ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ՄԻՇՏ ՆԵՐԿԱՅ
Եթէ հարց տանք, թէ ինչպէ՞ս էր անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ ընթացք առած նախընտրական արշաւի ընդհանուր մթնոլորտը, ապա արագօրէն մեր մտքերուն պիտի ուրուագծուի, որ ընտրապայքարի ամբողջ ընթացքին «կարմիր թել»ի պէս երեւելի դարձաւ Ղարաբաղի հիմնահարցը։
Ոմանց մտքերուն, ուրիշներու բերնին ու լեզուին վրայ հայկական այդ հողատարածքի օրակարգը դարձեալ դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ, յաճախ «ջղային» դրսեւորումներով ու յաճախ ալ այդ դրսեւորումներուն, որպէս հակադարձութիւն։
Ղարաբաղեան «օրակարգ»ը պիտի թէժանար յատկապէս, երբ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի ամենէն վստահելի գործիչներէն մին՝ Սասուն Միքայէլեան, ընտրահաւաքի մը ընթացքին խօսք առնելով յայտարարեց, թէ ապրիլին տեղի ունեցած յեղափոխութեան յաղթանակը աւելի արժէքաւոր է, քան Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած յաղթանակը։
Միքայէլեանի ելոյթէն ժամեր անց «հայկական համացանց»ը կը թնդար։ Քաղաքական դաշտի բազմաթիւ գործիչներ նոյնիսկ ելոյթներ ունենալու պահու կը հակադարձէին Միքայէլեանի խօսքերուն՝ ըսելով, որ անոնք պարզապէս դաւաճանութիւն են։
Հակառակ անոր, որ Սասուն Միքայէլեան ընտրարշաւի նոյն օրը զանազան առիթներով փորձեց վերախմբագրել իր խօսքը, սակայն ի զուր...
Ի դէպ նշեմ նաեւ, որ անցնող շաբթուան ամբողջ տեւողութեան սա գրեթէ միակ «միջադէպ»ն էր, որուն կողմերը իրարու դէմ կ՚ընէին վիրաւորանքի մակարդակով յայտարարութիւններ, իսկ անկէ ետք տիրող մթնոլորտը կը մնար «ընդունելի»ի սահմաններուն մէջ։ Բացի թեթեւակի լարուածութենէ, իրավիճակը առհասարակ կը համարուէր ընդունելի։
ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՐՑԱԽԸ. ՅԱԿՈԲ ՊԱՏԱԼԵԱՆԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
«Լրագիր» կայքէջի քաղաքագէտ, սիւնակագիր Յակոբ Պատալեան խօսելով ընտրարշաւի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտած կեցուածքներուն մասին՝ կը գրէր, որ Փաշինեան շատ կոշտ արձագանգ կու տայ եղած զարգացումներուն կամ հնչած յայտարարութիւններուն։ Ան կը քննարկէր յատկապէս Փաշինեանի կողմէ Արցախի պատասխանատուներուն ուղղուած քննադատութիւնները եւ կը գրէր հետեւեալը.
«Նիկոլ Փաշինեան 29 նոյեմբերին չափազանց կոշտ արձագանգ տուաւ վերջին օրերուն հանրութեան ուշադրութեան արժանացած խնդրի մը՝ Արցախի բազմաթիւ պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն, որոնք կ՚առընչուէին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նախընտրական զարգացումներուն եւ անոր ընթացքին «Իմ քայլը» դաշինքի ներկայացուցիչներու որոշ շեշտադրումներուն:
Աւելի յստակ, խօսքը Սասուն Միքայէլեանի աղմկոտ յայտարարութեան առիթով յառաջացած իրավիճակի մասին է: Յայտարարութիւնը գործնականին ուշադիր լսելէ կամ ընթերցելէ ետք չէր ըլլար «դաւադրապաշտական» աղմուկի պատճառ։ Բայց քանի որ կայ բոլորովին այլ նպատակ, որ կապուած է ոչ թէ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, այլեւ խորհրդարանին մէջ մի քանի ձայն ունենալու հետ, Միքայէլեանի յայտարարութիւնը անմիջապէս օգտագործուեցաւ շահարկման համար:
Թէեւ այդ կապակցութեամբ եղաւ Նիկոլ Փաշինեանի պարզաբանումը, այդուհանդերձ յայտարարութիւնները, այդ շարքին Արցախի պաշտօնական որոշ շրջանակներէ, շարունակուեցան:
Սա թերեւս Փաշինեանին եզրակացութեան հիմք հանդիսացաւ, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակէն բխող շահարկումներուն՝ Արցախէն եկող անուղղակի աջակցութեան յայտարարութիւնները կրնան ըլլալ։ Անոնք ոչ թէ պարզապէս անկեղծ մոլորութեան կամ թիւրըմբռնման, այլեւ կազմակերպուած արշաւի մաս են:
Որովհետեւ, ի վերջոյ տարօրինակ է, երբ վարչապետի պարզ բացատրութիւնները հաշուի չեն առնուիր այնքան, որքան տուրք կը տրուի չփաստարկուած տեղեկատուական-դաւադրական յայտարարութիւններուն:
Իսկ այդ իրավիճակը արդէն անմիջական սպառնալիք է Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան, ներքին ու արտաքին շարք մը գործօններով։
Նիկոլ Փաշինեանի կոշտ յորդորը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին՝ կը պարունակէր այդ սպառնալիքը կանխելու նպատակ:
Ընդ որում, իրավիճակը իր տարբեր աստիճանի դրսեւերումներով առկայ է վաղուց եւ խնդիրը զանազան յօդուածներու մէջ առիթն ունեցած եմ դիտարկել դեռ ամիսներ առաջ, թաւշեայ յեղափոխութեան սկզբնական շրջանին Արցախի նախագահի աշխատակազմի որոշ պաշտօնեաներու պահուածքի առընչութեամբ՝ «Բակօ Սահակեանը մէկ ձեռքով կ՚աջակցի, իսկ ինչ կ՚ընէ միւսով» խորագրեալ։
Փաստօրէն, խնդիրը կը շարունակէ մնալ եւ ծաւալիլ, ունենալ նոր դրսեւորումներ: Սա այն պարագային, երբ պաշտօնական Երեւանը մայիսէն ի վեր պարբերաբար իր յստակ աջակցութիւնը յայտնած է Արցախի իշխանութեան եւ պարբերաբար յստակ ու համբերատար բացատրութիւն տուած է տարածուող այն մտահոգութիւններու կապակցութեամբ, թէ կրնան որեւէ «դաւադիր» քայլեր ըլլալ Արցախի հարցին վերաբերեալ:
Ահա այդ պայմաններուն մէջ, Արցախի առանձին պաշտօնեաներու շարունակուող տարօրինակ վարքագիծը անշուշտ կ՚առաջացնէ ոչ միայն կոշտ հակադարձ, այլ նաեւ պարզաբանման անհրաժեշտութիւն, ինչ որ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի ընել նախագահ Սահակեանի հետ խորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք:
Բակօ Սահակեան յայտարարած է, որ պիտի չմասնակցի Արցախի նախագահի 2020 թուականի ընտրութեանց: Արդեօք Արցախի իշխանութեան որոշ շըր-ջանակներ այլեւս հաշուի չեն առնե՞ր զինք, կամ պարզապէս հարուածի տակ կը դնե՞ն Սահակեանը այդ որոշման համար, քանի որ անոր հետ կը կապ-ւէին իրենց իշխանական դիրքերը Արցախի մէջ:
Բոլոր պարագաներուն, այստեղ հիմնարար վտանգներէն մէկը այն է, որ Արցախի իշխանութեան առանձին պաշտօնեաներու վարքագիծը կրնայ դառնալ հանրութիւններու մակարդակով փոխադարձ անհասկացողութեան կամ թիւրըմբռնման պատճառ, կամ առիթ դառնալ նման իրավիճակով շահագրգռուած նախորդ իշխող համակարգի եւ շարք մը այլ ուժերու յաւելեալ հնարաւորութիւններու համար:
Առաւել եւս, որ այս ամիսներու ընթացքին հնչած են յայտարարութիւններ, թէ Արցախը հակայեղափոխութեան օճախ է:
Արցախը իրականութեան մէջ հակայեղափոխութեան օճախ չէ, այն պարզ պատճառով, որ առանձին պաշտօնեաները ամբողջ Արցախը չեն ներկայացներ։ Արցախը արցախցիներունն է, Արցախի հանրութիւնը, որու գերակշռող մեծամասնութիւնը ակնյայտօրէն եղած է Հայաստանի մէջ վերափոխումներու գործընթացի աջակից: Աւելի՛ն, առանձին պաշտօնեաներու ջանքը՝ եթէ պարզապէս թիւրըմբռնում չէ, այլեւ իսկապէս ծրագրուած եւ ուղղորդուած վարքագիծ, ուղղուած է թերեւս հանրութեան մօտեցումները փոխելու, հանրութեան շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածի հանդէպ անվստահութիւն յառաջացնելու»:
Նոյն՝ Արցախի նիւթին կապակցութեամբ հետաքրքրական տեսակէտ մը կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի մամլոյ խօսնակը՝ Արման Մուսինեան։ Այս վերջինը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ կարեւորագոյն նիւթ է Ղարաբաղը ու մասնաւորապէս կը գրէ. «Սիրելի բարեկամներ, եռագոյնը ընդհանուր է, ինչպէս ընդհանուր է Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը եւ Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան: Ուստի բոլորդ կը յորդորեմ Արցախի հարցով համախմբուիլ միասնական դիրքորոշման մը շուրջ՝ քաջարի պայմանաւորուածութեամբ Արցախի նիւթը կամ Արցախ անուանումը ընդհանրապէս հանել նախընտրական ելոյթներու եւ բանավէճերու առօրեայ բառամթերքէն»:
Սա հատուած մըն է Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի երէկուան յայտարարութենէն. «Չես գիտեր` խնդաս, թէ լաս… Հայաստանը իր անկախացման օրէն ի վեր ունի մէկ գոյաբանական խնդիր` Արցախի հարց, իսկ երկրի երկրորդ (կամ առաջին... կամ ալ չգիտեմ որերորդ. այս Սահմանադրութենէն այդպէս ալ բան չհասկցուեցաւ)»։ Պապլոյեան կ՚առաջարկէ նախընտրական արշաւի ժամանակ, այսինքն իշխանութեան ձեւաւորման գործընթացէն հանել Արցախի հարցը: Չխօսիլ գլխաւորի մասին: Ձեւացնել, թէ նման հարց չկայ: Խաբել ժողովուրդը: Խաբել գիտակցաբար` հայրենիքի ցաւով տապակուողի դիմակը հագած: Ու այս մտածողութեամբ (իրականութեան մէջ` մտածողութեան բացակայութեամբ) մարդիկ քսան տարի ազգի ու պետութեան ճակատագիր վճռած են:
ԱՐՑԱԽԸ ՄԻՇՏ «ՏԱՔ ՕՃԱԽ»
Երբ Փաշինեան ստանձնեց Հայաստանի ղեկը՝ քիչ չեղան այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց դէպքերուն տակ կայ որեւէ պայմանաւորուածութիւն, որ կապուած է Արցախի հարցին կամ աւելի ճիշդը՝ այդ հակամարտութեան կարգաւորման հետ։
Հասկնալի են այդ խօսքերը, որովհետեւ ինչպէս երէկ, այսօր ալ Արցախը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի քաղաքական կեանքի հիմնական «տինամօ»ն։ Այսպէս էր երէկ ու այսպէս ալ պիտի մնայ այնքան ժամանակ, երբ այդ խնդիրը չէ հասած իր վերջնական լուծումին։
Արցախը միայն տեղական մակարդակի խնդիր մը չէ, այլեւ տարբեր գործօններու բերումով ան ունի շրջանային, ընդհուպ մինչեւ իսկ միջազգային նշանակութիւն։
Իբր այդ ալ, այս փաստը հաշուի առնելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ իշխանութիւն, երէկ, այսօր եւ վաղը պարտաւոր է հաշուի նստելու այս գործօնին հետ։
Ի դէպ, Հայաստանի մէջ քիչ չեն այն մարդիկ, որոնք լաւապէս կը հասկնան, թէ Արցախի շուրջ կատարուող որեւէ իրադարձութիւն՝ հիմքին ունի բաւականին ներուժ, Հայաստանի մէջ նոր եւ որոշիչ իրադարձութիւններու տուն տալու իմաստով։
Այս բոլորը անշուշտ կ՚արձանագրուին այն պահուն, երբ մեր երկիրը կը պատրաստուի ձեւաւորելու նոր խորհրդարան մը, որ ամէն գնով պարտաւոր է գիտակցիլ եւ ըմբռնել, թէ Արցախի հետ «խաղ չկայ»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան