ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԴԷՊԻ 2019. ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ԴԷՊՔԵՐ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ
Անցեալ տարուան ամփոփման ուղղեալ մեր այս նիւթը պատրաստուած է հաշուի առնելով՝ Հայաստանի քաղաքական, անվտանգութեան, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային գլխաւոր իրադարձութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ամբողջ հոլովոյթը, որ իր ազդեցութիւնը ձգեց տարուան վրայ եւ կը պայմանաւորէ յառաջիկայ տարուան վերաբերեալ ակնկալութիւնները։
ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Յովհաննէս Չեքիճեանին շնորհուեցաւ «Հայաստանի ազգային հերոս»ի կոչում
16 յունուարին, Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յովհաննէս Չեքիճեանին շնորհուեցաւ «Հայաստանի ազգային հերոս»ի կոչումը, որ յանձնուեցաւ 16 յունուարին։ Նախագահի հրամանագրին մէջ այս կապակցութեամբ նշուած է հետեւեալը. «Հայաստանը աշխարհին ներկայացնելու ազգանուէր գործին մէջ դրսեւորած անմնացորդ նուիրումի, մշակոյթի բնագաւառէն ներս ներդրած անձնական մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար ժողովրդական արուեստագէտ Յովհաննէս Յարութիւնի Չեքիճեանին շնորհել «Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչում՝ յանձնելով Հայրենիքի շքանշան»։
Հանրապետական կուսակցութիւնը Արմէն Սարգսեանը առաջադրեց իբրեւ Հայաստանի նախագահի թեկնածու
19 յունուարին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 յունուարին հանդիպում մը ունեցաւ Արմէն Սարգսեանին հետ:
«Կը կարծեմ, որ Հայաստանի չորրորդ նախագահը պէտք է ըլլայ կայացած եւ վառ անձնաւորութիւն, քաղաքականապէս պատրաստուած եւ կոփուած պէտք է ըլլայ, բայց ոչ քաղաքականացուած: Ան պէտք է կարենայ կազմակերպել երկխօսութիւն քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան տարբեր խաւերու միջեւ լարուածութիւնը թուլացնելու նպատակով, եթէ այդպիսի անհրաժեշտութիւն ըլլայ: Պէտք է կարենայ պատուով ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը արտերկրի մէջ, ճանչնայ սփիւռքը եւ ունակութիւն ունենայ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
«18 յունուարին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինին մէջ մենք անդրադարձած ենք այս հարցին, եւ ես, հաշուի առնելով ձեր ունակութիւնները, ձեր որակական յատկանիշները, առաջարկած եմ իմ գործընկերներուն՝ առաջադրել ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի թեկնածու: Դուք կայացած գիտնական էք, վարած էք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, ունիք դիւանագիտական մեծ փորձառութիւն, եւ ասիկա է պատճառը, որ մենք լրջօրէն քննարկած ենք ձեր թեկնածութիւնը:
«Շատ ցանկալի է, որ չորրորդ նախագահը ընտրուի խորհրդարանական լայն համաձայնութեան պայմաններու մէջ: Հաշուի առնելով մեր այս ցանկութիւնը՝ կը կարծեմ, որ ձեր մտորումներուն ժամանակ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ հանդիպիք մեր համախոհ գործընկերոջ՝ Դաշնակցութեան, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն՝ «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւններուն եւ տեսանելի ապագային որոշում տաք, որովհետեւ այդ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան մարտ ամսուան սկիզբը: Մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ընտրութիւնները տեղի ունենան մէկ փուլով, եւ մարտ ամսուան սկիզբը մենք արդէն ունենանք չորրորդ նախագահ», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Հանրապետական կուսակցութեան՝ բարձր վստահութեան համար:
ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Մահացած է բեմադրիչ Ալպերթ Մկրտչեան
28 փետրուարի առաւօտեան մահացած է յայտնի բեմադրիչ եւ բեմագիր Ալպերթ Մկրտչեան: Ալպերթ Մուշեղի Մկրտչեան ծնած է 27 փետրուար 1937-ին, Կիւմրի: Յայտնի ու սիրուած դերասան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Մհեր Մկրտչեանի փոքր եղբայրն էր: 1960-ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական ուսումնարանի դերասանական բաժինը, իսկ 1971 թուականին՝ Մոսկուայի շարժանկարի ուսումնարանի բեմադրիչի բաժանմունքը՝ Էֆիմ Ձիկանի արուեստանոցը (ՎԳԻԿ): 1960-1966 թուականներուն եղած է հայկական պատկերասփիւռի կայանի, 1971 թուականին՝ «Հայֆիլմ» արուեստանոցի բեմադրիչ, 1995-1999 թուականներուն՝ Կիւմրիի տրամատիքական, 2000 թուականին՝ Երեւանի Մհեր Մկրտչեանի անուան թատրոններու տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար: 1980-2001 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ եւ 2001-էն սկսեալ՝ Թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական ուսումնարանին մէջ:
ՄԱՐՏ
Արմէն Սարգսեան ընտրուեցաւ Հայաստանի նախագահ
Մարտի 2-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընտրեց չորրորդը նախագահը: Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկած է 90, դէմ՝ 10 պատգամաւոր:
Արմէն Սարգսեան ծնած է 1953-ի յունիս 23ի-ն, Երեւան: Ամուսնացած է, ունի երկու որդի: Եղած է Հայաստանի դեսպանը Միացեալ Թագաւորութեան մէջ:
Փաշինեան յայտարարած է, որ պատրաստ է քաղաքացիական անհնազանդութիւններու
5 մարտին, «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան Ազատութեան հրապարակի վրայ հանդիպում պիտի ունենայ քաղաքացիական ցուցարարներու հետ, պիտի պատասխանէ անոնց հարցումներուն:
«Ես պատրաստ եմ, որպէս քաղաքական գործիչ շատ լուրջ գործողութիւններու՝ առանց զէնքի, առանց բռնութեան, բայց ես պէտք է համոզուած ըլլամ, որ ժողովուրդը ասոր համար լիազօրութիւն կու տայ ինծի, մեզի», ըսած է ան:
Եդուարդ Շարմազանով. «Ընդդիմութիւնը կրնայ հանրահաւաքներ կազմակերպել, բայց այդ կեղծ քաղաքական օրակարգ է»
15 մարտին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) «Ելք»ի քաղաքական օրակարգով առհասարակ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր։ 15 մարտին ՀԿ ԳՄ նիստի աւարտէն ետք նման տեսակէտ յայտնած է Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ, ՀՀԿ-ի խօսնակ Եդուարդ Շարմազանով՝ անդրադառնալով հարցումին, թէ ո՞ւր կը նախընտրեն տեսնել «Ելք»ը՝ խորհրդարանի՞, թէ՞ փողոցային պայքարի մէջ: Ան ըսած է. ««Ելք»ը առանձին քաղաքական միաւոր է եւ իրենք պէտք է որոշեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուին: Միեւնոյն ժամանակ ան նկատած է, որ ընդհանուր առումով քաղաքական գործընթացները պիտի ըլլան խորհրդարանի մէջ եւ խորհրդարանական ընտրութիւններն ալ ցոյց տուին, որ հանրահաւաքներու, յետընտրական զարգացման կարիք չկայ:
«Կրնան հանրահաւաքներ ընել, սակայն այդ կեղծ քաղաքական օրակարգ է, քանի որ քաղաքացիները արդէն իսկ ընտրութիւններու ժամանակ իրենց իրաւունքը կատարած են: Մեր բոլորին պարտքն է յարգել Հայաստանի քաղաքացիի որոշումը: Ապրիլեան կառավարութեան ձեւաւորումը փորձել ներկայացնել որպէս իշխանափոխութեան կամ իշխանութեան ձեւաւորման օրակարգ, կեղծ օրակարգ է, ոչ թէ որովհետեւ ինծի ձեռնտու չէ, այլ որովհետեւ մինչեւ 2022 թուականը իշխանութիւնն ալ, ընդդիմութիւնն ալ ձեւաւորուած են»:
Հայ դիրքապահները խոցած են հակառակորդի անօդաչու թռչող սարքը
19 մարտին՝ ժամը 18.30-ի սահմաններուն, արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիս-արեւելեան, Թալիշ, հատուածի մէջ Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահներու կողմէ խոցուած է հակառակորդի՝ հետախուզական նպատակներով գործողութեան մէջ դրուած, անօդաչու թռչող սարքը:
Սկիզբ առաւ Փաշինեանի ու համախոհներու քայլարշաւը
31 մարտին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան Կիւմրիի մէջ յայտարարեց քայլարշաւի մեկնարկի մասին, որ նպատակ ունի ծանուցել հանրութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ տարուող պայքարի մասին:
