«ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԵՐԵՔ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ, ԲԱՑԱՏՐՈՂԱԿԱՆ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ»

Վերջերս ստացայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գեր. Տ. Մակար Եպսկ. Աշգարեանի հեղինակած՝ «Յովհաննէս առաքեալի երեք ընդհանրական նամակները, բացատրողական սերտողութիւն» գիրքը, որ տպուած է Թեհրան, 2018-ին, Տիկին Նինա Աւետեանի «սիրայօժար մեկենասութեամբ» (էջ 6): Գիրքը լաթակազմ է եւ բաղկացած՝ 240 էջերէ: Գիրքի կողքին նկարը գործն է, հեղինակ սրբազանի եղբօր՝ Հոգշ. Տ. Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի, որ կը ներկայացնէ Ս. Յովհաննէս առաքեալը, իր աշակերտ՝ Պռոխորոնի հետ:

Գիրքի լեզուն արեւելահայերէնն է՝ (նկատի ունենալով, որ սբրազան հայրը սոյն աշխատասիրութիւնը հեղինակած ժամանակ ծառայութեան մէջ եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն՝ Թեհրանի թեմէն ներս) դասական ուղղագրութեամբ: Աշգարեան Սրբազան սոյն աշխատասիրութիւնը ձօնած է «մեր եկեղեցու եւ ազգի տիպար զաւակ, հաւատարիմ եկեղեցական, բարի հովիւ, հոգատար հայր, քաջ առաջնորդ, Ճշմարտութեան Խօսքի քարոզիչ, Քրիստոսի հօտի պահապան, հայրենասէր, ազգասէր, մշակութասէր, մտաւորական, գրող, եռակի ժողովական եւ Աստծու, եկեղեցու, ազգի ու ժողովրդի խոնարհ եւ անձընդիր ծառայ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեանի, իր քահանայական օծման եւ ձեռնադրութեան 50-ամեակի ուրախ եւ աստուածատուր առիթով, ինչպէս նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի իր թեմակալ առաջնորդութեան 18-ամեակի առիթով:

«Եւ իր միջոցով, նաեւ՝ մեր եկեղեցու անդաստանում ծառայած ու ծառայող բոլոր գիտակից ու սրբակեաց եկեղեցական հայրերի ու սպասաւորների, որոնք իրենց կեանքը ընծայաբերել են ու ընծայաբերում՝ "Ծառայութեան Զոհասեղանի" վրայ, իբրեւ պատարագ եւ զոհ, ի խնդիր մեր ժողովուրդի հոգեիմացական ու բարոյական, ընկերային ու համայնական, կրօնական ու ազգային, հայրենական ու երկնային արժէքներով նորոգութեան, վերականգնման, զարգացման, հզօրացման, հաստատման, պայծառացման, այլակերպման, փոխակերպման եւ անկշականդ գոյատեւումի ու դէպի վերելք, դէպի բարձրունքներ եւ դէպի յաւիտենականութիւն խոյացումի» (էջ 11-12):

Իր երկու խօսքին մէջ անդրադառնալով գիրքի խորագիրին, սրբազան հեղինակը այսպէս կը գրէ. «Գրքի խորագիրը կոչած ենք "Յովհաննէս Առաքեալի երեք ընդհանրական նամակները, բացատրողական սերտողութիւն", որովհետեւ, սկզբնապէս մեր նպատակն էր աշխատանքը որպէս Աստուածաշնչական սերտողութիւն ներկայացնել Թեհրանում մեր կատարած Ս. Գրային լսարաններում: Եւ այդ առումով, որոշ համարների սերտողութիւնը արդէն իսկ ներկայացրել ենք: Սակայն, ընթացքին այն համոզումն ունեցանք, որ հարկ է աշխատանքը ամբողջացնել եւ այն որպէս գիրք հաւատացեալ ժողովրդի սեփականութիւնը դարձնել» (էջ 7):

