ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ Կոմիտասին նուիրուած արձան մը կայ: Լոռիի մարզի Վարդաբլուր գիւղը ոչ միայն իր բնական ու արհեստական գեղեցիկ լճակներով յայտնի է, այլ նաեւ՝ այս յուշարձանով, որ մեծն Կոմիտասի յիշատակի վայրերէն մէկն է: Այս գիւղին մէջ Կոմիտաս գրած է իր նշանաւոր «Հորովել»ը՝ Լոռիի գութաներգը: Այս տարի կը լրանայ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: Անոր յոբելեանը նշելու համար այցելութիւններ կը կատարուին կոմիտասեան բոլոր յիշատակի վայրերը, ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան համայն աշխարհի տարածքին, ուր հայկական մշակոյթ կայ:
Վարդաբլուր գիւղին մէջ գտնուող այս մտերմիկ յուշարձանն ու անոր հետ կապուած հետաքրքրական պատմութիւնը նոյնպէս կ՚արժէ մասնակից դարձնել տարուան յոբելենական ձեռնարկներուն:
Հայաստանի հիասքանչ վայրերէն մին է Լոռին՝ իր հէքեաթային, անապական բնութեամբ, անտառներով, գետակներով եւ լճակներով: Այդ լեռնային բնութեան գիրկը ծուարած է Վարդաբլուր գիւղը:
Ժամանակին գիւղը նշանաւոր եղած է իր վարդերով, իսկ այսօր գիւղը հարուստ է արհեստական լճակներով, որոնք կը պահպանուին շրջակայ բնակիչներուն կողմէ, անոնք հոն ձուկ կը բուծանեն: Մօտաւորապէս կան տասն արհեստական լճակներ, որոնք 1990-ականներուն գոյացած են: Ձկնաբուծութիւնը ուրիշ գիւղատնտեսական ճիւղերու հետ այս վայրերու բնակիչներուն եկամուտի աղբիւրն է: Վարդաբլուրը ծանօթ է նաեւ իր 19-րդ դարու եկեղեցիով, որուն շուրջ հնագոյն գերեզմանատուն մը եւ խաչքարեր կան: Բ. Աշխարհամարտին գիւղէն մասնակցած եւ զոհուած մարդոց յիշատակի յուշարձան մըն ալ կայ: Վարդաբլուրին վրայ իր շուքը նետած է նաեւ մօտակայ Սուրբ Սարգիս լեռը, որ ուխտատեղիի համբաւ ունի եւ ամէն տարի Սուրբ Սարգիսի տօնին կամ որեւէ նուիրական օր, մարդիկ հոս ուխտի կու գան: Ահաւասիկ, Կոմիտասի «Հորովել» երգին նուիրուած արձանն ալ գեղեցիկ ամբողջութիւն մը կը հաղորդէ այս բոլորին: Եւ երբ կը ծանօթանաս պատմութեան, որ հոս այցելած է Կոմիտաս Վարդապետ, Վարդաբլուր գիւղը Հայաստանի եւ աշխարհի քարտէսին վրայ իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ:
Անգնահատելի է Կոմիտասի աւանդը բանահաւաքչութեան գործին մէջ: Ան շրջած է հայաբնակ բազմաթիւ բնակավայրերը եւ գիւղացիներէն, երգողներէն, աշխատաւորներէն գրի առած է հայկական մեղեդիներ, խաղիկներ, երգեր: Գիւղէ գիւղ պտտելու իր անձնուրաց գործունէութեան շնորհիւ Կոմիտաս Վարդապետ ձայնագրած է հայ ժողովրդական երգարուեստի զանազան ձեւերու պատկանող քանի մը հազար երգ՝ այսպէսով մոռացումէ փրկելով հայ ժողովուրդի ստեղծած ամբողջ մշակոյթը: Կոմիտաս կը հաւատար, որ գեղջուկը, բնութեանն ու հողին կառչած հայ մարդը ամենամաքուր մեղեդիին կրողն է, եւ ան միշտ կ՚երթար դէպի մաքրութեան եւ պարզութեան այդ աղբիւրը:
Հայկական գիւղերու, հեռաւոր բնակավայրերու մէջ, Կոմիտասի գրի առած այդ երգերը յետագային կազմած են Կոմիտասի գիտական եւ ստեղծագործական երկերուն հիմքը: Արշակ Չօպանեանի բնորոշումը Կոմիտասին՝ «հայկական երաժշտութեան փրկիչ», բոլորովին չափազանցուած չէ: Տեսաբանները բազմիցս հաստատած են, թէ ինչ որ ըրած է Կոմիտաս, իբրեւ մանկավարժ, բանահաւաք, խմբավար, երգիչ, հասարակական գործիչ, հոգեւորական, եկեղեցւոյ ամբողջ հարստութիւնը իր մէջ ունեցող երաժիշտ, բոլոր բնագաւառներուն մէջ ան ջանացած է հասնիլ լաւագոյնին եւ կատարեալին:
Իր այցելած հայկական գիւղերէն մէկը եղած է Լոռիի Վարդաբլուր գիւղը: Այս պատմութիւնը գիւղին մէջ բոլորը գիտեն եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն Կոմիտասի այցին մանրամասնութիւնները, ինչ որ իրենք ալ իրենց մեծ հայրերէն լսած են:
Կոմիտասին Վարդաբլուր ուղեկցած է Գէորգեան ճեմարանի վարդաբլուրցի սան, յետագային Փրոֆ. Աւետիք Տէր-Պօղոսեան: Անոնք գիտէին, որ հոս գիւղացիները հողը վարելու ժամանակ երգերու եւ խօսքերու ծիսակարգ մը ունին եւ լսած էին մանաւանդ այն գիւղացիին մասին, որ լաւագոյնս կը տիրապետէր մեղեդիին: Կոմիտաս հիւրընկալուած էր գիւղացիին տան մէջ: Կը պատմեն, որ երեկոյեան Կոմիտաս գիւղացիէն խնդրած է երգել, գիւղացին կտրականապէս հրաժարած է: Կոմիտաս չէ հասկցած, թէ ո՞րն է մերժումին պատճառը, իսկ առաւօտեան, երբ գիւղացին, եզը գոմէն դուրս հանելու պահուն գութաներգի մեղեդին սուլած է, Կոմիտաս, պահը չկորսնցնելով, անմիջապէս գրի առած է:
Յետոյ ան հարցուցած է գիւղացիին, թէ ինչո՞ւ երեկոյեան մերժեց երգել, գիւղացին բացատրած է, թէ՝ երեկոյեան եզը յոգնած վերադարձած էր դաշտէն եւ, եթէ ինքը երգէր, անասունին կը թուէր, թէ լոյսը բացուած է, եւ ան նորէն աշխատանքի կը դառնար: Այսպէսով, առաւօտեան, աշխատանքի թարմ պահուն Կոմիտաս լսած է մեղեդիին սկիզբը, իսկ շարունակութիւնը գրի առած է դաշտին մէջ, յետագային մշակելով եւ երաժշտական կատարելութեան հասցնելով իր նշանաւոր հորովելը՝ Լոռուայ գութաներգը:
Ուսումնասիրելով բազմաթիւ վայրերու մէջ տարածուած հորովելները, Կոմիտաս ընտրած է մանաւանդ Վարդաբլուր գիւղինը, նկատի ունենալով, որ գիւղին մէջ, աստղերուն դիրքէն սկսեալ, մինչեւ գիւղացիներուն աշխատանքի յստակ ժամանակացոյցը, կանոնաւոր է, եւ երգը հոն կը հասնի կատարելութեան: Կոմիտասի ժառանգութիւնը ուսումնասիրողներու գնահատումով, ամենայն հաւանականութեամբ, Կոմիտաս այս մեղեդին Լոռիի Վարդաբլուր գիւղին մէջ գրի առած ըլլալու էր 1899 թուականէն մինչեւ 1901 թուականի ժամանակահատուածին, քանի որ 1902 թուականին Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ կազմակերպուած համերգին ան հնչեցուցած է գութաներգին խմբերգային մշակումը:
Գութաներգը, իբրեւ աշխատանքային երգի բացառիկ նմոյշ, հայ երգարուեստի մէջ փրկուած է Կոմիտասի շնորհիւ: Ան հայ երկրագործական երգերու բազմաթիւ մեղեդիներ գրի առած է, բայց անոնց պսակը, անշուշտ, հորովել-գութաներգն է: Գիւղացին, արտն ու դաշտը վարելու դժուար աշխատանքին երգով կը լծուէր: Իսկ հող վարելը, առանց մեքենաներու, լծուած եզան օգնութեամբ, ծանրագոյն աշխատանք էր: Ատիկա ծիսակարգ մըն էր, որ գիւղացիներուն ընտանիքները կը միանային եւ կը կատարէին՝ ամբողջ տարին հաց ունենալու համար:
Ըստ աւանդութեան, հողը վարելու ընթացքին հորովել կանչելը պարտադիր էր, եւ գիւղացին այդ ծէսը չէր ընկալեր իբրեւ երգ, այլ՝ անոր համար ատիկա խօսք եւ կանչ էր, ահա թէ ինչու՝ հորովելի մասին ըսած են ոչ թէ երգել, այլեւ՝ կանչել: Հորովելը նախապատրաստական կանչ մըն էր եւ դարձած էր գոհաբանութեան, փառաբանութեան, օրհնութեան, սովորութեան ինքնատիպ խօսք:
Իր հաւաքած երգերէն Կոմիտաս ամենածաւալուն աշխատութիւնը գրած է այս հորովելին մասին՝ «Լոռուայ գութաներգ Վարդաբլուր գիւղի ոճով» խորագրով եւ մանրամասնօրէն վերլուծած է երգը՝ իր բառերով, կշռոյթներով, հնչիւններով եւ նշանակութեամբ: Այս եզակի աշխատութիւնը Կոմիտաս թարգմանել տուած էր նաեւ ֆրանսերէնի եւ Ֆրանսա տարած ու ֆրանսացիներուն ներկայացուած էր՝ հայ գեղջուկին յօրինած դաշտային այդ ծէսը նկատելով քաղաքակրթական յայտնագործութիւն մը:
Գութանը եզներով լծելու, հերթով վարելու եւ հերթաբար հորովել կանչելու արարողութիւնը Կոմիտասի համար բացած էր ամբողջ աշխարհ մը, որ ան վերլուծած էր գութաներգի մասին իր գիտական աշխատութեան մէջ: Գութաներգը ունի բազմաթիւ մասեր՝ եզները քշելու, ակօսներու շուրջ պտտելու, եզները հանգստացնելու, հնձած ցորենը մաքրելու, կալելու եւ այլ արարողութիւններու համար երգին մէջ կան անջատ բաժիններ: Կոմիտաս իր գիտական աշխատութեան մէջ երգին ամէն մէկ ձայնաւորը վերլուծած, ամէն մէկ բառը քննած եւ ամէն մէկ հնչիւնը արժեւորած է՝ բացատրելով, թէ ինչու այս կամ այն հատուածը բարձր ձայնով պէտք է երգել, միւս հատուածը՝ ցած ձայնով կամ շշուկով: Այս աշխատութեան մէջ Կոմիտաս նաեւ բացագանչութիւններու եւ կանչերու բառարան մը կազմած է: Այդ աշխատութիւնը կը նկատուի առհասարակ, երգի մը շուրջ աշխարհի մէջ կատարուած ամենամանրամասն ու գիտական վերլուծութիւնը: Հորովելին նուիր-ւած իր գիտական աշխատութեան վերջաբանին մէջ Կոմիտաս գեղարուեստական ձեւով կը բացատրէ, որ հողը մայրը կը նկատուի, իբրեւ ծննադաբերութեան խորհրդանիշ, գութանը՝ տղամարդը, որ ընտանիքի, շարունակականութեան, սերնդատուութեան խորհրդանիշ է, իսկ ցորենը, որ յետոյ հաց կը դառնար, ան կը համեմատէր ընտանիքին մէջ ծնած երեխային հետ: Կոմիտաս պատահական չէր նկատեր հողին այդ երգը բնութեան մէջ ծնած ըլլալը, եւ շինականի ձայնին միանալով առուակին, քամիին, հողին ձայները՝ կատարեալ դարձուցած են կանչը…
Հո, հորովել, հո, հո, հո, հորովել,
Լուսը բացուեց, բարին բացուեց,
Հո, եզո ջան, հորովել, հո, եզո ջան,
Քաշիր, քաշիր, ուսիդ մատաղ,
Հորի լորի, լորո, լորի լորի հորովել, հո,
Հորովել հո:
Վար-վար արա, ակոս արա, եզո ջան, ախպեր ջան,
Հո, հորովել, հորի լորի, լորո լրոի հորովել,
Հորի լորի, լորո լորի ջան:
Քաշիր, քաշիր, ուսիդ մատաղ, եզո ջան, ախպեր ջան,
Հո, հորովել, հորի լորի, լորո լրոի հորովել,
Հորի լորի, լորո լորի ջան:
Ցորենն ինձի դարմանը՝ քեզ, եզո ջան, ախպեր ջան,
Հո, հորովել, հորի լորի, լորո լրոի հորովել,
Հորի լորի, լորո լորի ջան:
Հորովել հո՜...
Վարդաբլուր գիւղին մէջ, ուր Կոմիտաս նախ գիւղացիէն լսած, ապա արտին մէջ մանրամասն գրի առած է հորովելը, 1980-ական թուականներուն մեծ շուքով նշած են գութաներգի գրառման 80-ամեակը: Տարիներ ետք, գիւղապետարանի կողքին, տեղադրուած Կոմիտասի արձանը՝ արտը վարող եզներու ու գիւղացիի պատկերով այս գիւղ եկած մարդոց կը յիշեցնէ «Հորովել»ին ծննդավայրը:
Այս երգը արժէք մըն ալ ունի, որ պահպանուած եւ մեր օրերուն հասած է երգին անզուգական կատարումը, իրեն՝ մեծն Կոմիտասի ձայնով: Երգը կարելի է ունկնդրել Համացանցի վրայ եւ Երեւանի մէջ բացուած Կոմիտասի թանգարանին մէջ, ուր մէկ դարէ աւելի առաջ ձայնագրուած երգը մարգարիտի պէս կը փայլի: Թանգարանին մէջ, Կոմիտասին պատկանած բազում իրերու կողքին, ցուցադրուած են նաեւ անոր բանահաւաքչական տետրերը: Այնպիսի տպաւորութիւն մը կը թողու, որ տետրերուն մէջ կարծէք օտար տառերով գրուած երգեր կան, մինչ այդ օտար տառերու նմանող այդ գիրերը հայկական նոր նոթագրութիւնն է՝ Համբարձում Լիմոնճեանի (Նոթաճի պապա Համբարձումի) ստեղծագործութիւնը (1813), որ ըստ Կոմիտասի, աւելի գործնական է եւ դիւրին կը կիրարկուի:
ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԸՆԿԵՐ
Երգահան, բանահաւաք Նիկողայոս Տիգրանեան կը յիշէ դէպք մը, երբ Կոմիտասին հետ Շիրակի Չլու գիւղէն ոտքով վերադարձած պահուն, դաշտին մէջ տեղատարափ անձրեւ կը սկսի, քալելը կը դժուարանայ եւ Կոմիտաս իր ուրախ-զուարթ բնաւորութեան համաձայն կը փորձէ վիճակը երգելով մեղմել: Յանկարծ երգելով ձայնը գործի կը դնէ եւ կը սկսի օգնութեան կանչել հեռուէն անցնող կառապանին՝ խնդրելով մինչեւ մօտակայ քաղաք հասցնել: Կոմիտասին հրաշալի ձայնին համար սայլապանը կը համաձայնի: Նիկողայոս Տիգրանեան կ՚ըսէ, որ այդ օր Կոմիտասին երգած գեղջուկ ու ժողովրդական երգերը կարծես մարմին կ՚առնէին իրենց շուրջը: Եւ երբ տեղ կը հասնին, սայլապանը, համբուրելով կղերական սքեմով Կոմիտասին ձեռքը, կ՚ըսէ՝
-Հազար ափսոս, որ կեանքիս այս երջանիկ օրն այսքան շուտ անցաւ:
Տիգրանեան ինքն ալ իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Այդ անմոռանալի օրը ես կուշտ ու կուռ վայելեցի Կոմիտասի քաղցրալուր եւ հզօր ձայնին ելեւէջները, որոնք կ՚արձագանգէին մեր հայրենի դաշտերուն մէջ»:
Նիկողայոս Տիգրանեանի յուշերուն մէջ կը կարդանք նաեւ, թէ ինչպէս Կոմիտաս, Ալեքսանդրապոլէն ձիասայլ մը վարձելով, դաշնամուր մը կը դնէ ձիասայլին վրայ եւ կ՚ուղեւորուի Բիւրական՝ կաթողիկոսական ամարանոց: Անոր կ՚օգնեն երեք հոգի, որոնցմէ երկուքը նկարիչներ Փանոս Թերլեզմեանն ու Եղիշէ Թադէոսեանն էին: Դարձեալ Բիւրականի մէջ Կոմիտաս առաջին անգամ կ՚երգէ Հայրիկին նուիրուած իր երգը (խօսք՝ Մ. Ճանիկեան)