Փաշինեան ըսաւ, որ 14 օր պիտի քալէ եւ Երեւան պիտի հասնի՝ Ազատութեան հրապարակ, ուր ալ կը նախատեսուի հանրահաւաք: Քայլերթի ընթացքին, պատգամաւորի փոխանցմամբ, ինք պիտի այցելէ Կիւմրի, Վանաձոր, Աբովեան, Հրազդան եւ քանի մը այլ քաղաքներ:
«Կ՚ուզեմ իմ ներողութեան խօսքերը ըսել այն քաղաքներուն, ուրկէ մենք պիտի չանցնինք: Մտովի պիտի քալենք բոլորի հետ: Մենք ընտրած ենք այս երթուղին՝ որպէս տրամաբանութիւն ունենալով Հայաստանի իր մեծութեամբ առաջին, երկրորդ քաղաքները: Այս քայլարշաւով կ՚ուզենք, որ Հայաստանի քաղաքացիներու համար կամքի արտայայտութեան հարթակ ստեղծուի»,- ըսած է ան: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան մտադիր է վարչապետ դառնալ։ «Մենք սա պէտք է թոյլ չտանք»,- յայտարարած է Փաշինեան:
Դէպի Երեւան ճանապարհին կիւմրեցիները պատգամաւորին հարցուցած են, թէ ո՞ւր կ՚երթայ, Փաշինեան պատասխանած է. «Երեւան կ՚երթամ»:
Բնակիչներէն մէկն ալ ըսած է. «Կառավարութիւնը փոխեցէք, որ լաւ ըլլայ», որուն ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Այդ է, կ՚երթանք փոխելու»:
ԱՊՐԻԼ
«Իմ Քայլը» արշաւի 9-րդ օրը Փաշինեանն ու իր խմբակիցները ծառ տնկեցին Դիլիջանի մէջ
8 ապրիլին, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախաձեռնած «Իմ Քայլը» արշաւի 9-րդ օրը Փաշինեանն ու անոր խումբը ծառ տնկելու աւանդական դարձած գործողութիւնը կատարեցին Դիլիջանի մէջ:
Մինասեան նշանակուած՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ
10 ապրիլին, Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը յայտարարած է Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի նշանակման մասին: Վարդան Մինասեան միաձայնութեամբ նշանակուած է գլխաւոր մարզիչ:
«Խոսրովի անտառ»ի մէջ առաջին անգամ արգելոցի պատմութեան մէջ նկարահանած են կովկասեան ընձառիւծ
11 ապրիլին, «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի մէջ Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի (WWF-ի) յատուկ տեսախցիկները առաջին անգամ արգելոցի պատմութեան մէջ նկարահանած են կովկասեան ընձառիւծ։ Նկարահանուած ընձառիւծը երիտասարդ արու է, որ նախքան չէ արձանագրուած:
Փաշինեանի շարժումը՝ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ
13 ապրիլին, Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան հանրահաւաքի մասնակիցները փակած են Ֆրանսայի հրապարակի բոլոր մուտքերը եւ նստացոյց յայտարարած են։ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ պիտի ճշդեն ՀՀԿ-ի խորհուրդի նիստի օրն ու վայրը՝ իրենց քայլերը հասկնալու համար:
«Հիմա խնդիրը մէկ է՝ թոյլ չտալ, որ Սերժ Սարգսեան դառնայ վարչապետ: Ո՞վ չունի անոր հետ կապուած տարաձայնութիւն, կը կարծեմ, որ պէտք է ըլլայ այստեղ եւ դիրքորոշում յայտնէ անոր վերաբերեալ», ըսած է Փաշինեան:
Ոստիկանութիւնը կոչ կ՚ընէ Փաշինեանին դադրեցնել փողոցներու շրջափակումը
16 ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը բազմաթիւ դժգոհութիւններ ստացած է մայրաքաղաքի առանձին կազմակերպութիւններէն, ինչպէս նաեւ՝ ուսումնական եւ բժշկական հաստատութիւններէն, առ այն, որ հաւաքի մասնակիցներու գործողութիւններով այսօր առաւօտէն էապէս խոչընդոտուած է իրենց բնականոն գործունէութիւնը:
Հայաստանի ոստիկանութիւնը 16 ապրիլին յայտարարած յայտարարութեան մէջ ըսած է հետեւեալը.
«Կը շարունակուի սահմանափակուիլ հազարաւոր քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժի սահմանադրական իրաւունքը: Նման իրավիճակը յանգեցուցած է այլ անձերու հիմնական իրաւունքներու եւ հանրութեան շահերու սահմանափակման:
«Հայաստանի ոստիկանութիւնը կը յիշեցնէ, որ «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 33-րդ յօդուածի ուժով ոստիկանութիւնը կրնայ դադրեցնել հաւաքը, եթէ գնահատէ, որ այլ կերպ հնարաւոր չէ կանխել այլ անձերու հիմնական իրաւունքներու կամ հանրութեան շահերու անհամաչափ սահմանափակումը։
«Հայաստանի ոստիկանութիւնը կոչ ըրած է հաւաքի կազմակերպիչ Նիկոլ Փաշինեանին՝ անվերապահօրէն կատարել «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով նախատեսուած հաւաքի կազմակերպիչի պարտականութիւնները, մասնաւորապէս՝ դադրեցնել փողոցներու շրջափակումը եւ ապահովել հաւաքի բնականոն ընթացքը»։
Սերժ Սարգսեան ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ
17 ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը բաց քուէարկութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ ընտրեց Սերժ Սարգսեանը: Անոր օգտին քուէարկեց 77 պատգամաւոր, դէմ՝ 17:
Այս առթիւ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութիւնները:
Շարլ Ազնաւուրի ուղերձը Հայաստանի դէպքերու առթիւ
21 ապրիլին, Հայաստանի ազգային հերոս, աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուր յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններու վերաբերեալ։
«Ես եթէ նոյնիսկ աշխատանքային պարտաւորութիւններու բերումով հեռու եմ, սիրտս միշտ Հայաստանի հետ է։ Ես շատ անհանգիստ եմ եւ մտահոգուած Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով։ Կը հրաւիրեմ բոլոր կողմերը հաւաքուիլ քննարկումներու սեղանի շուրջ՝ որեւէ լուծում գտնելու եւ որեւէ տեսակի բռնութենէն խուսափելու համար։ Իւրաքանչիւրը պէտք է զիջումներ կատարէ, որպէսզի պահպանէ ազգի միասնութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով մեզի համար այդքան կարեւոր մարդասիրական ու ժողովրդավարական արժէքներուն: Մեծագոյն փափաքս է, որ հայ երիտասարդները գտնեն իրենց տեղը եւ կայանան զարգացած ու խաղաղ Հայաստանի մէջ»։
Հայաստանի մէջ գործադուլեր
Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ գործադրուեցան գործադուլեր եւ դասադուլեր: Կրթական գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն՝ Երեւանի Պետական համալսարանի, Հայաստանի Պետական տնտեսագիտական համալսարանի, Ամերիկեան համալսարանի, Մանկավարժական եւ Բժշկական համալսարաններուն ուսանողները ուղղուեցան փողոց՝ միանալով ցուցարար-ուսանողներուն: Ցուցարարներուն միացած են նաեւ մարզերու բնակիչները:
Սերժ Սարգսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը
Կիրակի, 22 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին (Հայաստանի ժամով), Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր լրագրողներու ներկայութեամբ: Հանդիպումին Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ եկած է ոչ թէ երկխօսութեան, այլ քննարկելու՝ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի ու իշխանութեան խաղաղ, անցնցում փոխանցման պայմանները:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազգային ժողովի երեք երեսփոխաններ ձերբակալուեցան
22 ապրիլին, երեք պատգամաւորներ՝ Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան եւ Սասուն Միքայէլեան, բերման ենթարկուած են: Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական ծառայութիւնը հաղորդած է, թէ «Քննչական ծառայութեան քննիչին կողմէ քննուող քրէական գործի շրջագիծին մէջ յանցագործութեան կատարումը կանխելու նպատակով, օրէնքով սահմանուած կարգի խախտումով՝ հաւաք դիտաւորութեամբ կազմակերպելու եւ անմիջականօրէն ծագած կասկածանքով, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 96-րդ յօդուածի 2-րդ մասի պահանջներուն պահպանումով, ձերբակալուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան եւ Սասուն Միքայէլեան»:
