ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՇԱՐԺՈՒՄ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Տոց. Թորոս Ալճան երէկ ծաւալուն եւ կարեւոր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին ընթացքին։ Այս ստորագրման արարողութեան վստահաբար ապագային պիտի վերագրուի պատմական նշանակութիւն, սակայն Թորոս Ալճանի բացատրութիւնները այդքանով սահմանափակուած չէին։ Ան թէեւ մանրամասնեց Գալֆաեանին եւ Դպրեվանքին ամբողջականացման ծրագիրը, սակայն խորքին մէջ ներկայացուց մեր կրթական կեանքին տեսակէտէ բախտորոշ շարժում մը։ Ան այս երկու վարժարաններուն միացումը բնորոշեց որպէս ներկայ դարու մեծ կրթական ծրագրին սկիզբը։ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի ամբողջականացումը կը նշանակէ նոյն ամբողջի երկու կէսերուն միացումը։ Թորոս Ալճանի դիտարկումներով, մեր համայնքէն ներս կրթական խնդիրը այլեւս պէտք է ձեռք առնուի ամբողջական հեռա-նըկարներով։ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի օրինակը կրնայ ձգողականութիւն մը ստեղծել, եթէ տեսանելի դառնան յաջողութիւնները։ Հարցը միայն մանկավարժական եւ տնտեսական գետնի վրայ միացումով մը սահմանափակ չէ։ Արդարեւ, Ալճանի խօսքերով, կրթական աշխարհի փոփոխեալ չափանիշներուն քայլ յարմարցնելու մարտահրաւէր մը ծառացած է մեր վարժարաններուն առջեւ։ Այդ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու հիմնական նախապայմանն է թափանցիկութիւնը։ Թրքահայ կեանքէն ներս միասնականութեան ոգիով, ներդաշնակութեամբ գործելու մշակոյթի վերահաստատման առաջին կայծն ալ կրնայ հա-մարուիլ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի ամբողջականացման ծրագիրը։ Թորոս Ալճան շեշտեց նաեւ, թէ քաղաքի Ասիական ափի երեք վարժարանները երկար ժամանակէ ի վեր կը ծաւալեն համատեղ աշխատանք։ Ներկայ ամբողջականացման նախագիծը առաջին հերթին թէեւ ուղղակիօրէն կը վերաբերի Գալֆաեանին եւ Դպրեվանքին, սակայն մանաւանդ մանկավարժական, ակադեմական առումով հեռանկարներէն անպակաս կը համարուի նաեւ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը։ Համայնքային վարիչներուն հետ իր տեսակէտները բաժնելու ժամանակ՝ Թորոս Ալճան յայտնեց, թէ մեր բոլոր վարժարանները պէտք է ունենան հասարակաց կառավարման դրութիւն մը, անոնք պէտք է ղեկավարուին նո՛յն միտքով, նո՛յն տրամաբանութեամբ։
Գալֆաեանն ու Դպրեվանքը յառաջիկայ շրջանին պիտի ունենան հասարակաց պիւտճէ մը, համատեղ պիտի արժեւորուին անոնց կալուածները։ Միասնաբար պիտի հետապնդուին անոնց պատկանող կալուածներու վերաբերեալ սեփականութեան իրաւունքի հարցերը։ Թորոս Ալճան միասնականութիւնը անհրաժեշտ նկատեց հայ դպրոցը մրցունակ դարձնելու տեսակէտէ։ Իսկ տուեալ ամբողջականացման պարագային նախատեսուած քայլերը, մշակուած ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի փուլ առ փուլ։ Կարճաժամկէտ ու միջնաժամկէտ նպատակներու հետամուտ պիտի ըլլան խնամակալները։ Առաջին հերթին գլխաւոր թիրախը պիտի ըլլայ իգական սեռէ մեր լիսէականներուն համար ննջարան մը ապահովելու ուղղեալ պաշտօնական թոյլտուութեան ձեռքբերումը։ Այս ուղղութեամբ պատասխանատուները ձեռնարկած են աշխատանքի եւ անոնց ջանքերուն իր աջակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայկ Նշան։ Այս հանգամանքը ընդգծելէ վերջ Թորոս Ալճան աւելցուց, թէ կրթական աշխատանքը պիտի վերակազմակերպուի՝ ֆիզիքական տարտղնածութիւնը յաղթահարելու առաջադրութեամբ։ Աշակերտները պիտի համա-խըբուին նոյն միջավայրին մէջ։ Սա բնականաբար պիտի ըլլայ աստիճանաբար, սակայն հիմնականին մէջ սոյն սկզբունքը որդեգրուած է որպէս առաջնահերթութիւն։ Յառաջիկայ շրջանէն սկսեալ անմիջապէս երկու վարժարաններու աշակերտական փոխադրամիջոցները պիտի միացուին, նոյնպէս խոհանոցները։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը ներկայիս բաւական հասունցուցած է հաստատութեան պատկանող կալուծի մը սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման գործընթացը։ Երբ համապատասխան իրաւական պայքարը պսակուի յաջողութեամբ, ապա ստեղծուելիք հասոյթներու հեռանկարին զուգահեռ՝ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի համար տարեկան հանգանակութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը պիտի վերջանայ։ Հաւանաբար, 2015 թուականին կազմակերպուելիք սիրոյ սեղանները վերջինը պիտի ըլլան՝ տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու մղումով։ Ալճան յայտնեց, որ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի խնամակալութիւնները յարմար կը դատեն, որպէսզի այս հանգրուանին պիւտճէները վաւերացուին նաեւ Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADİP) ելմտական յանձնախումբին կողմէ։
