«ԿԱՆԱՉ ԳԼԽԱՐԿ»Ն ՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿԸ
«Թայմ» պարբերականը իր անցեալի թիւերէն նիւթ մը թարմացուցած է, ուր կը խօսուի նաեւ հայազգի գրող Մայքըլ Արլէնի մասին: Խումբ մը գրողներու հետ քննութեան առնելով նաեւ Արլէնի անունը, պարբերականը կը յիշեցնէ, որ ժամանակին աշխարհահռչակ գրողը այսօր գրեթէ մոռացութեան մատնուած է: 1927 թուականի մայիսի 2-ին «Թայմ» ամսագրի կողքին յայտնուելու բախտը ունեցած է Մայքըլ Արլէն: Ամսագրին այդ թիւը, համացանցին մէջ կարգ մը հին թիւերու հետ, դրուած է «Թայմ»ի վճարովի թուայնացուած թիւերուն կողքին: Արլէն իր ժամանակին ճանչցուած ըլլալէ զատ, նաեւ աղմուկ հանած գրող մը եղած է: Ան «Թայմ»ի կողքին յայտ-նըւած է իր նշանաւոր «Կանաչ գլխարկը» վէպին լոյս տեսնելէն երեք տարի ետք:
1924 թուականին լոյս կը տեսնէ Մայքըլ Արլէնի՝ Տիգրան Գույումճեանի «Կանաչ գլխարկը» վէպը: Այս վէպն է, որ անոր կը բերէ համաշխարհային ճանաչում, կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու, անոր նիւթը կը բեմադրուի բեմերու վրայ, շարժապատկերներ կը նկարահանուին:
«Կանաչ գլխարկը» սիրոյ պատմութիւն մըն է։ Սիրահար երիտասարդները ժամանակի բարոյական սահմանափակումներու պայմաններէն ստիպուած կ՚ըլլան որոշ ժամանակով հեռանալ իրարմէ, բայց տասնմէկ տարի ետք անոնք կը վերագտնեն զիրար:
Վէպին մէջ պատկերուած է Անգլիոյ բարձրաշխարհիկ հանրութեան կեանքը։ Հետաքրքրական է, որ հերոսուհիին բարոյական կերպարը երկար տարիներ չափանիշ էր արեւմտեան երիտասարդութեան համար։
Մայքըլ Արլէն ծնած է Պուլկարիոյ Ռուսչուք քաղաքը, 1896 թուականի նոյեմբերի 16-ին՝ Սարգիս եւ Սաթենիկ Գույումճեաններու ընտանիքին մէջ: Ապագայ գրող Տիգրանը փոքր էր, երբ ընտանիքը հաստատուեցաւ Մանչեսթըր, տղան ուսանած է Լոնտոնի Մալվըրն դպրոցին մէջ, Էտինպուրկի համալսարանի բժշկական բաժինը, շրջան մըն ալ՝ Զուիցերիա: Յատկանշական է, որ անցեալ դարուն սկիզբը ան գրական ու հրապարակախօսական ասպարէզ մտած է հայ ժողովուրդի մասին յօդուածներով, սակայն յետագային իր անձն ու անունը հեռացուցած է հայութենէն, երբեմն-երբեմն սակայն յիշեցնելով իր հայ ըլլալը՝ կարծիքներ արտայայտելով հայութեան հարցերուն շուրջ, նուիրատուութիւններ կատարելով հայկական կառոյցներուն: 1916 թուականին Արլէն աշխատակցած է հայկական «Արարատ. Լուսարձակ Հայաստանի վրայ» եւ «Նոր շրջան» հանդէսներուն:
Անոր վէպերուն, պատմուածքներուն մէջ շատ են հայ հերոսները, հայկական նիւթերը, մասնաւորապէս անոնցմէ մէկուն՝ «Ես գիտէի Տոքթոր Գեպելսին» պատմուածքին մէջ ան ընթերցողներուն բացայայտած է իր հայկական ծագումը:
Որքան ալ փորձէր խոյս տալ հայութենէն, գրականութիւնը կը մատնէր գրողին հայ ըլլալը եւ օտարները անոր գրականութեան անդրադառնալով անպայման կը նշէին ազգութիւնը, նաեւ իսկական անունը՝ Տիգրան Գույումճեան: Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին Արլէն ամերիկեան մամուլին մէջ յօդուածներ տպագրած է, կրկին աղմկահարոյց ձեւակերպումներով, որուն խոր զայրոյթով արձագանգած է Գարեգին Նժդեհ։ Նժդեհ, Սոֆիայի «Նոր Արաքս» թերթին մէջ հրատարակած է «Բաց նամակ Մայքըլ Արլէնին» յօդուածը եւ հակադարձած է գրողին:
Մայքըլ Արլէնի գրականութիւնը համեմատած են Օսքար Ուայլտին, Կի տը Մոփասանին, Օլտոս Հաքսլիին, Հերպերթ Ուելսին հետ: Անկլօ-ամերիկեան գրական արձակին մէջ Մայքըլ Արլէնի գործունէութիւնը կը նշանաւորուի իր կերտած ինքնատիպ ոճով, որ աւելի ծանօթ է Arlenese (արլէնիզ) անունով:
Գրողը 1928 թուականին ամուսնացած է յունական ծագումով ամերիկացի կոմսուհի Ատլանտա Մերքատիին հետ, 1930 թուականին ծնած է անոնց Մայքըլ Ճոն որդին, աւելի վերջ՝ դուստրը: 1939 թուականին Մայքըլ Արլէն ընտանիքին հետ բնակութեան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ալ մահացած է 1956 թուականին, կինը աւելի ուշ մահացած է: Որդին՝ Մայքըլ Արլէն կրտսերը նոյնպէս գրող է եւ աւելի շատ ճանչցուած է հայութեան մէջ, քան՝ իր աւելի հռչակաւոր ու աւելի տաղանդաւոր հայրը:
Թերեւս այս ճանաչումին պատճառը այն է, որ Մայքըլ Արլէն որդին մեծ ճիգ գործադրած է բացայայտելու իր արմատները, հայրենիքը: 1974 թուականին ան իր կնոջ՝ լրագրող, բեմագիր Էլիս Արլէնի հետ, այցելած է Խորհրդային Հայաստան։ Այս այցելութիւնը ծնունդ տուած է «Ուղեւորութիւն դէպի Արարատ» գիրքին, որ արժանացած է «Ազգային գիրք» մրցանակին, թարգմանուած է քսաներկու լեզուներու, հրատարակուած է նաեւ արեւմտահայերէնով: Մինչեւ Հայաստանի անկախացումը ան կրկին այցելած է Հայաստան: 1989 թուականին, եղած է նաեւ Արցախի, որմէ ետք «Նէյշընըլ» թերթին մէջ հրատարակած է «Ծորակի վաճառքները եւ ջախջախման երեւոյթը» ծաւալուն յօդուածը: Իր «Հայկական օրագրութիւնը» աշխատութիւնը Մայքըլ Արլէն կրտսերը հրատարակած է 1991 թուականին:
Իր հայ ըլլալու պրպտումներուն Մայքըլ Արլէն կրտսեր սկսած է դպրոցական տարիներէն: Ան կը գրէ.
Հօրս հայ ըլլալը աղօտ ու հեռակայ խնդիր մըն էր:
Տարիներու ընթացքին յաճախած եմ զանազան դպրոցներ: Անգլիական գիշերօթիկ դպրոցի իննամեայ աշակերտ էի, երբ առաջին անգամ գիտակցեցայ, որ ես ալ, այսպէս թէ այնպէս, հայ եմ: Կիսով չափ հայ: Անգամ մը, դպրոցին մէջ այսպիսի դէպք մը պատահեցաւ. տնօրէնին տիկինը ինծի ըսաւ, թէ տեղ մը կարդացեր է, որ հայրս նոր գիրք հրատարակած է: Գրեթէ միշտ անպատասխան ձգած եմ նման հարցադրումները: Ես գիտէի, որ հայրս, իր աշխատասենեակին մէջ գոցուած, գիրքեր կը գրէ, սակայն գրելը ընդհանրապէս եւ հօրս գրելը մասնաւորապէս այն նիւթն էր, որուն մասին ընտանիքին մէջ գրեթէ չէր խօսուեր, խօսիլն ալ չէր խրախուսուեր: Տիկինն ըսաւ, որ իմ հօրս գիրքերէն ոչ մէկը կարդացած է, սակայն համոզուած է, որ անոնք շատ ուշագրաւ կ՚ըլլան, թէեւ «Կանաչ գլխարկն» է հանրայայտը. «Կ՚երեւի հիանալի զգացում մըն է յայտնի գրողի զաւակ ըլլալը»,- ըսաւ եւ աւարտին հարցուց, թէ արդեօք ես նոյնպէս գիտե՞մ հայերէն: Այս վերջին հարցումէն անակնկալի եկայ:
-Ոչ,- ըսի,- ես հայերէն չեմ գիտեր: Երբեք չեմ լսած, որ ոեւէ մէկը խօսի հայերէն:
Իրաւ չէի լսած:
-Բայց ես վստահ եմ, կարդացած եմ, որ հայրդ հայ է,- ժպտաց տիկինը:- Եւ կը կարծեմ, որ բոլոր հայերը գիտեն իրենց լեզուն:
*
Հօրը մասին Մայքըլ կրտսերը նաեւ կը յիշէ հետեւեալը.