Յիշեալ պատգամաւորները բռնուած են հանրօրէն վտանգաւոր այն արարքներու կատարման պահուն, որոնք դրսեւորուած են «Հաւաքներու ազատութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով սահմանուած կարգի խախտումով 13 ապրիլէն կազմակերպել հաւաքներ՝ անտեսելով լիազօր մարմնի՝ Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ սահմանուած սահմանափակումները: Իսկ ապրիլի 19-22 թուականներուն Երեւան քաղաքի տարբեր վարչական շրջաններու մէջ կազմակերպել հաւաքներ, որոնց մասին օրէնքով սահմանուած կարգով չեն իրազեկած լիազօր մարմինը:
Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեան հրաժարեցաւ վարչապետի պաշտօնէն
23 ապրիլին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեան հրաժարեցաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը ընելով.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
«Կը դիմեմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն,
մեծերուն ու իմ սիրելի երիտասարդներուն, կանանց ու տղամարդոց,
«Կը դիմեմ փողոցներու մէջ «Մերժիր Սերժին» կոչով օր ու գիշեր կանգնողներուն եւ փակ փողոցներով այս օրերուն դժուարութեամբ աշխատավայր հասնող եւ իրենց պարտքը անտրտում իրականացնողներուն,
«Կը դիմեմ ուղիղ եթերի առջեւ օրերով գամուածներուն եւ օր ու գիշեր հասարակական անվտանգութիւնը տղամարդու պէս ապահովողներուն,
«Կը դիմեմ սահմանին կանգնած մեր քաջարի զինուորներուն ու սպաներուն, կը դիմեմ իմ զինակից ընկերներուն,
«Կը դիմեմ իմ կուսակից ընկերներուն, քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ գործիչներուն:
«Որպէս երկրի ղեկավար կը դիմեմ վերջին անգամ:
«Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր: Ես սխալ էի: Ստեղծուած իրավիճակը ունի քանի մը լուծում, բայց անոնցմէ ոչ մէկուն ես կը դիմեմ: Այդ իմը չէ: Ես կը թողնեմ երկրի ղեկավարի, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը:
«Փողոցի շարժումը իմ պաշտօնավարման դէմ է: Ես կը կատարեմ ձեր պահանջը:
«Խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն եւ տրամաբանութիւն մեր երկրին:
«Շնորհակալ եմ»:
Հրաժարական տուաւ նաեւ Սարգսեանի կառավարութիւնը:
Ազգային Ժողովի երեք ձերբակալուած պատգամաւորները ազատ արձակուեցան
23 ապրիլին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, առաւօտ կանուխ, այցելած է Ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան ձերբակալուած անձերը պահելու վայր՝ տեսակցելու Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Տեղի ունեցած է առանձնազրոյց:
Քննարկուած են Նիկոլ Փաշինեանի իրաւունքներու ապահովման առընչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ կապուած զինք ձերբակալելու, փաստաբանի իրաւունքէն օգտուելու եւ այլ հարցերու հետ:
Յիշեցնենք, որ Արման Թաթոյեան այցելած էր նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արարատ Միրզոյեանին, Սասուն Միքայէլեանին, ինչպէս նաեւ Դաւիթ Սանասարեանին, Արմէն Գրիգորեանին եւ ձերբակալուած շարք մը այլ անձերու: Առանձնազրոյցներ ունեցած է անոնց հետ, ստուգուած էին պահման պայմաններն ու համապատասխան փաստաթուղթերը: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ողջունած է Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանի, Սասուն Միքայէլեանի եւ Արարատ Միրզոյեանի ազատ արձակումը:
ՄԱՅԻՍ
Նիկոլ Փաշինեան վարչապետ չընտրուեցաւ
Երեքշաբթի, 1 մայիսին, իրաւունքի ուժով գումարուած Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի վարչապետ չընտրուեցաւ՝ բաւարար քանակութեամբ կողմ ձայներու բացակայութեան պատճառով։ Նիկոլ Փաշինեանին օգտին կողմ քուէարկեց 45 պատգամաւոր, դէմ՝ 56, ձեռնպահ պատգամաւորներ չկային:
Յիշեցնենք, որ աւելի առաջ Ազգային ժողովի «Ծառուկեան», ՀՅԴ, «Ելք» խմբակցութիւնները հանդէս եկած էին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան սատարելու պատրաստակամութեամբ, սակայն ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ ան չի մասնակցիր վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեան քը-ւէարկութեան:
Զինեալ յարձակում HSBC դրամատան Կոմիտասի մասնաճիւղին վրայ
3 մայիսին, ժամը 14.25-ի սահմաններուն, ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է, որ HSBC դրամատան՝ Կոմիտասի պողոտայ-Կիւլպէնկեան փողոց խաչմերուկի վրայ գտնուող մասնաճիւղին վրայ աւազակային յարձակում կատարուած է:
Պարզուած է, որ աւազակային յարձակում կատարած անձը, դանակով, նռնակով, հրացանով զինուած՝ ներխուժած է դրամատուն, վիրաւորած է երկու աշխատակից, որոնցմէ մէկը մահացած է։ Աւազակային յարձակում կատարած անձը յափշտակած է գումար ու դիմած է փախուստի: Սակայն չէ յաջողած փախչիլ:
Անյապաղ դէպքի վայր ժամանած գործադիր խումբի կողմէ շրջափակուելով՝ ան դիմադրութիւն ցոյց տուած է, վիրաւորած ոստիկաններէն մէկը, սակայն իրաւապահներու հմուտ գործողութիւններու շնորհիւ արագօրէն վնասազերծուած ու տեղափոխուած է ոստիկանութիւն:
Պարզուած է, որ յանցագործութիւն կատարած անձը Ճանապարհային ոստիկանութեան տեսանկարահանման միջոցով յայտնաբերուած խախտումներու արձանագրման կեդրոնի պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Դանիէլ Դանիէլեանն է: Ան ձերբակալուած է:
Անտրիաս Ղուկասեան դատարանի դահլիճէն ազատ արձակուեցաւ
7 մայիսին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ մեղադրուող Անտրիաս Ղուկասեանի գործով դատական նիստը: Դատական սոյն նիստին քննուեցաւ Անտրիաս Ղուկասեանի խափանման միջոցը որպէս կալանք փոխելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը:
Խորհրդակցական սենեակէն վերադառնալէ ետք նիստին նախագահող դատաւոր Վարդան Գրիգորեան ներկայացուց վճիռը, ըստ որու՝ դատարանը որոշած է բաւարարել միջնորդութիւնը եւ անյապաղ ազատ արձակել ու որպէս խափանման միջոց ընտրել բնակավայրէն չհեռանալու ստորագրութիւն:
Նիկոլ Փաշինեան ընտրուեցաւ վարչապետ
8 մայիսին, Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներու 59 կողմ, 42 դէմ ձայնով ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 16-րդ վարչապետ: Ազգային ժողովի ընթացքին անոր կը սատարէին «Ծառուկեան» դաշինքը, ՀՅԴ խմբակցութիւնը, «Ելք» դաշինքը եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը 10+1 ձայներով:
Հայաստանի սահմանը հատած են պանկլատէշի վեց քաղաքացիներ
8 մայիսին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած էր հաղորդագրութիւն մը, ուր հայ-ատրպէյճանական սահմանը հատելու ժամանակ ձերբակալուած են Պանկլատէշի 6 քաղաքացիներ, որոնք յանձնուած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան:
Նոր նշանակումներ Հայաստանի մէջ
10 մայիսին, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց քանի մը հրամանագիրներ, որոնցով իրենց պաշտօններէն ազատուեցան Հայաստանի Հանրապետու-թեան ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանն ու Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանը: Վալերի Օսիպեան նշանակուեցաւ ոստիկանութեան պետ, իսկ Արթուր Վանեցեան՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն:
11 մայիսին, Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ազատուեցաւ պաշտօնէն եւ նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար:
Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամ Մխիթար Հայրապետեան նշանակուեցաւ սփիւռքի նախարար, նոյն կուսակցութենէն Արայիկ Յարութիւնեան՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, «Ելք» դաշինքի պատգամաւոր, Քաղաքացիական պայմանագրի անդամ Սուրէն Պապիկեան՝ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար:
«Ելք» դաշինքի պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեան նշանակուած է փոխ-վարչապետ, իսկ նոյն դաշինքի մամլոյ խօսնակ Տիգրան Աւինեան՝ փոխ-վարչապետ:
11 մայիսին, կառավարութեան նիստէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Հրանոյշ Յակոբեան ըսած է, որ նոր կառավարութեան հետ պիտի չաշխատի: Յակոբեան նոր կառավարութեան մաղթած է լաւագոյն աշխատանք, Սփիւռք-Հայաստան կապերու ուժեղացում:
Մահ՝ սպարապետի մայր՝ Կրեթա Մայրիկի
19 մայիսին, մահացած է Ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանի, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Սարգսեանի մայրը՝ Կրեթա Սարգսեան, զոր ժողովուրդը կ՚անուանէր Կրեթա մայրիկ: Ան մահացած է երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:
Ցուցարարները կը պահանջէին Տարօն Մարգարեանի հրաժարականը
15 մայիսին, ցուցարարները հաւաքուած են քաղաքապետարանի մօտ եւ կը պահանջեն Տարօն Մարգարեանի հրաժարականը: Բողոքի մասնակիցները վանկարկած են «Տարօ՛ն հեռացիր»:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ» խորագրով գիտաժողով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ
22 մայիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի նախաձեռնութեամբ՝ մեկնարկեց «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ (1918-2018թթ.)» խորագրով գիտաժողովը՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին:
Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար նշանակուած է հայրենադարձ Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան
24 մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանագրով Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան նշանակուած է սփիւռքի փոխ-նախարար: Այդ առիթով Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է. «Ինչպէս խոստացած էի, այլեւս հայրենադարձ փոխնախարար մը ունինք: Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան կը համալրէ մեր խումբի շարքերը»:
Երեւանի մէջ յորդառատ անձրեւի հետեւանքով արտակարգ իրավիճակ
26 մայիսին, յորդառատ անձրեւի հետեւանքով արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է Երեւանեան լիճի մօտ՝ Սեբաստիա-Բագրատունեաց փողոցներու հատման վայրը: Կամուրջի տակ ջուրի կուտակման հետեւանքով բազմաթիւ ինքնաշարժներ կիսով չափ ջուրի մէջ մնացած են:
Էլթըն Ճոն Հայաստան ժամանեց
26 մայիսին, հանրայայտ երաժիշտ Էլթըն Ճոն իր ամուսինի՝ Տէյիտ Ֆերնիշի հետ ժամանած է Երեւան։ Յայտնի արուեստագէտը Երեւան եկած է լսողական սարքեր արտադրող ամերիկեան «Սթարկի» (Starkey) ընկերութեան կողմէ իրականացուող բարեգործական ծրագրի համար:
Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին հրապարակուեցաւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակը՝ վանքի 1400-ամեակի առիթով
28 մայիսին, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին տօնախմբեց Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակը: Տօնը կրկնակի էր, քանի որ 2018 թուականին կը լրանայ Վաղարշապատի Ս. Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրման 1400-ամեայ յոբելեանը, եւ յիշատակութեան օրը մեկնարկ տրուեցաւ յոբելեանին նուիրուած տարբեր ձեռնարկներու:
Տօնի առիթով, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եկեղեցականներու եւ ուխտաւորներու հանդիսաւոր խաչվառազարդ թափօրով, «Անձինք նուիրեալք» շարականի երգեցողութեան եւ «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան սաներու թմբուկներու զարկերու ներքոյ, Ս. Հռիփսիմէ վանք տարուեցաւ Ս. Հռիփսիմէ կոյսի մասունքները ամփոփող Ս. Աջը: Մասունքակիր Աջը կը կրէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան:
Ս. Հռիփսիմէի վանքի առջեւ թափօրը դիմաւորեցին Վանորէից տեսչութեան հոգեւոր դասը՝ գլխաւորութեամբ Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեանի: Այնուհետեւ վանքին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Պատարագիչն էր Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան:
Ս. Պատարագի վերջաւորութեան հրապարակուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը՝ Ս. Հռիփսիմէի վանքի 1400-ամեայ յոբելեանի առիթով: «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականի ներքոյ վանքի վանահայր Տ. Բաբգէն Վրդ. Սալբիեան խորան բարձրացուց հայրապետական կոնդակը, զոր ընթերցեց պատարագիչ Արտակ Եպիսկոպոս:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով
29 մայիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը: Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորած է ներկաները՝ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեայ յոբելեանի առիթով՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ ԳՀԽ-ի անդամները հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցելու 100-ամեակի ծիրէն ներս կազմակերպուած տօնական միջոցառումներուն։
Քննարկուած են մասնաւորապէս հոգեւոր խորհուրդի կանոնադրութեան, Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի յանձնախումբերու կանոնակարգերուն, զանազան թեմերու կանոնադրութիւններուն, ինչպէս նաեւ 2018 թուականի Երիտասարդութեան տարուան կապակցութեամբ ծրագրուող միջոցառումներուն վերաբերող նիւթեր եւ այլ հարցեր։ Քննարկման առարկայ կը դառնայ նաեւ Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան ընթացքը։
ՅՈՒՆԻՍ
Արցախի Պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան աշխատանքէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է
6 յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան աշխատանքէն հրաժարելու մասին դիմում ներկայացուցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին:
«Աւրորա» մարդասիրական երրորդ մրցանակաբաշխութիւն
11 յունիսին, «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի երրորդ դափնեկիրը Միանմարի մէջ ռոհինճա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարող իրաւաբան Չօ Լա Աունն է: Դափնեկիրին անունը յայտարարուեցաւ 10 յունիսի լուսաբացին՝ Խոր Վիրապի վանքին յարակից տարածքին մէջ՝ Արարատի ստուերին ներքեւ, իբրեւ արշալոյսի՝ նոր լուսաւոր սկիզբի խորհրդանիշ: 115 երկիրներէ առաջադրուած 750 թեկնածուներէն այս տարուան «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր ընտրուած Չօ Լա Աուն տասնամեակներ շարունակ իրաւապաշտպան գործունէութիւն կը ծաւալէ քաղաքացիութենէ զրկուած իր ռոհինճա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար: Մրցանակաբաշխութեանը մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր տիկինին՝ Աննա Յակոբեանի հետ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ խօսքով, որուն մէջ գնահատեց «Աւրորա»ի մարդասիրական նշանակութիւն ունեցող մրցանակաբաշխութիւնը եւ հետապնդած նպատակները:
Հայկական կողմը ատրպէյճանցիներուն թոյլ տուած է մօտենալ իրենց գերեզմաններուն
6 եւ 7 յունիսին ատրպէյճանական կողմը դիմած է Հայաստանի զինեալ ուժերու հրամանատարութեան՝ խնդրելով թոյլատրել որոշ քաղաքացիներու մօտենալ Կիւննութ աւերակ բնակավայրի հարաւային արուարձանի գերեզմանատեղիներ: Նման խնդրանք այդ հատուածի մէջ ատրպէյճանական կողմը յայտնած է առաջին անգամ։ Հայկական կողմը՝ հաւատարիմ ըլլալով մարդասիրական սկզբունքներուն եւ մշտապէս կատարելով լարուածութեան թուլացման քայլեր, համաձայնած է թոյլատրել խաղաղ բնակիչներուն կարճ ժամանակով մօտենալ գերեզմանատեղիին:
Բակօ Սահակեան պիտի չմասնակցի Արցախի՝ 2020-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն
11 յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2020-ին կայանալիք Արցախի նախագահի համաժողովրդական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ:
Կալանաւորուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեան
19 յունիսին, Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, դատաւոր Մարինէ Մելքոնեանի նախագահութեամբ, շուրջ 5 ժամ տեւած քննութենէ ետք որոշում կայացուց կալանաւորել Ազգային ժողովի պատգամաւոր, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանը։
