ՏԱՐԻՔԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Տարիքի հեղինակութիւն արժէք մը կը ներկայացնէ, երբ տարեցը տարիներու փորձառութենէն դասեր է քաղած եւ արժէք մը կրցած է աւելցնել իրեն փոխանցուած գիտութեան եւ փորձառութիւններուն վրայ եւ աւելիով կարողացած է փոխանցել զանոնք յաջորդ սերունդներուն։

Այս իմաստով, տարիքի հեղինակութիւնը դաւանիլ պարզապէս տարիքի նայելով եւ հաւատալ, թէ անիկա միա՛յն կրնայ արժանիք մը նկատուիլ։ Ուստի հմտութիւնը, հեղինակութիւնը ո՛չ թէ տարիքով կը չափուի, այլ՝ կեանքի փորձառութիւններէն առնուած եւ ըմբռնուած դասերու գործնականի վերածելու եւ յաջորդներու փոխանցելու աստիճանով։ Տարեց մը եթէ կեանքը միայն շնչառութիւն, սննդառութիւն է նկատած, միայն այդ աչքով է դիտած եւ բան մը առնելու, իւրացնելու ջանքը չէ ունեցած, անոր պարզապէս տարիքին նայելով հեղինակութիւն վերագրել սխալ է եւ խաբէակա՛ն։

Ուստի, անարդարութիւն չէ՞ աշխատողը եւ արտադրողը եւ անտարբերը եւ ամուլը նոյն նժարին մէջ դնել։ Այն որ չէ օգտագործած կեանքին բարիքները, անտարբեր է գտնուած արդիւնաբեր առիթներու, ի՞նչպէս կարելի է վստահիլ անոր եւ օգտուիլ անոր թելադրութիւններէն, քանի որ ինք իրեն օգուտ մը չէ ունեցած։ Ուրեմն, միայն տարիքը չէ որ արժանիք կ՚ընծայէ մարդուս, այլ՝ անոր գործունէութիւնը ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Եւ կարեւորը «վստահութիւն կարենալ ներշնչելն» է, ինչ որ ո՛չ տարիքով, ո՛չ տեսքով, այլ գործո՛վ կ՚իրականանայ։ Եթէ տարիներ պարապ եւ ամուլ անցած են ի՞նչ արժէք կրնան ներկայացնել։

Հոս, որպէսզի թիւրիմացութեան մը տեղի չտրուի, պէտք է յատկապէս նշել, թէ տարեցներու հանդէպ յարգանքի պարտքը եւ անոնց հեղինակութեան ցոյց տրուած վըս-տահութիւնը պէտք չէ՛ շփոթել իրարու, եւ պէտք է զանազանել այդ երկու արտայայտութիւնները։ Անշուշտ որ տարեցներուն պէտք է յարգանք ցոյց տրուի, գոնէ անոր համար որ կեանքի նեղութիւններու, դժուարութիւններու, ցաւերու հանդուրժած եւ քաջաբա՛ր տոկացած են այնքան տարի, ինչ որ ինքնին յաջողութիւն մը կարելի է նկատել։ Կեանք պայքարին դիմադրել անշուշտ որ դիւրին չէ, եւ այդ իսկ պատճառով յարգանքի արժանի են տարեցները։

Իսկ տարիքի հեղինակութիւնը բոլորովին տարբեր արժէք մըն է՝ իւրայատուկ առաւելութիւն մը, եւ տարիքէ բոլորովին անջատ, առանձին կարողութիւն մը։ Եւ ահաւասիկ, այս տեսակէտէ այդ կարողութիւնը ունեցաղ տարեցներ վստահելի կ՚ըլլան։

Ուրեմն, այս զանազանութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ որ շատեր աւելի թարմին բարեկամ ըլլան՝ նորին, որ հինին վրայ արժէք մը կ՚աւելցնէ։ Այս իմաստով, նորին հետեւիլը շարժո՛ւմ մըն է դէպի առաջ։ Իսկ հինին վրայ կառչիլ մնալը՝ դադար մը, որ հակառակ է բնաշրջման՝ զարգացման տիեզերական օրէնքին։

Արդարեւ, կան հասարակութիւններ, որոնց մէջ հինը հեղինակութիւն մըն է ունեցած՝ իր նոր եղած ատենը, ինչ որ առաքինութիւն մը պէտք է համարել, անշուշտ եթէ նորերը փափաքին եւ ջանան օգտուիլ հիներուն փորձառութիւններէն։

Իսկ այն հասարակութիւնները որոնք այս իմաստով «հին»եր չեն ունեցած, գոնէ մօտաւոր անցեալի մը մէջ, անոնցմէ կը պակսի մտաւորական-մշակութային շատ յատկութիւններ, թէ՛ գիտութեան եւ թէ՛ գեղարուեստի մարզերուն մէջ։ Երբ հիները չեն ունեցած լուրջ գործունէութիւն, չեն արտադրած օգտաբեր տարրեր այս մարզերուն մէջ, որ նորերը յետահայեաց յարգանքի հարկադրեն եւ իրենց հետեւողներն ալ համակրութիւն ստեղծելու իրաւունք մը ունենան ներկային մէջ։ Հաւատալիքներ եւ համոզումներ են ասոնք, որ մեծ մասամբ ճշմարիտ ըլլալ կը թուին։

