ՀՊԱՐՏԸ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀԸ
Հպարտութի՞ւն թէ խոնարհութիւն, ո՞րն է որ մարդս կ՚ազնուացնէ իր փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Հպա՞րտը թէ խոնարհը յարգ եւ պատիւ կը վայելէ, կամ ըսենք, ո՞ր մէկը աւելի համակրանք կը ստեղծէ ընկերութեան մէջ։
Այն ինչ որ պէտք է ըլլայ, ինչպէս շատ մը հարցերու մէջ, գործնականութեան մէջ չի պատահիր ընդհանրապէս, եւ տեսլականին կամ գաղափարականին չի յարմարիր գործնականը։ Թերեւս մարդուս բնութիւնը, թերեւս ալ կեանքի պայմանները այդպէս կը բերեն որ մարդուս վարմունքները անհամապատասխան ըլլան գաղափարականին, իտէալին կամ մտատիպարին, անոր՝ որ պէտք է ըլլայ։
Կը պատմուի, թէ ժամանակին թագաւոր մը, սաստիկ փոթորիկէն յետոյ շրջապտոյտի կ՚ելլէ՝ դիտելու համար լեռները եւ հովիտները։ Եւ ան կը տեսնէ, որ մեծամեծ ծառեր կոտրած եւ ինկած, տապալած են, եւ միայն եղէգ մը կանգուն է մնացած։ Թագաւորը հետաքրքրութեամբ կը հարցնէ.
«Ո՜վ եղէգ, ըսէ՛ ինծի, թէ ի՞նչպէս հաստատուն մնացեր ես, երբ նոյնիսկ մեծամեծ ծառեր կոտրուած եւ տապալած են»։
Եւ եղէգը կը պատասխանէ.
«Ո՜վ թագաւոր, երբ սաստիկ հով բարձրացաւ, այն մեծամեծ ծառերը հպարտութեամբ հակառակ կանգնեցան անոր դէմ, եւ հովը կոտրեց եւ տապալեց զանոնք. իսկ ես խոնարհեցայ հովին դէմ, անոր կամքին համաձայն եւ ահա՛ կանգուն եմ մնացած»։
Այս առակը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ հզօր կամքին հակադրողը նոյնպէս կը տապալի իր հպարտութեան պատճառով. իսկ խոնարհները կ՚ապրին, ինչպէս որ գրուած է.
«Տէրը ամբարտաւաններուն հակառակ է, բայց խոնարհներուն շնորհ կու տայ» (ՅԱԿ.Դ 6)։
Եւ ահաւասիկ այս առակը, որ բնութենէն օրինակ մը կու տայ, ցոյց կու տայ, թէ խորհուրդ մը կայ խոնարհութեան մէջ՝ ուժ մը, զօրութիւն մը, թերեւս ծածուկ, բայց ի վերջոյ յաղթանակի կը տանի ենթական՝ խոնա՛րհը։
Ուրիշ առակ մը եւս հպարտութեան մասին ահաւասիկ։
Անապատական մը կը բնակէր միաբաններու վանքի մը մօտ։ Օր մը հիւանդանալով՝ մէկը ուղարկեց վանահօր՝ աղաչելով, որ գայ եւ զինք աստուածային խորհուրդներուն հաղորդ դարձնէ։ Իսկ վանահայրը, իր հետ եղբայր մը առնելով, գնաց, որպէսզի անոր Սուրբ Հաղորդութիւն տայ։
Վանահայրը մինչ կ՚երթար իր ուղեկիցին հետ, աւազակ մը անոնց ետեւէն մինչեւ անապատականին սենեակը գնաց եւ դրան առջեւ կանգնեցաւ՝ իրեն անարժան համարելով այդպիսի սուրբ մարդու խուցը մտնելու։ Եւ երբ անապատականը խոստովանեցաւ եւ հաղորդուեցաւ, աւազակը՝ դռնէն ոչ հեռու կանգնած, իր սրտի խոնարհութեամբ ըսաւ.
«Երանի՜ թէ ես ալ քեզ պէս ըլլայի»։
Իսկ անապատականը սրտի հպարտութեամբ եւ ինքնահաւանութեամբ պատասխանեց.
