ՇԱՀԵԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղի հրաւէրով, վերջերս Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահին մէջ կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան պատմաբան Քլոտ Արմէն Մութաֆեան ներկայացուց անցեալ մայիսին իր հեղինակութեամբ լոյս տեսած «La saga des Arméniens de l՚Ararat aux Carpates» (Արարատէն Քարփաթներ հայութեան պատումը) 445 էջ պարունակող նկարազարդ հատորը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, երեկոյթին բացումը կատարեց Հերա Թոսունեան, որ նշեց, թէ այս հետաքրքրական նիւթը ցարդ շատ քիչ պեղուած է պատմաբաններու կողմէ եւ դէպի արեւելեան Եւրոպա հայութեան տարագրութեան մասին հեղինակը ծանօթութիւններ քաղած է Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» գիրքէն, երբ 11-րդ դարու կէսերէն սկսեալ հայութիւնը Կովկասէն անցնելով բնակութիւն հաստատած է այդ շրջանի երկիրներուն մէջ։ «Քիչ ետք այս նիւթին շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէ դասախօսը», ըսաւ Թոսունեան եւ բեմ հրաւիրեց Քլոտ Արմէն Մութաֆեանը։

Յայտնի պատմաբանը շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին սփռուած պատկերներու ընմէջէն ներկայացուց Քարփաթեան Եւրոպայի հայկական սփիւռքի պատմականը, թէ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ հայ համայնքը կայք հաստատած է այդ շրջանին մէջ, ո՞ր ճամբաներէն անցած է, ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունեցած է այլ փոքրամասնութիւններու հետ եւ ի՞նչ տուած է տեղական մշակոյթին։

Միջնադարէն սկսեալ Իտալիոյ, Խրիմի եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ կեդրոնացած են հայկական համայնքներ։ Առաջին երկու շրջաններուն մասին ուսումնասիրութիւններ եւ բաւականաչափ տեղեկութիւններ կան, իսկ արեւելեան Եւրոպայի գաղութներու պատմութեան վերաբերեալ հետազօտութիւնները սակաւաթիւ են։ Քարփաթեան շրջանը կը համապատասխանէ ներկայի Ռումանիոյ, արեւմտեան Ուքրայնոյ (մինչեւ 1918-ը Լեհաստանի մաս կը կազմէր) եւ Լեհաստանի արեւմտեան բաժնին։ Առաջին տեղեկութիւնները կը քաղենք ճանապարհորդ Սիմէոն Լեհացիէն՝ 17-րդ դարուն սկիզբը։ Ան Լվովէն (ներկայի Ուքրայնա) սկսելով կտրած է Քարփաթեան Եւրոպան, հասնելով Պոլիս եւ այնտեղէն ալ՝ Երուսաղէմ։ Մութաֆեան յաջողած է Սիմէոն Լեհացիի օրագրին բնագիրը աչքէ անցընել, ուր գրուած է. «Մոլտովայէն մինչեւ Պոլիս, Ռումանիայէն մինչեւ Վենետիկ, չկայ քաղաք մը, գիւղ մը կամ ագարակ մը, ուր հայ մը բնակած չըլլայ»։ Հայկական չորրորդ տպարանը հիմնուած է Լվովի մէջ՝ Լեհաստան, ուր տպագրուած է հայերէնով առաջին գիրքը՝ 1616-ին, որ 19-րդն է աշխարհի մէջ։ Հայերու միջոցաւ հիմնուած առաջին քաղաքը Արմէնոփոլիսն է (Հայաքաղաք), հիմնուած 1700 թուականին, որ այժմ կը գտնուի Ռումանիոյ մէջ եւ կը կոչուի Կեռլա։ Անցեալ տարի Լեհաստանի մէջ նշուեցաւ հայերու ներկայութեան պաշտօնականացման 650-ամեակը։ Լեհաստանի Մեծն Քազիմիր թագաւորը 1367-ին ստորագրած է հրամանագիր մը, ուրկէ կը տեղեկանանք, թէ հայ համայնքը դատարան ունենալու իրաւունք ստացած է։ Մութաֆեան ըսաւ, թէ այս շրջանին մէջ սահմանները մշտապէս փոփոխութեան ենթարկուած են։ Լեհացիէն երկու դար ետք, երկրորդ կարեւոր ճանապարհորդը եղած է՝ Մխիթարեան միաբանութենէն Մինաս Բժշկեանցը, որ քաղաքէ քաղաք մանրամասնօրէն գրի առած է Լեհաստանի մէջ հայ համայնքներու ներկայութեան փաստերը եւ զանոնք հրատարակած 1830 թուականին։