Գիրքի բովանդակութիւնը հիմնականին մէջ, ընթերցողին՝ յատկապէ՛ս հաւատացեալ ընթերցողին համար պարզ ու մատչելի կերպով տրուած բացատրութիւններ եւ կատարուած մեկնութիւններ են սրբազան հօր կողմէ, «Քրիստոսի ամենասիրելի եւ անմիջական ընկերակից» (էջ 7) Ս. Յովհաննէս առաքեալի գրած ընդհանրական երեք նամակներուն: Հաւատացեալները, որոնք իրենց առօրեային մէջ սովորութիւն դարձուցած են Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչ Մատեանը ընթերցել, այս աշխատասիրութիւնը կարդալով, ասկէ ետք, աւելի դիւրութեամբ եւ լուսաւորուած միտքերով պիտի կարդան եւ կարդալէ ետք պիտի հասկնան ու լաւապէս ըմբռնեն՝ յատկապէս Ս. Յովհաննէս առաքեալի ընդհանրական երեք նամակները, որովհետեւ Աշգարեան Սրբազան իր բացատրութիւններն ու մեկնութիւնները տուած է համար առ համար, ինչ որ ընթերցողին դիւրութիւն կու տայ յստա՛կ կերպով հասկնալու ըսուածը եւ ընկալելու այդ տողերէն եկած պատգամները, մանաւանդ մեր օրերուն երբ մարդկային ընկերութիւնը նիւթականացած է եւ նիւթական ու գնայուն արժէքները սկսած են գերակշռել մարդու մտածողութեան եւ արժեհամակարգին վրայ:

Ս. Յովհաննէս առաքեալ իր նամակներուն մէջ խիստ կերպով պայքարած է իր ժամանակուան «աղանդաւորների ու կեղծ եւ մոլորեցուցիչ ուսուցիչների դէմ, որոնք զանազան տեսութիւններով հանդէս էին գալիս. մին մերժում էր Քրիստոսի ճշմարտապէս մարդեղացումը եւ այն սոսկ երեւոյթ էր կոչում, եւ առընթեր նիւթը չար որակելով՝ մերժում էր ընդունել, որ Յիսուս Քրիստոսն աշխարհ գալով իսկապէս մարդացաւ: Միւսը, մերժում էր Քրիստոսի Աստուածութիւնը, եւ այն ընդունում էր սոսկ իբրեւ մարդ: Այլ մի մոլորեցուցիչ, յայտարարում էր, թէ Յիսուս սոսկ մարդ էր, եւ իր մկրտութեան ժամանակ միայն երկնային Քրիստոսը գալով՝ հանգչեցաւ նրա վրայ, որը սակայն խաչելութիւնից անմիջապէս առաջ՝ թողնելով հեռացաւ, եւ այլն» (էջ 8): Միաժամանակ, Առաքեալը իր երեք նամակներուն մէջ «խօսում է Քրիստոսի Աստուածութեան մասին, Նրա լոյս, կեանք եւ ճշմարտութիւն լինելու մասին, Նրա նախագոյութեան եւ մարդեղութեան մասին, խոստովանութեան անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ՝ Քրիստոսի արեան հեղումով մեղքերի ներման եւ քաւութեան մասին: Առաւել եւս, Նա խօսում է Սիրով Քրիստոսին կապուելու եւ Նրանով յաղթանակելու մասին» (էջ 8-9):

Սրբազան հայրը, նախքան բացատրութիւն եւ մեկնութիւն կատարելը, իւրաքանչիւր նամակի մեկնութեան սկիզբը անդրադարձած է նամակներու կազմութեան մասին, այսպէս.

ա) Առաջին նամակի ներածական բաժնին մէջ խօսելէ ետք հեղինակի մասին, սրբազանը կ՚անդրադառնայ գրութեան վայրի ու թուականի, գրութեան պայմաններու եւ նամակի նպատակի մասին, որոնք չորսն են՝

«1) Որպէսզի մեր ուրախութիւնը կատարեալ լինի (Ա.Յհ 1.4):

2) Որպէսզի չմեղանչենք (Ա.Յհ 2.1):

3) Որպէսզի մոլորեցուցիչներից հեռու մնանք (Ա.Յհ 3.26):

4) Որպէսզի գիտենանք, որ յաւիտենական կեանք ունենք, եւ յոյսով ու վստահութեամբ կառչենք նրան (Ա.Յհ 5.1314)» (էջ 17):

բ) Երկրորդ նամակին մէջ ներածական բաժնէն ետք, հեղինակը կ՚անդրադառնայ հասցէատիրոջ, գրութեան նպատակին, նամակի պատգամին: Հեղինակը նամակի պատգամի բաժնին մէջ այսպէս կը գրէ. «Յովհաննէս Առաքեալն ուզում էր, որ իր ընթերցողները՝

1) Ճշմարտութեամբ ապրէին:

2) Սիրէին միմեանց: Եւ

3) Զգուշանային սուտ ուսուցիչներից ու կառչէին առաքելական ուսուցումներին. յատկապէս՝ Յիսուսի մասին, որը իբրեւ Աստծու Որդի մարմնացաւ ու մարդացաւ, ընդդէմ Գնոստիկ աղանդի մտածողութեան, որ մուտք էր գործել եկեղեցուց ներս» (էջ 192):

