Սրբազանին հետ
Մանուկ կամ պատանի հասակով, երբ դպրութեան շապիկ կը կրէինք՝ առանց խորաթափանց գիտակցելու անոր իմաստը, խորհուրդը, մեզի կը պատմէին, թէ եկեղեցին անժամանակ հաստատութիւն մըն է։ Ժամանակի եւ տարածութեան մասին մեր պատկերացումները տակաւին շատ սահմանափակ էին, երբ դպրոցի աւարտական դասարանի աշակերտը մե՛ծ էր մեր աչքին, իսկ կեանքի, ըսենք, հինգ տասնամեակը աւարտած անձ մը ծերութեան եզրին վաղուց հասած կը համարուէր։ Մեծի կամ տարեցի ընկալումները այդ տարիներուն տակաւին պայմանաւորուած էին տուեալ կերպարի առթած պատկառանքով, երկիւղով։ Եւ այդ ժամանակ դժուար, թէ կարողանայինք ամբողջական ձեւով ըմբռնել հաստատութեան մը տարիքի պարագան։ Կառոյցները առաւել չափով կը դիտարկէինք զուտ իրենց շէնքերով։ Եկեղեցին ալ մեր թաղի գողտրիկ շէնքն էր մեզի համար առաջին հերթին։ Ալ չենք խօսիր այն մասին, թէ թաղի հովիւը կաթողիկոսէն ալ վեր մէկն էր մեր աչքին։ Իսկապէս, յետադարձ հայեացքով մը այժմ ծայր աստիճան հետաքրքրական կը թուի. այդ մակարդակի մտահորիզոնով պատանիներուս կը պատմուէր, թէ եկեղեցին անժամանակ հաստատութիւն մըն է։ Այդ տարիներուն նոյնիսկ ի վիճակի չէինք տրամաբանելու կամ պարզապէս հարց տալու, թէ ինչպէ՞ս կրնայ անժամանակ ըլլալ հաստատութիւն մը աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն ինչ ժամանակաւոր է։
Անցան-գացին տարիները, մինչ մեր մէջ սնուցեցինք Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալու զգացումը. զգացում, որ մեր առջեւ բացաւ հետաքրքրութեան հորիզոններ, մեր միտ-քին մէջ ուրուագծեց Հայ Եկեղեցւոյ վեհ պատկերը։ Անցան-գացին տարիները, մինչ մենք սկսանք հետզհետէ աւելի հպարտ զգալ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալով. զգացում, որ մեզ առաջնորդեց դէպի պատմական վանքեր, դէպի ձեռագրեր, որոնց ականատես ըլլալով սկսանք տակաւ արժեւորել մեր ճակտին քսուած միւռոնին իմաստը։ Անցան-գացին տարիները, մինչ մենք անդրադարձանք, որ մեր կեանքը կ՚ուղղորդէ ներաշխարհ մը. ներաշխարհ, որ կառուցուած է Հայ Եկեղեցւոյ արժեհամակարգով եւ անոր սրբազան առաքելութեան ներգործելու կարողութիւններով։ Եւ ի վերջոյ, անցան-գացին տարիները, մինչ մեր հիացումը խորացաւ ու խորացաւ Թէքէեանի բանաձեւումին նկատմամբ. «մեր հոգիներու ծննդավայրը»: Ու տակաւին իր ցուցմունքով դիտարկեցինք, որ անոր խորանին առջեւ ծնրադիր էր ամբողջ ազգ մը եւ տակաւին ամբողջ ազգ մը կրնար ոտքի կանգնիլ անոր զանգի ղօղանջով։
*
Ամէն տեսակ զգացականութենէ կամ ենթակայականութենէ դուրս, բացարձակ ճշմարտութիւն մըն է, որ Հայ Եկեղեցին անժամանակ հաստատութիւն մըն է, տոկուն, դիմադրուն՝ աննկարագրելիօրէն։ Բաւարար է հաշուի առնել այն պարզ հանգամանքը, թէ Հայ Եկեղեցին կարողացած է յաղթահարել բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրները, բոլոր ժամանակներու փորձութիւնները։ Շարունակականութիւնը Հայ Եկեղեցին հասցուցած է անժամանակութեան սահմանին։ Ան նաւարկած է ափէ ափ՝ իր ժողովուրդին հետ։ Ան եղած է վէմը՝ ժողովուրդի մը հաւատքին, որով կերտուած է ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը, որով ծնունդ առած է ամբողջ մշակոյթ մը ու տակաւին ուղղութիւն տրուած է այդ բոլորը գլուխ հանած մարդուժի մը։ Հայ Եկեղեցին առանցքն է հայ կեանքին, որ իր հերթին կը խորհրդանշէ պատմութեան