ՏԵՍԱԿԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) անցեալ շաբաթավերջին Փարիզի մէջ կազմակերպուած 90-րդ ընդհանուր ժողովը առիթ հանդիսացաւ խտացեալ քննարկումներու՝ հայաշխարհի առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ։ Համահայկական այս կառոյցը, որ կը պատրաստուի շուտով նշել իր հիմնադրութեան 115-ամեակը, երկրագունդի չորս ծագերուն ունի մասնաճիւղեր։ Այդ բազմատասնեակ մասնաճիւղերու գոյութեան շնորհիւ ՀԲԸՄ աշխարհատարած կազմակերպութիւն մըն է, մեծ ցանց մը եւ հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ հաստատութիւնը։ Ան ճակատագրական դեր խաղացած է հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ ու վերջին դարուն եղած՝ անոր մղիչ ուժերէն մին։ Անշուշտ, գաղափարական կամ սկզբունքային առումով կարելի է նժարի վրայ դնել որեւէ հաստատութեան գործունէութիւնը, սակայն հայաշխարհէ ներս ՀԲԸՄ-ի կշիռը առարկայական իրողութիւն մըն է։ Ուստի, այս միութեան ներուժը առանցքային գործօն մըն է՝ հայութեան ընդհանուր ընթացքը պայմանաւորելու տեսակէտէ։
ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովին տեղւոյն վրայ հետեւիլը իսկապէս եզակի հնարաւորութիւն մըն էր՝ անոր տեսլականին հաղորդ դառնալու եւ հայաշխարհի վրայ հաւանական ցոլացումները պատկերացնելու տեսակէտէ։ Համագումարի եռօրեայ աշխատանքը բազմակողմանի էր, կազմակերպուած՝ կատարեալ արհեստավարժութեամբ, բարձր մակարդակով։ Այդ բոլորը համալրուած էին նաեւ ընկերամշակութային խորքով մը։ Փարիզի մէջ, ըստ էութեան, ականատես եղանք մտքերու տարափի մը, որու մէջ ուրուագծուեցան ՀԲԸՄ-ի նոր յանձնառութիւնները։ Ընդհանուր ժողովը, մեր կարծիքով, ունէր նաեւ ուրոյն բնոյթ մը։ Մտայնութեան տեսակէտէ սա կ՚առանձնանար նման հաւաքներէ։ Արդարեւ, նման հաւաքները հայ իրականութեան մէջ կը կազմակերպուին բարձր յաւակնութիւններով։ Թէ ի՞նչ կ՚ըլլայ այդ յաւակնութիւնը։ Կազմակերպիչները կը վարուին այն կանխավարկածով, թէ իրենք աշխարհի ընդհանուր երթը, կացութիւնը լրիւ կը պատկերացնեն ու կը մնայ հայկական օրակարգի հարցերուն շուրջ դիրքաւորուիլը։ Մինչդեռ, ՀԲԸՄ-ի համագումարը կազմակերպուած էր՝ տարբեր մտայնութիւնով մը առաջնորդուելով։ Այստեղ ձգտում մը կար աշխարհի ներկայ երթը հաւաքական մտային վարժանքով մը դիտարկել ու ըմբռնել հնարաւորինս ամբողջական՝ յաջորդ քայլափոխին տրամաբանելու համար հայկական օրակարգի հարցերուն վերաբերեալ ընդհանուր ռազմավարութիւն մը։ Սա անանտեսելի էր, որովհետեւ այսօր, համամիտ ըլլանք կամ ոչ, բացարձակ ճշմարտութիւններու ժամանակաշրջանը աւարտած ըլլալ կը թուի եւ այդ մէկը կը փոխարինուի ահաւոր յարաբերականութեան մը կողմէ։ Սա կը բխի ներկայ ժամանակներու ոգիէն եւ անկարելի է որեւէ հարցի պարագային հաշուի չնստիլ այս հանգամանքին հետ։
Վերադառնալով ՀԲԸՄ-ի համագումարին՝ եռօրեայ աշխատանքը ունէր փուլեր, որոնք առաջին հերթին տեսական էին, ունէր նաեւ փուլեր, որոնք աւելի գործնական էին։ «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցած՝ Կեդրոնական վարչութեան եւ տեղական մասնաճիւղերու ղեկավարութեանց ներկայացուցիչներու համատեղ խորհրդակցութիւնը (7 փետրուար 2019, հինգշաբթի) եւ Les Jardins de Saint Dominique-ի մէջ գումարուած բո՛ւն ընդհանուր ժողովը (9 փետրուար 2019, շաբաթ) գործնականներու շարքին էին։ Իսկ տեսական բնոյթով հիմնականն էր՝ Station F-ի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովը (8 փետրուար 2019, ուրբաթ)։ Այս բոլորին ներկայութիւն բերին նաեւ հիւրեր, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ։ Բաց, ազատ քննարկումներու ժամանակ կարելի եղաւ ապահովել կարծիքներու, մօտեցումներու ճոխութիւն մը՝ մանաւանդ, որ ատենախօսներն ալ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ էին իրենց ընդգրկած ասպարէզներուն մէջ։ Թէեւ ՀԲԸՄ շատ խոր աւանդութիւններով ու նախընթացներով հաստատութիւն մըն է, սակայն համագումարի բոլոր փուլերուն, բոլոր քննարկումներուն ընդմէջէն կարմիր թելի մը նման կ՚անցնէր հետեւեալ հարցումը. «Ի՞նչ է ՀԲԸՄ-ը»: Սա կարեւոր հանգամանք մըն էր անոր առաւելութիւնը վերանորոգ պահելու եւ ինքնաքննադատութեան, հարցաքննող միտքով կենսունակութիւնը երաշխաւորելու առումով՝ մանաւանդ, որ միութիւնը կը տնօրինէ հսկայական միջոցներ։
