Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, ինչ որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ նախ կա­տա­րուե­ցաւ տնօրհ­նէ­քի կարգ, Ս. Փրկիչ մատ­րան հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Ներ­կայ էր նաեւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։

Ա­ւե­լի վերջ բո­լո­րը հա­մախմբուե­ցան նոյն դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ սար­քուած տօ­նա­կան սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ Տէր Հայ­րը օրհ­նեց նաեւ սե­ղա­նը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը միաս­նա­բար ըմ­բոշխ­նե­ցին Ս. Զատ­կի ու­րա­խու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­ներ, բժշկա­կան կազ­մէն ան­դամ­ներ, պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը, տիկ­նանց կազ­մը եւ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը։

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին տօ­նա­կան բա­րե­մաղ­թանք­ներ յղեց հաս­տա­տու­թեան ըն­տա­նի­քին։

Ս. Զատ­կի հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր։ Մե­ներգ­ներ կա­տա­րեց Նա­րօտ Տէ­միր­ճիօղ­լու, ո­րուն նուա­գակ­ցե­ցան Մա­նուկ Համ­բա­րեան եւ Սե­րէն Քու­լօղ­լու։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015