հոլովոյթին մէջ անժամանակ ճանապարհորդութիւն մը, որու բոլոր խաչմերուկներուն աչքի կը զարնէ անոր լոյսը եւ բոլոր ճամբաբաժաններուն կը թեւածեն անոր իմաստութիւնը, փիլիսոփայութիւնը։ Այս բոլորի կիզակէտին կը գտնուի այն հանգամանքը, թէ Հայ Եկեղեցին շնչող, կենդանի մարմին մըն է ու բոլոր ժամանակներուն մնացած՝ կենսունակ։ Ան բոլոր ժամանակներուն ծնունդ տուած է կերպարներու, որոնք պայմանաւորած են իր դիմագիծը։ Այդ կերպարները դարերու հոլովոյթին մէջ իրենց տեսլականով վերարժեւորած են Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, անոնց վաստակով ու մտահորիզոնով վերագնահատուած է Եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, նաեւ համաքրիստոնէական ընտանիքէն ներս։ Անոնք Հայ Եկեղեցին արժէքներու շտեմարանի մը վերածած են իրենց նուիրումով, իրենց կոչման նկատմամբ հաւատարմութեամբ, ուխտին նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ ապահոված են Եկեղեցւոյ ձգողականութիւնը։ Այդ կերպարներու մատուցած ծառայութեան հանրագումարն է, որ Հայ Եկեղեցին դարձուցած է հայոց ազգային ժառանգութեան բնօրրանը եւ ան ցայսօր ի վիճակի եւ ի զօրու է նոր աւիւն, թարմ աւիշ մատակարարել՝ այդ ժառանգութեան մերօրեայ փայլը երաշխաւորելու, նաեւ սերունդէ սերունդ բացայայտումը կազմակերպելու նպատակով։
*
Այս բոլորը միտքէս կ՚անցնին Վատիկանի նեղլիկ, խորհրդաւոր փողոցներուն մէջ քալելու ժամանակ։ Կը քալեմ զրուցելով, ընթացքին կը զրուցեմ, ամբողջութեամբ կեդրոնացած եմ զրոյցին վրայ, սակայն այդ բոլորը չեն խանգարեր, որ մտածեմ նաեւ այս ըսածներուս մասին։ Նոյնիսկ ձեւով մը կը զուգորդուին լսածներուս կամ ըսածներուս հետ՝ այն աստիճան, որ կարծես նորովի կը բացայայտեմ նաեւ զրուցակիցս, թէեւ վաղուց ծանօթ ենք իրարու։
Վատիկանի մէջ կը շրջինք Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին քիչ մը եւս կը համոզուիմ, թէ զրուցակիցս այդ կերպարներու մերօրեայ ներկայացուցիչներէն մին է։ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս վերջին տասնամեակներուն առանցքային գործունէութիւն ծաւալած հոգեւորական մըն է ան։ Խոր տպաւորութիւն կը գործէ իր երկխօսներուն վրայ թէ՛ իր նկարագիրով, թէ ծով գիտելիքներով ու հասունութեամբ եւ թէ հայրական հասունութեամբ։ Այդ մեծ կերպարներուն մօտեցած, անոնք պատմութեան մշուշէն դուրս բերած կը զգաք իր հետ զրուցելու ժամանակ։
Նորին սրբազնութեան հետ գրեթէ ամբողջ աշխատանքային օր մը անցուցինք Վատիկանի մէջ, ուր սկսած է պաշտօնավարել վերջին ամիսներուն՝ որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կողմէ կատարուած նշանակումէն վերջ, երբ շնորհաւորելու համար հեռախօսազրոյց մը ունեցած էինք Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ, խոստացած էինք առաջին պատեհ առիթով այցելել ու տեղւոյն վրայ շնորհաւորել զինքը։ Բարեբախտաբար չուշացաւ այդ պատեհութիւնը, երբ տարեմուտի յարաբերական անդորրէն օգտուելով՝ կարճ այցելութիւն մը տուինք Հռոմ, ուր պատիւը ունեցանք հիւրընկալուելու մեր շատ սիրելի սրբազանին կողմէ։ Կէսօրէ առաջ 11-էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6-ը իրարու հետ էինք։ Նորին սրբազնութիւնը մեզի ընդունեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, ուր կ՚աշխատի ժամանակաւորապէս։ Հայրապետական ներկայացուցչութիւնը