գ) Երրորդ նամակի ներածական բաժնէն ետք, սրբազանը կ՚անդրադառնայ հեղինակին, գրութեան վայրին ու թուականին, հասցէատիրոջ, գրութեան նպատակին, նամակի պատգամին, նամակի գլխաւոր համարին (5-րդ համար) եւ նամակի բաժանումներուն: Նամակի պատգամին մասին խօսելով՝ սրբազան հայրը այսպէս կը գրէ. «…Ուստի, այս նամակի գրութեամբ, Առաքեալը հրաւիրում է մեզ, որպէսզի միմեանց նկատմամբ հիւրասիրութիւն եւ հիւրընկալութիւն ցուցաբերենք, երբ որ կարող ենք: Եւ սա մեզ մասնակից է դարձնելու իրենց ծառայական աշխատանքին:

…Ուստի, խոնարհութեամբ օգտագործենք մեր պարգեւները Աստծո՛ւն ծառայելու համար եւ ո՛չ թէ մեր անձերին, եւ ուշադիր լինենք, որ երբեք չչարաշահենք ղեկավարի մեր դիրքը:

…Ուստի, փորձենք միշտ արժեւորել ու քաջալերել Քրիստոսի անդաստանում գործող հաւատարիմ ու անձնուրաց ծառայողներին ու սպասաւորներին եւ որոշենք նաեւ, որ անձամբ Քրիստոսի հաւատարիմ ծառայ ճանաչուել» (էջ 217-218):

Այսքանը նամակներու ընդհանուր կազմութեան մասին: Այժմ, մի քանի մէջբերումներ կատարեմ Աշգարեան Սրբազանի մեկնողական աշխատասիրութենէն:

Այսպէս, Յովհաննէս առաքեալի առաջին Ընդհանրական նամակի առաջին գլուխի 3-րդ համարի1 մեկնութեան մէջ, Մակար Սրբազան այսպէս կը գրէ. «Քրիստոնէական ճշմարիտ ընկերակցութիւնը կամ հաղորդակցութիւնը հիմնական չորս սկզբունքներ են ենթադրում.

1) Քրիստոնէական ընկերակցութիւնը կամ հաղորդակցութիւնը հիմնաւորուել է Աստծու Խօսքի վկայութեան վրայ: Առանց այս հիմքին, անկարելի է միասնութիւնը:

2) Քրիստոնէական հաղորդակցութիւնը փոխադարձ իրականութիւն է եւ դա կախեալ է հաւատացեալների միութիւնից:

3) Քրիստոնէական հաղորդակցութիւնը առօրեայ դրութեամբ նորոգւում է Սուրբ Հոգու միջոցով: Ճշմարիտ հաղորդակցութիւնը ընկերային եւ հոգեւոր փոխազդեցութիւնները միաւորում է եւ կարելի է դարձնում Քրիստոսի հետ կենդանի յարաբերութեամբ:

4) Քրիստոնէական հաղորդակցութիւնը ճշմարտութեան հանդէպ կապուածութիւն է պահանջում եւ այս պարագային Քրիստոսի անձի հանդէպ իբրեւ բացարձակ եւ միակ ճշմարտութիւն, հաւատարմութիւն է պահանջում քան հերետիկոսների ծածուկ գիտութիւնը: Եւ իբրեւ ականատես վկան Քրիստոսի ծառայութեան, Յովհաննէս Առաքեալը ի վիճակի է լինելու ուսուցանելու ճշմարտութիւնը Քրիստոսի մասին» (էջ 28-29):

Նոյն նամակի երկրորդ գլուխի 28-րդ համարի2 մեկնութեան մէջ, այսպէս կը գրէ հեղինակը. «Քրիստոսի երկրորդ գալուստին, մարդիկ հետեւեալ երկու վիճակների մէջ պիտի գտնուեն:

ա) Նրանք, ովքեր վստահ են, համարձակութեամբ կարող են մօտենալ Քրիստոսին: Որովհետեւ, նրանք գիտեն, որ իրենց յարաբերութիւնը ապահով է Նրանով, քանի որ իրենց երկրաւոր կեանքում Յիսուս Քրիստոսին խոստովանեցին իբրեւ իրենց կեանքի Տէրը, Փրկիչը եւ Իրեն միացած մնացին: Ուստի, ո՛չ մի պատճառ չունեն վախեալու կամ սարսափելու Նրա դատաստանից:

բ) Նրանք, ովքեր ամաչում են, ապա պիտի վախենան ու սարսափեն: Նրանք, ովքեր ուրացան ու մերժեցին, եւ տակաւին շարունակում են ուրանալ եւ մերժել Քրիստոսին, բնականաբար վերջին դատաստանին Նրանից պիտի մերժուեն» (էջ 86):

Երրորդ գլուխի 9-րդ համարը3 մեկնած ժամանակ, գերաշնորհ սրբազան հայրը մեղքին դէմ յաղթանակ տանելու մասին, այսպէս կը գրէ.

