ՆՈՐԷՆ՝ ՍԱՐՈՅԵԱՆԸ
Երկար ատենէ ի վեր Հայաստանի «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը հայրենիքի մէջ ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցուցակ կը կազմէ՝ թիւերը քաղելով Երեւանի գրախանութներէն: Գործակալութիւնը հարցումներուն արդիւնքները կը ներկայացնէ իր «Յատուկ նախագիծեր» շարքին մէջ՝ «Երեւանեան պեսթսելըր» խորագրով: Միշտ բազմազան ու լեցուն են այդ հարցումներուն արդիւնքներով ընտրուած գրական ցանկերը եւ ամենակարեւորը՝ կը փաստուի, որ Երեւանը գիրք կ՚ընթերցէ:
Ընթերցանութեան մասին կը վկայեն նաեւ այցելուներով լեցուն գրախանութներն ու գրադարաններուն ընթերցասրահները: Այս շաբաթ «Երեւանեան պեսթսելըր»ի առաջին հորիզոնականին վրայ է Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայրիկ, դուն խենթ ես» գիրքը, իբրեւ ամենաշատ ընթերցուող գիրք: Առհասարակ, «Արմէնփրէս»ը իր «Երեւանեան պեսթսելըր» նախագիծին մէջ կը ներկայացնէ գիրքերուն լաւագոյն տասնեակը: Այս շաբաթ ներկայացուցած է մանաւանդ թարգմանական գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն լաւագոյն տասնեակը:
Այդ շարքին մէջ, այս շաբաթ երկրորդ հորիզոնականի վրայ է Ճորճ Օրուէլի «Անասնաֆերման» ստեղծագործութիւնը: Այս վիպակը Օրուէլ գրած է 1944 թուականին. իսկ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1945 թուականին: «Անասնաֆերման» վէպը գրականութեան մէջ ի յայտ եկած երազականութիւն ձեւը ժխտող հակաերազականութեան տարրեր կը պարունակէ: Յատկանշական է, որ «Անասնաֆերման»ը արգիլուած է Չինաստանի, Հիւսիսային Քորէայի, Պիրմայի եւ իսլամական աշխարհի կարգ մը երկիրներուն մէջ: Այս գիրքը վերջին անգամ հայերէնի թարգմանած է Արտաշէս Էմինը, եղած են նաեւ այլ թարգմանութիւններ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի «Երեւանեան պեսթսելըր»ին, թուրք ժամանակակից գրող Էլիֆ Շաֆաքի «Իսթանպուլի խառնածինը» վէպը երրորդն է: Գիրքը հայերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած է երկու անգամ՝ երկու տարբեր թարգմանիչներու կողմէ:
Չորրորդ հորիզոնականին վրայ Տենիըլ Քիզի «Ծաղիկներ Էլջերնոնի համար» գիտա-երեւակայական երկն է: Այս գիրքը թարգմանած է Հայկ Ֆելեքեան:
Հինգերորդ հորիզոնականի վրայ է գերմանացի գրող Ռիչըրտ Պախի ամենայայտնի ստեղծագործութիւնը՝ «Ճոնաթան Լիվինկսթոն ճայը»: Այս գործին մէջ գրողը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս հասարակ ճայերը կը փափաքին գիտնալ ծովափէն սնունդ հայթայթելու ճանապարհը: Անոնց համար կեանքին իմաստը ոչ թէ թռչելու, այլեւ սնունդ ստանալու մէջ է: Սակայն Ճոնաթան Լիվինկսթոնը հասարակ ճայ մը չէ, ան չի հետեւիր միւս ճայերուն, այլեւ յամառօրէն կը սորվի ինքնուրոյն թռչիլ: Գիրքը հայերէնի թարգմանուած է քանի մը անգամ: Վերջին հրատարակութիւններէն մէկուն թարգմանիչը Նաիրա Յարութիւնեանն է:
