Կենսունակ դառնալու աւիշ

Կրթա­կան բնա­գա­ւա­ռը թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր նոյ­նա­ցած է քա­րա­ցած խնդիր­նե­րով։ Վէրք մը, որ կը կոտ­տայ շատ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ու չի սպիա­նար դժբախ­տա­բար։

Ե­րե­ւոյ­թին մտա­հո­գիչ բնոյ­թը կը շեշ­տուի այն հան­գա­ման­քի լոյ­սին տակ, թէ մեծ զո­հո­ղու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին, վիթ­խա­րի մի­ջոց­ներ կը ներդ­րուին մեր վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար։ Սկզբուն­քօ­րէն, այդ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը միշտ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է եւ ու­նի մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս, սա­կայն շատ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր այս հա­մայն­քին քա­ղած ար­դիւն­քը այն­քան տկար է, որ կար­ծես, թէ այդ սկզբուն­քէն ա­կա­մայ կամ գործ­նա­կա­նօ­րէն շե­ղե­լու պա­րա­գայ մը յա­ռա­ջա­ցած է։

Դառն ախ­տա­ճա­նա­չու­մը այն է, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րու ցան­ցը տկա­րա­ցած է, նուա­զած՝ մեր դպրոց­նե­րուն ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, մեր կրթա­կան դրու­թիւ­նը փտած է, ան­դա­մա­լու­ծուած՝ հա­մա­կար­գը։ Այ­լան­դակ վի­ճակ մը կայ ընդ­հա­նուր առ­մամբ։ Բնա­կա­նա­բար, կա­րե­լի է ան­սահ­մա­նօ­րէն եր­կա­րել այս տխուր ի­րադ­րու­թեան նկա­րագ­րու­մը, բայց ի՛նչ օ­գուտ։

Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով նշած ենք, թէ կայ պարզ հա­շուարկ մը։ Պոլ­սա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ այ­սօր ու­սում կը ստա­նայ շուրջ ե­րեք հա­զար ա­շա­կերտ։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ վեր­ջին տա­սը տա­ր-ւան ըն­թաց­քին մի­ջին հա­շուով շուրջ ե­րե­սուն հա­զար ա­շա­կերտ ան­ցած է մեր վար­ժա­րան­նե­րու նստա­րան­նե­րէն։ Իսկ մենք այս վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, այդ ե­րե­սուն հա­զար ա­շա­կերտ­նե­րու շար­քին ու­նե­ցա՞ծ ենք գո­նէ ե­րեք շրջա­նա­ւարտ, որ կա­տա­րել կամ ա­նոր մօտ մա­կար­դա­կով տի­րա­պե­տէ հա­յոց լե­զուին եւ նոյն մա­կար­դա­կով ծա­նօ­թու­թիւն մը ու­նե­նայ մեր հա­ւատ­քին մա­սին։ Ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րու հա­մար մաս­նա­գէտ­նե­րէն ա­ռաջ իյ­նա­լը կամ զա­նոնք կան­խե­լը, ան­տա­րա­կոյս, կ՚ըլ­լայ մա­կե­րե­սայ­նու­թիւն, բայց եւ այն­պէս ե­րե­ւոյ­թը բո­լո­րի աչ­քին առ­ջեւ է՝ ա­մե­նայն յստա­կու­թեամբ, ան­վի­ճե­լի բնոյ­թով։

Այլ խօս­քով, մեր վար­ժա­րան­նե­րը այ­սօր շե­ղած են ի­րենց բուն ա­ռա­քե­լու­թեան ճա­նա­պար­հէն։ Ա­նոնք դադ­րած են ծա­ռա­յե­լէ ի­րենց գո­յու­թեան նպա­տա­կին, ո­րով­հե­տեւ պատ­շաճ ձե­ւով չեն ջամ­բեր լե­զուի եւ կրօ­նի ու­սում։ Սա չի՛ նշա­նա­կեր, որ ա­նոնք միայն լե­զու եւ կրօն պի­տի դա­սա­ւան­դեն, սա չի՛ նշա­նա­կեր, որ մնա­ցեալ­նե­րը երկ­րոր­դա­կան պի­տի դա­սուին։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ պի­տի կեր­տուին կա­տա­րեալ մար­դիկ ու կա­տա­րեալ հա­յեր։ Մի­թէ կրնա՞յ ըլ­լալ մէ­կը միւ­սի հաշ­ւոյն։ Հար­ցումն ան­գամ ծի­ծա­ղե­լի է։