Հիներու շարժումը տեղի կու տայ նորերուն, որոնք իրենք զիրենք նախորդներէն թէեւ բոլորովին անկախ եւ անջատ չեն զգար, բայց տակաւ կը կերտեն այն տարրերը՝ որոնք արդէն եղածէն տարբեր բան մը, «նո՛ր» մը կրնան երեւան հանել։ Ինչպէս բնութիւնը, մարդկային մի՛տքն ալ հետզհետէ կը բարեփոխուի, կը բարեշրջուի ըստ բնաշրջման օրէնքին։

Եւ այդ «նոր»ը իր տարրական վիճակին մէջ կը կազմուի «ներկայ»ին մէջ, զոր բարգաւաճեցնելու համար միահաղոյն եւ տոկուն աշխատութեան մը պէտք կայ, այն տեսակ աշխատութեան մը սակայն, որ միա՛յն համախոհներու կողմէ կատարուի, զարգացման գործը կաղ չտանելու համար։

Ահաւասիկ, այդ «նոր»ը որպէսզի ապահով եւ վստահ կերպով յառաջ երթայ, պէտք է միանգամ ընդ միշտ կոտրել այն ամէնուն ազդեցութիւնը եւ ճնշումը հանրային մտքին վրայէն, որոնք հինին վրայ իրենց հետզհետէ յամառելովը կրնան դանդաղեցնող պարագաներ դառնալ նոր գործին հակազդեցութիւնը սկսողներու, ձեռնարկողներու համար, եթէ անոնք իրենց գլխուն ձգուին՝ իրենց ուզածը ընելու։ Նորին համար, արդարեւ, անհրաժեշտ է նախապատրաստութիւնը, ուսումնասիրութիւնը։

Եթէ հասարակութիւն մը այնքան անպատրաստ չըլլայ զանազաններու կողմէ իրեն ներկայացուած գաղափարներուն մէջէն իր կազմուածքին համաձայն ամենէն օգտակարը՝ ամենէն կենսատուն, ամենէն սննդարարը ճանչնալու, անդրադառնալու եւ հաս-կընալու համար, այլապէս ո՛չ մէկ օգուտ կարելի է քաղել այդ «նոր»էն, նորութենէն։

Ակնարկուածը այն է, որ հասարակութեան ներշնչել կուռ եւ առողջ գաղափարներ, անոնց օգուտը ի մտի ունենալ հայեցակէտէն։

Եթէ հասարակութեան մը մէջ մշակութային, մտաւոր անկում մը, գահավիժում մը կայ, կարելի չէ վերացական միջոցառումներով արգելք ըլլալ անոր։ Մշակոյթի տեսակէտէն՝ հասարակութիւնը ամենէն աւելի խնամքի պէտքը ունի, եւ այդ խնամքը իրաւո՛ւնքն է անոր։ Անօրինակ ճիգերով հինին կառչած մնալ, յամառ ընթացք մը ցոյց տալ որեւէ օգուտ չ՚ապահովեր։

Առանց զանազանելու արդիւնաբեր, արտադրող, արժէք աւելցնող «հին»ը եւ ամուլ, անաշխատ «հին»ը, առանց նկատի ունենալու անոնց օգտակար կողմերը եւ վնասակար ազդեցութիւնները, պարզապէս «հին» ըլլալուն, տարիք ունենալուն համար վստահիլ եւ օգուտ սպասել սխա՛լ է, եթէ ո՛չ վնասակար, բայց ապարդիւն ջա՛նք։

Ըսինք, տարիքի հանդէպ համակրանք, յարգանք ուրիշ բան է, իսկ հեղինակութեան մը վստահիլ բոլորովին տարբեր բան։

Զոր օրինակ, մէկու մը իմաստասիրական դաստիարակութեան վրայ գնհատումներ ընել կը կարօտի նուազագոյն հմտութեան մը, մտային մակարդակի մը, հակառակ պարագային գնհատումը կամ քննադատութիւնը կատարողը ինքզինք ծաղրելի կը դարձնէ լրջախոհ անձերու աչքին՝ խելքը չհասած բաներու մասին խոշոր խոշոր խօսքեր ընելով…։

Տարեցը տարիքի հմտութիւն մը ունենալու համար պէտք է մտային ուղղութիւն մը ունեցած ըլլայ եւ իբրեւ մտածող որոշ աշխարհահայեցողութիւն մը ունենայ։ Ա՛յս է ընդհանուր հաստատ համոզումը անոնց, որոնք դաստիարակութիւն, գեղագիտութիւն, գրականութիւն եւ ընկերութիւն են ըմբռնած իրենց իմաստասիրական վերլուծումին մէջ։

Արդարեւ, հասարակութեան մէջ պէտք է զանազանուին «որոմ»ը եւ «ցորեն»ը՝ վնասակարը եւ օգտակարը։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018