Ազգային ժողովը գաղտնի, փակ քուէարկութեամբ համաձայնութիւն տուած էր դատախազի միջնորդութեան, որմէ ետք նախաքննական մարմինը դիմած էր դատարան՝ Մանուէլ Գրիգորեանը կալանաւորելու դիմումով:
Մանուէլ Գրիգորեան կը մեղադրուի ապօրինի կերպով ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ անոր կնոջ՝ Նազիկ Ամիրեանի, դստեր՝ Այծեմնիկ Գրիգորեանի Էջմիածին քաղաքի բնակիչներ Սէյրան Ազարեանի, Արմէն Յակոբեանի եւ այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ իրեն պատկանող առանձնատուներուն մէջ պահելու համար, ինչպէս նաեւ խումբ մը անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ իւրացման եղանակով իր վստահութեան յանձնուած այլոց մեծաքանակ գոյքերը յափշտակելու համար:
ՅՈՒԼԻՍ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց մարտական դիրքեր
7 յուլիսին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ այցելեց հայ-ատրպէյճանական միջպետական սահմանի նախիջեւանեան հատուածի զանազան մարտական դիրքեր։
Բանակի սպաներու եւ զինուորներու հետ զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ վերջին շաբաթներուն սանձազերծուած լարուածութեան աճի վերաբերեալ։ Նորին Սրբութիւնը, աղօթելով հայրենի երկրի խաղաղութեան համար, Երկնաւորէն հայցեց, որ հայոց զօրականներու բազուկը միշտ յաղթական ըլլայ եւ կարողանան իրենց քաջարի ոգիով պաշտպանել հայոց աշխարհի խաղաղութիւնը, իրենց մայրերու եւ քոյրերու անդորրը:
Վարչապետ Փաշինեանի որդին բանակային ծառայութեան կը մեկնի
9 յուլիսին, Հայաստեանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին՝ Աշոտ Փաշինեանն մեկնեցաւ զինուորական ծառայութեան: Աշոտ Փաշինեան աւելի վաղ յայտնած, ապա դիմում ներկայացուցած էր՝ Արցախի մէջ ծառայութիւն կատարելու համար:
Տարօն Մարգարեան հրաժարած է Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնէն
9 յուլիսին, Տարօն Մարգարեան հրաժարած է Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնէն: Ըստ մամուլի բազմաթիւ հետաքննական հրապարակումներու՝ Տարօն Մարգարեան իր պաշտօնավարման տարիներուն միլիոնաւոր տոլարներու կարողութիւն կուտակած է՝ չարաշահելով պաշտօնական դիրքը։
Անոր քաղաքապետ ըլլալու տարիներուն քանդուած է Երեւանի հին շէնքերու մեծ մասը, փոխուած է քաղաքի ճարտարապետական դէմքը։
Հայաստանի մէջ Թաւշեայ յեղափոխութենէն եւ իշխանափոխութենէն ետք քանի մը քաղաքացիական նախաձեռնութիւններ կը պահանջէին Տարօն Մարգարեանի հրաժարականը։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը շրջափակման մէջ է
14 յուլիսին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ուխտի մեկնած էր Գնդեվանք (Վայոց Ձորի թեմ), ուր «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան անդամները արգելափակած են Վեհափառ Հայրապետին տեղաշարժը։ Գնդեվանքէն վերադարձի ճանապարհին անոնք սպառնալիքներ հնչեցուցած են Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հասցէին՝ քարերով եւ ինքնաշարժներով փակելով ճանապարհը: Ոստիկանութեան միջամտութենէն ետք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ապահով կերպով փոխադրուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Կարգալոյծ հռչակուած է Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան
18 յուլիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան՝ եկեղեցականին անյարիր վարքագիծի ու հակականոնական ընթացքի համար: Տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կարգապահական յանձնախումբի եզրակացութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանուած մէկշաբաթեայ շրջանի մէջ զղջմամբ ու ապաշխարութեամբ դարձի գալու յորդորի անտեսումը: Կարգալոյծ եկեղեցականը այսուհետեւ կը դաս-ւի աշխարհականներու շարքին՝ Արմէն Առաքելեան աւազանի անունով:
Բացայայտումներ Հայաստանի մէջ
23 յուլիսին, կաշառակերութեան դէմ առնուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք բացայայտուած է շուրջ 29.2 միլիառ դրամի իրաւախախտում։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի գծով օգնական Արէն Մկրտչեան այսօր յայտարարած է, որ մօտաւորապէս երկու ամսուան ընթացքին կաշառակերութեան դէմ կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք՝ բացայայտուած է շուրջ 29.2 միլիառ դրամի իրաւախախտում, որ կրած է պետութեան հասցուած վնասի, իւրացման, պաշտօնական դիրքի չարաշահման, կաշառքի բնոյթ: Ան նշած է, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը կը շարունակուի:
Ռոպէրթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է
26 յուլիսին, «Մարտի 1»ի դէպքերով Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի առաջին մասով այն բանի համար, որ ան 2008 թուականի 1 մարտին այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը:
ՕԳՈՍՏՈՍ
Հայկական նոր թղթադրամներ ուղարկուած են տպագրութեան
14 օգոստոսին, Հայաստանի Կենդրոնական դրամատունը յայտնած է, որ տպագրութեան ուղարկած է երրորդ սերունդի հայկական նոր խառն թղթադրամներ։ Անոնք պատրաստ պիտի ըլլան եւ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուին այս աշնան։
Նախորդ աշնան, երբ հրապարակուեցան այս թղթադրամները, բուռն քննարկումներ յառաջացուցին համացանցի վրայ. շատերու կարծիքով՝ թղթադրամներու ձեւաւորումը խնդիրներ ունի։
Նոր թղթադրամներու մէջ պիտի ըլլան նաեւ 2000 դրամ անուանական արժէքով դրամներ, որու առընչութեամբ Կեդրոնական դրամատան նախագահը տակաւին անցեալ աշնան տեղեկացուցած էր, որ դրամատուներու մէջ արդէն իսկ կայ անոնց պահանջարկը։ Հաւանական կը համարուէր, որ անոնք կրնան աւելի շուտ շրջանառութեան մէջ դրուիլ, սակայն ներկայիս աւելի հաւանական է, որ անոնք կը տարածուին միւսներու հետ միաժամանակ։
Դրամներու վրայ պատկերուած պիտի ըլլան հայ ազգի մեծերը.
1000 դրամ - Պարոյր Սեւակ
2000 դրամ - Տիգրան Պետրոսեան
5000 դրամ - Ուիլիըմ Սարոյեան
10000 դրամ - Կոմիտաս
20000 դրամ - Յովհաննէս Այվազովսկի
50000 դրամ - Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ
100000 դրամ արժողութեամբ թղթադրամներ պիտի չտպագրուին:
Քոչարեանի ասուլիսը՝ տապալուեցաւ
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, 13 օգոստոսին կալանքէն ազատելէ ետք 14 օգոստոսին ասուլիս պիտի սարքէր «Էրեբունի փլազա» համալիրէն ներս, ուր եւս նախատեսուած էր մամլոյ ասուլիսը։ Բայց եւ այնպէս, մետասաներորդ պահուն ջնջուեցաւ այդ մամլոյ ասուլիսը, որովհետեւ խումբ մը ցուցարարներ ասուլիսի դահլիճ ներխուժեցին՝ արտայայտելով իրենց հակազդեցութիւնը Քոչարեանի ազատ արձակման դէմ։ Մամլոյ ասուլիսի ջնջուելէն վերջ անոնք հրաժեշտ առին «Էրեբունի փլազա»էն եւ ուղղուեցան դէպի Հանրապետութեան աւագ դատախազութիւն, ուր շարունակեցին իրենց բողոքի ցոյցերը։
Ներթափանցման ձախող փորձ Արցախեան սահմանին
17 օգոստոսին, ժամը 12.00-ի սահմաններուն, հակառակորդի 15 հոգինոց խումբը յարձակման փորձի ձեռնարկած է Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային հատուածին տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:
Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի նախայարձակ խումբի գործողութիւնները եւ վերջիններուս ետ շպրտած ելման դիրքեր:
Նոր կառավարութեան 100-րդ օրը
17 օգոստոսին, Հանրապետութեան Հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, որու ընթացքին ամփոփուեցան նոր կառավարութեան 100-օրեակը: Հանրահաւաքին մասնակցեցաւ հազարաւոր մարդիկ, ելոյթ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեան, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ տօնական համերգ:
Պելժիոյ թագաւորն ու թագուհին երեխաներուն հետ ոչ պաշտօնական այց մը տուին Հայաստան
