահեստ: Տարիներու ընթացքին շինութիւնը, հակառակ իբրեւ պահեստ գործածուելուն, մատնուած էր անտէրութեան, որուն հետեւանքով բաւական քայքայուած էր: 1980-ական թուականներուն եկեղեցւոյ պատերուն յայտնուած են կառոյցին համար խիստ վտանգաւոր ճաքեր:
Եկեղեցին վրացական դարձնելու բազմաթիւ փորձեր կատարուած են եւ մինչ օրս ալ կը շարունակուին: Ստեղծուած է վրացականացումը հիմնաւորող հսկայածաւալ գրականութիւն, որուն միջոցաւ փորձ կատարուած է նախ Մուղնիի Սուրբ Գէորգը ներկայացնել որպէս վրացական, ապա հայկական կողմին ներկայացուցած հիմնաւոր փաստերուն դէմ տալ ուրիշ բանաձեւ մը, որ է՝ եկեղեցւոյ հիմքին մէջ ուրիշ վրացական եկեղեցի մը եղած ըլլալը:
Անկախ այս բանավէճերէն՝ հնագոյն եկեղեցին փլուզման եզրին է եւ անիկա, օր առաջ, պէտք է նորոգուի…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