Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ՆՈՐ ՏԱՐԻԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Նոր տարուան առաջին օրերուն կը պատրաստուի այցելել Թուրքիա։ NTV-ի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէ դուրս բերման վերաբերեալ խնդիրներ։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնները այս հարցին շուրջ սերտ շփման մէջ են վերջին շրջանին։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2018