ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐ ՄԸ

Մարդը եւ բնութիւնը եթէ բաղդատուին, բաղդատութեան ո՞ր եզրով կարելի է համեմատել զանոնք, ըսել թէ՝ բնութիւնը մարդոց պէս կը վարուի՞, թէ՛ մարդիկ բնութեան պէս կը շարժին։ Սակայն սա իրական է, որ երկուքն ալ իրարու նման կը վարուին, կա՛մ, մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ եւ մէկը միւսին կատարեալ լուսաբանութիւնն է։ Ուստի, մարդը ուսումնասիրելով բնութիւնը կարելի է հասկնալ եւ բնութիւնը քննելով կարելի է մարդուն մասին տեղեկութիւններ քաղել եւ լուսաբանուիլ անոր նկատմամբ։

Զոր օրինակ, բնութեան մէջ, թաւշեայ կանաչ խոտը՝ որ մանուկի մը նման անկարող է իր կուսական գեղեցկութիւնը պաշտպանելու, բազմատեսակ «թշնամի»ներու շահատակութիւններուն եւ ոտնձգութիւններուն ենթակայ է։

Ընկերային աներես եւ անխիղճ անարդարութիւններ՝ մեր ապրած ամէն մէկ օրուան մէջ տեսնուած եւ ապրուած սովորական երեւոյթներ են։

Սաղմոսերգուին գանգատը թէ «ամբարիշտը կը բարգաւաճի մինչ արդարը կ՚անիրաւուի», նաեւ մեր օրերուն յատուկ ընդհանուր գանգատ մըն է, եւ այնպէս կ՚երեւի թէ այնքան ատեն որ մարդկութիւնը՝ մարդկային ընկերութիւնը գոյատեւէ, պիտի շարունակուին այս ընկերային անարդարութիւնները եւ անիրաւութիւնները։

Ընդհանուր տեսարանը այն է որ բարիները ոտքի տակ կ՚երթան, իսկ չարերը՝ կեանքի՝ գէթ նիւթական, «օրհնութիւններ»ու մենաշնորհը կը բռնագրաւեն, եւ կը վայելեն ազատօրէն։

Անբարոյացած մտայնութեամբ մը, նիւթապաշտ աշխարհը կ՚ըսէ. «Իրաւունքը ուժովի՛նն է»։ Եւ ասոր դէմ բողոքելու քաջութիւն ունեցողներ կը պակսին ընդհանրապէս, քանի որ անոնք որ այդ ուժը չունին՝ տկա՛ր են, ստիպուած կ՚ընդունին ներկայ իրավիճակը, յանձն չեն առներ պայքարը եւ կերպով մը, յուսալքուած դասալիք կ՚ըլլան։

Անշուշտ, եթէ տկարներ չկարենան պայքարիլ եւ դիմադրել ուժովներու ստեղծած այդ զօրաւոր հոսանքին՝ «իրաւունքը ուժովինը կ՚ըլլայ»։

Այս իմաստով, բարեսէր բոլոր «մարգարէներ»ը, ներկայիս հալածուած բարոյապէս, լռութեա՛ն են դատապարտուած։ Եկեղեցին կը խուսափի «անիրաւ աշխարհ»էն եւ քաջութեամբ չի հռչակեր աստուածային կամքին վեհապետութիւնը։ Ան, «ձայն տուող ծնծղայ» է, եւ համակերպուած է աշխարհի մը՝ որուն տէրերը գահազրկած են զԱստուած եւ յափշտակած են Անոր գահը։

Այսօր, մեծ մասամբ, քրիստոնեաներ «ծիսականացած», կամ մեքենայացած՝ ձեւապաշտ քրիստոնեաներ են եղած, չըսելու համար «հեթանոսացա՛ծ»։ Անոնք քրիստոնեայ անունը կը կրեն իբրեւ ցուցանիշ մը, եւ Քրիստոսը կը ճանչնար որպէս «օտարական» մը՝ առանց ապրելու Անոր շնորհքովը։ Թող ներուի մեզի, այդպիսի անուանեալ կամ կարծեցեալ քրիստոնեաներու համար Աւետարանը՝ ամպիոնի կամ դարակի եւ կամ աւելի լաւատես ակնարկով՝ գրադարանի «զարդ» մըն է միայն, եւ ո՛չ թէ «կեանքի կանոն» եւ «ոտքի շաւիղ եւ լո՛յս»։

Կան փարիսեցիներ այսօր եւս, ինչպէս կային Քրիստոսի ապրած օրերուն։ Այն ժամանակ փարիսեցիները մաս կը կազմէին հրէութեան, իսկ այսօր, դժբախտաբա՛ր, քրիստոնէութեան։

Այսօր կարծես «խօսք»ին աւելի կարեւորութիւն կ՚ընծայուի քան գործի։ Այսօր սէր կը քարոզուի, բայց ատելութիւնն է որ կը գործէ ընդհանրապէս մարդոց մէջ։ Ոմանք խօսիլը աւելի կը սիրեն քան փրկելը, եւ ունկնդիրներ աւելի կը սիրեն «հաճոյանալ» ունայնախօս հռետորութիւնով քան հոգեւորապէս «արթննալ» ճշմարտութիւններու սուր խայթոցովը եւ հետամուտ ըլլալ «նոր կեանք»ի մը։

Եւ յաճախ տեսնուած են մարդիկ՝ որոնք հետաքրքրուած են իրենց անձը ցուցադրելու քան Քրիստոսը։ Եղած են մարդիկ՝ որոնք փառատենչութեան ախտէն վարակուած, տարուած են եւ անտեսած իրենց իսկական կոչումը։

Արդարեւ, ասպարէզը, այսպէս, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, շատ յաճախ հարազատ արժանիքի առջեւ բաց չէ։ Բնութեան մէջ, կամ մարդկութեան մէջ, պէտք է ընդունիլ որ խուժող եւ արշաւող ուժերը միշտ բարի ուժերը չե՛ն։

Պարտէզի մը մէջ տնկուած բաղեղներու ճղիկներ (բաղեղ=մշտադալար տերեւներով գետինը տարածուող կամ մագլցող բոյս «սարմաշըք») առանց մասնաւոր խնամքի, արագօրէն կ՚աճին եւ իրենց ճիւղերը կը տարածեն իրենց սահմանագծէն անդին։ Բուսական երկու բանակներ իրարու դէմ կը ճակատին տարիներու մարտնչումին մէջ եւ խոտը՝ խեղճ եւ անպաշտպան հետզհետէ կը նահանջէ, եւ բաղեղը յառաջ կը տանի իր նուաճումը, եւ իր այս ընթացքով պարտէզին խոտերէն շինուած՝ խոտեղէն կապերտը (=քիլիմ) բոլորովին կը վերցուի եւ տեղը կը փռուի բաղեղային «ծածկոց» մը։

Եւ այս երկու «ոսոխ»ներուն միջեւ բարեկամութեան դաշինք անկարելի՛ կը թուի. երկուքն ալ յամառ են եւ կ՚ըսեն իրարու. «Կա՛մ կեանք կա՛մ մահ»։ Բայց անոնցմէ մէկը զօրաւոր է եւ ուժո՛վ, իսկ միւսը՝ տկա՛ր։ Ուստի մէկը կ՚ապրի միւսը մեռցնելով։

Բայց մարդկային բանականութիւնը կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ համար երկուքն ալ իրենց սահմանագծերը չպահեն, եւ երկուքն ալ չապրին…»։ Աշխարհի վրայ երկուքին համար ալ բաւարար տեղ չկա՞յ։

Ահաւասիկ, ի՛նչ որ մարդկային վարմունքին առեղծուածն է, առեղծուածն է նաեւ՝ բուսական աշխարհին. «կա՛մ ես, կա՛մ դուն»։

Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է յաւիտենական, մշտնջենական պայքարին հիմնական պատճառը ինչպէս Բնութեան մէջ, նո՛յնպէս՝ Մարդկութեան մէջ։

Արդարեւ, ո՛չ թէ «լաւագոյն»ը կամ «յարմարագոյն»ը կը վերապրի այս աշխարհի վրայ, հապա՝ «զօրաւորագոյն»ը, եւ զօրաւորագոյնը միշտ «լաւագոյն»ը չէ՛, ընդհակառակը, եւ յաճախ «յոռեգո՛յն»ն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 28, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018