«Ի ՎԷԳ ԵՒ Ի ՎՍԵՐ ԳԱԼ»

Ասացուածքներ կան, որոնք թէեւ շատ լսուած եւ ընդհանրացած չեն, բայց խոր իմաստ ունին եւ շատ բան կ՚ըսեն։ Ահաւասիկ, այդ ասացուածքներէն մին է, որ մեզի յիշեցուց մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահեր, հաճելի զրոյցներէն մէկուն ընթացքին, որ յաճախ կատարելու հաճոյքը կ՚ունենանք իր հետ՝ հեռախօսի վրայ։ Արդարեւ, օգտակար եւ շահեկան խօսակցութիւններ կ՚ըլլան այդ զրոյցները եւ կ՚օգտուինք անոնցմէ, քանի որ միշտ նոր բան մը կը սորվինք եւ կամ կը յիշենք, կը նորոգենք մեր գիտելիքները։ Ուստի, ամէն խօսակցութիւն ճշմարտութեան յայտնութիւն մը կ՚ըլլայ եւ պատճառ՝ ընդլայնացնելու մեր գիտելիքներու սահմանները։

Յաճախ կը կրկնենք՝ թէ գիտութիւնը սահման չունի, եւ իրապէ՛ս մարդուս ամբողջ կեանքը չի բաւեր ամէն ինչ գիտնալու, եւ ուրեմն ինչ բան որ սորվի մարդ, իր մտաւոր աշխարհին համար պէտք է շա՛հ սեպէ, անշուշտ անդրադառնալով թէ տակաւին շա՜տ բան կայ սորվելիք, շա՜տ գիտելիք կայ, որոնք շատ հեռու են մարդկային մտքի կարողութենէն եւ տարողութենէն։

Ահաւասիկ, անոնցմէ մէկը եղաւ վերոյիշեալ ասացուածքը՝ թէ «ի վէգ եւ ի վսեր գալ» կարճ նախադասութեամբ արտայայտուած էր…։

Ասացուածքներուն կարճ կամ երկար ըլլալը չէ՛ որ անոնց արժէք կ՚ընծայէ, այլ՝ անոնց յայտնել ուզած իմա՛ստը։ Ուստի կան երկա՜ր խօսքեր որ ո՛չինչ կ՚ըսեն, եւ կան կա՛րճ խօսքեր որ շա՜տ բան կ՚ըսեն, իմա՛ստ կը պարունակեն իրենց մէջ։

Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ. «ի վէգ եւ ի վսեր գալ» ասոյթը։

Ըստ Ռուբէն Ղազարեանի «Գրաբարի Դարձուածաբանական բառարան-2012»ի, «ի վէգ գալ» կը նշանակէ՝ վիճիլ, կռուիլ, հակառակուիլ, որ է՝ ընդդիմանալ, ընդդիմադրել, պայքարիլ։

Իսկ «ի վսեր եկեալ» կը նշանակէ՝ մեռնելու վտանգի ենթարկուելով, մահը աչքն առած, որ կը նշանակէ՝ ամէն ինչ աչքը առնել, ի գին ամէն բանի գաղափար մը պաշտպանել։

Եւ ուրեմն, «ի վէգ (գալ) եւ ի վսեր գալ» կը նշանակէ՝ ամէն ինչ աչքը առնելով պայքարիլ, ընդդիմանալ, այսինքն մահն իսկ աչքը առնելով գաղափար մը, հաւատալիք մը կամ սկզբունք մը պաշտպանել, տէ՛ր կանգնիլ անոր։

Զոր օրինակ, «սէր»ը՝ ամէն բան աչքը առնելով սիրել, մահն իսկ աչքը առնելով սիրել…։

Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով, Քրիստոսի խօսքը. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար», (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Ուստի, սիրոյ զգացումին՝ այն ազնիւ եւ աստուածատուր զգացումին չափանիշն է՝ ի գին մահու պահել զայն, ինչպէս պէտք է պահպանել եւ պաշտպանել ճշմարտութիւնը՝ որ է Աստուա՛ծ։ Բայց եթէ նկատի ունենանք որ Աստուած Սէ՛ր է, ապա ուրեմն Սէրն ալ պէտք է պահպանուի «ի գին ամէն բանի» եւ մահն իսկ աչքը առնելով։

Արդարեւ, բարոյական գերազանց սկզբունքներ կան՝ որոնք միջավայր չունին՝ տիեզերական են անոնք, ժամանակ չունին՝ յաւիտենական են անոնք։ Ահաւասիկ այդ կարգի սկզբունքներէն մին է՝ «ի վէգ եւ ի վսեր գալ», այսինքն հաւատալիքի մը համար, համոզումի մը համար մահն իսկ աչքը առնել, ի գին ամէն ինչի պահպանել եւ պաշտպանել զանոնք։