Իւ­րա­քան­չիւր հաս­տա­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան յա­ջո­ղու­թիւ­նը չա­փե­լու ժա­մա­նակ ա­ռա­ջին հեր­թին հա­շուի կ՚առ­նուին այն հան­գա­մանք­նե­րը, ո­րոնք տուեալ կա­ռոյ­ցի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն հետ ա­ռըն­չուած են։ Ա­ւե­լի վերջ է, որ նկա­տի կ՚առ­նուին ընդ­հա­նուր հան­գա­մանք­նե­րը։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր պոլ­սա­հայ վար­ժա­րան­նե­րէն ներս ան­տե­սուած է հա­յե­րէ­նը։ Բո­լո­րը, առ ե­րե­ւոյթ, մայ­րե­նիի նկատ­մամբ սէր փա­ռա­բա­նե­լով, տխուր խաբ­կան­քի մը տար­րե­րը դար­ձած են դժբախ­տա­բար։ Ա­յո՛, ան­տե­սուած է հա­յե­րէ­նը։ Այ­լա­սե­րած, այ­լան­դա­կած մեր վար­ժա­րան­նե­րը այ­սօ­րուան կա­ցու­թեան հա­սած են ամ­բո­խա­վա­րու­թեան եւ անսկզ­բուն­քայ­նու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ։ Մսխուած են այս ժո­ղո­վուր­դին մի­ջոց­նե­րը, անխ­նաօ­րէ՛ն։ Ի՛նչ բա­րե­փո­խում, ի՛նչ նո­րու­թիւն որ կա­տա­րուած է կէս ու կիս­կա­տար, եր­բեք խոր­քա­յին ձե­ւով չէ ընդգր­կած հա­յե­րէ­նը։ Անխղ­ճօ­րէն այս հա­մայն­քի աչ­քին առ­ջեւ դրուած են վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­ներ, ըստ ո­րոնց մեր վար­ժա­րան­նե­րը յա­ճա­խող ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն պատ­կա­ռե­լի տո­կո­սը կա­րե­ւո­րու­թիւն չ՚ըն­ծա­յեր հա­յոց լե­զուի ու­սուց­ման։ Եւս ա­ռա­ւե՛լ, ո՛չ մէ­կը հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­ցած է ու­րիշ վար­ժա­րա­նի մը դու­ռը ցոյց տա­լու այդ­պի­սի­նե­րուն։ Առ­կայ վի­ճա­կը, ուղ­ղա­կիօ­րէն, ա­մօ­թա­լի է, իսկ այդ ա­մօ­թը ընդգ­ծե­լու պատ­ճա­ռը կամ մղու­մը չէ ոե­ւէ մէ­կը վի­րա­ւո­րել կամ փնտռել մե­ղա­ւոր­ներ, քա­ւու­թեան նո­խազ­ներ։ Հա­ւա­քա­կան ա­մօթ­նե­րը կը շեշ­տուին միայն ու միայն դաս քա­ղե­լու հա­մար։ Հա­ւա­քա­կան ա­մօթ­նե­րը կրնան յաղ­թա­հա­րուիլ միայն ու միայն հա­ւա­քա­կան ճի­գե­րով, որ­պէս­զի միաս­նա­բար նոր ճա­նա­պարհ մը գտնե­լը դառ­նայ հնա­րա­ւոր։

Մեր վար­ժա­րան­նե­րու այ­սօր մատ­նուած փա­կու­ղին ինչ­պէ՞ս պի­տի յաղ­թա­հա­րուի, ա­ռանց այ­լեւս եր­կա­րե­լու առ­կայ յու­սալ­քու­թիւ­նը։ Մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի ձա­խող­ման եր­կար ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ի՞նչ ցոյց կու տայ մե­զի։ Սա պէտք է ը­նել ա­պա­գայն ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար, ա­պա գո­նէ պէտք է հասկ­նալ, թէ այ­լեւս ի՛նչ բան պէտք չէ ը­նել։