Ըստ Թորոս Ալճանի, աւելի վերջ 4+4+4 դրութեան համապատասխան կրթական ընդարձակ համալիրի մը կառուցման պիտի ձեռնարկուի Սկիւտարի մէջ, Գալֆաեանի անցեալի վարժարանի շէնքի տարածքին վրայ։ Ծանօթ է, որ այդ տեղը ներկայիս կ՚օգտագործուի որպէս ննջարան։ Նոր նախատեսուած կրթական համալիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ արհեստագիտական լիսէ մը։ Այսպէսով քաղաքի Ասիական ափին համայնքը պիտի ունենայ կատարեալ կրթական համալիր մը, որու կառուցման, ենթագետնի ձեւաւորման եւ պաշտօնական թոյլտուութիւններուն ապահովման համար պիտի տարուի հսկայական աշխատանք։ Մինչ 2016 թուականէն սկսեալ սիրոյ սեղաններու անհրաժեշտութիւնը պիտի դադրի, նոր համալիրի կառուցման թափը կախում պիտի ունենայ հիմնական երկու հանգամանքէ։ Ալճանի խօսքերով, առաջինն է՝ թոյլտուութիւններու ապահովումը, իսկ երկրորդը՝ նիւթական միջոցներու գոյացումը։
Թորոս Ալճան, թէեւ տակաւին ոչ ստոյգ, սակայն սկզբնական մտադրութիւններու մասին խօսեցաւ նաեւ նոր կրթական համալիրի կառուցումէն վերջ հին շէնքերուն ունենալիք ճակատագրին շուրջ։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ներկայ շէնքին ճակատագիրը պիտի ճշդուի Դպրեվանքի ընտանիքի անդամներուն կողմէ։ Գալֆաեան Տան ներկայ կրթական համալիրը, որ անցեալի Սէմէրճեան-Ճեմարան վարժարանի շէնքն է, ապագային հաւանաբար վերածուի կրթական գործերու կազմակերպման եւ ծրագրաւորման կեդրոնի մը։ Իսկ նոր համալիրը, ակնյայտ է, որ պիտի կառուցուի Գալֆաեանի ներկայ ննջարանի շէնքի տարածքին վրայ։ Թորոս Ալճան շեշտեց, որ երկու խնամակալութիւնները լիարժէք փոխըմբռնման մէջ են նաեւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եւ Ս. Կարապետ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն հետ։ Արդարեւ, Դըպ-րեվանքի ներկայ համալիրի պատմական շէնքն ալ կը պատկանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ։
Թորոս Ալճան շեշտեց, թէ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի զօրակցութեան գործընթացէն ներս հաշուի առնուած են Հանրապետական շրջանին մեր համայնքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, մեր համայնքին դիմագրաւած խնդիրները, սակայն երբեք չեն ուզած անցեալի հաշուեյարդարը ընել։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ կրթական բնագաւառէ ներս կ՚ապրուի մեծ յեղաշրջում մը եւ մեր համայնքը պէտք է ձեռնարկէ համապատասխան քայլերու։ Կրթական հիմնախնդիրները պէտք է անպայման յաղթահարուին, որովհետեւ կրթութիւն ջամբելէ դուրս ճանապարհով մը գոյատեւելու հեռանկարը չունի մեր համայնքը։ Ալճանի դիտարկումներով, թէեւ տնտեսական առումով կրնան ըլլալ դժուարութիւններ, սակայն ընկերային տեսանկիւնէն յուսադրիչ ժամանակաշրջան մը կ՚ողջունէ թրքահայութիւնը, որ իրականութեան մէջ պէտք է ճանապարհ հարթել՝ իր մարդուժը համատեղ, հասարակաց օգտագործելու ուղղութեամբ։ «Մենք վագըֆները կամ դպրոցները չենք միացներ, այլ կ՚ապահովենք անոնց միասնականութիւնը», ըսաւ Թորոս Ալճան եւ աւելցուց, թէ մեր դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը կը հասնի երեք հազարի, սա իրականութեան մէջ փոքր համակարգ մըն է, ինչ որ բարեփոխման հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ։ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի պարագային արձանագրուելիք յաջողութիւնը ի զօրու պիտի ըլլայ ամբողջ համայնքէն ներս համախմբման շարժումի մը ծնունդ տալու։
Ի լրումն այս բոլորին, Ալճան ամբողջականացման ծրագրի գործնական հանգրուաններուն համար անդրադարձաւ երկու վարկածներու։ Այդ երկու հաւանականութիւնները գոյացած են մեր համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութեան յետաձգուած ըլլալուն հետեւանքով։ Եթէ յառաջիկայ ամառէն առաջ ընտրութիւններու ձեռնարկուի, ամբողջականացման աշխատանքները պիտի տարուին նոր կազմերով, այլապէս, ներկայ պատասխանատուները պիտի ձեռնարկեն գործնական քայլերու։ Յառաջիկայ ընտրութիւններուն հասարակաց վարչութեան մը կազմը պիտի գոյանայ Գալֆաեանի եւ Դպրեվանքի համար։
Թորոս Ալճանի խօսքէն վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ըսաւ, թէ պէտք է սորվինք գործել մէ՛կ համայնքի նման։ Ան աւելցուց, որ միութեան, միասնականութեան եւ զոհողութեան կամքով պիտի յաղթահարուին մեր խնդիրները։