2018 ՏԱՐԻՆ ԵՒ ՄԵՆՔ
Որպէս ուղեւորները 2019 տարւոյն, մեր ճամբուն վրայ, թող բոլորս միասնաբար մտնենք պարտէզները մեր կեանքին մնացորդաց, պարտէզները մեր երկրին գեղեցիկ, մրգաստանները մեր անմահ սիրոյ, բայց չկոտրենք ոչ մէկ սիրտ, չճզմենք ոչ մէկ երազ, չմարենք ոչ մէկ կրակ:
Դարձեալ Վահան Թէքէեանի բառերով, եթէ հաշուեյարդար մը պիտի ընենք 2018 տարւոյն, հոն պիտի գտնենք որ բազմաթիւ յաջողութիւններու կողքին, երբեմն ձախող դէպքեր ալ պատահած են մեր կեանքին մէջ, սակայն եթէ անցեալի յաջողութիւնները որպէս զսպանակ գործածենք եւ ձախողութիւնները որպէս փորձառութիւն եւ դաս՝ ուրեմն 2019 տարին նոր եւ աւելի գեղեցիկ հորիզոններ պիտի բանայ մեր առջեւ:
Բնականաբար կարելի չէ խօսիլ ամէն դէպքի մասին, բայց կ՚արժէ կեդրոնանալ քանի մը երեւոյթներու վրայ եւ փորձել բարելաւել 2019 տարուայ մեր կեանքը:
Հաւանաբար քանի մը կարեւոր հարցեր Հայաստանի մէջ տիրական երեւոյթները դարձան 2018 տարուան: Մին, բնականաբար, Թաւշեայ յեղափոխութիւնն էր:
Եթէ հայերուս պէս «տաք գլուխ» ազգ մը կրնայ առանց կաթիլ մը արիւն թափելու (չհաշուած Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքէն կաթկթած արիւնը...) խաղաղ ցոյցերով բռնատիրական, միապետական կառավարութիւն մը տապալել, ուրեմն Հայաստանի ապագան (եւ անշուշտ հայ ժողովուրդին) կրնանք ենթադրել որ բաւականին փայլուն պիտի ըլլայ:
Մարտ 31-ին Կիւմրիէն սկած Նիկոլ Փաշինեանի քայլարշաւի շղթային վերջին օղակը հանդիսացաւ անշուշտ դեկտեմբեր 9-ի արտահերթ ընտրութիւնը, եւ որով Հայաստանը օժտուեցաւ նոր եւ օրինաւոր կառավարութեամբ: Այսպիսով, խաղաղ ցոյցերով նոր շրջան մը սկսաւ Հայաստանի քաղաքական, ընկերային, եւ ազգային կեանքին մէջ:
Հարցը միայն խաղաղ ցոյցերով կառավարութիւն մը տապալելուն մէջ չէր որ ինծի յոյս կը ներշնչէ: Բնականաբար բոլորս ալ տեսանք ցոյցերու ժամանակ, ճամբեզրին խորովածի «մանղալ»ները, ուր մարդիկ ուրախութեամբ խորոված կը պատրաստէին՝ ցուցարարներուն հրամցնելու: Շատ մը ճաշարաններ, անհատներ, անուշիկ տիկիններ եւ օրիորդներ, սենտուիչներով եւ ջուրի շիշերով կը հիւրասիրէին ցուցարարները, որպէսզի անոնք աւելի եւս ոգեւորուէին: Բոլորս ալ տեսանք այն մայրերը, որոնք իրենց նորածին մանուկները, ոմանք միայն քանի մը ամսուան, մանկակառքերով ցոյցի իջած էին, ուրախ եւ «փիքնիքային» տրամադրութեամբ: Տեսա՞ք այն փոքրիկները որոնք իրենց խաղալիք ինքնաշարժներով ճամբաները փակած էին...: Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ կամաց-կամաց բարեկամութիւնները ջերմացան (չտեսայ որ «վոտքա»յով իրարու կենացը խմէին...): Տակաւին, ցոյցերէն անմիջապէս ետք, մեր անուշիկ աղջիկներն ու մանչերը աւելները բռնած ճամբաներն ու հրապարակը կը մաքրէին: Ո՞ւր, ո՞ր երկրին մէջ կրնաք այս տեսարանները գտնել: Հրաշք էր այդ:
Ես միայն կրնամ հպարտանալ եւ խոնարհիլ այս երեքհազարամեայ սքանչելի ժողովուրդին առջեւ:
Երկրորդ մեծ դէպքը անշուշտ Սարտարապատի Հերոսամարտի եւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակներն էին:
Տրամաբանական, դիւանագիտական եւ քաղաքական բոլոր իրողութիւններու դէմ, 1918-ին մեր ժողովուրդը կրցաւ պետականութիւն ստեղծել եւ գոյատեւել ժխտական կացութիւնները դիմագրաւելով: Հակառակ որ, ըստ Սիմոն Վրացեանի «հիւանդ մանուկ մը աշխարհ բերած մօր մը» տրամադրութիւնը կը տիրէր 1918 մայիս 28-ի Հայաստանին մէջ, մեր օրերու դաշնակցականները փիլիսոփայական, քաղաքական, ընկերային, հռետորական այնպիսի պատկերներով նկարագրեցին այդ օրերու ժողովուրդին «ուրախ եւ ցնծալի» տրամադրութիւնները որ կարծես այդ ժամանակներուն հայերը քաղաքական բարձրագոյն հասունութեան հասած էին եւ Աստուծոյ հետ բանակցելով, լաւագոյն պայմանները ապահոված էին կոտորակուած, դաւաճանուած, սովահար գաղթականներով եւ անտուն որբերով լեցուած նորաստեղծ Հայաստանին համար...: Ոչինչ: Շատեր սակայն մոռցած էին նաեւ որ 1920-1990, աւելի քան 70 տարիներ Հայաստանը բարգաւաճեցաւ եւ 750.000 բնակչութիւնը հասաւ շուրջ 4.300.000-ի: Եւ այս՝ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին 300.000 զոհ տալէն ետք: Չխօսինք գիտութեան, մշակոյթի, արուեստներու, գրականութեան, կրթութեան, զինուորական, մարզական, աստղագիտական եւ այլ բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ արձանագրուած անհաւատալի յաջողութիւններուն մասին: Շեշտենք որ Հայաստանի սահմանները անձեռնմխելի եւ ապահով էին այդ օրերուն: Նոյնիսկ Հայաստանի մէջ անվճար կրթութիւն ստացած եւ բարձր մասնագիտութիւններու հասած սփիւռքահայեր կը սիրեն Ռամկավարները «սովետասէր», «համայնավարամիտ» որակել: Մենք, բարեկամ, Հայաստանասէր ենք, հայրենասէր ենք, եւ մեզի համար կարեւոր չէ թէ մեր Հայաստանը Դաշնակցակա՞ն է, Սովետակա՞ն է թէ՝ Անկախ (այս մասին ապագային կրնամ երկար գրել, եթէ հասկացողութեան պակաս ունեցող մարդիկ կան եւ եթէ հարկ ըլլայ...): Բնականաբար Սովետական Հայաստանի ժամանակ դաժան բռնութիւններն ու քաղաքական հալածանքները շատ էին, դատապարտելի եւ անընդունելի, խօսքի ազատութիւնը բռնաբարուած էր, ահաւոր էր համայնավարներուն ռեժիմը, բայց մենք, ապահով Հայաստանի մէջ, հակառակ ամէն տեսակ ծանր դժուարութիւններու, դիմացանք որպէս ազգ, գոյատեւեցինք, բազմացանք եւ բարգաւաճեցանք:
Նկատի ունենալով մանաւանդ Թաւշեայ յեղափոխութեան գործընթացը եւ իրողութիւնը, նաեւ բարձր գնահատելով հայ ժողովուրդի ռամկավարական եւ ազատական մարդավայել եւ քաղաքակիրթ կեցուածքը, Անգլիոյ The Economist թերթը Հայաստանը կոչեց «Տարուան երկիր»ը: Ճիշդ է որ պատիւ մըն է այս, բայց ի՞նչ շահ ունինք անկէ, չեմ գիտեր: Հաւանաբար քիչ մը եւս հպարտանալու առիթ մըն է այս:
