ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՎԻՐԱԲՈ՞ՅԺ, ԹԷ ՈՍՏԻԿԱՆ…

Պատահած է, որ մարդիկ ի՜նչ, ի՜նչ պատճառներով արհեստավարժ երկու մասնագիտութիւններու տիրացած են։ Անոնք ընդհանրապէս նախընտրած են այդ երկու մասնագիտութիւններէն մին որդեգրել եւ դարձնել ասպարէզի կոչում, որպէսզի կարենան իրենց ընտանիքին ապրուստը ապահովել։

Մեր այսօրուան հերոսը, սակայն, մի ոմն Քենճի Ինապա (տես նկարը) իր մասնագիտացած երկու ճիւղերն ալ ընտրած է որպէս ասպարէզ եւ փոխն ի փոխ կը կիրարկէ զանոնք իր առօրեայ կեանքին մէջ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Տքթ. Ինապա շաբաթը 80 ժամ կ՚աշխատի որպէս վիրաբոյժ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) շտապ օգնութեան բաժանմունքին մէջ։ Իսկ շաբաթը մէկ օր ալ ան վիրաբուժական հերձադանակի (scalpel) փոխարէն զէնք շալկելով կը ծառայէ որպէս երդուեալ պահեստի ոստիկան Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան Ռեմպարտ բաժանմունքին մէջ։

Երբ Տքթ. Ինապային հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ կը ծառայէ ոստիկանութեան, երբ ան արդէն կրկնապատիկ ժամով կ՚աշխատի որպէս վիրաբոյժ, ան պատասխանած է, թէ պարտաւորուած կը զգայ ծառայել ոստիկանութեան՝ որպէս կամաւոր։ Ան աւելցուցած է, որ իր ծնողքը այդպէս կրթած է զինք…

Հոս պէտք է դիտել տալ, որ Տքթ. Ինապա ոստիկանութեան կոչումին տիրանալու համար 700 ժամ տեւող վերապատրաստման (training) դասընթացքներու հետեւած է եւ յաջողութեամբ աւարտած այդ գործընթացը։ Իսկ այդ դասընթացքներուն չսկսած՝ ան ենթարկուած է ոստիկանական խիստ հետապնդումի՝ փաստելու համար, որ ան ատակ է ոստիկան դառնալու։

Այս հետապնդումներուն մաս կազմած են շարք մը հարցաքննութիւններ՝ կատար-ւած իր ընտանեկան պարագաներուն, դրացիներուն եւ գործակիցներուն հետ։ Սա սովորական գործընթաց մըն է, որ կը կոչուի background check: «To each, his own» կ՚ըսէ ամերիկեան ասացուածքը՝ բնութագրելով մարդոց նախընտրութիւնները։

ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Խտրականութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ Ամերիկայի տարածքին, յատկապէս սեւամորթներու եւ կիներու նկատմամբ։ Օրինակ մը տալու համար բաւ է յիշել հետեւեալ տուեալները.

- Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը ի զօրու դարձած է 1789 թուականին։

- Սեւամորթ այր մարդիկ ընտրութեանց մասնակցելու լիազօրուած են 1870 թուականին՝ ըստ սահմանադրութեան 15-րդ բարեփոխումին (amendment):

- Կիները ընտրութեանց մասնակցելու լիազօրուած են 1920 թուականին՝ ըստ սահմանադրութեան 19-րդ բարեփոխումին։

Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին։ Սեւամորթ բժշկուհի մը Պոսթընի Massachusetts General Hospital-էն վերջերս կը ճամբորդէր ամերիկեան «Տելթա» օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւով, երբ հետեւեալ դէպքը պատահեցաւ։

Ճամբորդութեան ընթացքին բժշկական օգնութեան պէտքը զգացուեցաւ ճամբորդի մը համար, որ ակամայ կը թափահարուէր (involuntary shakes)։ Երբ սպասեակ մը բարձրախօսով յայտարարեց, որ «եթէ բժիշկ մը կայ օդանաւին մէջ, թող անմիջապէս ներկայանայ»:

Տքթ. Սթենֆըրտ՝ մեր սեւամորթ կին բժիշկը (տես նկարը), կը ներկայանայ օգնութեան։ Սպասեակը կը պահանջէ տեսնել իր արտօնագիրը (license)՝ վստահ ըլլալու համար, որ ան իրապէս բժիշկ է։ Սակայն արտօնագիրը տեսնելով չի բաւականանար ան եւ հարց կու տայ, թէ ի՞րն է այդ արտօնագիրը:

Բժիշկը ակամայ կը մտածէ, որ եթէ սեւամորթ չըլլար, այս տեսակի հարցաքննութեանց պիտի չենթարկուէր… Եւ ահա խտրականութեան տխուր երեւոյթը մեր արդի ընկերութեան մէջ, որ դժբախտաբար տակաւին ի գոյ է եւ իր տգեղ գլուխը ցցուն կերպով կը բարձրացնէ հոս ու հոն:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018