ԲԵՐԱ՝ 16. ԵՒ 17. ԴԱՐԵՐՈՒՆ
9 յուլիս 1807 թուակիր «ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ»ի մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը։
«Բերա 16. եւ 17. դարուն մէջ միայն իբր հիւանդանոց եւ գերեզմանատուն կը ծառայէր Հայ համայնքին։ Արդի Էսաեան վարժարանին տեղը 18. դարուն առաջին կիսուն մէջ ունէինք Սուրբ Յարութիւն հիւանդանոցը, որ հոն շարունակեց մինչեւ որ 1833-ին բացուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցը Եէտիգուլէէն դուրս, ուր փոխադրուեցան Բերայի եւ Նարլըգաբուի հիւանդանոցներուն պատսպարեալները։ Հետեւաբար դար մը ամբողջ Ազգը հիւանդանոց մը պահեր է Բերայի մէջ։
«18. դարուն վերջերը նորոգուած են Բերայի եւ Նարլըգաբուի հիւանդանոցները։
«Սուրբ Յարութիւն մատուռը ծագում առած է հիւանդանոցէն, որովհետեւ Ղալաթիայէն զատ ուրիշ տեղեր հայերը եկեղեցի չունէին այն կողմերը եւ ննջեցեալները պէտք էր եկեղեցի տանիլ»։
Այս պատմական-վաւերական տեղեկութիւններէն կը հետեւի թէ՝ 1743-էն կամ 1755-էն ի վեր արդի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ եւ Էսաեան վարժարանին տեղւոյն վրայ գոյութիւն ունեցած է շէնք մը որ ծառայած է նախապէս գաղթական հայերու իբր օթեւան եւ եղած է պատսպարան ծեր եւ անկեալ, անկար պանդուխներու։
Հայերը այն ժամանակները չունէին յատուկ հիւանդանոց կամ պատսպարան, եւ անոնք, աղքատ եւ գործելու, աշխատելու անկարող անձերը ինքնաբերաբար կամ ուրիշներու խորհուրդով դիմած են հոն, ապաստան գտնելու, ինչպէս նաեւ խաներու անկիւնները միսմինակ բնակողները հիւանդանալու պարագային իրենց ազգականներէն օգնութիւն եւ գուրգուրանք գտնելու յոյսով դիմած են հոն։
Եւ այսպէսով, այս պայմաններու տակ ծագում է առած Բերայի հիւանդանոցը։
Սուլթան Սէլիմ Գ-ի 1792-ի հրովարտակով այս հիւանդանոցը ի հիմանէ կը նորոգ-ւի կամ կը վերաշինուի 1794-ին եւ կը տեւէ մինչեւ 1833 թուական։
Շնորհք Մկրտիչ Ամիրա, որ 1790-էն սկսեալ կարեւոր դեր մը ունեցած է Կ. Պոլսոյ հայոց կրթական նուիրական գործին մէջ, մեռած է 1801-ին։ Շնորհք Մկրտիչ Ամիրա օգնած է Բերայի հիւանդանոցին վերաշինութեան։ (Սկզբնաղբիւր՝ «Օրացոյց Ազգային Հիւանդանոցի», 1901, էջ. 160)։
Այս հիւանդանոցին, ինչպէս նաեւ Նարլըգաբուի հիւանդանոցին մատակարարութիւնը կը կատարուէր Հոգաբարձութեան մը կամ վերակացուներու միջոցաւ, եւ կը հոգացուէր գլխաւորաբար տարեկան տուրքերով, զորս այն ժամանակները սիրայօժար ստանձնած էին վճարել «Արհեստաւոր»ները։
Այս երկու հիւանդանոցներն ալ տարիներու ընթացքին բնականաբար հինցած, խարխլած էին, անձուկ եւ շատ անյարմար էին ողջպահիկ տեսակէտով մանաւանդ։ («Պատմութիւն Ազգային Հիւանդանոցի», էջ. 2)։
Երբ կառուցուեցաւ Ազգային Հիւանդանոցը 1833 թուականին, հոն փոխադրուեցան հետզհետէ այս երկու հիւանդանոցներուն պատսպարեալները եւ այնուհետեւ Բերայի հիւանդանոցը դադրեցաւ գոյութենէ։