Կրկին Ուիլիըմ Սարոյեանի հայերէնի թարգմանուած գիրքերէն մին՝ «Մայրիկ, ես քեզ կը սիրեմ» վէպը վեցերորդ հորիզոնականին վրայ է: Այս գործը կը ներկայացնէ կեանքը ինն տարեկան աղջկայ մը մաքուր եւ չխաթարուած նայուածքով, ընտանեկան յարաբերութիւնները եւ թատրոնի աշխարհը, ուրկէ ներս ան կը յայտնուի դերասանուհի մօր մասնագիտութեան բերումով: Գիրքին թարգմանիչը Զաւէն Պոյաճեանն է:
Եօթներորդ հորիզոնականին վրայ է Նարինէ Աբգարեանի «Մանյունիա» գիրքը, որ բարի, լուսաւոր եւ զուարճալի պատմութիւն մըն է մանկութեան երկու ընկերուհիներու՝ Նարինէի ու Մանյունիայի, խիստ ու բարի Տայի՝ Մանյունիայի մեծ մօր եւ անոնց ազգականներուն մասին: Մեծ հաշիւով գիրքը երջանիկ մանկութեան մասին է: Մեր հայրենակիցին՝ ռուսերէնով գրուած այս վէպը արժանացած է Ռուսաստանի ազգային գրական՝ «Տարուան ձեռագիր» մրցանակին, հայերէնի թարգմանած է՝ Նարինէ Գիժլարեան:
Ութերորդ տեղը կը զբաղեցնէ պրազիլցի գրող Փաուլօ Քոէլլոյի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մին՝ «Ալքիմիկոսը»: Թարգմանիչն է Աննա Մարութեան:
«Երեւանեան պեսթսելըր» նախագիծին իններորդ կարգին է Միլան Քունտերայի «Կեցութեան անտանելի թեթեւութիւնը» վէպը: Անիկա հեղինակին ամենայայտնի ստեղծագործութիւնն է, որ կը խորհրդանշէ 20-րդ դարու վէպին որակական նոր մակարդակը: Գիրքը սիրոյ եւ մարդկային ոչ սովորական յարաբերութիւններու, պատմութեան ողբերգական ժամանակահատուածի մը մասին է, իսկ թարգմանիչն է Շուշանիկ Թամրազեանը:
Տասներորդ հորիզոնականին վրայ է Հերման Հեսսէի «Տափաստանի գայլը» վէպը: Գերմանացի մեծանուն գրողին այս երկը անոր ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւնն է, որ կը ներկայացնէ 20-րդ դարասկիզբի եւրոպական ճգնաժամի համապատկերը: Հայերէնի թարգմանած է Արա Առաքելեան:
*
Լաւագոյն թարգմանական գրականութեան առաջին կարգին վրայ այս շաբաթ յայտնուած «Հայրիկ, դուն խենթ ես» ստեղծագործութիւնը, ընդամէնը շաբաթներ առաջ, դրուեցաւ ընթերցողին սեղանին: Հակառակ որ ստեղծագործութիւնը Սարոյեանի հայերէնի թարգմանուած ժողովածոներուն մէջ նախապէս ներառուած է, բայց վերանայուած այս թարգմանութիւնը, զատ գիրքով եւ գեղեցիկ ձեւաւորումով, մէկ անգամէն գրաւեց ընթերցողը:
«Անտարես» հրատարակչութենէն Սարոյեանի 110-ամեակին առթիւ լոյս տեսած սարոյեանական այս գլուխ գործոցը՝ գիրքին հայերէնի թարգմանիչը՝ Զաւէն Պոյաճեան, զայն անուանած է Սարոյեանի գրական ժառանգութեան մարգարիտներէն մին:
Սարոյեան վիպակը գրած է 1957 թուականին: Տասը տարեկան տղու մը պատումը այս վիպակը սեղանի գիրք կը դարձնէ բոլոր տարիքի ընթերցողներուն: Ահա թէ ինչո՞ւ, իր լոյս տեսնելէն ետք, գիրքը առաջին հորիզոնականին վրայ է Երեւանի ամենաշատ վաճառուած գիրքերուն մէջ:
Սարոյեան այս գործը նուիրած է իր միակ որդիին՝ Արամ Սարոյեանին եւ վիպակին մէջ յառաջաբան մը գրած է, ուղղուած Արամ Սարոյեանին: Սարոյեան կը գրէ.
