ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՆԻԿՈՍԻՈՅ ՆԱՐԵԿ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարն է եւ հեղինակը՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքին, վերջերս հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարանի միջնակարգի աշակերտներուն հետ՝ դպրոցի գրադարանի սրահին մէջ։

Հանդիպում-զրոյցի նպատակն էր խօսիլ աշակերտներուն հայ մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանումի կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչպէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ անհրաժեշտ է, որ հայ նոր սերունդը ամուր պահէ հայերէն լեզուն եւ ինքնութիւնը ։

Տքթ. Ճէպէճեան խօսեցաւ իր փորձառութիւններու մէջէն, նաեւ կարեւորեց ազգային մշակութային արժէքներու նկատմամբ հպարտ ըլլալու կարեւորութիւնը։ «Երբ լաւ հայեր էք, վստահ եղէք, թէ լաւ քաղաքացիներ կրնաք ըլլալ այս երկրին եւ շատ աւելի լաւ կրնաք հասկնալ եւ յարաբերիլ ոչ-հայերու հետ։ Ձեր լեզուն լաւ սորվեցէք, նաեւ ձեր ինքնութիւնը եւ մշակոյթը», ըսաւ ան։

Հանդիպումը կազմակերպած էր միջնակարգ դասարաններու հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Վիոլէթ Թաշճեան։ Ան կը փորձէ կազմակերպել նման արտադասարանային ձեռնարկներ, որպէսզի աշակերտները ծանօթանան եւ հմտանան հայկական արժէքներու գիտակցութեան։

Հանդիպումին ներկար էին նաեւ Նարեկ վարժարանի տնօրէնուհի Վերա Թահմազեան եւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 8, 2019