ՆԵՐԵԼ ԿԱՄ ՊԱՏԺԵԼ

Սիրել, գթալ եւ ներել, արդար, անաչառ ըլլալ եւ պատժե՛լ։ Ահաւասիկ երկու հակադիր զգացումներ՝ որոնց հետեւանքներն ալ բոլորովին ներհակ են իրարու, «ներել» եւ «պատժել»։

Այս հակադրութիւնը հարցում մը կը ստեղծէ ինքնաբերաբար. սիրել, գթալ արգե՞լք են արդար եւ անաչառ ըլլալու։ Ուրիշ խօսքով՝ ո՞ր մէկը նախամեծար պէտք է նկատուի, գո՞ւթը թէ արդարութիւնը։ Մարդիկ երբ սխալին, յանցանք մը գործեն, ընդհանրապէս կը մտածեն՝ թէ յանցանքէն վնասուածը «բարի» է եւ գթասիրտ, ուրեմն կը ներէ, եւ կամ ճիշդ հակառակը՝ անգութ մարդ է, չի ներեր եւ կը պատժէ, հատուցում կը պահանջէ։

Ապա ուրեմն, կը հետեւի, թէ «բարի» եւ գթասիրտ ըլլալ՝ պատիժը եւ հատուցումը զանց առնելու պատճառ կ՚ըլլայ, իսկ անգութ ըլլալ՝ պատիժ եւ հատուցում պահանջելու առիթ կ՚ընծայէ։ Այսպէս եթէ խորհի մարդ, տրամաբանօրէն սա եզրակացութեան կը յանգի՝ թէ արդար ըլլալու համար գութի զգացումը մէկ կողմ պէտք է ձգուի, ապա թէ ոչ կարելի չ՚ըլլար արդար վարուիլ, քանի որ յանցանքին բնական արդիւնքը պատիժ եւ հատուցո՛ւմ է, եւ գութը արգե՛լք կը հանդիսանայ արդարութեան։ Եւ երբ կը մտածենք արդարութեան մասին, անաչառ ըլլալու, արդարադատ ըլլալու մասին, անմիջապէս կը յիշենք Սուրբ Գիրքէն հատուած մը. «Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք, ձեր դրացին արդարութեամբ դատեցէք» (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։ Այս հատուածին տառացի մեկնաբանութիւնը սա է՝ թէ աղքատին կամ տկարին մեղքնալով եւ խղճալով պէտք չէ՛ աչառութիւն ընել եւ զիջանիլ արդարութեան նկատմամբ։ Ուրեմն, գութը պէտք չէ արգելք հանդիսանայ արդարութեան իրականացման։

Երբ կը խօսուի «արդարութեան» մասին, նախ պէտք է գիտնալ, թէ ի՛նչ է արդարութիւնը։

Արդարութիւնը, ինչպէս կը հասկցուի ընդհանրապէս, իր լայն առումով, այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ իւրաքանչիւր անձի, ինչ որ իրենց կը պատկանի եւ ինչ որ պարտական եւ պարտաւոր ենք անոնց, պէտք է տանք ուրեմն իրաւունքի եւ պարտքի համեմատութեամբ։

Երբ կ՚ըսենք. «իրաւունքի եւ պարտքի համեմատութեամբ», այս կը նշանակէ, թէ արդարութիւնը կախում չունի անձերէն, այլ՝ վիճակէ՛ն։

«Արդարութիւն»ը Աստուծոյ հանդէպ կոչուած է «առաքինութիւն կրօնի»։ Իսկ մարդոց նկատմամբ ան մեզ տրամադիր կ՚ընէ յարգելու իրաւունքները իւրաքանչիւրին, նկատի ունենալ անոնց ազատութիւնը եւ մանաւանդ մարդկային արժանապատուութիւնը  ամէն մէկուն։

Այս տրամադրութեամբ, ահաւասիկ, կը հաստատուի ներդաշնակութիւնը մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ, որ կը հրահրէ արդարադատութիւնը հանդէպ անձերուն եւ հասարակաց բարիքին։ Ուստի, «արդար մարդ»ը, յաճախ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ, կը զանազանուի, կ՚որոշուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մերձաւորին հանդէպ իր վարքին ուղղամտութեամբ։ Այս կը նշանակէ՝ աղքատին հանդէպ աչառութիւն չընել, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ, այլ արդարութեա՛մբ դատել ընկերը…։