1833 թուականէն յետոյ այս խարխուլ շէնքը ծառայել սկսած է իբր աղքատանոց։ Հոն տեղաւորուած են յաճախադէպ հրդեհներէ, մանաւանդ Թարլապաշըի հրկիզումներէն եւ Բերայի «Մեծ կրակ»էն արկածեալ աղքատ ընտանիքներուն մէկ մասը, թաղային պիւտճէին ներած չափով անոնց սնունդ, դեղ, դարման եւ այլ պիտոյքը հոգացուելով յաճախ թաղին «Մատակարար Մարմին»ին կողմէ։
1877-ի սկիզբը պատսպարեալները բոլորն ալ հանուած են հոնկէ, եւ շէնքը նորոգուած։ Ուստի շէնքը նորոգուելով եւ բարեփոխուելով վերածուած է վարժարանի՝ ուր փոխադրուած է Նարեկեան վարժարանը նոյն տարին։
ԲԵՐԱՅԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Բերայի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ նախնական հիմնարկութեան կամ հաստատման թուականը յայտնի չէ. հաւանաբար Բերայի հիւանդանոցի հաստատումէն յետոյ տեղի ունեցած է այն։ («Հարիւրքսանեւհինգ Ամեայ Յոբելեան Բերայի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ», Մարտիրոս Հանէսեան, 1932)։
ԺԸ դարուն, Բերայի մէջ հայ եկեղեցի գոյութիւն չունենալով, այս հիւանդանոցին մէջ մեռնողները մինչեւ Ղալաթիա, Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին փոխադրել դժուար էր, մանաւանդ ձմրան խստաշունչ օդերուն, հետեւաբար պէտք եղած է հիւանդանոցին առընթեր ունենալ նաեւ եկեղեցի մը, եւ ասկէ ծագում առած կը թուի Բերայի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին։
Բերայի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մատակարարութիւնը կատարուած է հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան կամ վերակացուներուն միջոցաւ, եւ հիւանդանոցի դադարումէն յետոյ, շարունակուած է Ղալաթիոյ «Միւթէվէլլիութեան» կողմէ, մինչեւ 1861 թուականը երբ սահմանադրապէս կ՚ընտրուի Բերայի թաղին համար առաջին Թաղական Խորհուրդը, որ այնուհետեւ կը վարէ Բերայի շրջանակին մէջ գտնուած բոլոր Հայ եկեղեցիները՝ Ս. Երրորդութիւն, Ս. Յարութիւն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Գասըմ փաշայի Ս. Յակոբ եւ յետոյ ալ Բանկալթիի Ս. Լուսաւորիչ (Խոր Վիրապ)։
Իսկ հոգեւոր մատակարարութիւնը սկիզբէն ի վեր կատարուած են Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր պաշտօնեաներուն կողմէ, մինչեւ 1866։ Այս թուականին Բերայի Թաղական Խորհուրդը դիտելով որ Ղալաթիոյ քահանայից կողմէ կամ անոնց թելադրանքով անկարգութիւններ կը պատահէին յաճախ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ներքին բարեկարգութիւնը հաստատելու համար հոն, Ազգային Վարչութեան դիմում կը կատարէ եւ այնուհետեւ նոյն եկեղեցւոյն հոգեւոր մատակարարութիւնը կը փոխանցուի Բերայի քահանաներուն, եւ այս առթիւ 6 Օգոստոս 1866 թուականին Մալաթիոյ առաջնորդ Սրապեան եպիսկոպոս, որ Բանկալթիի Խոր Վիրապ մատուռին պահպանութիւնը կ՚ընէր, քարոզիչ կը նշանակուի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ։