21 օգոստոսին, Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորը եւ անոր ընտանիքը մասնաւոր այցով եկան Հայաստան: Անոնք իրենց չորս երեխաներուն հետ այցելեցին տեսարժան վայրեր, գինիի գործարան, եկեղեցիներ ու շփում չունեցան լրագրողներու եւ պաշտօնական անձերու հետ:
Անկելա Մերքէլ ժամանեց Հայաստան
24 օգոստոսին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը տեղափոխող օդանաւը վայրէջք կատարած է Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով ցուցադրած է Մերքէլի օդանաւի վայրէջքն ու անոր դիմաւորելու պաշտօնական արարողութիւնը:
Մերքէլ ունեցած է բարձրաստիճան հանդիպումներ, իսկ աւարտին ազատ շփում ունեցած է ժողովրդի հետ՝ քալելով Հիւսիսային պողոտայով:
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Կրեմինկէր այցելեց Երեւան
4 սեպտեմբերին, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր այցելեց Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը ընդունուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Փաշինեան եւ Կրեմինկէր անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցան աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ
23 սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները, որոնց մասնակցեցան 12 քաղաքական ուժ՝ 4 դաշինք եւ 8 կուսակցութիւն։
«Իմ քայլ»ի քաղաքապետի թեկնածուն աւելի ուշ միացած դերասան Հայկ Մարութեանն էր, որն ալ ընտրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ:
Հայկակ Արշամեան՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն
24 սեպտեմբերին, Հայկակ Արշամեան նշանակուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն:
Յայտարարուած է բաց մրցոյթ, եղած է 42 դիմորդ, ընտրող յանձնաժողովը բաղկացած եղած է 5 անձէ, որուն նախագահը եղած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:
Յանձնաժողովի կազմին մէջ եղած են նաեւ Հայաստանի վարչապետի, նախագահի, Արցախի նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչները:
Հայկակ Արշամեան ծնած է 1971-ին, Երեւան, մասնագիտութեամբ պատմաբան է՝ պատմական գիտութիւններու թեկնածու։
Ան որպէս ծրագիրներու համակարգող աշխատած է Երեւանի մամուլի ակումբին եւ Տարածքաշրջանային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ: Ան աշխատած է նաեւ «Թրանսփէրընսի Ինթերնէյշընլ Հայաստան» կազմակերպութեան մէջ, իսկ 2 յուլիս 2018-ին նշանակուած էր Հայաստանի վարչապետի խորհրդական:
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Հայաստան կը սգայ Շարլ Ազնաւուրի մահը
1 հոկտեմբերին, Հայաստան ողջ աշխարհի հետ միասին կը սգայ համաշխարհային երգարուեստի աստղ, ֆրանսահայ արուեստագէտ, դերասան, բարերար Շարլ Ազնաւուրի մահը, որ պատահած է 1 հոկտեմբերին, 94 տարեկան հասակին:
Նիկոլ Փաշինեան անսպասելի հանրահաւաքի հրաւիրեց
2 հոկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անսպասելի յայտարարութեամբ մը ժողովուրդը հանրահաւաքի հրաւիրեց Բաղրամեան պողոտայ՝ Ազգային ժողովի ցրման պահանջով։ Նիկոլ Փաշինեանի յորդորով երեկոյեան անոր համակիրները հաւաքուեցան Մարշալ Բաղրամեան եւ Կարէն Տեմիրճեան փողոց եւ շրջափակեցին Ազգային ժողովի շէնքը։ Վարչապետի կոչէն ետք բողոքի ցոյցեր սկսան նաեւ Վանաձորի եւ Կիւմրիի մէջ։
Ֆրանսախօսութեան 2018-ի գագաթաժողովը՝ Հայաստանի մէջ
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը հոկտեմբերի 11-ին եւ 12-ին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Վեհաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ դիմաւորած են Հայաստան հասած ֆրանսախօս երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են 84 երկրի պատուիրակութիւն: Վեհաժողովին մասնակցած է 38 երկրի ղեկավար:
Վեհաժողովի նիւթն էր «Ապրիլ միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս երկիրներու շրջանին մէջ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկկողմանի հանդիպումներ ունեցան գագաթաժողովին առթիւ Երեւան ժամանած բազմաթիւ օտար ղեկավարներու հետ։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ փառաշուք կալա-համերգ մը, որու եզրափակիչ փուլը ձօնուած էր նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այցելեցին Երեւանի «Ազնաւուր» կեդրոնը։
Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ ժամանած է Հայաստան
10 հոկտեմբերին, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ ժամանած է Հայաստան՝ մասնակցելու Երեւանի մէջ իրականացուելիք Ֆրանսախօսութեան գագաթաժողովին։
Լիբանանի նախագահը ժամանած է Հայաստան
10 հոկտեմբերին, Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն եւ Առաջին տիկին Նատիա Չամի ժամանած են Երեւան՝ մասնակցելու Ֆրանսախօսութեան գագաթաժողովին:
Սոֆիա մարդամեքենան Հայաստանի մէջ
10 հոկտեմբերին, արհեստական բանականութեամբ օժտուած Սոֆիա անունով մարդամեքենան Երեւանի մէջ ելոյթ ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած տնտեսական համաժողովին: Սոֆիայի ելոյթը անգլերէն եղած է, բայց ան խոստացած է յաջորդ անգամ խօսիլ ֆրանսերէնով:
Սոֆիան կանացի արտաքինով երկաթեայ մարդ մըն է, որ մշակուած է հոնկքոնկեան Hanson Robotics կազմակերպութեան կողմէ: Ան նախագծուած է այնպէս, որ կարենայ յարմարիլ մարդոց պահուածքին, ինչպէս նաեւ աշխատիլ անոնց հետ: Սոֆիան կը գործէ 2015 թուականի ապրիլէն ի վեր, օժտուած է արհեստական բանականութեամբ, կրնայ շփուիլ մարդոց հետ մարդկային լեզուներով, սորվիլ, հասկնալ մարդոց յոյզերը:
Աննա Նաղդալեան մամլոյ խօսնակ
10 հոկտեմբերին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրամանով՝ Աննա Նաղդալեան նշանակուած է նախարարութեան մամլոյ խօսնակ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագրով՝ նախկին խօսնակ Տիգրան Պալայեան նշանակուած էր Հոլանտայի Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
Նախագահի մէկ այլ հրամանագրով՝ Տիգրան Պալայեան նշանակուած է Քիմիական զէնքի արգելման կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը բաշխած է Հնդկաստան բուժման մեկնող երեք զինուորականներու
10 հոկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց հայրենիքի պաշտպանութեան համար ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հաշմանդամութիւն ստացած երեք զինուորականները՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի: Անոնք մեկնեցան Հնդկաստան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Կալկաթայի Ս. Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու աջակցութեամբ ստանալու անհրաժեշտ բուժումն ու փրոզթէզի գործողութիւնը: Սա երկու տարուան ընթացքին զինուորականներու չորրորդ խումբն է, որ այս նպատակով կը մեկնի Կալկաթա:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը բերելով զինուորականներուն՝ նշեց, որ հպարտութիւն է տեսնել հայրենեաց պաշտպաններ, որոնք պատրաստ են իրենց կեանքը ընծայելու հայրենիքի համար:
Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական տուաւ վարչապետի պաշտօնէն
16 հոկտեմբերին, Նիկոլ Փաշինեան Հանրային հեռուստատեսութեան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որու ընթացքին ներկայացուց վարչապետի պաշտօնէն իր հրաժարականը։ Նիկոլ Փաշինեան France 24-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ դեկտեմբերին արտահերթ խորհըր-դարանական ընտրութիւններ իրականացնելու նպատակով մտադիր է հրաժարական տալ: Ան մասնաւորապէս նշած էր, որ հրաժարական պիտի տայ 16 հոկտեմբերին, եւ ըստ մօտաւոր հաշուարկներու, ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 դեկտեմբերին:
Փաշինեան Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ ստորագրած է յուշագիր, որով վերջինիս գլխաւորած խմբակցութիւնը կը պարտաւորուի իր հրաժարականէն ետք չառաջադրել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի թեկնածու, երկու անգամ անընդմէջ դէմ քուէարկել որեւէ այլ ուժի կողմէ ներկայացուած թեկնածուին, որմէ ետք Ազգային ժողովը կը լուծարուի օրէնքի ուժով:
ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Եուրի Խաչատուրով հեռացուած է ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն
2 նոյեմբերին, Եուրի Խաչատուրով ազատուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնէն: 26 յուլիսին, Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը մեղադրանք առաջադրած էր ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին՝ 2008 թուականին սահմանադրական կարգը տապալելու համար:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան համաներման հրամանագիր ստորագրած է
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 3 նոյեմբերին, ստորագրած է Ազգային ժողովի ընդունած Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակի կապակցութեամբ քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները:
Մահացած է Եուրի Վարդանեան
2 նոյեմբերին, ԱՄՆ-ի մէջ 62 տարեկանին մահացած է հայկական մարմնամարզի վարպետ, Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Եուրի Վարդանեան: Վարդանեան կ՚ապրէր ԱՄՆ-ի մէջ: 1977-1979, 1980-1981, 1983, 1985 թուականներուն ան դարձած է աշխարհի ախոյեան եւ բաժակակիր: 1980 թուականին՝ ողիմպիական ախոյեան: 1977-1978, 1980-1981, 1983 թուականներուն՝ Եւրոպայի ախոյեան եւ բաժակակիր: 1977, 1979, 1981 թուականներուն՝ Խորհրդային Հայաստանի ախոյեան եւ 1976 թուականին բաժակակիր: 1978-1981 թուականներուն ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյն ծանրորդ: 1985 թուականին սահմանած է աշխարհի 43 ցուցանիշ:
1980 թուականին միջին քաշի մէջ առաջին անգամ երկամարտի ցուցանիշը հասցուցած է 400 քկ.-ի: 2009 թուականին նշանակուած է Հայաստանի նախագահի խորհրդական: 8 մայիս 2013-ին ազատուած է նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն եւ նշանակուած Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար: 24 յունիս 2014-էն մինչեւ 2017 թուականը զբաղեցուցած է Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը: Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:
Եօթ ամսուան ընթացքին 450 ընտանիքներ Հայաստան վերադարձած են
Այս տարի իրականացուած է 85 միջոցառում, որոնց նպատակը սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը պահպանելն էր: Այս մասին 23 նոյեմբերին ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան:
Որպէս արդիւնք, անոր խօսքով, 9 երկիրներու մէջ միօրեայ դպրոցներ ստեղծուած են: «Սփիւռքի զանազան հայկական դպրոցներու մէջ կազմակերպուած են տասնեակ միջոցառումներ: Միեւնոյն ժամանակ սփիւռքի զանազան համայնքներուն յանձնուած է աւելի քան 50 հազար գիրք», ըսած է ան՝ նշելով, որ սա սփիւռքի հետ աշխատելու բաւականին հին եւ ոչ այնքան արդիւնաւէտ մեթոտ մըն է, քանի որ գիրքերը միատեսակ էին, եւ միշտ չէ, որ հաշուի առնուած են այդ համայնքի առանձնայատկութիւնները:
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշած է Հայրապետեան, 2018-ի մայիսէն սկսեալ աւելի քան 450 ընտանիքներ հայրենիք վերադարձած են՝ շեշտելով, որ անոնք միայն այն ընտանիքներն են, որոնք կապուած են նախարարութեան հետ: Ամենէն շատ Հայաստան վերադարձած են Ռուսաստանէն, Իրանէն եւ Միացեալ Նահանգներ:
Հայաստան «Եւրատեսիլ 2019»ին կը ներկայացնէ Սրբուկը
Հայաստան «Եւրատեսիլ 2019»ին պիտի ներկայացնէ Սրբուհի Սարգսեանը՝ Սրբուկը։ Համաեւրոպական երաժշտական մրցոյթին Հայաստանի 13-րդ մասնակիցի անունը պարզ դարձաւ Առաջին ալիքի «Լաւ երեկոյ» ծրագրի աւարտին։
Դեռ յայտնի չէ, թէ Սրբուկը ինչ երգ պիտի երգէ մրցոյթին:
Սրբուհի Սարգսեան 2011 թուականին ճանաչում ձեռք բերած է մասնակցելով X-Factor երաժշտական հեռուստանախագծին, որմէ ետք ան ստեղծած է իր խումբը եւ ելոյթներ ունեցած երեւանեան ակումբներու մէջ:
Աննա Յակոբեանի նոր լուսանկարիչը զինուորական հաշմանդամ Գառնիկ Մելիք-Կարապետեանն է
Արմէն Մուրատեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրառում կատարած է Հայրենիքի պաշտպանի տան զինուորական հաշմանդամ երիտասարդներէն մէկուն՝ Գառնիկ Մելիք-Կարապետեանի մասին՝ յայտնելով, որ ան Աննա Յակոբեանի անձնական լուսանկարիչն է:
«Աննա Յակոբեան ունի նոր լուսանկարիչ.
Գառնիկը ծանօթացաւ իր նոր գործատուի՝ Տիկին Աննա Յակոբեանի հետ Ռոպերթ Ապաճեանի ծննդեան օրը՝ Հայրենիքի պաշտպանի տան մէջ:
Երբ Գառնիկը սկսաւ լուսանկարել «աջ ու ձախ»՝ պարզ դարձաւ, որ ան հմուտ լուսանկարիչ է ու ստացաւ աշխատանքի առաջարկ:
Կը շնորհաւորեմ եղբայր ջան:
Նշեմ, որ Գառնիկը մեր Կեդրոնի տղաներէն, ի դէպ, արդէն 12 զինուորական հաշմանդամ ունի աշխատանք:
Որոշած ենք՝ 2019 թուականին այդ թիւը պիտի եռապատկենք», ըսուած է գրառման մէջ:
Անհետացած կործանիչը գտնուած է Մարալի մէջ. Զոհուած են երկու օդաչուներ
Քիչ առաջ պարզ դարձաւ, որ Հայաստանի զինեալ ուժերուն պատկանող եւ անհետացած համարուած «Սու-25» կործանիչը ինկած է Մարալի շրջանին մէջ։
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։
Յովհաննիսեան նաեւ յայտնեց, որ արկածահար եղած կործանիչին մէջ եղող եւ զոհուած օդաչուներն են փոխ-գնդապետ Արմէն Պապայեանն ու գնդապետ Մովսէս Մանուկեանը:
Նախընտրական ցուցակներու առաջնորդներու մասնակցութեամբ բանավէճ
9 դեկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցի ինն կուսակցութիւն եւ երկու դաշինք։ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը նախընտրական ցուցակներու առաջնորդներու մասնակցութեամբ կազմակերպած էր առաջին բանավէճը։
Ընտրացուցակները կը գլխաւորեն՝ Ազգային առաջընթաց՝ Լուսինէ Հարոյեան, ԲՀԿ՝ Գագիկ Ծառուկեան, «Իմ քայլը» դաշինք՝ Նիկոլ Փաշինեան, «Լուսաւոր Հայաստան»՝ Էտմոն Մարուքեան, ՀՅԴ՝ Արմէն Ռուստամեան, ՀՀԿ՝ Վիգէն Սարգսեան, «Մենք» դաշինք՝ Արամ Սարգսեան, «Սասնայ ծռեր»՝ Վարուժան Աւետիսեան, «Քաղաքացիի որոշում»՝ Սուրէն Սահակեան, Քրիստոնեայ-ժողովրդական սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութիւն՝ Լեւոն Շիրինեան, ՕԵԿ՝ Արթուր Պաղտասարեան։
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ 1988-ի երկրաշարժի զոհերուն
Դեկտեմբեր 7-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսի նախագահութեամբ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն 1988 թուականի երկրաշարժի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար:
Իր լրումին հասաւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցը
Հայաստանի հիւսիսային շրջանները այդ օրը ժամը 11.41-ին ցնցուեցան աւերիչ երկրաշարժէն, որ իր կեդրոնի անունով կոչուեցաւ Սպիտակի երկարաշարժ։
Աւելի քան 25 հազար մարդու կեանք ընդհատուեցաւ, տասնեակ հազարաւորները վիրաւորվեցան, հարիւր հազարաւոր մարդիկ ալ անօթեւան մնացին։ Անմիջապէս երկրաշարժի կեդրոնի մէջ գտնուող Նալպանտ գիւղն ու մերձակայքը գտնուող Սպիտակ քաղաքը հողին հաւասարեցան։ Մեծապէս տուժեցին Հանրապետութեան մեծութեամբ երկրորդ եւ երրորդ քաղաքները՝ Լենինականն (Կիւմրի) եւ Կիրովականը (Վանաձոր)։ Գրեթէ ամբողջութեամբ աւերուեցան բարձրայարկ շէնքերը եւ սա մեծ թիւով զոհերու պատճառներէն մէկն էր։
Միւս պատճառը այն էր, որ աւերիչ երկրաշարժը, որ գերազանցեց 7 սաստկութիւնը, տեւեց կէս վայրկեան։
Երկրաշարժը զգացուած է Երեւանի եւ Թիֆլիլի մէջ, այն արձանագրուած է աշխարհի երկրաշարժային կայաններու մէջ։
Աւերակներու տակ յայտնուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ։ Աւերուեցան գործատեղիներ ու գործարաններ, դպրոցներ ու հիւանդանոցներ, տուժեցին ենթակառուցուածքներ։ Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները, օտարերկրեայ պետութիւնները օգնութեան շտապեցին տուժած Հայաստանին։
Ցաւօք, երկարաշարժի հետեւանքներու վերացումը երկու օդանաւերու անձնակազմի կեանք խլեց․ զոհուեցան մարդասիրական օգնութիւն բերող խորհրդային եւ հարաւ-սլաւական օդանաւերու անձնակազմը։ Աւերակներու մաքրման աշխատանքներուն կը մասնակցէին խորհրդային բանակի քանի մը հազար զինուոր ու սպայ։ Աղէտալի ողբերգութիւնը ստիպեց մտածել յատուկ ստորաբաժանման մասին, որ յետագային ստեղծուեցաւ ԱԻՆ-ի կողմէ։
Սկսաւ տուժած շրջաններու աշխոյժ վերականգնման ծրագիրը, որ ընդհատուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի փլուզմամբ։ Երեսուն տարի վերջ անօթեւան դարձած մարդոց մեծ մասը ապահովուած է բնակարաններով։ Սակայն Շիրակի ու Լոռիի մարզերուն մէջ դեռ կան ընտանքիներ, որոնք կը շարունակեն գոյատեւել տնակներու ու ժամանակաւոր կացարաններու մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան. «Երկրաշարժէն 30 տարի վերջ աղէտի գօտի հասկացութիւնը վերացուած չէ»
«Երկրաշարժէն 30 տարի անց աղէտի գօտի հասկացութիւնը վերացած չէ», Կիւմրիի մէջ՝ երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի մօտ, պաշտօնական միջոցառման ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Ի հարկէ, մինչեւ հիմա աղէտի գօտի ըսելով մենք առաջին հերթին կը հասկնանք մարդոց բնակարանային կարիքները, դպրոցներու, մանկապարտէզներու շինարարութիւնը եւ բացումը, բայց այնուամենայնիւ պէտք է արձանագրենք, որ երկրաշարժի հետեւանքով աւերուեցաւ Հայաստանի արդիւնաբերութեան համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող հսկայական տնտեսական բաժին մը, եւ երբ կ՚ըսենք՝ աղէտի գօտիի վերականգնում, պէտք է հասկնանք ո՛չ միայն մարդոց բնակարանային կարիքներու վերականգնումը, ոչ միայն դպրոցներու ու մանկապարտէզներու, հանրային նշանակութեան այլ տեղերու վերականգնումը, այլեւ վերականգնումը այն ողջ տնտեսական հզօրութեան, այն ողջ տնտեսական միջոցներու, որոնք գոյութիւն ունեցած են Կիւմրիի, Սպիտակի, Վանաձորի եւ ընդհանրապէս աղէտի գօտիի ողջ տարածքին մէջ», ըսած է Փաշինեան։
Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է՝ թէեւ երկրաշարժէն շատ չանցած սկսան աղէտի գօտիի վերականգնման աշխատանքները, բայց միշտ չէ, որ շէնքերուն զուգընթաց կը վերականգնուէին մարդոց յոյսը, վստահութիւնը, լաւատեսութիւնը։
«Աղէտի պատճառած ամենամեծ վնասը թերեւս մարդոց հոգիներու մէջ տեղի ունեցած աւերածութիւններն էին։ Երբ կ՚ըսենք աղէտի գօտի, առաջինը սա պէտք է նկատի ունենանք, թէ ինչքանով վերականգնուած է մարդոց վստահութիւնը սեփական ուժերու նկատմամբ, ինչքանով վերականգնուած է լաւատեսութիւնը վաղուայ օրուան նկատմամբ, ինչքանով վերականգնուած է յոյսը, որ զոհուածներու կիսատ թողած գործերը եւ երազանքները կը դառնան իրականութիւն։ Աղէտի գօտիի վերականգնման այսպիսի հայեցակարգը առաւել կարեւոր եւ անհրաժեշտ է։ Ես յոյս ունիմ եւ համոզուած եմ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները առաջին հերթին կը ծառայեն եւ պիտի ծառայեն այս նպատակին՝ մարդոց յոյսը, վստահութիւնը, լաւատեսութիւնը վերականգնելու։ Ես համոզուած եմ, որ մենք թեւակոխած ենք փուլ մը, ուր ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն ամիս, ամէն շաբաթ պէտք է լրջօրէն վերակառուցենք մարդոց հաւատը եւ վստահութիւնը սեփական ապագայի, սեփական երկրի ապագայի եւ իրենց երեխաներու ապագայի նկատմամբ, որ անոնք պէտք է կապեն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։
7 դեկտեմբեր 1988 թուականին ժամը 11.41-ին, 9 ռիխթէր սաստկութեամբ ստորգետնեայ ցնցումները մեծ աւերածութիւններ պատճառեցին Հայաստանի հիւսիսային հատուածի մէջ՝ Սպիտակ, Լենինական (այժմ՝ Կիւմրի), Կիրովական (այժմ՝ Վանաձոր), Ստեփանաւան քաղաքներու, բազմաթիւ այլ բնակավայրերու մէջ:
Երկրաշարժը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, խլեց 25 հազար կեանք, հարիւր հազարաւոր մարդիկ մնացին անօթեւան: Ուղղակի նիւթական կորուստները կը գնահատուին շուրջ 10 միլիառ տոլարով։ Եւ մինչ օրս կան բազում չլուծուած հարցեր. աղէտի գօտին դեռ ամբողջովին չէ վերականգնուած, հազարաւոր մարդիկ դեռ տնակներու մէջ կ՚ապրին:
Հայաստանի ընտրութիւններ. «Իմ Քայլը» առաջատար. ԲՀԿ եւ «Լուսաւոր Հայաստան» նոյնպէս խորհրդարան պիտի մտնեն
Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած արտահերթ ընտրութիւնները հասան իրենց լրումին։
Նախնական տուեալները չեն խօսիր մեծ կամ անսպասելի անակնկալներու մասին եւ ինչպէս նախատեսուած էր վարչապետ Փաշինեանի առաջնորդած «Իմ քայլը»ը կուսակցութիւններու դաշինքը պիտի դառնայ Հայաստանի Ազգային ժողովի գլխաւոր ուժը։
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ եւ երրորդ դիրքերուն, ապա շատ հաւանական է, որ Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ Էտմոն Մարուքեանի առաջնորդած «Լուսաւոր Հայաստան»ը գրաւեն այդ դիրքերը։
Անշուշտ այս ընտրութիւններու աւարտին ամենէն աւելի ծանր անակնկալի առջեւ կանգնած պիտի ըլլան «Հանրապետական» կուսակցութիւնը, որ այս պահու տուեալներով կը զբաղեցնէ ամենէն շատ քուէ ստացած քաղաքական ուժերուն 5-րդ հորիզոնականը։
Բոլորովին այլ է ՀՅԴ-ի պարագան, որ մեծ քուէներ ստացած է Հայաստանի լեռնային շրջաններուն մէջ, սակայն տուժած՝ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։
Յստակ է նաեւ, որ այս ընտրութիւնները պիտի ամրագրեն վարչապետ Փաշինեանի օրէնսդրական հենքերը, վարչապետին եւ անոր քաղաքական խումբին տալով խորհրդարանի ամբողջական նեցուկը։
Ամէն պարագայի ուսանելի շատ դասեր կը պարունակեն այս ընտրութիւնները եւ անգամ մը եւս կը վերահաստատեն, որ վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին, Հայաստանի խրոխտ ժողովուրդին։
Լեւոն Մնացականեան ազատուած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան ազատուած է իր պաշտօնէն, կը տեղեկացնեն «5-րդ ալիք»էն:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այսօր Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին ներկայացուցած է նոր հրամանատար՝ Կարէն Աբրահամեանը:
Յիշեցնենք, որ Լեւոն Մնացականեան Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնին կը ծառայէր 2015 թուականէն սկսեալ։
2019-ը՝ Նոր յոյսերու տարին
Կը փակենք 2018 թուականը եւ նոր յոյսերով կը դիմաւորենք նորը։ Անցնող տարին ոչ միայն մեծ իրադարձութիւններու, դէպքերու եւ ի վերջոյ յեղափոխութեան տարին հանդիսացաւ, այլեւ եղաւ յատկապէս ուղենշային տարի մը։
Ուղենշային, որովհետեւ սաղմային վիճակէն դուրս եկաւ Հայաստանը եւ այսօր նոր յոյսերով իր թեւերը պարզած կը նայի ապագային։
Ամբողջ հայութեան փափաքն է, որ Հայաստանի ծանր զարգացումներու, դէպքերու մեծ փոփոխութիւններու փուլը ի վերջոյ խաղաղի։ Խաղաղին բոլոր ջուրերը, մարդիկ հանգիստ հայեացքով նային վաղուան եւ անցնին նոր կարեւոր փուլի մը, որն է վերակառուցման ու յատկապէս տնտեսական հզօրացման հանգրուանը։
Կա՞ն մտահոգութիւններ, այո, ի հարկէ կան։ Կա՞ն մտավախութիւններ, ի հարկէ կան, բայց եւ այնպէս, անցեալ ապրիլ-մայիս ամիսներուն Երեւանի մէջ եղած դէպքերը հաշուի առնելով՝ պարտաւոր ենք արձանագրել, որ Հայաստանի ժողովուրդը կարողացաւ ամէն կերպով պահպանել երկրի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը։
Եթէ մեր ժողովուրդը իրապէս տէրը չըլլար այդ մօտեցումին ու չսիրէր իր հողն ու ջուրը, ապա ոչ մէկ ուժ կրնար այդքան լարուած վիճակին մէջ պահել ու պահպանել Հայաստանի ներքին կայունութիւնը։
Այս արդէն մեծագոյն գրաւականն է, որուն վրայ հիմուելով եւ որուն կառչելով է միայն, որ պիտի կարողանանք հասնիլ նոր յաղթանակներու...
Ներքին կայունութիւն, սահմաններու անվտանգութիւն եւ տնտեսական զարգացում. ահա՛, այս երեքին միջոցաւ է, որ մեր երկիրը պիտի ապրի ու ապրեցնէ Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան մեծ երազը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան