ԷԹԻԷՆ ՄԱՀՉՈՒՊԵԱՆ ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։ Հեռուստահաղորդավար Շիրին Փայզընի հարցումներուն պատասխանելով՝ Էթիէն Մահչուպեան մեկնաբանութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ հայկական հարցին, նաեւ հայաշխարհի տեսանկիւնէն հետաքրքրական իրադարձութիւններու։
Շիրին Փայզըն Մահչուպեանին հարց տուաւ, թէ հաւանական կը նկա՞տէ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին նոր զարգացման մը ապրուիլը։ Արդարեւ, այս տարի Չանաքքալէի ոգեկոչումներն ալ կը զուգադիպին նոյն թուականին, իսկ անցեալ տարի Էրտողանի կողմէ հրապարակուած ցաւակցական պատգամին վերագրուած էր լուրջ կարեւորութիւն։ Ի պատասխան Էթիէն Մահչուպեան ըսած է, թէ բնականաբար ներկայիս առկայ են ակնկալութիւններ։ Կանխատեսումները այնպէս էին, որ 2015-ը բախումներու տարի մը պիտի ըլլար, սակայն այդպէս չի պատահիր։ «Միթէ կա՞ն պատրաստութիւններ, միթէ կրնա՞ն պատահիլ տարածքներ ընդլայնելու ի զօրու զարգացումներ. այս պահուն չենք գիտեր։ Սա քաղաքական որոշում մըն է ու ներկայիս յստակօրէն չենք կրնար գիտնալ, թէ ինչպէս պիտի զարգանայ», ըսաւ Էթիէն Մահչուպեան եւ աւելցուց, որ հայկական Սփիւռքի դիրքորոշման մէջ կը նկատէ մեղմացում։ Իր դիտարկումներով, արագօրէն ընթացք մը կայ դէպի բնականոնացում, սակայն այդ բնականոնացումը մշակութային հարթութեան վրայ պիտի ապրուի ու թէկուզ քաղաքականութիւնը պիտի յաջորդէ անոր։
Էթիէն Մահչուպեան մեկնաբանեց ԱԳ կուսակցութեան կողմէ Մարգար Էսաեանի երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուելու հանգամանքը։ Համապատասխան հարցման ի պատասխան ան ըսաւ. «Միթէ կա՞յ Մարգար Էսաեանէն աւելի յարմար անուն մը»։ Մահչուպեան յիշեցուց, որ երեք կուսակցութիւններ հայկական արմատներով թեկնածու առաջադրելու նախընտրութիւնը կ՚օգտագործեն այս անգամ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա այնպիսի շեմի մը հասած է, որ այլեւս ոչ-մահմետականները տեղ պէտք է առնեն խորհրդարանին մէջ։ «Սա միեւնոյն ժամանակ յաչս Արեւմուտքին լաւ տեսք մըն է։ Մնաց որ, հայերը մարդիկ են, որոնք կը գտնուին փողոցին մէջ եւ բոլոր բնագաւառներէ ներս կրնաք հանդիպիլ անոնց։ Շատ բնական է, որ այս երեւոյթը կ՚ունենայ իր անդրադարձը քաղաքականութեան եւ խորհրդարանին վրայ», ըսաւ Էթիէն Մահչուպեան։
Շիրին Փայզըն Մահչուպեանին հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչո՞ւ ինք չէ գտնուած երեսփոխանական թեկնածուներու շարքին։ Այս կապակցութեամբ Մահչուպեան պատասխանեց, թէ ինք Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հրաւէրին ընդառաջ եկած է իր զբաղեցուցած դիրքը։ Կարգ մը մարդիկ կրնան աւելի օգտակար, արդիւնաւէտ ըլլալ խորհրդարանէն դուրս եւ ըստ իրեն ինքն ալ կրնայ դասուիլ այդպիսիներու շարքին։ Բաց աստի, Էթիէն Մահչուպեան աւելցուց, թէ շարք մը շփումներ յառաջ կը տանի Եւրոպայի մէջ։ Եւրոպայէ ներս շփման մէջ է մտաւորականներու եւ դիւանակալական շրջանակներէ դէմքերու հետ։