ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
«Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ
ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղկ 2.10)
Երկու հազարամեակ առաջ Աստուծոյ հրեշտակին կողմէ ըսուած այս խօսքերը, այսօր աւելի քան երբեք այժմէական եւ թարմ կերպով կը հնչեն իւրաքանչիւր ճշմարիտ քրիստոնեայի ականջներուն, տալով այն վստահութիւնն ու անպատմելի երջանկութիւնը, որ յատուկ է անոնց, որոնք իրենց սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ կ՚ընդունին Յիսուս Մանուկը:
Արդարեւ, հովիւները, որոնք անցեալին, ինչպէս նաեւ ներկայիս համարուած են պարզ ու սովորական խաւի մարդիկ, առաջինը իրենք էին որոնք ստացան Փրկիչին՝ Օծեալ Տիրոջ ծնունդի աւետիսը: Այս իրողութիւնը կու գայ խօսելու այն ճշմարտացիութեան մասին, որ Աստուած բոլոր խաւի մարդոց Աստուածն է, որուն համար չկան հարուստ ու աղքատ, մեծ ու փոքր, իշխան ու ծառայ, ազատ եւ ստրուկ, այլեւ՝ կայ միայն մա՛րդը ինք, այնպէս ինչպէս որ կայ, այնպէս ինչպէս որ կը ներկայանայ իր Աստուծոյն. այս մասին Պօղոս առաքեալ այսպէս կը գրէ. «Հաւատքի մէջ խտրութիւն չկայ հրեային ու հեթանոսին միջեւ. բոլորին ալ Տէրը նոյն Տէրն է, որ գթառատ է բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք զԻնք կը կանչեն, ինչպէս Մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի»» (Հռ 10.12-13):
Հովիւներուն տրուած այս աւետիսը այլ խօսքով գրաւական մըն է բոլոր քրիստոնեաներուն համար, որոնք հաւատացած ու ընդունած են Յիսուս Մանուկը որպէս Փրկիչ եւ Օծեալ Տէր, որպէս Աստուած եւ Քրիստոս: Յիսուս Մանուկին ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս, անպայմանօրէն մեզի ուրախութիւն եւ ապահովութիւն կը ներշնչէ անվախօրէն ապրելու երկրաւոր մեր այս կեանքը, հասնելու համար յաւիտենականին:
Մարդը իր ազատ կամքին որպէս արդիւնք, հեռացած էր Աստուծմէ եւ մոռցած Անոր ողորմութիւններն ու օրհնութիւնները, մոռցած էր Անոր ամենազօրութիւնն ու ամենակարողութիւնը, մոռցած էր, որ Ան տէրերու Տէրն է եւ աստուածներու Աստուածը, որուն համար անկարելի բան չկայ: Մարդը մոռցած ու հեռացած էր, սակայն Աստուած չէր մոռցած ու չէր լքած Իր ժողովուրդը, ընդհակառակը կը շարունակէր նախախնամել Իր ժողովուրդին կեանքը, զանոնք նախապատրաստելով Իր Միածին Որդիի գալուստին:
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ՚ըսէ. «Աստուած կայ, դուք ուզէք կամ չուզէք. բայց հարցումը այն է՝ Աստուած կա՞յ ձեր կեանքին մէջ, թէ՞ չկայ ձեր կեանքին մէջ: Այդ է մեր հիմնական պարտաւորութիւնը որպէս քրիստնեայ ժողովուրդ»: Այդ պարտաւորութեան գիտակցումը խտացած է հովիւներուն տրուած աւետիսին մէջ, թէ «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ» (Ղկ 2.10). հրեշտակին տուած թելադրութիւնը, թէ «Մի՛ վախնաք», ատիկա մնայուն թելադրութիւն մըն է բոլոր մարդոց չվախնալու ոչ մէկ բանէ, այնքան ատեն, որ իրենց սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ կը կրեն Յիսուս Մանուկը, խաղաղութեան եւ սիրոյ Իշխանը, որ Իր խաղաղութեամբ եւ սիրով կը գերէ Իր հետեւորդները, զանոնք առաջնորդելով դէպի բարին ու խաղաղը: Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք» (Բ.Կր 4.8-9)։ Ահաւասիկ այն երանական վիճակն ու զգացումը, որ Մանուկ Յիսուսը կը շնորհէ Իրեն հաւատացողներուն, որովհետեւ Աստուած Իր լինելիութիւնը փաստեց անով, որ Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մարդը փրկելու համար եւ այդ ծնունդով մարդոց պարգեւելու այն ուրախութիւնը, որ յաւիտենական եւ մնայուն է: Կարեւորը, գտնենք այն գաղտնիքը՝ որով կարողանանք հասնիլ այդ անանց երջանկութեան:
Մեր օրերուն, երբ ամէն ինչ նիւթականացած է եւ արժէքներու փոփոխութեան ալիք մը կը հարուածէ մարդկային լինելութիւնը, Յիսուս Մանուկի ծնունդն ալ դժբախտաբար ազդուած է այդ ալիքէն եւ այսօրուան մարդոց մեծամասնութիւնը Յիսուսի ծնունդը կը նշեն առանց Յիսուս Մանուկին: Մեր Տիրոջ ծնունդը, ցաւ ի սիրտ, վերածուած է սովորական տօնի մը՝ քան խորհրդաւոր իրադարձութեան մը, որով մարդ ներքնապէս կը փոխուի, կը վերանորոգուի, կը վերաթարմանայ եւ նորոգուած միտքով, լուսաւորուած հոգիով եւ ջերմացած սիրտով իր պանդխտութեան տարիները կը շարունակէ ապրիլ: Այսօր, այդ նորոգութիւնը տարբեր իմաստ զգեցած է, որով մարդիկ իրարու քով հաւաքուելով մեքենայականօրէն կը շնորհաւորեն զիրար, կ՚աւետեն զիրար, սակայն խորքին մէջ չե՛ն ըմբռներ եւ չե՛ն զգար Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին ճշմարիտ ազդեցութիւնը:
Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոսը կը գրէ. «Տարիները կը գլորուին եւ մենք Փրկիչին ծնունդը անտարբեր կերպով կը տօնենք, առանց հոգ տանելու, որ Ան իրապէս մեր հոգիին մէջ ծնի՝ հաւատք եւ սէր սերմանելով այնտեղ։
«Մենք աւանդական կարգ մը կը պահենք միայն, մենք արտաքին ծէս մը կը կատարենք միայն. ծէս, որմէ մանաւանդ մտաւորականներս, իբրեւ թէ կը փորձենք խուսափիլ. ինչ ամօթ եւ նախատինք է մարդուն՝ աստուածային հոգիին պատկեր էակին համար։ Փրկիչը ինքնին հոգեւոր գոհար մըն է. սակայն ի՞նչ օգուտ այդ գոհարէն, երբ մեր հոգին չի զարդարեր, երբ այն մեր հոգիին սեփականութիւնը չի դառնար։
«Հայ աշխարհը ամէն տարի Անոր ծնունդը կը տօնէ, սակայն ի՛նչ օգուտ, երբ Ան իբրեւ հաւատքի եւ սիրոյ մարմնացում մեր մէջ չի՛ ծնիր, չի՛ դառնար մեր հոգիին սեփականութիւնը»:
Հրեշտակներուն տուած աւետիսը եւս մեզի ուղղուած չ՚ըլլար ու մեր սեփականութիւնը չի՛ դառնար, այնքան ատեն՝
- որ մենք կը շարունակենք անտարբեր կերպով տօնել մեր Փրկիչին ծնունդը:
- որ մենք կը շարունակենք առանց Յիսուս Մանուկին՝ Յիսուս Մանուկին ծնունդը նշել:
- որ մենք կը շարունակենք անտարբեր մնալ տրուած աւետիսին, թէ Յիսուսի ծնունդով վախը այլեւս չի՛ կրնար թագաւորել մեր վրայ:
- որ մենք կը շարունակենք չհաւատալ տրուած աւետիսին, թէ Յիսուսի ծնունդով մարդը վերահասու դարձաւ անանց ուրախութեան:
- որ մենք կը շարունակենք չյուսալ երկինքի մէջ փայլող աստղին, որ ան կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի մեր Փրկիչը:
- որ մենք կը շարունակենք չհաւատալ, որ մսուրին մէջ ծնածը իրապէս Օծեալ Տէրն է, Փրկիչը, որ եկած էր մեզ վերստին արժանացնելու որդեգրութեան շնորհին:
- որ մենք կը շարունակենք չսիրել մեր նմանները, որով նաեւ չենք կրնար սիրել մեր Արարիչը, որովհետեւ «այն մարդը, որ կ՚ըսէ՝ «ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է: Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ: Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է. ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա.Յհ 4.20-21):
Հրեշտակին աւետիսով մարդոց տրուեցաւ աստուածային այն ուրախութիւնը, որ անգտանելի է մեր այս աշխարհին մէջ, եթէ երբեք մեզմէ իւրաքանչիւր սիրտի մսուրին մէջ Յիսուս Մանուկը չծնի. իսկ երբ Ան ծնի մեր սիրտ-մսուրին մէջ, այն ատեն աստուածային անանց երջանկութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից ընկերակից պիտի ըլլայ մեզի: Այդ ուրախութիւնը պիտի զօրացնէ մեզ դիմակայելու ամէն տեսակի նեղութիւն եւ դժուարութիւն, ամէն տեսակի հալածանք ու չարչարանք, ամէն տեսակի անարգանք ու ծաղրանք, որովհետեւ Յիսուս Մանուկի ծնունդով մեր հոգիներէն ներս սողոսկած ուրախութիւնը մխիթարութիւն ու անգին գանձ մըն է, որ կը զարդարէ մեր ճակատները ու կը պարսպէ մեր միտքերը զօրանալու Աստուծմով, հաւատք ընծայելով Անոր յաւիտենական ողորմութեան եւ այցելութեան, յուսալով Անոր խոստումներու իրականացումին եւ սիրելով զԻնք առանց վարձատրութեան ակնկալիքի, այլ՝ սիրել զԻնք, որովհետեւ Ինք միայն մեզմէ սէ՛ր է, որ կ՚ուզէ: Չզլանա՛նք մեր Արարիչին տալ այդ սէրը:
Ի վերջոյ, աղօթենք երջանակայիշատակ Հայրապետին հետ՝ ըսելով. «ո՜վ Տէր, երկինքի բոլոր աստղերուն փոխարէն մեզի ղրկէ մէ՛կ աստղ՝ Բեթղեհէմի պայծառափայլ Աստղը, որ Իր լոյսը ցանէ այս երկրի վրայ՝ «վասն շինութեան եւ բարեկարգութեան»» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետ):
Եւ՝
Թող որ Ծնեալ Մանուկ Յիսուսը սէր եւ խաղաղութիւն շնորհէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս։
Թող որ այսօր բանանք մեր սիրտին դռները, որպէսզի Մանուկ Յիսուսը գայ եւ ծնի այնտեղ, ինչպէս ծնաւ տաքուկ մսուրին մէջ, եւ թող որ մեզմէ միայն ջերմութիւն եւ սէր ստանայ։
Թող որ այսօր վերածնուինք Ծնեալ Մանուկ Յիսուսին հետ եւ մանկացած հոգիով ու միտքով մաքրուինք եւ նորոգուինք Մանուկ Յիսուսով։
Ու, թող որ գիտակցապէս եւ կատարեալ ըմբռնողութեամբ աւետենք իրարու Քրիստոս Աստուծոյ ծնունդն ու յայտնութիւնը մեր մէջ, ըսելով՝
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 1 յունուար 2019