Կը յիշեմ, թէ ինչպէս մեզի այցելութեան եկաւ արժանթինաբնակ հօրեղբայրս՝ Գրիգորը: Հայրս անոր մասին կ՚ըսէր. «Կը սիրէ ամէն բան դժուարացնել: Խնդրեմ՝ հայու բնաւորութիւն»: Հօրեղբայրս, որ կը խօսէր անթերի անգլերէնով, ինծի քանի մը հայերէն բառ ըսաւ: Բնականաբար, ես չէի կրնար արձագանգել: Ան նայեցաւ հօրս եւ կշտամբանքով ըսաւ. «Ինչպէ՜ս, տղային բոլորովի՞ն չես սորվեցուցած հայերէն»: «Խրթին լեզու է»,-մռայլած պատասխանեց հայրս…
*
«Թայմ» ամսագրին նիւթը՝ Մայքըլ Արլէն-Տիգրան Գույումճեանի մասին, առիթ մը դարձաւ կրկին անդրադառնալու անցեալ դարասկիզբին համաշխարհային գրական անդաստանին մէջ իր անունը դրոշմած մեր տաղանադաւոր հայրենակիցին: Ուրախութեամբ յայտնաբերեցինք, որ անոր «Կանաչ գլխարկ» վէպը, բազամաթիւ լեզուներու կարգին, թարգմանուած է նաեւ արեւմտահայերէնի, 1925 թուականին, Պոլսոյ մէջ, եւ եղած է հայերէն առաջին ու միակ թարգմանութիւնը: Մինչեւ հիմա հրատարակուած չէ վէպին արեւելահայերէն թարգմանութիւնը:
Ահաւասիկ, ձեռքիս տակ է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած այդ հնատիպ գիրքը, գինեգոյն կազմով, որ այսօր բացառիկ արժէք մըն է կարդալու, ուսումնասիրելու, նոր սերունդին ծանօթացնելու անոր հեղինակին պատմութիւնը եւ պատմութիւնը այդ գիրքին, որ հրատարակուելով, մեծ թռիչք ունեցած է ատենին: Չարլզ Չափլինը վէպը նկատած է «արտակարգ սիրոյ պատմութիւն՝ «Ռոմէօ եւ Ճիւլիէթ»էն ետք»:
«Կանաչ գլխարկը» գիրքը Պոլսոյ մէջ արեւմտահայերէնի թարգմանուած է «Կիւթէմպէրկ» մատենաշարով եւ եղած է այդ մատենաշարով լոյս տեսած 48-րդ գիրքը՝ տպագրըւած «Կիւթէմպէրկ եւ ընկ.» հրատարակչութենէն: Պոլսոյ «Արեւ» տպարանին մէջ տպագրուած է եւ գիրքին մէջ նաեւ տպարանին հասցէն կը կարդանք՝ Պապը Ալի Ճատտէսի, 73:
Նշանաւոր այս վէպը արեւմտահայերէնի թարգմանած է Հերմինէ Բ. Իսկէնտէր: Ինքը՝ թարգմանչուհին յառաջաբան մըն ալ գրած է վէպին առթիւ եւ հաւաքած ու գիրքին մէջ զետեղած է Անգլիոյ եւ Ամերիկայի հրատարակիչներուն գնահատականները՝ «Կանաչ գլխարկ»ին մասին:
*
Ահաւասիկ թէ ինչ գրած է թարգմանիչը.