Արմէն Մութաֆեան անդրադառնալով Անիի մէջ հայերու ներկայութեան՝ ըսաւ, թէ ճիշդ չէ այն տեսակէտը, թէ Անին իր հայ բնակչութենէն պարպուած է 1045-ին, եւ իբրեւ օրինակ նշեց Ախուրեանի ափին գտնուող շատ ծանօթ Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին, քանի որ անոր ճակտին փորագրուած հայերէն գիրերէն (ՈԿԴ) կը պարզուի, թէ եկեղեցին հիմնուած է 1215-ին։ Բացատրեց թէ՝ Ո/ԿԴ-ն 6/64 թիւն է, որու վրայ բնականաբար պէտք է աւելցնել 551-ը եւ այս երկուքին գումարը կ՚ըլլայ՝ 1215։ Ասիկա կը փաստէ 1045-էն ետք ալ Անիի մէջ հայերու ներկայութիւնը։ Աւելի՛ն, ֆլաման ճամբորդ Կիոմ տը Ռիւպրուք Մոնկոլիայէն վերադարձին՝ 1255 փետրուար 2-ին ինքզինք կը գտնէ Անի քաղաքը, որ կը պատկանի Sahensa-ին (հայ իշխան Շահնշահը), ուր հայկական հազար եկեղեցի կայ...։ «Ասիկա կը նշանակէ, որ հայերը մնացած են Անի եւ այնտեղէն զանգուածային գաղթ տեղի չէ ունեցած», նշեց պատմաբանը։

Անդրադառնալով Խրիմի գաղթօճախին՝ Մութաֆեան ըսաւ, թէ հայերը Կիլիկիայէն գաղթած են Խրիմի հարաւը, ճենովացիներու շրջանը, ուր արդէն հաստատուած էին ճենովացի վաճառականները եւ որոնց հետ առեւտրական յարաբերութիւններ ունէր հայ համայնքը։ Ճենովական փաստաթուղթի մը մէջ (1455) լատիներէնով գրուած է, թէ հայութիւնը տեղւոյն բնակչութեան մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէր։

Զգալի է Խրիմի ազդեցութիւնը հայ մշակոյթին վրայ։ Յիշենք ծովանկարիչ Այվազովսկին եւ երգահան Սպենդիարեանը։ Իսկ թէ ինչո՞ւ Ֆրանսայի ազգային գրադարանը այն վայրն է, ուր մեծ թիւով Խրիմի հայկական ձեռագրեր կը պահուին, պատմաբանը հետաքրքրական դրուագ մը պատմեց. «Քոլպէր»՝ գրադարանը արեւելեան ձեռագրերով հարստացնելու նպատակով աբբահայր մը կը ղրկէ Արեւելք, որպէսզի գնէ հազուագիւտ ձեռագրերը։ Վերջինս երբ կը հասնի Խրիմ, այնտեղ կ՚իմանայ, թէ Սուրբ Խաչ անունով վանքին մէջ կարեւոր ձեռագրերու գրադարան մը կայ. բայց երբ կ՚ուզէ գնել զանոնք՝ անոր կ՚ըսուի, թէ ձեռագրերը ծախու չեն։ Աբբահայրը այս անգամ կը դիմէ Խրիմի Թաթարներուն, առաջարկելով՝ տակնուվրայ ընել վանքը, որու դիմաց ինք կը վճարէ գիրքերուն գինը...։

Ինչ կը վերաբերի Ռումանիոյ գաղթօճախին, պատմաբանը ըսաւ, թէ հայերը այնտեղ կեդրոնացած են երկու գլխաւոր քաղաքներու մէջ՝ Սուչավա եւ Իասի։ Օսմանեան կայսրութիւնը Դանուպի հարաւային շրջանը ամբողջովին իր հսկողութեան տակ առած էր։ Բայց հիւսիսը՝ Մոլտովայի, Թրանսիլվանիոյ եւ Վալաշի իշխանութիւնները (ներկայի Ռումանիոյ սահմանին մէջ), սուլթանին ենթակայ չէին, բայց անոր հարկ կը վճարէին։ Անոնք նաեւ որեւէ կրօնական կամ լեզուական ճնշումի տակ չէին։ Մոլտովական փաստաթուղթի (1401) մը մէջ կը նշուի, թէ Ալեքսանդր Բարի անունով իշխանապետը հայերուն ալ շնորհած է լեզուի եւ կրօնական արտօնութիւններ, նկատի ունենալով որ Մոլտովայի շրջանի (Ռումանիոյ հիւսիսը) տնտեսութեան կարեւոր մէկ մասը հայերու հսկողութեան տակ կը գտնուէր եւ իշխանութիւնները այդպէսով կը սիրաշահէին հայերը։ Հայ իշխանապետ Իոն Վոտան կը համարուի ռումանացի ժողովուրդին հերոսը, որուն կեանքի պատմութիւնը օփերայի վերածուած է եւ Ռումանիոյ մէջ բեմադրուած 1956-ին։ Սուչավայի Զամքա անունով հայկական վանքը մինչեւ այսօր ալ գոյութիւն ունի։ Կան նաեւ հայկական եկեղեցիներ, ինչպէս՝ Ս. Խաչը, Ս. Աստուածածինը, Ս. Նիկողայոսը եւ այլն։

Թղթակցութեան մը նեղ սահմաններուն մէջ կարելի չէ անդրադառնալ պատմաբանին հետաքրքրական եւ պատկերաւոր բոլոր մեկնաբանութիւններուն։ Այսքանը թերեւս նախաճաշակ մը կու տայ հատորին մասին, որ պէտք է անպայման գնել ու կարդալ։ Ի դէպ, գիրքին առաջին հրատարակութիւնը (հազար օրինակ) արդէն սպառած ըլլալով, յառաջիկայ նոյեմբերի 20-ին լոյս պիտի տեսնէ երկրորդ հրատարակութիւնը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018