ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐ
Փարիսեցիները կրօնամոլ եւ մոլեռանդ դասակարգ մըն էին։ Անոնց ծագումը յստակ չէ. ոմանք անոնց «մաքրակրօն» հակումը Եզրասի եւ Նէեմայի բարեկարգական շարժումին մէջ տեսնել կ՚ուզեն։ Իսկ ուրիշներ Յուդա Մակաբայեցիէն բաժնուած եւ իւրայատուկ դասակարգ կամ կուսակցութիւն կազմած կը կարծեն։ Անոնք զօրացան եւ պաշտօնականացան Աղեքսանդրա թագուհիի տիրապետութեան օրերուն (Ն. Ք. 76), երբ անդամակցելով մուտք գործեցին նաեւ սենհիդրիոնէն, այսինքն հին հրէից բարձրագոյն ատեանէն ներս եւ Քրիստոսի օրով տիրող դասակարգերէն մին էին։ Անոնք կը հաւատային մեռելներու յարութեան, հրեշտակներու գոյութեան եւ յետ մահու վարձատրութեան եւ պատիժի հատուցման։ Ջերմեռանդօրէն կը յարգէին օրէնքի աւանդութիւնները՝ օրինապաշտութեան աստիճան տառապէ՛ս։ Կը կիրարկէին եւ կ՚օգտագործէին կախարդական հաւատալիքները Տասանորդի եւ պահեցողութեան կիրարկումը կամաւորութեամբ կ՚ընդունէին։ Կը հաւատային թէ՝ շնութեան եւ հայհոյանքի պատիժը պէտք է ըլլայ մա՛հ։ Իրենք զիրենք «սրբակեաց» նկատելով հեռու կը մնային մեղաւորներէ։
Փարիսեցիներու մեծամասնութիւնը բացարձակ հակառակ էին Յիսուս Քրիստոսի անխտրականութեան, ազատախոհութեան, երկնային հոգեւոր թագաւորութեան գաղափարին եւ մանաւանդ, ամէն բանի մէջ տառէն աւելի ոգիին ընձեռած կարեւորութեան։ (Բաբգէն Աւ. Քհնյ. Մագսուտեան «Յիսուս Քրիստոսի Առակները», 1991, Նիւ Եորք)։
Փարիսեցիին այս ընդհանուր նկարագիրը, աւելի յստակ կը տեսնենք Յիսուսի «Փարիսեցին եւ Մաքսաւորը» առակին մէջ։ Հոն է որ կը տեսնուի փարիսեցին իր ամբողջ ինքնութեամբ՝ նկարագրով եւ ներաշխարհով։ Հո՛ն է որ կը յայտնուի փարիսեցին՝ ինքնահաւան, անբարտաւան, եսամոլ, իրմէ զատ ուրիշի կարեւորութիւն չընծայող, ինքն իրմով հպարտ, մեծամիտ, գոռոզ եւ յաւակնոտ կեցուածքով։ Եւ փարիսեցին, իր այս նկարագրով միշտ կը ստորադասէ իր նմանները եւ իր «Ես»էն զատ ուրիշ «Ես» չի ճանչնար, չ՚ընդունիր։
Արդարեւ, մարդկային բնաւորութիւնը երբեք չի փոխուիր. ի՛նչ որ էր մարդ աւելի քան երկուհազար տարի առաջ, նո՛յնն է նաեւ այսօր, եթէ հաշուի չառնուի արտաքին կարգ մը փոփոխութիւններ, քանի որ մարդ ներքնապէս, էապէս չի փոխուիր եւ միշտ նո՛յն մարդը կը մնայ իր մարդկային ընդհանուր նկարագրով՝ թերութիւններով եւ տկարութիւններով…։
Եւ այս իմաստով է որ կ՚ըսենք «մերօրեայ փարիսեցիներ» անոնց՝ որ ընդհանուր գիծերը կը կրեն այն ժամանակի ինքնահաւան, ուրիշները ստորագնահատող, իրենց «Ես»էն ուրիշ «Ես» չճանչցող եւ չընդունող փարիսեցիներուն։
Եթէ մարդիկ Աստուծոյ առջեւ հաւասար են, Աստուծոյ նկատմամբ եղբա՛յր են եւ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ կոչուած են ազատութեան, ապա ուրեմն փարիսեցիներու տեսակէտը հակառա՛կ է բոլոր այս ճշմարտութիւններուն, աստուածային կարգադրութիւններուն եւ մարդուն կոչումին։
Սա յստակ է որ Աստուած մարդը ստեղծեց ազատ եւ հաւասար, իսկ ազատութեան եւ հաւասարութեան բնական հետեւանքն է եղբայրութի՛ւն։ Ապա ուրեմն, եղբայրը ստորագնահատել, ստորադաս նկատել ներհա՛կ է եղբայրութեան գաղափարին, քանի որ եղբայրութիւնը կ՚ենթադրէ հաւասարութիւն եւ ազատութիւն։