Հայրի՜կ, Հայրի՜կ, քո հայրենիք՝
Վասպուրական մեր աշխարհ
Վարդի փոխան քեզ փուշ բերաւ,
Ցաւերդ դառան բիւր, հազար:
Մայիսն եկաւ սոխակներով,
Վարդի մի թուփ որոնեց,
Փոխան թփի մացառ գտաւ,
Լալահառաչ ձայն հանեց:
Հայրիկն ասաց. Իմ հայրենեաց
Փուշն անուշ է, քան ըզվարդ,
Ես այն փշոց մէջը դարձեալ
Կը որոնեմ սիրուն վարդ:
Պատմողներուն ներկայացմամբ, ամբողջ շաբաթ մը երգ ու ուրախութիւն կը տիրէր Բիւրականի մէջ: Խրիմեան Հայրիկի առաջարկով Կոմիտաս ոչ միայն կ՚երգէր, այլ նաեւ կը պարէր, պարերուն կը միանար նաեւ ինքը՝ Հայրիկը:
ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻՆ ՊԱՏՈՒԷՐԸ
Իր բացառիկ դուրեկան ձայնին համար Կոմիտաս արժանացած էր Խրիմեան Հայրիկի համակրանքին եւ տօնական օրերուն Հայրիկը իրեն վստահած էր ղեկավարել խորանի երգեցողութիւնը՝ դպրաց դասի եւ աւետարաններու ընթերցումները:
Հրաչեայ Աճառեան կը յիշէ, թէ ինչպէս անգամ մը՝ Սուրբ Գէորգի տօնին, պատարագի աւարտէն ետք, Հայրիկը Կոմիտասին պատիւ կ՚ընէ եւ կը հրաւիրէ սեղանակից դառնալ իրեն: Բայց Կոմիտաս անհետացած էր. այդ օրը բազմաթիւ ուխտաւորներ հաւաքուած էին Հայաստանի զանազան շրջաններէն եւ սովորութեան համաձայն սեղաններ բացած էին, կ՚ուրախանային ժողովրդական երգ ու պարի, դափ ու զուռնայի ուղեկցութեամբ: Աւելի ուշ կը յայտնուի Կոմիտասը եւ ընկերներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ ձայնագրած է բազմաթիւ ժողովրդական երգեր: Կաթողիկոսին բարկութիւնը մեղմելու համար ներկայանալով անոր՝ ծունկի կու գայ եւ կ՚ըսէ, որ Վեհին ցանկութեամբ իր մեղքը կը քաւէ իր հաւաքած երգերէն ու պարերգերէն կատարելով: Ատկէ ետք Խրիմեան Հայրիկ կ՚արտօնէ Կոմիտասին՝ պատարագէն յետոյ ազատօրէն շրջիլ եւ գրի առնել հայ ժողովուրդի երաժշտական գանձերը:
ԿՈՄԻՏԱՍ ԸՍԱԾ Է…
- Ժողովուրդն է ամենամեծ ստեղծագործողը, գացէ՛ք եւ սորվեցէ՛ք անկէ:
- Հայ երաժշտութիւնը իր մէջ կը սնուցանէ ոգին իր իսկ ցեղին, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամենէն մաքուր հայելին է ցեղին:
- Ժողովուրդին երգեցողութիւնը ունի ինքնուրոյն դպրոց մը, ուր դաս կ՚առնեն ամէնքը, ամէն անգամ որ կարիքը զգան:
- Հայն ունի ինքնուրոյն երաժշտութիւն… Իւրաքանչիւր ազգի երաժշտութիւնը իր ազգին հնչական ելեւէջներէն կը ծնի ու կը ծաւալի: Հայ լեզուն ունի իր յատուկ հնարաւորութիւնը, ուրեմն եւ՝ համապատասխանող երաժշտութիւնը:
- Հայ ժողովուրդի զաւակնե՛ր, դուք կարդացէք Խորենացի, Եղիշէ, Նարեկացի, Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Ալիշան, Պէշիկթաշլեան եւ տեսէք, թէ ո՛վ ենք մենք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