«ԿԱՄՈՒՐՋ»ՆԵՐԷ ԱՆԴԻՆ

Արնավուտգիւղի «Կալերի Սելվին»ի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ նկարիչ Տիգրան Ասատրեանի ցուցահանդէսը։ Տիգրան Ասատրեան Հայաստանի արդի նկարչութեան հեղինակաւոր վարպետներէն մին է։ Ան ցայսօր Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ բացած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ, նաեւ մասնակցած՝ հաւաքական ցուցահանդէսներու։ Հարկ է նշել, որ Տիգրան Ասատրեան առաջին անգամ անհատական ցուցահանդէս մը կը բանայ Թուրքիոյ մէջ։

«Կամուրջ» խորագրեալ ցուցահանդէսը երէկ երեկոյեան բացուեցաւ ընդունելութիւնով մը։ Տիգրան Ասատրեանի ստեղծագործութիւնները արժանացան գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան։

Հէքեաթային եւ իսկական աշխարհներու միջեւ գեղարուեստական կամուրջներ կառուցած է Տիգրան Ասատրեան, որ կը հետեւի ուսուցողական բնապաշտութեան մը։ Իր ստեղծագործութիւնները իսկապէս խոր ազդեցութիւն գործեցին ցուցահանդէսի բացման մասնակցած նկարչասէրներուն վրայ։

Հարկ է նշել, որ Տիգրան Ասատրեան Իսթանպուլ եկած է իր կողակցին՝ Ռուզաննա Կալոյեանի հետ։ Երկուքն ալ երէկուան ընդունելութեան ընթացքին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատուեցան «Կալերի Սելվին»ի պատասխանատուներուն եւ ցուցահանդէսի այցելուներուն կողմէ։

Տիգրան Ասատրեանի «Կամուրջ» ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 18 դեկտեմբեր։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30, 2018