ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՏՕՆԷ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՈՑԸ ԵՒ ՄԵԿՆԱՐԿԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՀՆԳՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ համար Առաջաւորաց պահքին նախորդող կիրակին կը նշուի Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը: Բարեկենդանը պահքի շրջանին նախորդող ուրախութեան օրն է: Ան մեզի կը յիշեցնէ այն իսկական երջանկութիւնը, որ Ադամն ու Եւան ապրեցան դրախտին մէջ՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ: Հետեւաբար պահքը ճամբայ մըն է՝ ձգտելու այդ երջանկութեան եւ ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը: Առաջաւորաց հնգօրեայ պահքը կը նախորդէ Մեծ պահքին եւ յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ: Այս պահքը հայոց առաջին պահքն է, այդ պատճառով ալ կոչուած է Առաջաւորաց: Անիկա 11 շաբաթապահքերէն մէկն է, կը տեւէ հինգ օր՝ երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ՝ ներառեալ, Մեծ պահքէն երեք շաբաթ առաջ: Այս պահքի հինգերորդ՝ ուրբաթ օրը, պահոց օր ըլլալով հանդերձ, Յովնան մարգարէի յիշատակութեան օրն է՝ իբրեւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան օրինակի: Իսկ յաջորդ՝ շաբաթ օրը, Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր որդի Մարտիրոսին եւ տասնչորս զինուորներուն տօնը:

Դարեր շարունակ Առաջաւորաց պահքը ժողովուրդին կողմէ շփոթուած է Ս. Սարգիսի տօնին հետ եւ թիւրիմացաբար անուանուած՝ Ս. Սարգիսի պահք: Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը պարբերաբար բացատրութիւններ տուած են Առաջաւորաց պահքի մասին եւ մատնանշած են, որ այս երկու տօները անջատ տօներ են, իսկ սուրբերը պահեցողութեան օրեր չունին:

Առաջաւորաց պահքը կը տօնուի (կը պահուի) Ս. Զատիկի տօնի շարժականութեան համաձայն՝ Մեծ պահքէն երեք եւ Զատիկի տօնէն տասը շաբաթ առաջ, որ կը տեւէ հինգ օր: Այս տարուան տօնացոյցով պահքը կը սկսի 11 փետրուարին եւ կը տեւէ մինչեւ 15 փետրուար ինկած ժամանակահատուածին մէջ, 10 փետրուարին Բարեկենդանն է Առաջաւորաց պահքի, իսկ 16 փետրուարին կը զուգադիպի Ս. Սարգիսի տօնը:

ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ

Բազմաթիւ պատճառներ կան՝ անուանումը բացատրող: Նախ՝ ան կարգուեցաւ մարդը ստեղծուելէն առաջ, եւ պահեցին առաջին նախահայրերը, նաեւ անիկա ուսուցան-ւեցաւ գիրքերէն եւ օրէնքէն առաջ, այդ պատճառով Առաջաւորաց պահք կամ Առաջաւորք կը կոչուի: Երկրորդ պատճառը այդպէս կոչուելուն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած առաջին պահքի իրողութիւնն է: Հին ժամանակ պահք ըսելով՝ կը հասկնային մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն ընդհանրապէս ոչինչ կ՚ուտէին, կամ ալ կ՚ուտէին միայն բանջարեղէն: Յետագային բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագումով այլ կերակուրներ, ինչպէս նաեւ՝ մեղրը, եւ այլ տարբերակ մը ներմուծուեցաւ պահքի եւ ծոմի միջեւ՝ ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակ: Այսօր հաւատացեալի կամքին մնացած է Առաջաւորաց պահքը պահելու կերպը՝ ծո՞մ, թէ՞ սովորական պահք:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԸ ՀԻՆԳ ՕՐ ԿԸ ՏԵՒԷ

Ադամը հինգ զգայարանքներով մեղանչեց: Հնգօրեայ պահքը մեր զգայարաններու սրբութեան համար է, որոնցմով մեղքը առաջին անգամ մտաւ մարդուն մէջ, եւ անոր յաջորդեց մահը: Ադամ իր աչքերով՝ տեսողութեան զգայարանով, տեսաւ ծառը եւ ցանկաց անոր վրայ գտնուող պտուղներուն, ականջով լսեց խաբողին ձայնը, որ իրեն հաճելի թուեցաւ, ապա ոտքերով գնաց դէպի ծառը, շօշափելիքով դպաւ պտուղին ու քաղեց զայն: Այնուհետեւ ռունգերով զգաց անուշահոտութիւնը, ճաշակելիքով՝ քաղցրութիւնը եւ դատապարտուեցաւ: Ըստ աւանդութեան, երբ Ադամը դրախտէն դուրս դրուեցաւ, հինգ օր պահք պահեց, ապա կերաւ երկրի պտուղներէն: Այսպէս, մենք հինգ զգայարաններով կը գործենք բոլոր մեղքերը եւ հնգօրեայ պահքով կը սրբենք մեր զգայարանները: Այս պահքը պահեցին նաեւ Ադամի որդիները: Նոյ տապան մտնելէ առաջ եւ ետք դարձեալ պահք պահեց, Աբրահամ հինգ օր պահք պահեց, երբ Աստուած իրեն խոստացաւ զաւակ տալ: Նինուէցիները, որոնք անդունդի եզրին էին, Յովնան մարգարէի քարոզութեամբ երեքօրեայ պահքով կործանումէ փրկուեցան:

Իսկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երբ Խոր Վիրապէն ելաւ, վաթսունհինգ օր, գիշեր-ցերեկ, շարունակ քարոզեց, խրատեց, գօտեպնդեց Տրդատ թագաւորը՝ իմաստուն բժիշկի պէս ջանալով գտնել օգտակար դեղը, աղօթքով պատրաստեց հայ ժողովուրդը ու ապա սահմանեց հինգ օր սրբութեամբ ծոմապահութիւն կատարել՝ սրբելու համար հինգ զգայարանները, որմէ ետք բժշկեց ժողովուրդը: Ս. Սեղբեստրոս երբ մկրտեց Կոստանդիանոս կայսրը, հնգօրեայ պահք սահմանեց:

ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ ՉԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻՐ, ԵՒ ՊԱՏԱՐԱԳ ՉԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒԻՐ

Այս պահքը սահմանուած է նահապետներու կողմէ, որոնք Գիրքերէն, Օրէնքէն եւ Աւետարանէն առաջ կային: Անոնք այսպէս պահելով՝ արդարացան: Այս պահքը խորհրդաբար Ադամին անկումը կը խորհրդանշէ: Հետեւաբար մեր նախահայրերու յիշատակին համար, առանց ընթերցումներու եւ պատարագներու, այս պահեցողութիւնը կը կատարենք: Ինչ կը վերաբերի միւս բոլոր պահքերուն, ինչպէս՝ քառասնորդացը, շաբաթապահքերը, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերու պահքերը, ապա անոնք կը պահենք Հին եւ Նոր կտակարաններու ընթերցումներով, որովհետեւ անոնք հաստատուեցան այն ժամանակ, երբ արդէն կային օրէնքը եւ մարգարէներու ու առաքեալներու գործերը:

Առաջաւորաց պահքը ունի նաեւ իր նուիրական կերակուրը՝ փոխինդը կամ փոխինձը, որուն միջոցով կը լուծուի պահքը:

Ըստ հայ մատենագիրներու վկայութեան, Առաջաւորաց պահքը գոյութիւն ունեցած է նաեւ յոյներու եւ լատիններու մօտ:

Յովնան Մանդակունի հայրապետը կը յայտնէ, որ առաջին սուրբերը, երբ կ՚ուզէին Աստուծոյ մօտենալ, նախ պահքով կը մաքրուէին, ապա կը մօտենային Աստուծոյ:

ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ԵՒ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՏՕՆԵՐՈՒՆ ԶՈՒԳԱԴԻՊՈՒԹԻՒՆԸ

Առաջաւորաց պահքի եւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօներուն զուգադիպութիւնը եւ տօնացոյցին դրութեամբ միեւնոյն դիրքին մէջ գտնուիլը ժողովրդային ընկալման մէջ միասնական տօն կը կազմէ: Այսպէս, Առաջաւորաց պահքը լուծող աղի կամ քաղցր բլիթներով բախտի գուշակութիւնները կը վաւերացուին՝ սուրբի հրամանով ջուր տալով կամ թռչունի միջոցով փոխինձի բլիթը այս կամ այն փեսացուին կտուրն ու բակը նետելով:

Առաջաւորաց պահքի տօնական զոհաբերութեան հետ Ս. Սարգիսի տօնին առընչուած աւանդութիւնը աւելի յստակ կը դառնայ այս ծիսակարգին մէջ: Զոհաբերութեան նպատակով խարկուած եւ աղացուած ցորենի ալիւրը (մինչեւ փոխինձ պատրաստելն ու ճաշակելը) կը դնէին տունէն դուրս տեղ մը, որպէսզի Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու ոտքը քսէ կամ խրուի անոր մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ սուրբը ընդունած է զոհը: Կայ նաեւ այլ ժողովրդային վկայութիւն, որ Սարգիս զօրավար երկար կռիւներէն յոգնած ու քաղցած՝ փորձած է ուտելիք հայթայթել, ուրկէ որ քամին բուռ մը հասկ բերէ, անոր հատիկներով զօրավարը կը մարէ քաղցը, եւ ո՛վ որ իրեն պէս պահք բռնած է եւ ցորենով կը լուծէ, Աստուած անոր խնդրանքները կը կատարէ:

Այս պատճառով Ս. Սարգիս զօրավարի տօնը եւ Առաջաւորաց պահքի օրերը տօնացոյցին մէջ յայտնուեցան միասին, Յովնան Մանդակունի հայրապետին օրով:

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 11, 2019