Ինչ որ ալ գրողը երբեւէ գրէ, իրողութիւնը միշտ մէկն է: Ան կարող էր այդ նոյն ժամանակամիջոցին ուրիշ բան մը գրել: Նոր գիրք գրելը միշտ կը նշանակէ վճռել, թէ ինչի՛ մասին ու ինչպէ՛ս գրես: Նման վճիռը ամէն մէկ գրողի համար արդէն գիրքին կէսն է, ոմանց համար՝ կէսէն աւելին, իսկ ինծի համար՝ գիրքը ամբողջովին: Ինչ կը մնայ նստիլ գրելուն, ատիկա առանձնակի դժուարութիւն մը չէ, եւ գրողը դիւրութեամբ մէջէն կ՚ելլէ:
Ես վճռեցի գրել այս գիրքը, որովհետեւ 1953-ին, երբ տասը տարեկան էիր, դո՛ւն խնդրեցիր ինձմէ, եւ որովհետեւ 1918-ին, երբ ես տասը տարեկան էի, իմ գրական հմտութիւնը հաւասարազօր չէր այն բոլորին, ինչ որ կը փափաքէի ըսել: Հիմա՝ վերջապէս, գրեցի իմ գիրքս, կամ ալ, աւելի ճիշդը՝ դուն գրեցիր: Իմ ընելիքս շատ չէր, պիտի յիշէի զիս տասը տարեկանին, քեզ աչքիս առջեւը ունենալով եւ ի մի բերելով երկուքիս ալ տասնամեայ հասակը, ապա ասոր աւելցնէի քառասունհինգ տարիս: Քու ձայնդ ու քալուածքդ այս գիրքին ատաղձն են, նայուացքդ, ոճդ՝ շիտակ ու անկեղծ, որ կ՚երանգաւորուի մերթ լուրջ խոհերով, մերթ հեգնախառն բացագանչութեամբ, մերթ՝ խորհրդաւոր ծիծաղով, նայած թէ քու ուշադրութիւնդ գրաւող իրը ինչը կ՚ըլլայ՝ իսկակա՞ն, թէ կեղծ, կամ երկուքը, կամ ալ առհասարակ անոնցմէ ո՛չ մէկը: Այս բոլորէն պարզ պատում մը հիւսելը ամենադիւրին գործն է աշխարհիս երեսին, երբ ատոր արդէն նետուած ես, եւ ահաւասիկ, գործը կատարուած է:
Շնորհակալութեամբ եւ սիրով՝
Ուիլիըմ Սարոյեան
Իր որդիին՝ Արամ Սարոյեանին ուղղուած այս հրաշալի խօսքերը իբրեւ գիրքի յառաջաբան, կը բնորոշեն Սարոյեանի մեծ սէրը իր որդիին հանդէպ, այնպէս, ինչպէս հայ հայրերը կը սիրեն իրենց զաւակները եւ մեծ յոյսեր կը կապեն անոնց: Վիպակին մէջ Սարոյեան կը քննէ որդիի եւ հօր յարաբերութիւնները թէ՛ իր ու հօր եւ թէ իր ու որդիին միջոցաւ:
Հետաքրքրական զրոյցները կը գրաւեն ընթերցողը եւ անգամ մը եւս կը փաստեն 20-րդ դարու մեծագոյն գրողներէն մէկուն՝ Ուիլիըմ Սարոյեանին տաղանդը:
Գալով Արամ Սարոյեանին, որ այսօր Լոս Անճելըս կը բնակի, ծանօթ է, որ երիտասարդութեան տարիներուն եւ անկէ ետք ալ ան իր հօրը հետ ոչ սովորական, լարուած յարաբերութիւններ ունեցած է: Իրեն հանդէպ սիրոյ միջոցաւ արտայայտուած հօր բծախնդրութիւնը, յանդիմանական խօսքերը վանած են որդին։ Անոր համար, իբրեւ Ամերիկա ծնած եւ մեծցած մէկը, խորթ եղած է հօր այդպիսի վերաբերմունքը: Յետագային Արամ Սարոյեան գրած է իր հօրը մասին յուշեր, ուր նկարագրած է իրենց յարաբերութիւնները, մանաւանդ՝ Սարոյեանի կեանքին վերջին տարիները, երբ ան հիւանդ էր:
Արամ Սարոյեան նոյնպէս գրող է, բանաստեղծ, թատերագիր: Մի քանի յուշագրութիւններ ունի հօրը մասին, իսկ առհասարակ, գրած է քննադատական աշխատանքներ, որոնցմէ է «Մոռցուած հաց»ը, նուիրուած հայկական ծագումով ամերիկեան գրողներու առաջին սերունդին (հրատարակուած Դաւիթ Խերդեանի կողմէ):
Արամ Սարոյեան 2008 թուականին արժանացած է Ուիլիըմ Քարլոս Ուիլիըմզի անուան մրցանակին, «Փոքրիկ բանաստեղծութիւններու ամբողջական ժողովածու»ին համար։ Այս ժողովածոյին ամենայայտնի բանաստեղծութիւններէն մէկը պարզ, ոչ աւանդական ուղղագրութեամբ, ընդամէնը մէկ բառ է՝ տպուած գիրքին դատարկ էջին մէջտեղը։ Ստացած է «Ազգային ներդրում արուեստներու մէջ» մրցանակը։
