30-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ…
1988 թուականի դեկտեմբերի 7-էն ի վեր արդէն անցած է երեք տասնամեակ։ Այսօր մեծ երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի օրն է։ Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ այս յուզումնախառն թուականը դարձած է անմոռանալի։ Ամբողջ Հայաստանի հիւսիսը ցնցած այս երկրաշարժը խլած էր տասնեակ հազարաւոր զոհեր։ Միայն պաշտօնական վիճակագրութիւնն անգամ բաւարար է երկրաշարժի հետեւանքներու սարսափելի պատկերը ըմբռնելու համար։ Եւ այսօր, երեք տասնամեակ անց հայաշխարհը դարձեալ բիւր յարգանքով եւ յուզումնախառն զգացումներով կը բերէ իր խոնարհումը երկրաշարժի զոհերուն առջեւ։ Դժբախտաբար, վէրքերը վերջնականօրէն չեն սպիացած, որովհետեւ երկրաշարժի հետեւանքները ամբողջութեամբ չեն յաղթահարուած։ Ճիշդ է, որ աղէտի գօտի հասկացութիւնը սկզբնական շրջանի սուր իմաստով օրակարգի վրայ չէ այլեւս, սակայն ընկերային կացութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր։
1988-ի երկրաշարժը թէեւ բնական աղէտ մըն էր, սակայն մեծ ներգործութիւն ունեցաւ հայոց մերօրեայ սերունդներու գիտակցութեան մէջ։ Երկրաշարժը պատահեցաւ Հայաստանի անկախացման անմիջապէս նախորդող, արցախեան շարժման բռնկած փուլին մէջ։ Առերեւոյթ անոր ծանր հետեւանքները կու գային դժուարացնել ամէն ինչ, սակայն երեք տասնամեակ անց, այսօր կարելի է նաեւ նշել, որ անհաւատալի ու զարմանալի ձեւով ան կարծես վերածուած էր տոկունութեան ու զօրակցութեան ազդակի մը։ Երկրաշարժը զօրակցութեան անհաւատալի շարժումի մը ծնունդ տուաւ նաեւ սփիւռքէ ներս։ Աշխարհի չորս ծագերուն հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ հասնելու համար օգնութեան՝ հարազատի գիտակցութեամբ։ Երկրաշարժի մարդասիրական ծանր հետեւանքները համազգային զարթօնքի մը ծնունդ տուած ըլլային կարծես։ Ամէնուրեք օգնութիւն հաւաքելու եւ զանոնք Հայաստան առաքելու համար ստեղծուեցաւ մեծ շարժում մը, նաեւ հիմնուեցան կառոյցներ։ Ազգային-եկեղեցական կեանքի վերակազմակերպութեան պահ մըն էր այս մէկը։ Հոգեվարքի մէջ գտնուող Խորհրդային Միութեան համակարգային տկարութիւններուն հետեւանքով թէկուզ այդ բոլորը հարիւր տոկոս իրենց նպատակին ծառայելէ հեռու մնացին, սակայն երկրաշարժի ցնցումը եկաւ բնորոշելու հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային պահ մը։
Այսօր, այդ բոլորի արժեւորման հերթական պահերէն մին է։ Զոհերու վառ յիշատակին առջեւ խոնարհումով՝ հայաշխարհը կը կեդրոնանայ մեծ երկրաշարժով պայմանաւորուած դասերու վրայ։
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի՝ 1988 թուականի մեծ երկրաշարժի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որուն կը նախագահէ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին օրը աղօթք կը բարձրացուի առ Աստուած՝ որպէսզի զոհերու յաւիտենական նենջը ըլլայ հանգիստ եւ անոնց հարազատներն ալ մխիթարուին ու զօրանան Ս. Հոգիով։ Արարողութիւնը կը սկսի տեղւոյն ժամով 11.00-ին։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը աշխարհասփիւռ իր թեմերով նախաձեռնած է 1988 թուականի երկրաշարժի հետեւանքով տուժած եւ առ այսօր տնակներու մէջ բնակող ընտանիքները բնակարաններով օժտելու ուղղեալ ընկերային ծրագրի մը։ Նպատակ ունենալով զօրացնել ընկերային ծանր պայմաններ դիմագրաւող ընտանիքները՝ յառաջիկայ ամիս, սոյն նախագծի առաջին փուլին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ պիտի ընծայուի տասն բնակարան։ Աղիտեալ ընտանիքներու համար նախատեսուած այդ տասն բնակարաններէն եօթը կը գտնուի Կիւմրիի, իսկ երեքը Սպիտակի մէջ։ Ըստ էութեան, այս երկու քաղաքներն էին, որոնք առաւել չափով աւերուած էին երկրաշարժի հետեւանքով։