Արդարեւ, Քրիստոս, ընկերին կամ հանրութեան օգուտը նկատի առնելով մեր վրայ կը դնէ ծանր պարտաւորութիւններ, ինչպէս մահն իսկ աչքը առնել, զոհել ամէն ինչ եւ զոհուի՛լ։ Այդ ծանր պարտաւորութիւնները աւելի բարձր են եւ նուիրական՝ քան կեանքը, կամ ընդհանրապէս «հացի խնդիր»ը։

Կեանքը կրնայ առժամանեայ կերպով դժուարանալ եւ մինչեւ իսկ վտանգի ենթարկուիլ, սակայն ընկերի խնդիրը - հանրային գործը, եթէ անտարբերութեան մատնուի, այն ատեն մշտնջենապէս կը վտանգէ թէ՛ հանրութեան եւ թէ՛ մեր կեա՛նքն ալ, պատիւն ալ, գոյութիւնն ալ։ «Պէտք է ընենք ընկերին համար այն ամէնը՝ ի՛նչ որ կ՚ուզենք որ ընկերը մեզի ընէ». ընել ընկերին բարիքին՝ ո՛չ թէ անոր չարիքին համար, որովհետեւ այդ չարիքը անոր կամենալով՝ մեզի համար եւս կամեցած կ՚ըլլանք։ Եւ ահաւասիկ, սիրոյ զգացումին խորը կը գտնուի իր նմանին հանդէպ նոյն զգացումները ունենալ, նոյն բաները խորհիլ, ուրիշ խօսքով՝ զգացումները եւ մտածումները նոյնացնել իր եւ ուրիշին նկատմամբ։

Եթէ կը սիրենք մեր անձին բարիքը, ուրեմն պէտք չէ՛ սիրենք մեր ընկերին չարիքը։

Ընկերական այդ սրտաբուխ, անկեղծ սէրը հոս բոլորովին փոխադարձ է, եւ փոխադարձ սէրը չարիք չի մտածեր բնաւ ընկերին համար, չ՚ուրախանար՝ երբ անիրաւութիւն մը պատահի անոր, այլ կ՚ուրախանայ երբ արդարութիւնը՝ իրաւունքը՝ ճշմարտութիւնը երեւան կու գան, եւ իր ընկերը ատոնց արդիւնքը կը վայելէ, ինչպէս որ իրեն համար նոյնը կը ցանկանար։

«Սէրը չարը չի խորհիր, ո՛չ ալ կը խնդայ անիրաւութեան, այլ կը խնդայ ստուգութեան»։ Ահա՛ Ս. Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներու գրուած Ա. նամակին ԺԳ գլխուն մէջ՝ մեզի համար տրուած դա՛սը։

Ուստի սիրոյ Աստուածը, խաչեցեալն Աստուած զոհողութեան եւ պտղաբերութեան Աստուածն է. զոհողութիւն կը պահանջէ ճշմարիտ սէրը, քանի որ Ան զոհուեցաւ խաչին վրայ մարդկութեան փրկութեանը համար, ճիշդ այն խօսքին մարմնացումը եղաւ երբ կ՚ըսէր՝ թէ ամենամեծ սէրը կը պահանջէ մինչեւ իսկ զոհել ինքզինք եւ տալ իր կեանքը. «ի վէգ եւ ի վսեր գալ»։

Եւ սակայն Յիսուս իր աշակերտներուն կ՚ըսէ եւ կը հաստատէ, թէ անկարելի է որ ընկերական յարաբերութիւններու մէջ գայթակղութիւններ՝ իրարու դէմ թերութիւններ չպատահին։ Մտքի, բարոյական նկարագրի, տարիքի, դասակարգի, պաշտօնի եւ այլ շատ մը տարբերութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար յառաջ եկած են մարդկային ընկերութիւններու մէջ՝ բնական եւ տնտեսագիտական յեղաշրջումով յառաջ կը բերեն բաղխումներ իրարու հետ ապրող ամենէն սիրելի անձերու միջեւ իսկ։ Գուցէ անասնական բնազդ մըն է այդ, բայց մարդը՝ որ օժտուած է բանականութեամբ, պէտք է յաղթահարէ այդ բնազդը, քանի որ ան կոչուած է կատարելութեան։

Եւ ճարն է ահաւասիկ՝ «ի վէգ եւ ի վսեր գալ», ո՛չինչ համարելով մահն իսկ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 10, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019