Սարոյեանի որդին ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակներ։ Կ՚ապրի Լոս Անճելըսի մէջ իր կնոջ՝ նկարչուհի Կէյլին Սարոյեանի հետ: Հակառակ որ յուշագրութեան մէջ ի յայտ կու գայ, թէ իր հօր հետ երիտասարդութեան տարիներուն ունեցած լարուած յարաբերութիւնները քիչ մը մեղմացած են Սարոյեանի հիւանդ ըլլալուն պատճառաւ եւ Արամ Սարոյեան կարծես թէ ներած է իրեն հանդէպ շատ խիստ եղած իր հայրը, սակայն վերջին տարիներուն Արամ Սարոյեան կրկին անդրադարձած է իր հօրը, յիշելով, որ ան ոչ մէկ բան կտակած է իր զաւակներուն եւ ամբողջ ստացուածքը ձգած է Ուիլիըմ Սարոյեան հիմնադրամին: Ան լրագրողներուն վերջերս միշտ կ՚ըսէ, որ չ՚ուզեր խօսիլ իր հօր մասին, եւ կը նախընտրէ միայն իրեն՝ Արամ Սարոյեանի գրականութեան անդրադառնալ:
1982 թուականին լոյս տեսած յուշագրութեան մէջ Արամ Սարոյեան իր հօրը մասին կը գրէ հետեւեալը.
Երէկ երեկոյեան քոյրս՝ Լիւսին, հեռաձայնեց եւ յայտնեց, որ հօրս փաստաբանը՝ Արամ Գէորգեանը, հեռաձայնած է իրեն եւ տեղեկացուցած, որ հայրս կը մեռնի քաղցկեղէ: Սկզբնապէս ան առաջնագեղձի քաղցկեղ ունէր, որ, ակներեւաբար, կարող էր բուժուիլ, բայց ան չհետեւեցաւ բուժումին եւ անիկա տարածուեցաւ դէպի լեարդը, իսկ հիմա հասած է ոսկորներուն:
Ես անմիջապէս գիտակցեցայ, որ այս լուրը գիտնալէն առաջ մեր միջեւ եղած տարաձայնութիւնները այլեւս կորսնցուցին իրենց նշանակութիւնը:
Անցեալ սեպտեմբերին անոր ըսած էին, որ ան չի լրացներ 1981 թուականը: Ան չուզեց հիւանդանոց երթալ եւ մինչեւ հիմա ոչ մէկ նկատելի ցաւ ունէր, բայց Լիւսին ըսած էր, որ գիշերները ցաւեր կ՚ունենար:
Ան եօթանասուներկու տարեկան է, ապրած է առողջ, երկար կեանք: Նախանցեալ գիշեր ես կը կարդայի անոր մէկ գիրքը, որ հրատարակուած է միայն հինգ տարի առաջ. «Որդիները կու գան ու կ՚երթան, մայրերը կը յարատեւեն»: Այդ մէկը շատ լաւ գիրք էր՝ գրուած Սարոյեանի վերելքի ժամանակաշրջանին մակարդակով: Էտուարտ Հոկլընտ այդպէս գնահատած էր այս գիրքը «Նիւ Եորք Թայմզ»ի գրախօսութիւններու բաժնին մէջ, բան մը, որ շատ սիրած էր հայրս:
Հիմա, անոր հիւանդութեան մասին կցկտուր ըսուածը կը փոխանցէ ինծի ու Լիւսիին (հաւանաբար, իր բժիշկէն եւ փաստաբանէն զատ մենք առաջինն էինք, որ գիտցանք այդ մասին): Ըստ երեւոյթին՝ ան փափաքած էր, որ այժմ մենք գիտնանք այդ մասին, թէեւ հաւանաբար ան տագնապած է կասկածներով, թէ մենք ինչպէ՛ս պիտի ընդունինք այդ լուրը, մանաւանդ՝ ես, քանի որ վերջին չորս տարիներուն ոչ մէկ կապ ունեցած եմ անոր հետ:
Որքան ալ որ տարօրինակ հնչէ, պիտի ըսեմ, որ այդ ժամանակահատուածին մեր միջեւ եղած խզումը աւելի փոքր էր, քան երբ մենք կը յարաբերէինք իրարու հետ: Հեռուէն ես աւելի կը սիրէի եւ կը յարգէի զայն, բան մը, որ առաջ չէի յաջողեր, երբ կը տեսնէի ու կը գրէի անոր: Իրականութեան մէջ ան շատ ամչկոտ ու ներամփոփ է՝ ի հակադրութիւն իր հասարակական կեանքին: Երեք տարի, տարեկան քանի մը անգամ, մէկ կամ երկու ժամով, ան մեզի կ՚այցելէր եւ ինծի կը թուէր, թէ ահա ուր որ է կը խախտի սահմանը, եւ մենք կը մտերմանանք...