Հակառակ որ նոր Ազգային ժողովի համար արտակարգ ընտրութիւնները շատ կանոնաւոր էին եւ գովելի, ինծի համար քիչ մը անհասկնալի մնաց, թէ ինչո՞ւ քուէարկողներուն միայն 48 տոկոսէն քիչ մը աւելին մասնակցեցան այդ ընտրութիւններուն: Ճիշդ է որ շատ մը երկիրներու մէջ, ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն շուրջ 50 տոկոսը միայն կը մասնակցի ընտրութիւններուն, բայց կ՚ակնկալէի որ գոնէ այս ընտրութիւններուն ժողովուրդին մօտ 80 տոկոսը մասնակցէր: Յուսամ այս թիւերը նորանոր դժուարութիւններ չեն ստեղծեր նոր կառավարութեան համար: Կրնա՞մ այս վերագրել Հայաստանի զանգուածներուն քաղաքական տհասութեան, թէ պարզապէս մասսայական անհոգութիւն էր այդ:
Հիւսիսային Հայաստանի մեծ երկրաշարժի 30-ամեակն ալ էր 2018 թուականը: 30 տարիներ ետք, տակաւին հարիւրաւոր ընտանիքներ անօթեւան են, տուն չունին (ըստ ոմանց՝ 3000 ընտանիք), «տոմիկ»ներու մէջ կը բնակին: Նոր կառավարութենէն պիտի խնդրէի, որ երբ «թալանիչներ»էն հարիւրաւոր միլիոն տոլարները վերստանային, նախապատուութիւնը տայ նաեւ երկրաշարժի շրջանին մէջ նոր բնակարաններ կառուցանելու եւ այս անտունիներուն հարցը լուծելու: Հաւանաբար կ՚արժէ յաջորդ թելեթոնը ամբողջութեամբ տրամադրել երկրաշարժի գօտիի վերականգման եւ վերաշխուժեցման: Հակառակ որ 1917-ին Երզնկայի մէջ ռուսական բանակին մէջ ծառայող ղարաբաղցիները մերժեցին Անդրանիկ փաշային օգնել 15.000 գաղթականները ապահով տեղ հասցնելու եւ միանալու իր զինուորներուն (…), արեւմտահայերը բաւականին մը օգնեցին Արցախին այս վերջին 25 տարիներուն: Կարգը հիմա Հայաստանինն է:
Հայաստանակեդրոն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար 2018 վերաշխուժացման տարի մը եղաւ: Արդարեւ, մայիս 20-ին, Սարտարապատի հերոսամարտի 100-ամեայ յաղթանակին ոգիով ներշնչուած, այդ ոգիով տոգորուած եւ դաստիարակուած, Սարտարապատի յուշահամալիրին մէջ 450 երիտասարդներ, այդ ցուլերուն եւ արծիւներուն առջեւ ուխտեցին միանալ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ անմնացորդ նուիրուիլ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան եւ ծառայել հայութեան եւ Հայաստանին: Այս երիտասարդներուն մէջ նշմարելի էր մեծ թիւով համալսարանական եւ համալսարանաւարտներու ներկայութիւնը: Աստղիկ աստուածուհին ներկայացնող հեզաճկուն աղջիկներուն եւ Վահագնի կտրիճ երիտասարդներուն աչքերուն մէջ նշմարելի էր «Յարդագողի ճանապարհ»ին վրայ ցանուած միլիոնաւոր աստղերուն փայլքը: Մայիս 22-ին ալ, Վանաձորի մէջ 49 համալսարանական երիտասարդներ եւ երիտասարդ ամուսիններ իրենց երդումը տուին միանալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ ա՛յս կուսակցութեան միջոցաւ ծառայելու հայրենիքին: Արդէն բազմաթիւ շրջաններու մէջ նշմարելի էին։ Երիտասարդ ռամկավարներու աշխոյժ գործունէութիւնները քաղաքական, մարզական, մշակութային, արուեստներու, նկարչութեան, համակարգիչային, շախմատի, ընկերային եւ քաղաքական դասախօսութիւն-սերտողութիւններու, ինչպէս նաեւ բարեսիրական միջոցառումներուն:
Պէտք է յիշել որ 2018-ի ընթացքին, Լոս Անճելըսէն Ռամկավար Ազատական կուսակցականներու, Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամներու եւ անոնց բարեկամներուն միջոցաւ պարբերաբար շուրջ 150 սնտուկ նոր եւ քիչ գործածուած հագուստներ, կօշիկներ եւ նկարչական պիտոյքներ ղրկուեցան Վանաձոր եւ մօտակայ Լեռնապատ գիւղը նուազ բախտաւորներուն օգտակար ըլլալու համար: Գոհացուցիչ քանակութեամբ փոքրերու խաղալիքներ, պուպրիկներ, զարդեղէններ, վզնոցներ, ակռայի վրձիններ եւ մածուկներ, եւ այլ իրեղէններ ղրկուեցան փոքրիկները ուրախացնելու: Նոյնպէս, մեծաքանակ ցաւազրկիչ դեղօրայք եւ մածուկներ, զանազան հիւանդութիւններու դէմ դեղեր եւ մեծերու ու փոքրերու յատուկ վիթամիններ ղրկուեցան Լեռնապատի դպրոցին, գիւղին եւ շրջանի ժողովուրդին անվճար բաժնուելու: 5 անձերու համալսարանական կրթաթոշակներ եւ արհեստից վարժարաններու ուսման ծախսերը հոգացուեցան: Միաժամանակ գումարներ յատկացուեցան քանի մը երիտասարդ տղոց իրենց փոքր գործատեղիները հաստատելու: Դեկտեմբերին, մեզի բարեկամ բարերարի մը միջոցաւ 10.000 տոլար նուիրուեցաւ Լոռիի շրջանի Լեռնապատ գիւղի Ե. Դալլաքեան վարժարանին, Նոր տարուան առիթով պաշտօնէութեան իւրաքանչիւրին 100 տոլար նուէր տալու, վարժարանի մարզասրահը նորոգելու, մարզական խումբերուն համազգեստներ գնելու, դասագիրքեր նուիրելու, բազմաթիւ մրցանակներ հաստատելու, դպրոցը օժտելու էլէքտրոնիք եւ երաժշտական գործիքներով, եւ այլն: Մեզի բարեկամ Մելգոնեանցիներէ հանգանակուած գումարներով Վանաձորի մէջ արուեստի եւ նկարչութեան երկու դպրոցներ սկսած են նորոգուիլ որոնք պիտի կոչուին՝ «Սեպուհ Աբգարեանի անուան Գունազարդ մոլորակ արուեստի դպրոց»:
Բնականաբար Սփիւռքի նախարարութեան փակումի հարցը ամենատխուր լուրերէն մէկն էր որ Հայաստանէն եկաւ: Յուսանք նոր կառավարութիւնը այդ վտանգաւոր քայլը չ՚առներ եւ Հայաստան-սփիւռք կապերը չի խաթարեր:
Կարելի է շատ երկարել դրական եւ բացասական դէպքերու շարքը որոնք պատահեցան 2018 թուականին: Իմ Նոր տարուան բաղձանքս է, որ բացասական դէպքերը նուազին եւ դրական երեւոյթները բազմապատկուին, ի փառս Հայաստանին եւ ի պանծացումս Հայ ժողովուրդին:
Կը յուսամ եւ կը մաղթեմ, որ 2019-ի վերջաւորութեան, Վահան Թէքէեանի բառերով Հայաստանին համար ըսեմ՝
Տարբե՜ր ես դուն մեր երազէն, աւելի՛ լաւ...
Աւելի լա՛ւ կ՚ըսեմ այո՛, անզիղջ, անգութ,
Զի դատակնիքն է «չեղածին» փա՛ստն «ըլլալուդ»...
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
«Պայքար», Պոսթոն