38-ՐԴ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆԸ

Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական հանդէսի 38-րդ թիւի շնորհանդէսը Պէյրութի մէջ կատարելէ յետոյ հայկազեանցիները ուղեւորուեցան Հայաստան, ուր նախ Արցախի, ապա Երեւանի մէջ կատարեցին սփիւռքէ ներս լոյս տեսնող ծանրակշիռ այս հանդէսի շնորհանդէսը:

Վերջին օրերուն Արցախի մէջ նաեւ յուշագիր մը ստորագրուեցաւ Արցախի Պետական եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարաններուն միջեւ: Երկու համալսարաններու միջեւ գործակցութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի, պարզապէս զայն տեղափոխուեցաւ պաշտօնական հարթութեան վրայ եւ արդէն կնքուած յուշագրով համատեղ գիտակրթական միջոցառումները, գիտական, հետազօտական նախագիծերը, դասախօսներու եւ ուսանողներու փոխայցերը կը շարունակուին աւելի կանոնաւոր կերպով:

Երեւանի մէջ 38-րդ Հայագիտականի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ մաշտոցեան Մատենադարանի երդիքին տակ՝ նոյեմբերի 16-ին: Մատենադարանի տնօրէն, պատմաբան Վահան Տէր-Ղեւոնդեան յիշեց, որ Հայկազեան Հայագիտական հանդէս երեւոյթը տակաւին դպրոցական տարիներէն ծանօթ եղած է իրեն, երբ իրենց մտաւորական ընտանիքին մէջ յայտնուած են հանդէսի առաջին հատորները (ան հայագէտ-արաբագէտ Արամ Տէր-Ղեւոնդեանի եւ հնագէտ Սեդա Տեւեճեանի որդին է), եւ ինք, նոյնիսկ շատ չխորանալով բովանդակութեան մէջ՝ արտաքին տեսքով իսկ տարուած է տակաւին պզտիկ տարիքէն:

«Ինծի համար շատ հաճելի էր գիտակցիլը, որ Պէյրութի մէջ այսքան հայաշունչ եւ աշխարհի բոլոր հայագէտները միաւորող հանդէս մը լոյս կը տեսնէ, նախանձելի հետեւողականութեամբ: Յետագային նաեւ սկսայ գիտակցիլ, թէ ինչպիսի աներեւակայելի զոհողութիւններով այդ հանդէսը կը տպագրուէր: Հերոսութիւն էր պատերազմի տարիներուն նոյնպէս հանդէսը տպագրելը: Եւ գնահատանքի խօսք պիտի ըսենք բոլոր նախկին խմբագիրներուն, բոլոր կազմակերպիչներուն՝ Երուանդ Քասունիին, Հայր Անդրանիկ Կռանեանին, այսօրուայ խմբագրին, համալսարանի ղեկավարութեան: Մենք սփիւռքի մասին խօսելու ատեն ունինք  բառ մը, որ անընդհատ կը շեշտենք՝ «հայապահպանութիւն»: Կը կարծեմ, որ Հայագիտական հանդէսի պարագային այդ բառէն պիտի հրաժարինք: Այդ «հայապահպանութիւն» բառը եւ այս հսկայ, հաստափոր հատորը իրարու հետ ոչ մէկ ընդհանուր բան ունին: Ասիկա հայազարգացում է, ոչ թէ հայապահպանութիւն: «Հայապահպանութիւնը գուցէ այն ըլլայ, երբ զաւկիդ ձեւով մը երկու հայերէն բառ կը սորվեցնես, տառերը կը սորվեցնես, լաւագոյն պարագային՝ «Հայր մեր»ը կը սորվեցնես եւ կը բաւարարուիս», ըսաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան երեւանեան շնորհանդէսի իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Այս տարի 175-ամեակն է հայ մամուլով հայագիտութեան դրսեւորման: Որոշ է սակայն, որ հայագիտութիւնը երկհարիւրամեայ անցեալ չունի, ան սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակներուն, երբ ոմն հայ մտածող մարդ դիտարկեց երեւոյթ մը եւ տեսակէտ յայտնեց այդ մասին: Տակաւ տեսակէտ յայտնելու տեսակէտը ծաւալեցաւ, տեսակէտերը կուտակուեցան, գոյացուցին այլ որակ ու կշիռ, հուսկ վերաճեցան պատմագրական հատորի մը եւ հատորներու, ինչպիսիք են Ագաթանգեղոսի, Բիւզանդի, Խորենացիի երկերը: Եկէք այս գիրքերը նկատենք հայագիտութեան անկիւնադարձային նախաքայլեր, որոնք պիտի զարգանային գիտութեան վերաճումներուն եւ վերափոխումներուն հետ: Պարզ է, սակայն, որ հայագիտութենէն աւելի հին է հայագիտութեան հումքը։ Արդարեւ, հայագիտութեան հումքը սկսած է կազմուիլ հայ ժողովուրդի գոյառման օրէն…