Գիրքեր կան, որոնք յառաջաբանի պէտք չունին: Ասոնց կարգէն է Մայքըլ Արլէնի «Կանաչ գլխարկը»: Սա այնպիսի կենդանի գործ մ՚է, որ անդիմադրելի մագնիսականութեամբ մը թափանցած է ամէն ազգի ու ամէն դասակարգի ընթերցողներու շրջանակէն ներս: Մայքըլ Արլէն գիրք մը չէ որ կը գրէ. այլ կը բեմադրէ հարազատ, խորունկ եւ ուժեղ ապրումներով հարուստ կեանք մը՝ հոգեբանական ամենանուրբ դրուագներով պատկերացուած, եւ գրական ամենագեղեցիկ կատարելութեամբ արտայայտուած:
Իր տիպարներէն իւրաքանչիւրը մտերիմ ծանօթի մը հանգամանքը կը ստանայ տակաւ, իր յանկուցիչ պատմութեան ընթացքին: Անոնցմէ ամենէն խոնարհին՝ չի զլանար կենսագրական եւ յատկանշական ցայտուն գիծեր ընծայել իր խիստ պատկերալից ոճով: Չկայ անձ մը որ իր գրիչին ներքեւ շահեկան չդառնայ:
Իսկ բարքերու եւ վայրերու նկարագրութիւնը՝ փոխանակ շատ մը ուրիշ հեղինակներու նկարագրականներուն նման ընթերցողին ուշադրութիւնը ցրուելու, գործին ամենէն աչքառու հմայքներէն մին կը կազմէ:
Աշխարհիկ շրջանակի մը մէջ է, որ տեղի կ՚ունենան վէպին գլխաւոր անցքերը: Գերազանցապէս արդիական եւ իրապաշտ գործ մ՚է ան, որ սակայն չէ այն կարգի իրապաշտ գործերէն, որ կ՚արհամարհէ ինչ որ վսեմ է, ինչ որ հոգիին խոր ակերէն կը բղխի, ինչ որ վեր է մարդկային իրականութեան մակարդակէն: Անկեղծ եւ ճշմարիտ իրապաշտութիւնն է ան՝ որ կը յայտնուի «Կանաչ գլխարկ»ին մէջ, գիտակից իրապաշտութիւնը՝ որ կը ձգտի դէպի աւելի արդար ու վեհանձն ըմբռնումները ընկերային օրէնքներու եւ կեանքի: Մտացածին աշխարհի մը բնակիչը չէ Մայքըլ Արլէն, որ մտացածին տիպարներ եւ ընկերային դրութիւններ կը ստեղծէ. այլ մե՛ր աշխարհին, մե՛ր իրականութեան բնակիչը ու թարգմանը: Այդպէս են նաեւ իր տիպարները, միսէ ու ոսկորէ շինուած: Անմահն Վարուժանի բառերով. «Ան որ մարդն է՝ լոյսով, ցեխով թրծուած, ան որ մարդն է՝ սրբագործուած արցունքով»:
Եւ վերջապէս լեզուական ու գրական տեսակէտով՝ «Կանաչ գլխարկը»՝ գոհար մը, տիպար մը եւ հրաշակերտ մ՚է անթերի կատարելութեան: Ամէն բան ինքնատիպ է Մայքըլ Արլէնի գործին մէջ. ինչպէս յղացումը՝ նոյնպէս պատմելու եղանակը. ինչպէս գունագեղ եւ պատկերալից ոճը՝ նոյնպէս բառերու անակնկալ եւ թռվռուն գործածութիւնը, նոր իմաստով մը, նոր բացատրութեամբ մը: Եւ այնքան կատարեալ է ան իր մանրամասնութեանց մէջ՝ ինչպէս ամբողջին, որ իւրաքանչիւր բառ անհրաժեշտութիւն մ՚է իր մասնաւոր խորշին մէջ կարծես ագուցուած: Իւրաքանչիւր բառ բովանդակ յօրինուածք մը ունի իր ետին, այնպէս որ անկարելի է փոխել զայն, նոյնիսկ տեղափոխել. այնքան ճշգրիտ ու խտացած արտայայտութիւնն է ան հեղինակին գաղափարին՝ իր յատուկ երանգաւորումներով պատկերացած: Եւ այդ ամէնը, առուակի մը կարկաչին պէս դաշն ու սահուն անգլիերէնով մը՝ որ կարծես կ՚երգէ ընթերցողին ականջին:
Եւ արդ, մեր միակ արդարացումը այդ անզուգական գործին թարգմանութեան ձեռնարկելու յանդգնութեան՝ սա պարագան է թէ մեր ընթերցող հասարակութեան ստուար մեծամասնութիւնը զրկուած է իր ցեղին ու ազգին արդար փառքը կազմող այսպիսի համաշխարհային հանճարի մը գլուխ-գործոցը ըմբոշխնելու կարելիութենէն: Յաւակնութիւնը չունինք կատարեալ ցոլացումը տալու հեղինակին արուեստին ու ոճին, բայց ջանալով որքան կարելի է հաւատարիմ մնալ բնագրին իմաստին ու ձեւին՝ կը կարծենք դիւրութիւն մը տուած ըլլալ մեր ընթերցողներուն, գէթ փոքր չափերով մը կարենալ ծանօթացնելու համար իրենց մեծ ազգակիցին համբաւաւոր գլուխ-գործոցին:
Թարգմանիչ՝ Հերմինէ Բ. Իսկէնտէր
*
«Կանաչ գլխարկը», մէկ խօսքով՝ իսկապէս յիշատակութեան արժանի գործ մ՚է: Ժամանակակից ո՛չ մէկ գրող, բացի Մայքըլ Արլէնէ, կրնար զայն մեծ ընծայել:
Լոնտըն Թայմզ
Ժամանակակից ո՛չ մէկ գրող կրցած է Մայքըլ Արլէնի չափ թռվռուն հետաքրքրութիւն ստեղծել՝ Ատլանտեանի երկու կողմերը: Կը տեսնէք թէ ամէն տեղ կը կարդացուի ու կը գնահատուի ան:
Այս Մայքըլ Արլէն կոչուած անձը՝ իսկապէս շատ արտասովոր անհատ մ՚է:
Տօրըն Քօմբէնի օֆ Բլպլիշըրզ
Մեզի համար օրուան գիրքն է Մայքըլ Արլէնի «Կանաչ գլխարկը»: Միակ գիրք մը կայ հրապարակի վրայ, եւ այդ ալ «Կանաչ գլխարկն» է: Սա այնպիսի կատարեալ գործ մ՚է՝ որ անոր մասին գրել կը նշանակէ անպատշաճ բացատրութիւններու մէջ դեգերիլ. ինչպէս անկարելի է նկարագրել Բլաս տը լա Գօնքօրտի հմայքը՝ արծաթեայ անձրեւին ներքեւ, եւ կամ Շան զ՚Էլիզէն՝ առաւօտեան պիստակագոյն լոյսին մէջ: Եթէ, ինչպէս գերազանցօրէն արժանի է ըլլալ, դառնայ առաւելագոյն սպառում ունեցող գործ մը՝ այդ պիտի ըլլայ երախտագէտ ապացոյցը Ամերիկայի ընթերցող հասարակութեան ընտիր ճաշակին:
Չիքագօ Թրիպիուն
Պ. Արլէն ճշմարիտ արուեստագէտ մ՚է իր տեսակին մէջ, որ զուտ հանճար կը ծնի՝ բայց մարդկային միջոցներով կարելի չէ պատրաստել:
Նիւ Եօրք Իվնինկ Բօսդ
Սքանչելի կերպով դարբնուած, առողջ գործ մը. վերջաւորութիւնը գլուխ-գործոց մ՚է, որ պատիւ պիտի բերէր որեւէ ժամանակակից վիպասանի գրչին. տիպար մը՝ կատարեալ արուեստի:
Նիւ Եօրք Թայմզ
Հազուագիւտ են այն հեղինակները՝ հոգ չէ թէ ո՛ր դարուն պատկանի անոնք, որ կարենան իրենց կիները այսքան կատարելապէս հրապուրիչ դարձնել: Կանաչ գլխարկը աւելի եւս կը համոզէ մեզ, թէ այս անձը սքանչելիք մ՚է:
Նիւ Եօրք Իվնինկ Բօսդ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