Ներ­կա­յիս գաղտ­նիք չէ, որ մեր լի­սէ­նե­րուն մէջ հա­յե­րէ­նի դա­սա­ժա­մե­րուն, հա­յոց լե­զուի ու­սու­ցի­չը կրնայ յանդգ­նիլ տղոց ը­սե­լու, թէ մէկ կողմ թո­ղուի հա­յե­րէ­նը եւ խօսք ծա­ւա­լուի ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րու շուրջ։ Ա­ռանց հայ­կա­կա­նու­թեան ա­կունք­նե­րուն հաս­նե­լու բա­նա­լին ա­շա­կերտ­նե­րուն յանձ­նե­լու, ա­ռանց տար­րա­կան գի­տե­լի­քը փո­խան­ցե­լու՝ են­թա­կա­յա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րով ինք­նու­թիւն կեր­տե­լու ջան­քե­րը ո­րե­ւէ ա­ռողջ ար­դիւն­քի գե­տին չեն կրնար պատ­րաս­տել։ Ան­հա­տի սոր­վե­լու, գիտ­նա­լու ա­զա­տու­թիւ­նը, ներ­թա­փան­ցե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կա­մայ թէ ա­կա­մայ կաշ­կան­դե­լը ո՞ւր կրնայ տա­նիլ հայ դպրո­ցը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րը ո­մանց հա­մար ու­ղեղ լուա­լու փոր­ձեր ը­նե­լու մի­ջա­վայ­րեր պէտք չէ ըլ­լան, որ­քան որ ալ օ­րի­նակ­նե­րը ըլ­լան շատ սա­կաւ, ա­նոնք պէտք չէ թու­նա­ւո­րեն կրթա­կան գոր­ծին մթնո­լոր­տը։

Հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն խորհր­դան­շած կեր­պա­րը ներ­կա­յիս մեղք, որ ստա­ցած է ա­հա­զան­գա­յին բնոյթ։ Հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը այ­սօր հա­յե­րէն գոր­ծեր կը թարգ­մա­նեն այլ լե­զու­նե­րու, մինչ­դեռ ի­րենց­մէ ա­ռա­ջին հեր­թին կ՚ակն­կա­լուի ճիշդ հա­կա­ռա­կը։

Այ­սինքն, տաս­նա­մեակ­նե­րու ձա­խող­ման փոր­ձը այ­սօր ան­հեր­քե­լիօ­րէն կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րու պա­րա­գա­յին վե­րելք մը ա­պա­հո­վել կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ՝ հա­յոց լե­զուի եւ կրօ­նի ու­սուց­ման պա­րա­գա­յին ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ ը­նե­լէ, նաեւ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­ներ քա­ղե­լէ վերջ։ Սա է նա­խա­պայ­մա­նը։ Այ­սօր այ­լեւս պարզ է, որ ե­թէ մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը չընդգ­ծեն ի­րենց ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը, չշեշ­տադ­րեն ի­րենց տար­բե­րու­թիւ­նը եւ ե­թէ շա­րու­նա­կեն ու­րիշ­նե­րու հետ նոյ­նա­նա­լու, ու­րիշ­նե­րուն նմա­նե­լու ճա­նա­պար­հով, ա­պա պի­տի շա­րու­նա­կուի առ­կայ ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը, պի­տի նուա­զի ա­նոնց ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, դպրոց­նե­րը տա­կաւ պի­տի դառ­նան անմր­ցու­նակ եւ աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի ի­մաս­տազր­կուի ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը։

Առ­կայ փա­կու­ղին յաղ­թա­հա­րե­լու անհ­րա­ժեշտ նա­խա­պայ­ման­նե­րէն մին է վար­չա­կան կամ­քը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րու այս մեծ ձա­խող­ման պատ­մու­թիւ­նը, ըստ էու­թեան, ծնունդ ա­ռած է այն փու­լէն սկսեալ, երբ իւ­րա­քան­չիւ­րը սկսած են ղե­կա­վա­րուիլ ա­ռան­ձին, ինք­նագ­լուխ։ Ո՞վ կրնայ ը­սել, թէ այ­սօր մեր վար­ժա­րան­նե­րը կը հա­մա­րուին լիար­ժէք ցանց մը։ Ու­րեմն, վար­չա­կան կամ­քը անհ­րա­ժեշտ է միաս­նա­կան ջան­քե­րով, թարմ ե­ռան­դով ու նոր տես­լա­կա­նով մը շարժ­ման ան­ցը­նե­լու հա­մար։

Հուսկ, Գալ­ֆաեա­նի եւ Դպրե­վան­քի ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կուած ամ­բող­ջա­կա­նաց­ման ծրա­գիրն ալ ող­ջու­նե­լի եւ յու­սադ­րիչ է այս ծի­րին մէջ։ Մաղ­թենք ա­մէն ինչ ըն­թա­նայ բա­րե­յա­ջող եւ այս դրա­կան օ­րի­նա­կը ներշն­չան­քի աղ­բիւր մը ըլ­լայ մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գին նոր կեն­սու­նա­կու­թիւն մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2015