Մինչդեռ փարիսեցիներ կը հաւատային՝ թէ Օրէնքին տառացի գործադրութեամբ միա՛յն կարելի է փրկութիւն ապահովել եւ ըստ այնմ ալ կը պահանջէին խստիւ պահել Օրէնքը եւ անոր շուրջ աճած «հայրերու աւանդութիւն»ը. (ՄԱՐԿ. Է 13)։ Անոնք կը շեշտէին «անհատական բարեպաշտութեան» կարեւորութիւնը։
Փարիսեցին երբ կ՚աղօթէր, իր ինքնահաւանութիւնը եւ ինքնագովութիւնը նախամեծար սեպեց, փոխանակ աղօթքին պահանջած համեստութեան եւ խոնարհութեան։ Մինչդեռ աղօթքը ներքին հոգեւոր վիճակին հայելին է, ինչպէս կ՚ըսեն Եկեղեցւոյ սուրբ Հայրերը. «Նայէ՛ այդ հայելինն մէջ, տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կ՚աղօթես, եւ կը կարողանաս ճիշդ ըսել, թէ ինչ վիճակ ունի քու հոգեւոր վիճակդ»։
Արդարեւ, աղօթքի մէջ լիովին կը բացայայտուին մարդուս բարի եւ մութ կողմերը, հոգիին մահաբեր նինջը եւ հոգեւոր աճը։ Ուստի առակին մէջ կը տեսնուի երկու տարբեր հոգեվիճակներ եւ երկու աղօթք, մէկ կողմէ՝ փարիսեցիին աղօթքը, ուր ընդամէնը երկու խօսք կայ՝ բուն աղօթական. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ Քեզի», իսկ մնացեալը հպարտութիւն, ինքնափառաբանութիւն եւ ինքնահաւանութիւն արտայայտող խօսքեր են։ Միւս կողմէ՝ մաքսաւորի խոնարհամտութիւնը, որ սեփական ուժերուն որեւէ բարձր կամ բարի բան չի վերագրեր։
Ահաւասիկ մաքսաւորին այսպիսի խոնարհութիւնն է քրիստոնէական բարեպաշտութեան եւ Աստուծոյ առջեւ մարդուս արդարանալու հիմքը, քանի որ երկինքի մէջ առաջին մեղքը առաջացաւ հպարտամիտ ցանկութենէն՝ սատանային՝ նախկին աջակողմեան լուսաւոր հրեշտակին՝ Լուցիֆէրի դրդումով։ Մարդկային բնաւորութեան տկարութիւնները եւ թերութիւնները պատճառ եղան որ ան խաբուի սատանայէն եւ մեղքի մէջ իյնայ։ Եւ այս պատճառով է որ հպարտութիւնը՝ ինքնահաւանութիւնը եղաւ մեղքերու մա՛յրը։ Եւ ահաւասիկ, հետեւելով փարիսեցիներու հպարտ եւ ինքնամոլ ընթացքին, այսօր ալ, կը գտնուին մարդիկ՝ որոնք նախնական մեղքին՝ հպարտութեան եւ ինքնահաւանութեան պատճառով գերին կը դառնան մեղքին։
Այս իմաստով, մերօրեայ փարիսեցիներ իրենց խաբեպատիր ընթացքով կ՚ազդեն իրենց շուրջիններուն վրայ, կը խաբեն զանոնք եւ անշուշտ կը խաբեն նաեւ իրենք զիրենք։ Եւ ինքնախաբէութիւնը պարզամտութան, անգիտակցութեան նշանակ է։
Ուրիշները դատել եւ ստորացնել յատուկ չէ՛ այն մարդուն, որ գիտէ, որ ամէն բան՝ ի՛նչ որ ունի, իրեն տրուած է Աստուծոյ կողմէ։ Բայց փարիսեցին կատարելութիւնը եւ կարծեցեալ առաքինութիւնները վերագրեց ինքն իրեն՝ իր սեփական ուժերուն։ Սակայն, ով որ կը պարծենայ իր գործերով, ան չի գիտեր եւ կամ կը մոռնայ, որ առանց Աստուծոյ օգնութեան՝ սեփական ուժերով կարող չէ մարդ ոչ միայն Օրէնքը կատարել, այլեւ ընդհանրապէս որեւէ բարիք գործել։ Հպարտութեան կորիզը, ըստ երանելի Յովհան Սանդուղքի. «Սեփական գործերու անպատկառ քարոզչութի՛ւնն է…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 23, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024