«…Այսօր, եթէ հայագիտութեան սահմանումը դուրս բերենք իր աւանդական, դասական սահմաններէն եւ հայագիտութիւնը նկատենք այն բոլոր գիտութիւնները, որոնք կ՚առընչուին հայուն եւ հայկականին, մանաւանդ, զանոնք եթէ աստառենք ժամանակակից այժմէականութեամբ, ապա առաւել երաշխաւորած կրնանք ըլլալ հայագիտութեան ամուր գոյատեւումը եւ խարսխումը 21-րդ եւ յառաջիկայ դարերուն: Հայկազեան Հայագիտական հանդէսը երջանկայիշատակ պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Կռանեանի առաջնորդութեան օրերուն հայագիտութիւնը կը նկատէր հայութեան բոլոր տեսակի, երէկի, այսօրուան եւ վաղուան կենսագործունէութեան եւ դրսեւորումին գիտական քննարկումին առընչուող գիտութիւնը: Հայր Կռանեանի օրերուն հանդէսի խմբագրակազմը հայագիտութեամբ զբաղողը կը նկատէր հանդուրժող, ոչ այլամերժ, իսկ հանդէսը գիտականութենէ զատ խտիր չդնող ամպիոն, որ տեղ կու տայ նորատեսակ եւ մերօրեայ նիւթերուն, կը քաջալերէ նաեւ երիտասարդ ուժերը, կը հաւատայ գիտական բազմակարծութեան եւ կը գործակցի բոլորին հետ: Հանդէսի ներկայ խմբագրակազմը կառչած կը մնայ հայագիտութեան վերոյիշեալ հաւատոյ հանգանակին»:

Հանդէսի Երեւանի շնորհանդէսի առթիւ Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, հայագէտ Գէորգ Տէր-Վարդանեան նուիրական նկատեց հատորը այն իմաստով, որ ճշգրիտ ու ջերմ խօսք կայ իրեն սիրելի մարդու՝ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի մասին: «Առհասարակ, անոր ղեկավարութեամբ հրատարակուած հատորները նշանակ են այն բանի, որ մեր ժողովուրդը մէկ է՝ անկախ անկէ՝ սփիւռքի մէջ է, թէ՞ հոս: Հատորը ծայրէ ի ծայր թերթած եմ եւ երիտասարդ բազմաթիւ անուններու հանդիպած՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն: Եւ տեսած եմ ողջամիտ յօդուածներ, որոնց համար խմբագրութեան շնորհակալութիւն պէտք է ըսել, որ բոլորի մէջ մակարդակը, գիտականութիւնը ապահովուած է:

«Հիմա հայագիտական անունով հանդէսներ շատ կան, գրեթէ ամէն բարձրագոյն ուսման հաստատութիւն իր հանդէսը կը հրատարակէ՝ նոյն անունով, բայց այդ մէկը թէ՛ ուրախալի է, թէ մտահոգուելու բան կայ՝ մակարդակ պահպանելու առումով: Այս հանդէսը այդ մակարդակը կը պահպանէ», ըսաւ Գէորգ Տէր-Վարդանեան:

Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի աշխատակից Միհրան Մինասեան, որ նաեւ Հայագիտական հանդէսի հեղինակներէն մին է, հատորի շնորհանդէսի առթիւ իր խօսքին մէջ նշեց.

«Սփիւռքի մէջ ունինք բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններ, հասատատութիւններ՝ կրօնական, եկեղեցական, կուսակցական, որոնք երեւի ունին շատ աւելի լայն կարելիութիւններ, ինչ որ ունի Հայկազեան համալսարանը կամ այս համալսարանին շուրջ խմբուած մարդիկ, բայց անոնք նոյն ձեւով չէ, որ կը մօտենան գիտական հրատարակութիւններու:

«Այս տարուայ Հայկազեանի հատորը 850 էջէ կազմուած է, 39 աշխատակից ունի յօդուածներ, որոնցմէ 13-ը սփիւռքահայեր են, արեւմտահայերէնով գրուած են մեծ մասամբ, բացի մէկ կամ երկուքէն, որ անգլերէնով գրուած է, մնացեալները հայաստանցիներ են, քսանութ յօդուածներ կան, երեք քննարկում, հինգ հրապարակում, գրախօսականներ, այլ նիւթեր եւ այս բոլորը ընդհանրապէս կ՚ընդգրկեն ամբողջ հայ ժողովուրդի թէ՛ պատմութիւնը եւ թէ մշակոյթը: Հատորին մէջ միջնադարեան պատմութիւն, ձեռագրագիտութիւն կայ, նոր ժամանակի պատմութիւն կայ՝ մինչեւ ցեղասպանութիւն, ցեղասպանութենէն յետոյ արդի Հայաստանի հետ կապուած հարցեր կան, արհեստներու մասին յօդուած կայ. բան մը, որ մեր հայագիտական մամուլի մէջ ընդհանրապէս կը բացակայի: Մէկ խօսքով՝ հատորը կ՚ընդգրկէ մեր պատմութեան եւ մշակոյթի գրեթէ բոլոր երեսակները», 38-րդ հատորի մասին ըսաւ Միհրան Մինասեան:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան շեշտեց, որ այսպիսի հանդիսութեան մէջ դեր չունին այն, ինչ որ կը փնտռուի այսօր նոր աշխարհին մէջ՝ որն է՝ հրավառութիւնը, արտաքին պերճանքը, գոյները, բազմութիւնները, մեծ դահլիճները, փայլքը:

«Հուրի զօրութիւնը գրչին մէջ է, պերճանքը մտքի պայծառութեան մէջ է: Փայլքի եղանակը, հաւանաբար, ինծի համար, հոգիի անկեղծութեան եւ անոր տարրական պարզութեան մէջ է, հոն է, արմատին հասնելու, կեդրոնին, կորիզին: Հայագիտութեան նուիրական աշխատանքի լծուած անձեր, նամանաւանդ՝ սփիւռքի մէջ, Լիբանան եւ այլուր, յաճախ կը զգան, թէ արտադրողականութեան կողքին կայ թանկարժէք բան մը պահելու, պահպանելու, տակաւին տարածելու, այդ բոլորը ընելու լուրջ առաքելութիւնը: Ընդհանրապէս, նախանձելի չեն այն ասպարէզները, ուր մշակը պէտք է գործէ վայրընթացի մթնոլորտի կամ վտանգուածի հոգեբանութեան մէջ: Եւ փոխանակ մշակութիւն եւ յառաջընթաց կատարելու, անհամարօրէն խաղայ կղզիացած կալուածի տնտեսի մը բարի դերը: Իսկ դրական առումով հայագիտական աշխատանքի նուիրուած մշակներուն տրուած է այն հոգեկան իւրայատուկ ուրախութիւնը, թէ որեւէ աշխատասիրութիւն հաւանաբար ունենայ անօրինակ հանգամանք եւ ընդհանրապէս բարձր արժէք: Արժէք՝ գիտութեան, հայակերտման եւ սերունդներու մշակութային զարգացման դպրոցին մէջ: Ծանօթ էք 1970-էն ի վեր Հայկազեան Հայագիտական հանդէսի դերին եւ թէ ինչո՛վ կը զատորոշուի հայագիտական հրատարակութեանց մարզին մէջ: Որպէսզի միայն անցեալով չպարծենանք եւ չուրախանանք, մեր ջանքը յառաջիկայ տարիներուն հարկ է, որ կեդրոնանայ կարգ մը հին եւ նոր ասպարէզներու վրայ, ինչպիսիք են.

«- Հայագիտութիւնը դիտել որպէս ապագայի գիտութիւն, զարգացող, այլ գիտութիւններու հետ քայլ պահող եւ այդ բոլորը օգտագործել ամուր հիմքեր գտնելով գիտութիւններուն մէջ: Նաեւ՝ ապահովել երիտասարդ սփիւռքահայ ուսումնասիրողներու ներդրումը: Հայկազեանի մեր դասախօսներէն ոմանք աչալուրջ կերպով կը հետեւին այն Հայկազեանի շրջանաւարտներուն, որոնք հայագիտական աշխատանքի ընթացքի մը մէջ են: Մենք կը ջանանք հետեւիլ անոնց եւ նայիլ, թէ ո՛վ ո՛ւր հասած է աշխարհին մէջ, որպէսզի օր մը զիրենք ներառենք, տեղ տանք եւ իրենք նաեւ ընդգրկուին այս հայագիտական աշխատանքին մէջ:

«- Պահպանել գիտական մակարդակը եւ շարունակաբար օգտագործել արդի մեթոտներ: Լաւագոյնս օգտագործել թուային աշխարհի հնարաւորութիւնները, զարգացնել հայագիտական հանդէսներու եւ գիտաշխատողներու եւ հայագիտական կեդրոններու միջեւ գործակցութիւնը, որ միշտ չէ, որ գոյութիւն ունի, որովհետեւ, ըսեմ, թէ մենք կը սիրենք, որ ամէն մարդ իրը իրեն պահէ, վերապահէ եւ անպայման չէ, որ այդ համագործակցութիւնը սահուն պիտի ըլլայ: Նաեւ լեզուական ու քերականական հմտութիւններու կորուստին զուգահեռ մեր շուրջը, մանաւանդ՝ սփիւռքի մէջ, գծել սահմանները ընդունելիին եւ անընդունելիին, որ նաեւ խմբագրական կազմի մը պարտականութիւններէն մէկն է:

«- Հայագիտութիւնը չվերածել գաղափարախօսութեան հարթակի, որպէսզի չտուժէ անոր գիտականութիւնը: Եւ վերջապէս՝ զանազան լեզուներու օգտագործման իրականութեան մէջ չմոռնալ յատուկ կարեւորութիւնը արեւմտահայերէնի: Ես կը վախնամ, որ եթէ ուշադիր չըլլանք, շատ բան կորսնցնենք այս առումով: Միայն խօսակցական լեզուին մասին չէ նիւթը, նաեւ՝ արեւմտահայերէն թերթերու յօդուածներու եւ լոյս տեսնող գիրքերու լեզուին մասին է խօսքը:

«Անցած է աւելի քան տարի մը մեր հանդէսի երկարամեայ խմբագրապետ երջանկայիշատակ Հայր Անդրանիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Կռանեանի մահէն ի վեր: Այս բեմէն կը յայտնեմ իմ ուրախութիւնս, որ անոր շունչով բեղմնաւորուած խմբագրական կազմը այսօր ալ մեծ նուիրումով կը շարունակէ աշխատանքը: Աղօթքս է, որ Աստուած մեզ առաջնորդէ, իմաստնութիւն, համբերութիւն տայ եւ մեզ միշտ կանգուն եւ հաւատարիմ պահէ, չթուլնայ, ո՛չ մակարդակը, ո՛չ նուիրումը, ո՛չ հոգին», իր խօսքին մէջ ըսաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեան:

Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանին, որ Հայաստանի դեսպան եղած է Լիբանանի մէջ եւ նաեւ՝ դասախօս Հայկազեան համալսարանէն ներս, Փոլ Հայտոսթեան յանձնեց յուշանուէր մը Հայկազեան համալսարանի կողմէ եւ քանի որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանը կը պատրաստուի նշել իր անկախութեան 75-ամեակը, այս անգամ Հայկազեան համալսարանի բերած յուշանուէրը Լիբանանի խորհրդանիշ մայրիի ծառի պատկերով էր: Վահան Տէր-Ղեւոնդեան յուզումով ընդունեց յուշանուէրը՝ ըսելով, թէ բախտ ունեցած է մայրիներու երկրին մէջ տեսնելու հռչակաւոր ծառին նախատիպը եւ երկրի նախագահի կողմէ ալ նոյն պատկերով շքանշան ստանալու պատիւն ունեցած է:

Այնուհետեւ ներկաներուն բաժնուեցաւ Հայագիտական հանդէսը: Ուշագրաւ է հատորի խմբագրականը, որ մեծ մտաւորական Հայր Անդրանիկ Կռանեանին նուիրուած էր եւ որու մահուան առթիւ՝ 2017 թուականի սեպտեմբերին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ անդրադարձած է անոր գործունէութեան ու վաստակին:

ՄԵՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Հայկազեան Հայագիտական հանդէսի նախորդ հատորի շնորհանդէսէն ութ օր առաջ վախճանեցաւ Հանդէսի խմբագրապետ Հայր Անդրանիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Կռանեանը:

Հայկական էքիւմենիզմի իսկական օրինակ մըն էր մեր խմբագրակազմը, որուն շարժիչ ուժը Հայր Անդրանիկն էր, կամ պարզապէս՝ վարդապետը, բառին բովանդական նշանակութեամբ եւ խորհուրդով:

Բնաւորութեամբ եւ վերաբերմունքով՝ հեզ, իսկ համոզմունքով՝ կրքոտ, սկզբունքներուն մէջ՝ հաստատակամ, սակայն ուրիշին կարծիքին հանդէպ՝ ուշադիր, գիտելիքներն ու զարգացումը՝ լայնածիր, բայց խօսքը՝ կուռ ու անշպար, ամբողջական ուսուցիչ էր ան, առանց ուսուցանելու յաւակնութեան, առաջնորդ էր՝ առանց մեծամտութեան, մասնագէտ՝ առանց յոխորտանքի, մտաւորական էր՝ անընդհատ վերանորոգուող:

Իր հոգեւորականի կոչո՞ւմն էր արդեօք, որ զինք վերածած էր համեստութեան տիպարի, թէ՞ իր անձն էր, որ այդ առաքինութիւնը դարձուցած էր զարդ՝ իր կոչումին, չենք գիտեր: Սակայն երբ կարդանք անոր համառօտ կենսագրութիւնը, կը տեսնենք իր վաստակին ահագնութիւնը՝ բազմաթիւ մարզերու մէջ դրսեւորուած:

Խմբագրական կազմի ժողովները մտաւորական խրախճանքներ էին մեզի համար: Գիտելիքէ եւ կարծիքէ անդին՝ Հայր Կռանեան էութիւն, հոգի փոխանցող անձնաւորութիւն էր: Բարեհամբոյր ժպիտով արտայայտուած անսքօղ հիւմըր մը, մերթ մեղմ, ի հարկին՝ ձաղկող, նկատողութիւն մը հարցումի տեսքով, լուսաբանութեան պահանջ՝ միտքի եւ խօսքի յստակութեան ի խնդիր, բառերուն հետ ուշադրութեամբ, երկիւղածութեամբ վարուելու կոչ, ընթերցողը յարգելու պահանջ եւ այլն։ Ահա՛ այն յարաբերութիւնը, զոր վարդապետը հաստատած էր իր գլխաւորած կազմին հետ:

Հոգեւորականի, ինքնուրոյն մտաւորականի, գիտնականի, հայրենասէրի եւ տեսլապաշտ մարդու հաւաքական կերպար մըն էր Հայր Կռանեան, եւ իր անձին մէջ միաւորուած այդ յատկանիշներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր ցայտուն դրսեւորումը, որոնցմով ինք կրցաւ կենդանի օրինակ ըլլալ ծառայութեան ու առաջնորդութեան, բարձրագոյն արժանիքներու եւ համեստութեան, յարգանք պարտադրելու բայց եւ յարգելու:

Տարիքն ու վաստակը որքան աւելցան, նոյնքան աճեցաւ երիտասարդները քաջալերելու, յառաջ մղելու, յարգելու առաքինութիւնը իր մէջ: Մեր վարդապետը չեղաւ այն երէց մտաւորականներէն, որոնք վերէն կը դիտեն երիտասարդներուն ջանքերը եւ քամահրանքով կը վերաբերին անոնց ճիգերուն: Այս էր պատճառը, որ խորագոյն յարգանք վայելեց ան զինք շրջապատող երիտասարդներէն, թէ՛ Հայկազեան համալսարանի շրջապատէն ներս եւ թէ այլուր: Անոր քաջալերանքով էր, որ Հանդէսը իր էջերը բացաւ երիտասարդ գիտնականներու, տեղ տուաւ անոնց առաջին յօդ-ւածներուն, ի հարկին կատարելով սրբագրութիւններ եւ նկատողութիւններ:

Հայր Անդրանիկ Հայկազեան Հայագիտական հանդէսի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը ստանձնեց, երբ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Հանդէսը վեց տարի դադրած էր հրատարակուելէ: Ան հաւաքեց իր շուրջ անհրաժեշտ խումբը, ժամանակի ընթացքին համալրեց երիտասարդ ուժերով եւ ապահովեց անոր անխափան հրատարակութիւնը 2011-էն սկսեալ: Իր խմբագրութեան օրերուն ուռճացաւ Հանդէսի բովանդակութիւնը, ընդլայնեցաւ գրողներուն աշխարհագրական ծիրը, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն նոր անուններ յայտնուեցան հիներուն կողքին, լոյս ընծայուեցան յատուկ հատորներ, հայրենիքի մէջ կազմակերպուեցան շնորհանդէսներ: Միով բանիւ, Հայկազեան Հայագիտական հանդէսը վարդապետին օրերուն դարձաւ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ փնտռուած հայագիտական հրատարակութիւն:

Հանդէսի ԼԶ. հատորի շնորհանդէսին վարդապետը կատարած է հետեւեալ հաստատումը. «Մարդ էակին կեանքը կը կանգնի հաւատքի եւ համոզումներու վրայ: Մարդիկ կը ստեղծեն այն, ինչին կը հաւատան, իսկ բանի մը հաւատալու լաւագոյն ձեւը՝ զայն ապրիլն է»:

Վարդապետը ապրեցաւ, հաւատաց ու ստեղծեց խորունկ հաւատքով ու տոկուն համոզումներով, եւ այդպիսով Հայկազեան Հայագիտական հանդէսին համար եղաւ օրհնութիւն, զօրութեան երաշխիք: Հայկազեանի եւ մանաւանդ այս հրատարակութեան պատմութեան մէջ անջնջելի ոսկեայ գիրերով քանդակուած պիտի մնայ Հայր Անդրանիկին անունը:

Յարգա՛նք մեր վարդապետին վաստակին եւ լո՛յս՝ անոր յիշատակին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018