Կու գամ Պոլիս կամ Պոլիսէն

Պոլիս չեմ ծնած։

Ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան, 27 տարի առաջ։ Կեանքիս մեծ մասի ընթացքին Պոլիսը ինծի համար, այնպէս ինչպէս սովորական լիբանանահայուն, գրեթէ գոյութիւն չունէր։ Լաւագոյն պարագային՝ պատմութեան խորքէն եկող անուն մըն էր, կցուած այս կամ այն արեւմտահայ բանաստեղծի կենսագրութեան, որուն հետ ես ու ընկերներս առերեսուած ենք դասագրքերու ընդմէջէն։ Կը յիշեմ նոյնիսկ «ծնած է Թիֆլիզ, մեռած է Պոլիս» պատանեկան կատակը, զոր կ՚ընէինք փորձելով վերյիշել այդ կենսագրութիւններէն մէկը կամ միւսը։ Այդ էր Պոլիսը ինծի համար. «Կ.Պոլիս»՝ յաճախ, «Իսթանպուլ»՝ երբեք։

Օր մըն ալ հայրս տխուր ձայնով մը ըսաս՝ «Հրանդ Տինքը սպաններ են...

-Ու՞ր

-Պոլիս»։

Եւ Պոլիսը դուրս ելաւ Ճեմարանի դասագրքէս, կտրեց աւելի քան դար մը տարածութիւն, ու եկաւ մօտս արդէն որպէս իրական վայր, ժամանակակից քաղաք, Իսթանպուլ։

Թէեւ 2013-ի ամրան առաջին անգամ ըլլալով ոտք դրի այնտեղ, բայց շատ կարճ եղաւ այցս ու մակերեսային։ Իսթանպուլը, Պոլիսն ու պոլսահայերը տեսնել ու քիչ-քիչ հասկնալ պիտի սկսէի տարի մը ետք միայն, 2014-ի ամրան, երբ առի մինչեւ օրս տեւող ակադեմական ուսումնասիրութեանս առաջին քայլը։ Մագիստրոստի վկայականիս համար գրելիք ուսումնասիրութեանս լիցք ու հիմնաւորում տալու նպատակով կատարուած այդ այցս տեւեց 28 օր։ Այցելեցի բազմաթիւ եկեղեցիներ, դպրոցներ, խմբագրատուներ, միութիւններ, ընտանեկան օճախներ, վարեցի աւելի քան յիսուն հարցազրոյց՝ Պոլսոյ մէջ հայկական կեանքի տարբեր երեւոյթներուն մասին։ Բայց սա դեռ միայն սկիզբն էր։

2015-ի սեպտեմբերին նորէն գացի Պոլիս, արդէն տոքթորական աշխատասիրութեանս համար երկարաժամկէտ կեցութիւն հաստատելով։ Ամբողջ 18 ամիսներ ապրեցայ Քուրթուլուշ հայաբնակ թաղամասին մէջ, թէեւ որոշ կարճատեւ ճամբորդութիւններով գացի Թուրքիոյ արեւելեան քաղաքներ ու գիւղեր եւս։ Այդ ընթացքին յարաբերուեցայ ոչ միայն աւանդական պոլսահայութեան, կամ «համայնք»ին հետ, ինչպէս իրենք կ՚ըսեն, այլ նաեւ՝ քաղաքի երկու միւս հայկական հատուածներուն։ Խօսքը յետսովետական ժամանակաշրջանին Հայաստանէն Պոլիս արտագաղթած մի քանի տասնեակ հազարներուն, ինչպէս նաեւ 2000-ականներէն սկսեալ քիչ-քիչ աւելի հանրաճանաչ դարձող մահմետական կամ ալեւի հայերուն մասին է։

Ուսումնասիրական կեցութեան աւարտէն ետք, այդ բոլորին մասին արդէն իսկ արտայայտուած եմ որոշ առիթներով, բայց ընդհանրապէս մասնագիտական ակնոցով ու լեզուով՝ հասարակութիւն, ինքնութիւն, պետութիւն, փոքրամասնութիւն, քաղաքականութիւն, եւ այլն։ Ինչքան ալ հետաքրքրական ըլլան ինծի համար, այդ հրապարակումներէս կամ ելոյթներէս դուրս մնացած է ու պիտի մը-նայ շատ բան, որ, կը կարծեմ, պիտի հետաքրքրէր ակադեմական հետա-քըրքրութիւն չունեցող մարդիկը եւս։

 «Ի՞նչ տեսար», «ի՞նչ զգացիր», «ինչպէ՞ս էին», «ի՞նչ կը պատմես», «ի՞նչ կար յիշարժան», յաճախ հարցուցին մարդիկ։ «Հայերէնո՛վ ալ գրէ», ըսին ոմանք, բայց առիթը չէր եղած, մինչեւ որ քանի մը օրեր առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթէն ստացայ յօդ-ւածներով աշխատակցելու առաջարկը։ Ամանորի նուէր մըն էր թերեւս ինծի, քանի որ իսկապէս խանդավառեց զիս։ Վերջապէս առիթ մը ստեղ-ծըւեցաւ, Պոլսոյ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ տեսած ու ապրածս հանրամատչելի կերպով ու հարազատ մայրենի լեզուով թուղթին տալու, վերյիշելու, վերապրելու։

Ամանորէն սկսեալ պիտի բանամ այդ նուէր-տուփիկս, մէջէն քիչ-քիչ դուրս պիտի հանեմ Պոլսէն յիշատակներս, տպաւորութիւններս, խոհերս, եւ կիսեմ զանոնք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն հետ. թող այդ ալ իմ փոքրիկ նուէրս ըլլայ անոնց։

Մտքովս նո­րէն կու գամ Պո­լիս
կամ
յու­շե­րովս կու գամ Պո­լի­սէն։

​ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018