Նոյն այն ժամանակն ալ, 1978 թուականին, ես ինքնաշարժի արկածի ենթարկուեցայ, ջախջախուեցաւ ոտքիս կոճը: Այս առիթով յիմար ու յանդիմանական նամակ մը ստացայ հօրմէս: Ան կ՚ենթադրէր, թէ ես սխալ վարած էի ինքնաշարժը, թերեւս ալ եղած էի թմրադեղի ազդեցութեան տակ եւ այլն: Մինչդեռ պարզէն ալ պարզ էր, որ շարժակաւոր հեծանիւ մը եօթանասուն մղոն արագութեամբ ուղիղ վրաս կու գար: Երբ առաջին անգամ տեսայ հեծանիւը, արդէն մէկ ինքնաշարժի հեռաւորութեան վրայ էր ինձմէ եւ ան բախեցաւ ինծի: Երբ ստացայ հօրս նամակը, անմիջապէս պատասխանեցի, բայց յետոյ որոշեցի չուղարկել պատասխանը, որովհետեւ այլեւս չուզեցի գործ ունենալ այդպիսի չոր, ինծի հանդէպ վստահութիւնը հիմնայատակ կործանող անձնաւորութեան մը հետ:
Ասիկա չի նշանակեր, թէ իմ նկատմամբ կասկածի ոչ մէկ հիմք ունէր ան կամ ոեւէ մէկը, բայց երբ ինկած ես, չես ուզեր լսել այդ մասին:
Հիմա ես կ՚ուզեմ անիկա առանձին չձգել, կենալ անոր կողքին: Ան կրցած է ճիշդ վարուիլ, եւ ես ուրախ եմ, որ ան ինքզինք չէ ենթարկած քաղցկեղի բուժման հիւանդանոցային նուաստացնող գործողութիւններուն: Ես յստակօրէն կը զգամ, որ ան պատրաստ է դիմակայել մահը եւ գիտէ ինչպէս մեռնիլ, եւ մենք՝ Լիւսին ու ես, պէտք է պարզապէս ընենք այն, ինչ որ կարող ենք, որպէսզի ան հանգիստ ննջէ:
Իր պարագային մահը բնական բան մըն է: Ան ըրած է այն, ինչ որ պէտք էր ընել, եւ, միեւնոյն ժամանակ, անոր կեանքին այս վերջին փուլը ինծի համար յոյժ կարեւոր է, ես պէտք է ներկայ ըլլամ այդ փուլին, սորվիմ անկէ:
Երէկ գիշեր, Լիւսիին հեռախօսազանգը լսելէ ետք, կանգնեցայ հիւրասենեակին մէջ եւ պատմեցի կնոջս՝ Կէյլինին եւ երեխաներուն, հօրս վիճակին մասին առարկայական վերլուծում մը ընելով, թերեւս քիչ մը սառնասրտօրէն: Յանկարծ Կէյլինը ըսաւ, որ մեր աւագ դուստրը՝ Սթրոուպերին, որ տասը տարեկան է, շատ յուզուած է:
-Քաղցրիկս, շա՞տ տխուր ես,- հարցուցի ես:
-Այո,- ըսաւ ան եւ հեծկլտալով փլաւ բազմոցին:
Ես ստոյգ չեմ գիտեր, թէ իմ հա՞յրս կամ իմ դուստրս շարժեցին սիրտս, բայց աչքերս լեցուեցան արցունքով եւ գացի ու գրկեցի զայն:
-Կը յիշե՞ս մեծ հայրդ,- հարցուցի անոր:
-Անշո՛ւշտ,- ըսաւ ան:
Անոր վիշտին պարզութիւնը մեծ թեթեւութիւն պատճառեց ինծի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