«Իրապէ՞ս կ՚ուզէիր, որ ինծի պէս ըլլայիր»։
Այն ատեն լռակեաց եւ հոգեզարդ այն եղբայրը, որ վանահօր կ՚ընկերակցէր, որ նաեւ ծածուկ սրտերու գաղտնիքները Աստուծմէ ծածուկ կ՚իմանար, սկսաւ դառնապէս լալ։
Եւ երբ վանահայրը, եղբօր հետ ելլելով, գնաց, աւազակը հեռուէն անոնց ետեւէն կ՚երթար՝ Աստուծոյ դիմելով, որ իրեն ճշմարիտ եւ ուղիղ վարք տայ, քանի որ մտքին մէջ հաստատապէս վճռած էր վանահօր առջեւ խոստովանիլ եւ այլեւս մեղք չաւելցնել, այլ մեղքերուն համար ապաշխարիլ։ Եւ մինչ ան կը վազէր, ինկաւ եւ իսկոյն մեռաւ։ Այս տեսնելով՝ այն եղբայրը սաստիկ ուրախացաւ։
Երբ վանք եկան, վանահայրը եղբօր հարցուց.
«Ինչո՞ւ այդպէս լուռ կը մնաս»։
Եւ ան պատասխանեց.
«Հա՛յր, օր մը հրամայեցիր ինծի լռել, ես ալ այն օրէն սկսեալ լուռ եմ մնացած, միայն այն դէպքին, երբ մէկը ինծի որեւէ բան կը հարցնէր, ապա կը խօսէի»։
Հայրը անոր ըսաւ.
«Հապա ինչո՞ւ կու լայիր, երբ այն սուրբ անապատականին հաղորդութիւն կու տայի, եւ ինչո՞ւ կը ծիծաղէիր, երբ այն չարագործ աւազակը մեր ետեւէն կը վազէր՝ մեզ կողոպտել կամ սպաննել կամենալով, եւ ահաւասիկ այդպիսի մեղքի համար ալ ան մեռա՛ւ»։
Եղբայրը պատասխան տուաւ եւ ըսաւ.
«Հա՛յր, լալուս պատճառը այն էր, որ երբ ճգնաւորին Սուրբ Հաղորդութիւն կու տայիր, այդ աւազակը, նոյն պահուն, դրան ետեւը կանգնած, խոնարհ սրտով ըսաւ.- Երանի՜ թէ ես ալ քեզ պէս ըլլայի։ Իսկ ճգնաւորը, որ սրտի հպարտութեամբ պատասխանեց, թէ.- Այդ յօժարութեամբ կարող ես խնդրել, մեռաւ եւ դատապարտուեցաւ, որու համար ալ կու լայի։ Բայց աւազակը որ մեր ետեւէն կու գար, հաստատ միտք ունէր՝ խոստովանիլ եւ ո՛չ թէ մեզ կողոպտել կամ սպաննել։
Եւ երբ կը վազէր, ինկաւ եւ մեռաւ։
Հրեշտակները, անոր հոգին առնելով, ուրախութեամբ երկինք տարին, քանի որ անոր զղջումը այնպէս էր, որ ժամանակաւոր եւ յաւիտենական պատիժը ջնջեց։
Այս բարոյախրատական պատմութենէն կը հասկնանք, թէ մարդ պէտք չէ դատել իր արտաքինով, այլ իր անկեղծ արտայայտութիւններով։ Եւ երբ աւազակը՝ այդ վատահամբաւ մարդը, խոնարհութեամբ խոստովանիլ ուզեց իր մեղքերը, արդէն ապաշխարած էր եւ իր խոնարհ սրտին պատճառաւ ներուեցաւ իր մեղքերը։ Իսկ անապատականը, որ հպարտութեամբ պատասխանեց խոնարհ աւազակին, իր սրտին խորը կը պահէր հպարտութեան մեղքի կտորներ, որ ցոյց կու տար անոր մեղքերէ բոլորովին փրկուած չըլլալը։ Ուստի խոնարհ աւազակը իր անկեղծութեամբ արդէն հասած էր անմեղներու կարգին դասուելու արժանաւորութեան…։
Օգտուեցանք՝ «Հայելի Վարուց. Բարոյախրատական Պատումներ. Ս. Էջմիածին - 2007»էն եւ Սմբատ Սարկաւագ Խանվելեանի աշխատասիրութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 16, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024