«Բոլորս էլ մեր կեանքում տարածքներ ունենք, որտեղ փորձութիւնները զօրեղ են եւ սովորութիւնները դժուար յաղթահարելի: Այս տկարութիւնները սատանայի մտքի կայան է տալիս, այդ պատճառով էլ մենք պէտք է գործենք մեր խոցելի եղող տարածքների վրայ:

...Երեք քայլեր են անհրաժեշտ յաղթանակ տանելու համար մեզ վրայ ծանրացող կամ տիրող մեղքերին.-

1) Ս. Հոգու եւ Աստծու Խօսքի կարողութիւնն ու զօրութիւնը փնտռել:

2) Հեռու մնալ փորձութեան ենթարկող հանգամանքներից:

3) Փնտռել եկեղեցու օգնութիւնը, խոստովանել մեղքերը եւ խնդրել, որ աղօթեն քեզ համար» (էջ 108):

Սրբազան առաքեալը իր առաջին նամակի չորրորդ գլուխի 7-21 համարներուն մէջ վկայութիւն կու տայ, թէ Աստուած սէր է եւ ընդհանրապէս սիրոյ մասին կը խօսի: Այստեղ մէկ երկու մէջբերումներ կը տեղադրեմ Մակար Սրբազանի տուած բացատրութիւններէն: Այսպէս.

«Քրիստոնեաների միջեւ սէրը ցոյց է տալիս երկու բան. Աստծու հանդէպ ունեցած իրենց սէրը, եւ իրենց հանդէպ ունեցած Աստծու սէրը, որովհետեւ Աստուած սէր է» (էջ 141):

«Սիրոյ սերմերը, որ թէեւ իւրաքանչիւրս ի ծնէ իր մէջ ունի, եւ մկրտութեան աւազանում Ս. Հոգու ներգործող զօրութեամբ կենսաւորւում է, բայց դրանք մեր մէջ աճում են շարունակ ապաշխարութեամբ, Ս. Հաղորդութիւն ստանալով, բարեգործութեամբ եւ բարի պատերազմը մղելով: Այդ սէրը սիրող Աստծուց մեզ տրուած մի պարգեւ է» (էջ 143):

«Աստուածաշնչական սէրը իր ծագումը գտնում է Աստծու մէջ, Նա է անսահման աղբիւրը սիրոյ, հոգատարութեան ու ազնուութեան» (էջ 144):

«Երբ նայում ենք խաչին, այնտեղ ենք գտնում Հօրը, որպէս առատաբուխ սիրոյ աղբիւրի:

Ամէն անգամ, երբ խորհրդածենք խաչելութեան մասին, ամաչում ենք Աստծու անսահման սիրոյ դիմաց, որովհետեւ Աստուած Ինքը մեզ սիրեց, երբ տակաւին Նրան չէինք ճանաչում: Ուստի, իբրեւ Աստծու զաւակներ, պատշաճ է, որ մենք էլ միմեանց սիրենք» (էջ 147):

Նոյն նամակի հինգերորդ գլուխի 5-րդ համարի4 մեկնութեան մէջ, խօսելով աշխարհին յաղթելու մասին, սրբազանը հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք յաղթել աշխարհին եւ հետեւեալ պատասխանը կու տայ.

«1) Հասկնալ մեր ինքնութիւնը եւ իբրեւ Աստծու զաւակներ մեր աղբիւրները ի գործ դնել:

2) Վստահել ու ապաւինել Աստծուն, որպէսզի Ինք առաջնորդի մեզ մեր առօրեայ ընթացքում:

3) Կեդրոնանալ Քրիստոսի վրայ, իբրեւ մեր իտէալը եւ հաւատի հիմնադիրն ու կատարելագործողը (տե՛ս Յհ 16.33: Եբր 12.1-2)» (էջ 168):

Առաքեալի երկրորդ Ընդհանրական նամակի 9-րդ համարի5 մեկնութեան մէջ, Մակար Սրբազան այսպէս կը գրէ. «Իսկ բոլոր նրանք, ովքեր թողնելով եկեղեցին հեռանում են, չեն կարող Քրիստոսի օրհնութիւնները վայելել: Որովհետեւ, օտարական են, ուրացող եւ պիղծ: Եւ աւելին, Աստուած չի կարող նրանց համար Հայր լինել, այնքան ժամանակ, որ եկեղեցին իրենց մայրը չէ» (էջ 208):

Իսկ երրորդ Ընդհանրական նամակի 9-10 համարներու6 մեկնութեան մէջ, սրբազան հայրը կը գրէ. «Ղեկավար, գլուխ, առաջնորդ կամ մեծ լինելը երբեք էլ փառքի, պատիւի ու առանձնաշնորհումի մասին չէ, այլ՝ խոնարհութեան, պատասխանատուութեան եւ անձնուրաց ծառայութեան: Աստուածաշնչական առաջնորդութիւնը անձնուիրեալ ծառայութիւնն է: Որեւէ մէկը, որ ձգտում է փառքի, պատիւի, անունի, իշխանութեան, աթոռի, դիրքի, տիտղոսի եւ մարդկանց ուշադրութեան կեդրոնը գրաւել, բնաւ յարմար չէ Աստծու զաւակների առաջնորդը կամ ղեկավարը լինել» (էջ 228). եւ «Այնքան ժամանակ, որ հպարտութիւնը, նախանձը եւ չարանենգ զրպարտութիւնը ներկայ է եկեղեցում, եւ աւելին, երբ ղեկավարը սովորութիւն դարձնի քաջալերել մեղքը եւ արգելք հանդիսանալ ուղիղ եւ ճշմարիտ արարքների կատարմանը, ո՛վ էլ որ լինի, անյապաղ պէտք է կասեցուի իր պաշտօնից: Որովհետեւ, եթէ որեւէ մէկը չխօսի, ապա շատ մեծ վնաս է գալու եկեղեցուն» (էջ 230):

Այսքանը մէջբերեցի, որպէսզի ընթերցողը կարծիք մը կազմէ սրբազան հօր կատարած աշխատասիրութեան մասին եւ անպայմանօրէն փորձէ օրինակ մը ունենալ եւ գէթ մէկ անգամ ընթերցել այս գիրքը:

Եւ ի վերջոյ, մեզի կը մնայ շնորհակալութիւն յայտնել Գերշ. Տ. Մակար Եպսկ. Աշգարեանին, իր կատարած այս մեկնողական աշխատասիրութեան համար եւ աղօթել առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի սրբազան հօր միտքի պայծառութիւնը ա՛լ աւելի լուսաւորէ, իմաստութիւնը ա՛լ աւելի աւելցնէ, գրիչը դալա՛ր պահէ, որպէսզի նմանատիպ այլ աշխատասիրութիւններով հարստացնէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր գրական անդաստանը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

3 դեկտեմբեր 2018, Վաղարշապատ


1 «Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան, որ մենք ունինք Հօրը եւ Անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ»:

2 «Այո՛, որդեակներս, Քրիստոսի միացած մնացէք, որպէսզի Իր գալստեան օրը երբ Ինք յայտնուի՝ ամօթով չմնանք, այլ՝ համարձակօրէն կանգնինք Իր դիմաց»:

3 «Ով որ Աստուծոյ զաւակ դարձած է՝ մեղք չի գործեր, որովհետեւ Աստուծոյ կեանքին հաղորդակից կը մնայ։ Այլեւս կը դադրի մեղանչելէ, քանի Աստուծոյ զաւակ կը դառնայ»:

4 «Արդ, ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ան՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուսն է Աստուծոյ Որդին»:

5 «Ով որ Քրիստոսի ուսուցումներուն դէմ կը մեղանչէ եւ անոնց կապուած չի մնար, անիկա զԱստուած իր մէջ չունի։ Իսկ ով որ անոր ուսուցումներուն կապուած կը մնայ, անիկա թէ՛ Որդին ունի իր մէջ եւ թէ՛ Հայրը»:

6 «Այս մասին ձեր եկեղեցիին նամակ մը գրած էի. բայց Դիոտրեֆէսը, որ միակ ղեկավարը կ՚ուզէ ըլլալ՝ մերժեց մեզմէ ոեւէ հրահանգ ստանալ։ Ատոր համար ալ, երբ որ գամ՝ պիտի յիշեցնեմ իր ըրածները, մեր հասցէին ըրած չարամիտ զրպարտութիւնները։ Եւ դեռ ատով ալ չբաւարարուելով, ո՛չ միայն ինք չ՚ընդունիր մեր կողմէ ղրկուած եղբայրները, այլ՝ ընդունողներուն եւս արգելք կ՚ըլլայ, եւ մինչեւ իսկ զանոնք եկեղեցիէն կ՚արտաքսէ»:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018