Ս. Յարութիւն եկեղեցին փայտաշէն ըլլալով՝ ամէն անգամ նորոգութիւն գտած էր հիւանդանոցին հետ եւ անկէ ետքն ալ փոքր նորոգութիւններ տեսած։ 1870-ի զարհուրելի հրդեհէն բարեբախտաբար չայրեցաւ այս եկեղեցին իր շրջակայ թաղամասով, եւ կարելի եղաւ անոր յարակից սենեակներուն մէջ պատսպարել հրդեհէն արկածեալներուն մէկ մասը։ Բայց այնուհետեւ խարխուլ վիճակ մը առաւ շէնքը, որ մէկ դարու պատկառելի հնութիւն ունէր եւ այլեւս նորոգութիւն չէր վերցներ, եւ 1890-ին փլչելու վտանգին պատճառաւ առժամանակեայ կերպով փակուեցաւ Ս. Յարութիւն եկեղեցին եւ անոր գոյքերը եւ սրբազան անօթները, ինչպէս նաեւ Խնդրակատար Ս. Աստուածածնայ սրբանկարը յատուկ հանդիսութիւններով փոխադրուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քովի մատուռը։
1861-էն յետոյ այս եկեղեցին ի հիմանէ վերաշինելու ծրագրեր մշակած էր Բերայի Թաղական Խորհուրդը, բայց ըլլալիք ահագին ծախքերը հայթայթելու միջոց չունենալով, չէր կրցած իրագործել իր ծրագրերը։ Եղած էին մէկ երկու բարեսէրներ որոնք փափաք էին յայտնած վերաշինման ծախքը հոգալու, բայց գործնական քայլեր առած չէին բնաւ, մինչեւ որ Էսաեան բարեհամբաւ գերդաստանի երկու հարազատները՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան, Փետրուար 23/Մարտ 7 1891-ին կ՚առաջարկեն իրենց ծախքով հիմնել Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին եւ անոր քով Էսաեան վարժարանը։
Բերայի թաղը մէկ քարոզիչի ենթակայ եղած է, որուն կեդրոնատեղին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին է, բայց քարոզիչին իրաւասութիւնը պահելով հանդերձ առժամեայ քարոզիչներ նշանակուած է սովորաբար։ Այս դրութեամբ, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիին քարոզիչ եղած են առժամեայ հանգամանքով՝ 1861-ին Տ. Յովհաննէս վարդապետ Չպուգճեան, 1866-ին Մալաթիոյ առաջնորդ Տ. Սրապեան եպիսկոպոս, 1879-ին Ամբրոսիոս վարդապետ, եւ 1910-էն յետոյ ալ Տ. Վահան Ծ. Վարդապետ Յակոբեան եւ Տ. Մեսրոպ Ծ. Վարդապետ Ամատունի։
Տ. Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան եւս 1913-ի ձմրան եւ մեծ պահոց եւ Ս. Զատկի շրջանին, ո՛չ ի պաշտօնէ, այլ եկեղեցւոյն մէջ կ՚ընէր իր հոգեւոր պաշտամունքը եւ կը խօսէր իրեն յատուկ պերճիմաստ քարոզներ, հոն քաշելով քաղաքիս չորս ծայրերէն, եկեղեցին եւ բակը լեցնող խուռներամ ժողովուրդ։
Բերայի Թաղական Խորհուրդը Ս. Յարութիւն եկեղեցին մատակարարած է Հոգաբարձուներու ձեռքով։
Եւ այսօր ալ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ամէն կիրակի, անխափան, կիրակնօրեայ պաշտամունք կը կատարուի, Ս. Պատարագ կը մատուցուի հաւատացեալ ժողովուրդի մը կոկիկ բազմութեան մասնակցութեամբ…։
- Սկզբնաղբիւր.- Մարտիրոս Հանէսեանի «Հարիւրքսանեւհինգ Ամեայ Յոբելեան Բերայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ», 1932։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 4, 2019, Իսթանպուլ