Արդարեւ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Տէրե՛ր, շնորհեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն իրաւունք եւ արդարութիւն, գիտնալով, որ դուք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ» (ԿՈՂ. Դ 1)։ Ուստի, արդար պէտք է վարուիլ ուրիշներու նկատմամբ, որպէսզի արդարութիւն գտնենք եւ արդարութեամբ վարուին ուրիշներն ալ մեզի հետ։ Աստուած արդար է՝ բացարձակ արդարութի՛ւն, եւ ուրեմն պէտք է մենք ալ արդար ըլլանք, քանի որ ստեղծուած ենք Անոր նմանութեամբ եւ Անոր պատկերով։ Արդարութիւնը, ուրեմն սկզբնական կոչո՛ւմն է մարդուն, որուն պէտք է հաւատարիմ մնայ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։

Ահաւասիկ, հարցը հոս է որ կը յայտնուի. արդարութեան չափ արժէք ներկայացնող աստուածային զգացումներ՝ սէր եւ գութ, կարեկցութիւն, ներում, այս բոլորը ինչպէ՞ս պիտի համաձայնեցնենք եւ ներդաշնակենք արդարութեան բարձր գաղափարին հետ, քանի որ բոլորն ալ աստուածատուր առաքինութիւններ են՝ աստուածային բարձր արժէքներ։

Օրէնքներու գործադրութեան մէջ առաձգականութիւն ունենալու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը հո՛ս է որ կը յայտնուի. հակադիր կարծուած գաղափարները ներդաշնակելու, համաձայնեցնելու պահանջքը՝ որ մարդ էակին բանականութեան յանձնուած եւ վստահուած է «ազատ կամք»ի գաղափարով։

Ներե՞լ թէ պատժել. որոշումը պիտի տայ մարդկային բանականութիւնը իր ազատ կամքով։

Բայց ներելու կամ պատժելու ատեն պէտք չէ անտեսել հասարակաց բարիքը, քանի որ ներում եւ պատիժ որքան որ անհատական հանգամանք ունին, բայց անուղղակի կերպով կը շահագրգռեն նաեւ հասարակութիւնը, քանի որ ան կը կազմուի անհատներէ։

Եւ ուրեմն, ներելու կամ պատժելու համար պէտք է արդար ըլլալ՝ թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ հասարակութեան իրաւունքները նկատի ունենալով։

Ուստի, անհատ մը ներել եթէ պիտի վիրաւորէ հասարակաց բարիքը, բարոյապէս պիտի վնասուի, զգոյշ պէտք է ըլլալ եւ ըստ այնմ վարուիլ։ Ահաւասիկ, սիրոյ, գութի եւ արդարութեան միջին կէտը հոս պէտք է ըլլայ. անհատին բարիքը եւ հասարակաց բարիքը ներդաշնակել եւ համաձայնեցնել։ Արդարեւ, «հասարակաց խիղճ»ը պէտք չէ վիրաւորուի անհատական նկատումներով եւ գործադրութիւններով։ Սէրը եւ գութը անձնական, ենթակայական զգացումներ են. իսկ արդարութիւնը հասարակական, ընդհանուր եւ առարկայակա՛ն։

Ուրեմն հարցը անհատական բարիքի եւ հասարակական բարիքի հարց մըն է, եւ ներումի կամ պատիժի ատեն պէտք է այս երկու արժէքները նկատի ունենալ՝ անոնք ներդաշնակել եւ ըստ այնմ որոշում մը տալ։ Մարդ եթէ ճիշդ գործածէ իր բանականութիւնը, կրնայ արդար լուծում մը գտնել այս հարցին ալ, քանի որ բանականութիւնն ալ աստուածային կարողութիւն մըն է մարդուն տրուած, բաւ է որ անիկա գործածուի ուղղութեամբ եւ անկեղծութեամբ։

Ուրեմն, ներենք բայց նաեւ արդա՛ր ըլլանք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 21, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 26, 2019