ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԼՍԵԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱԿԱՆՋՈՎ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱԿԱՆՋՈՎ
«Ասկէ ետք կը հաւատանք՝ ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար, այլ որովետեւ մենք անձամբ լսեցինք զինք եւ գիտենք թէ ճշմարտապէս ի՛նքն է աշխարհի Փրկիչը» (Յհ 4.42)
Յովհաննու աւետարանին մէջ տեղ գտած տուեալ խօսքը խումբ մը Սամարացիներու կողմէ արտաբերուած վկայաբանութիւնն է Քրիստոսի ուղղուած։ Խօսք մը, որ դարերու ընդերքէն շեշտակիօրէն կը կարեւորէ Քրիստոսի աստուածութիւնն ու մարդեղութիւնը միանգամայն։ Խօսք մը, որ անդրանցնական ու գեր-գաղափարային թուացող մտածումներն ու «հաւատալիք»ները «շօշափելի» ու «թանձրացեալ» իրողութեան կը փոխակերպէ։ Խօսք մը, որ ճշմարտապէս կը ցուցանշէ Մարդու Որդիին էջքը երկիր՝ ազատագրելու Իր ձեռագործը Չարին ճիրաններէն ու մեղքի տիղմէն։
Հաւատքի տարողութեան եւ ինչութեան մասին բազմազան գիրքեր, յօդուածներ գրուած եւ քարոզախօսութիւններ կատարուած են։ Փիլիսոփաներ, աստուածաբաններ բազում տեսութիւններ ու սահմանագծումներ յայտնած են։ Բայց ի՞նչ օգուտ, երբ մարդ միայն լեզուո՛վ կը պաշտէ զԱստուած, սակայն ամբողջ հոգին տոգորուած է ունայնութեամբ ու հաճոյամոլութեամբ։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ հաւատքը գերբնական առաքինութիւն մըն է, զոր ընդոծին տրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ Աստուծոյ շնորհքով։ Մէկ խօսքով՝ հաւատքը մտքի արտադրութիւն մը չէ, տրամախոհական կամ տրամաբանութեան հետեւողութիւն մը չէ, այլ՝ տրուած շնորհք մը, բնական տրամադրութիւն մը մեր մէջ, զոր ունինք ոչ թէ բնազդօրէն եւ անգիտակից ձեւով, այլ գիտակցօրէն եւ ազատ կամքով։
Սամարացիք «անմաքուր» համարուած էին եբրայեցի ժողովուրդին կողմէ, սակայն այս նոյն սամարացիներն էին, որոնք իրենց պարզիմաստ ու անկեղծ խօսքով վկայեցին Քրիստոսի մասին, որովհետեւ Անոր մէջ տեսած ու հաւատացած էին, որ բացի Աստուածորդիէն, մարդկութիւնը ո՛չ ոք կրնար մեղքերու ախտէն սրբել, որովհետեւ արարածներուս մեղքերը կրնային սրբուիլ Արարիչին արիւնով միայն (Հմմտ. Ա. Յհ 1.7)։
Վերոբնութագրեալ խօսքով կ՚ուզենք մեր ուշքը կեդրոնացնել հիմնական երկու կէտերու վրայ.
Ա) Աստուծոյ կամքը՝ մարդուն փրկութիւնը. Արարչագործ Աստուծոյ միակ կամքն է մարդուն փրկութիւնը, որովհետեւ Աստուած չ՚ուզեր, որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ բոլորն ալ Իրեն դառնան (Հմմտ. Բ. Պտ 3.9)։ Աստուած չ՚ուզեր որ մեղաւոր մարդը իր մեղքին, այսինքն անհնազանդութեան մէջ մեռնի, այլ կ՚ուզէ, որ անիկա իր չար ճամբէն դառնայ եւ ապրի (Հմմտ. Եզ 33.11)։ Աստուծոյ կամքին ու ծրագրին մասին մեր պատկերացումը ամբողջական կը դառնայ՝ երբ նկատի ունենանք նաեւ, թէ մարդը իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին կանչուած է այդ փրկութեան արժանանալու։ Պօղոս առաքեալ հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ սոյն ճշմարտութիւնը. Աստուած «իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած իր ծրագիրը, որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի։ Եւ այդ ծրագիրը սա է, որ երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնին՝ Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ» (Եփ 1.9-10)։ Եւ որովհետեւ Քրիստոս Աստուծոյ կամքին մարմնաւորումն է, կը նշանակէ, թէ երբ բոլոր մարդիկ զՔրիստոս ընդունին եւ Քրիստոս իրենց մէջ պարփակեն, Աստուծոյ կամքը ներկայ պիտի ըլլայ ամէն ինչի մէջ եւ կատարուի Իր ամբողջական հասկացողութեամբ ու տարողութեամբ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչ մատեանը փրկագործական խորհուրդը կը յայտնէ որպէս աստուածադիր այն ճանապարհը, որմէ անցնողները դուրս կու գան մեղքի մահաբեր հետեւանքէն եւ վերազարթուցեալ վիճակով կը դառնան նոր մարդ ի Քրիստոս։
Բ) Աստուծոյ խօսքը լսել հոգեւոր ականջով եւ ո՛չ թէ ֆիզիքական ականջով. Աստուածաշունչ մատեանը լի է այն մարգարէական պատումներով, որոնց ընդմէջէն Աստուած խօսած է Իր մարգարէներուն եւ ժողովուրդին։ Շատեր կրնան պատճառաբանել ըսելով, թէ Աստուած միայն այդ ժամանակահատուածին խօսած է Իր ժողովուրդին, իսկ այսօր դադրած է խօսելէ։ Մեր երկնաւոր հայրը զարմանազան ձեւերով ցայսօ՛ր կը խօսի մեզի հետ մե՛ր խիղճին, մե՛ր ընկերոջ, մե՛ր նմանակիցին, մե՛ր թշնամիին… ընդմէջէն եւ կը սպասէ մեր տունդարձին։ Սակայն այսօր շարժառիթները ամբողջապէս փոխուած են եւ մանաւանդ՝ խեղաթիւրուած…։ «Ահա ես դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ։ Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ եւ դուռը բանայ՝ ներս պիտի մտնեմ եւ անոր հետ պիտի ընթրեմ, ան ալ՝ ինծի հետ» (Յյտ 3.20)։ Երկինքի իշխանն է կանգնած երկրաւորէն իշխուածիդ սրտի դրան առջեւ։ Թագաւորն է, որ Իր քաւչարար ձեռքը կ՚երկարէ մեր ապստամբ հոգիին։ Մարդկութեան ճամբան է, որ ճամբայ կ՚որոնէ մուտք գործելու մեր սրտէն ներս։
Մեր կեանքի խաչմերուկներուն վրայ յաճախ կը հանդիպինք այնպիսի փարիսեցի ու կոկոզավիզ մարդոց, որոնք ո՛չ միայն չեն լսեր Աստուծոյ խօսքը, այլեւ չեն ուզեր մտիկ ընել իրենց թերութիւնները, սխալներն ու իրենց անձին ուղղուած յանդիմանութիւնները, որովհետեւ ճշմարտութեան դէմ յանդիման գալու քաջութիւնը չունին։ Մարդիկ, որոնք սեթեւեթութեամբ եւ սնապարծութեամբ անեզր փառքե՜ր կը ցանկան հիւսել։ Հոգեկան կուրապաշտութի՛ւն։ Լոլոզուած խօսքերը, քաղցրանուշ գովաբանութիւնները, գունազարդուած գովեստները, յերիւրուած դրուատիքներն շատ հեշտութեամբ կրնան լսել, սակայն ապագային է որ անոնց արդիւնքը պիտի քաղենք ու մեր ակռաները կճրտենք։ Մինչ երբ կ՚ընդունինք նպատակաուղղուած խօսքերը, ցուցանշուած ախտերը, բարոյահիմք ունեցող թելադրանքները, հաւանաբար կարճ ժամկէտի մը համար մեր քիմքին դառն թուին, բայց անոնց քաղցրահամ պտուղը անդենականին մէջ է, որ պիտի ճաշակենք։
Սիրելի՛ ընթերցող, Քրիստոս Իր ուսուցումներուն ընթացքին քանիցս գործածեց «ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մտ 11.15) զգուշաւոր ու դիմառնական խօսքը՝ Իր ունկնդիրներուն ուշքը գրաւելու եւ զանոնք դէպի ճշմարիտ գիտութիւն առաջնորդելու, որովհետեւ Իր ժամանակաշրջանին ապրող մարդիկը, սաղմոսերգուին բառերով, աչք ունէին՝ բայց չէին տեսներ, ականջ ունէին՝ բայց չէին լսեր (Հմմտ. Սղ 115.5-6)։ Իսկ մեր սրբազան հայրապետները իրենց քարոզներուն ու յորդորներուն իրբեւ կցորդ պիտի գային աւելցնելու Քրիստոսի արտասանած խօսքին այլօրինակը՝ «Աչք ունեցողը թող տեսնէ»։ Ունի՞նք ականջ՝ լսելու Ճշմարիտին սրբազնասուրբ խօսքը եւ աչք՝ տեսնելու Անոր անսահման սէրը։ Պատասխանը մե՛նք գիտենք միայն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/02/2024