տակաւին չունի իր գրասենեակը, ուստի հայկական դեսպանատան դռները լայն բացուած են նորին սրբազնութեան համար։ Ուրեմն մեր օրը սկսաւ դեսպանատունէն։ Դուրս գալէ վերջ մտանք Սուրբ Պետրոսի տաճարը, ուր աղօթեցինք միասին։ Վատիկանի տարածքէն ներս տեսանք նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը, որու զետեղումէն ի վեր չէինք եղած այնտեղ։ Միասին շատ հաճելի այցելութիւն մը տուինք «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական խմբագրութիւնը, ուր ջերմ զրոյց մը ունեցանք մեր պաշտօնակից բարեկամներուն հետ։ Օրուան տեւողութեան սրճեցինք, նաեւ իտալական խոհանոցի համտես մը ըրինք։ Օրը եզրափակեցինք դարձեալ դեսպանատան մէջ։ Բայց եւ այնպէս, Վատիկանի փողոցներուն մէջ շրջագայութիւնը բնորոշեց ամենայատկանշական պահերը՝ անկեղծ, խաղաղ, անդորր։
Սրբազանին հետ առաջին անգամ այսքան երկար ժամանակ կ՚անցընենք, մարդկայնօրէն կ՚երթանք իրարու ընդառաջ։
Վատիկանի մէջ պաշտօնավարութիւնը իր կեանքի հետաքրքրական փուլերէն մին է, արդարեւ ան վերադարձած է Հռոմ։ Երիտասարդութեան տարիներուն ան ուսանած է Հռոմի մէջ։ Գրիգորեան համալսարանի առընթեր, Յիսուսեան միաբանութեան հովանիին ներքեւ գործող Քահանայապետական արեւելագիտութեան կաճառը յաճախած է։ Երկու անգամ, շուրջ երկու տարուան շրջաններով բարձրագոյն կրթութիւնը կատարելագործած է այնտեղ։ Վստահաբար, իր յիշողութեան մէջ ըլլան երիտասարդութեան տարիներու մասին բազում երեսակներ, որոնք կապուած են Հռոմի հետ։ Տարիներ անց, շուրջ երեք տասնամեակ Նիւ Եորքի մէջ՝ որպէս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ պաշտօնավարելէ վերջ, ամենայն փորձառութեամբ ու հեռատեսութեամբ զինուած, այժմ վերադարձած է Հռոմ։ Նոր եռանդով ներգրաւուած է նոր պաշտօնի մը, ապահովաբար Հռոմն ալ նորովի կ՚իմաստաւորուի յաչս իրեն։ Իտալական մայրաքաղաքը կը տպաւորէ, կը հրապուրէ եւ ակամայ կը կրես անոր հետքերը սրտիդ մէջ։ Իսկ սրբազանը այժմ հետամուտ է այնտեղ հայութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ հետքերը վեր բերելու, ամրապնդելու։ Ան ունի նպատակասլաց դատողութիւն մը եւ կասկած չկայ, թէ հնարաւորինս կ՚արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։
Վատիկանի գլխաւոր պողոտային վրայ, դեսպանատան շէնքի մուտքի հայկական եռագոյնին տակ հրաժեշտ առինք իրարմէ։ Մեր հանդիպման յաջորդած օրուան առաւօտուն պիտի մեկնէր Մաստրիխտ։ Արագ քայլերով հեռացանք իրարմէ։ Պահ մը դառնալով նայեցայ ետեւէն։ Պայուսակը ձեռքին կը քալէր։ Եւ այդ պահուն ես ինծի ըմբռնեցի, որ ինչո՞ւ այս օրը այսքան խոր տպաւորութիւն գործած էր վրաս։
Պատանի հասակով, երբ դպրութեան շապիկ կը կրէինք, մեր թաղի եկեղեցիէն արձակուելէ վերջ, յաճախ մեր հովիւին կ՚ուղեկցէի դէպի իր բնակարանը եւ այդ ուղեկցութիւնը շատ յաճախ կը վերածուէր մեր թաղի փողոցներով շրջագայութեան մը՝ անշուշտ, քաղցր զրոյցներով։ Սրբազանին հետ Վատիկանի փողոցներով շրջայցը կարծես թէ զիս ալ վերադարձուցած ըլլային այդ պատանութեան տարիներուն։
Օրը աւարտին հասնելու վրայ է, մութ է արդէն, քիչ մը եւս կը քալեմ առանձին ու կը մտնեմ սրճարան մը՝ օրը ամփոփելու եւ պատրաստելու համար սրբազանին հետ մեր ծաւալուն զրոյցի սղագրութիւնը, զոր կը ներկայացնենք յարակից սիւնակներուն մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