*
ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի եռօրեայ ծրագրի իւրաքանչիւր փուլին զգալի ներկայութիւն ունեցան Երիտասարդ արհեստավարժները, որոնք անգլերէն անուանումի կրճատումով կը կոչուին YP-ներ։ Այս երիտասարդական թեւը երկար տարիներէ ի վեր ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ։ Գրեթէ բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ կան անոնք եւ Փարիզի ընդհանուր ժողովի օրերուն իրենք եւս համախմբուեցան։ Նոյնիսկ ընդհանուր ժողովի ծրագրէն դուրս ժողովներ ունեցան։ Հաւաքի եզրափակիչ փուլին պարգեւներ յանձնուեցան YP-ներու երկու նուիրեալ առաջնորդներու, որոնք ցայսօր մեծ զոհողութիւն յանձն առած են՝ այս երիտասարդական շարժման կայացման ճանապարհին։ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքը անոնց նկատմամբ ունի յատուկ վերաբերմունք եւ, ըստ երեւոյթին, անոնք կ՚արդարացնեն իրենց վրայ դրուած յոյսերը։ Փարիզի եռօրեայ ընդհանուր ժողովի բոլոր քննարկումներուն անոնք բերին աշխոյժ մասնակցութիւն։ Խորհրդաժողովի ժամանակ իրենց հարցումներով բիւրեղացուցին խնդիրները։ Իսկ երեկոյթներու ժամանակ մթնոլորտը պայմանաւորեցին իրենց բարձր տրամադրութեամբ։
*
Արարողակարգային տեսանկիւնէ եւս եզակի էր Փարիզի ընդհանուր ժողովը։ Շատ յատկանշական էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասնակցութիւնը։ Ան ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ է երկար տարիներէ ի վեր եւ այդ հանգամանքէն բխած պատասխանատուութեամբ ներկայ եղաւ եռօրեայ ծրագրի վերջին երկու օրերու գրեթէ բոլոր փուլերուն։ Անշուշտ, իր մասնակցութիւնը արտասովոր իմաստ մը վերագրեց ընդհանուր ժողովին, բարձրացուց անոր կշիռը։ Ժողովականներուն կողմէ մեծ յարգանքի, նաեւ համակրանքի առարկայ դարձաւ նախագահը։ Եւ այդ ամբողջը բազմապատկուեցաւ, որովհետեւ բոլորին հետ վարուեցաւ շատ ջերմ, անմիջական ու համեստ։ Նախագահի պէս չվարուեցաւ եւ այդ մտերմութեան մէջ բիւրեղացաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքին առ Հայաստան ձգտումը։ Իր պատգամները քաղաքական չէին, ազգի ճակատագիրով մտահոգ անկեղծ հայ մարդու նման խօսեցաւ Արմէն Սարգսեան, սակայն ունկնդիրներու մտքին մէկ անկիւնը, անշուշտ, կար, որ վերջ ի վերջոյ կը խօսէր Հայաստանի նախագահը։
Բաց աստի, ՀԲԸՄ-ի համագումարին հետեւեցան դիւանագէտներ, որոնց շարքին էին՝ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, որ եկած էր Պրիւքսելէն։
Ֆրանսահայութեան յառաջատար դէմքեր եւս մասնակցութիւն բերին եռօրեայ ծրագրի զանազան փուլերուն. օրինակ՝ Օ-տը-Սենի շրջանային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեան, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ղեկավար Պետրոս Թերզեան, եւ այլք։
Ի լրումն այս բոլորին, Եւրոպայի գրեթէ բոլոր յառաջատար երկիրներէն Փարիզ եկած էին հայ համայնքներէ ծանօթ դէմքեր՝ Անգլիայէ եւ Զուիցերիայէ սկսեալ, մինչեւ Իտալիա, Չեխիա եւ Գերմանիա։ Այս շարքին մէջ յատկապէս կ՚առանձնանար Լոնտոնէն լորտ Արա Թարզի, որ անցեալ նոյեմբերին ալ մասնակցած էր ՀԲԸՄ-ի Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած կալա-ընթրիքին։
*
Գաղափարներու հէնքէն դուրս, այս ընդհանուր ժողովը վարչական արդիւնքներու առումով ընթացիկ էր ՀԲԸՄ-ի տեսակէտէ։ Կառոյցի ղեկավարութիւնը կայուն թափով յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը եւ շարունակելու համար ապահոված է անհրաժեշտ նեցուկն ու նախադրեալները։ Կեդրոնական վարչութեան կազմին մէջ եղան մասնակի փոփոխութիւններ, ինչ որ առաւել չափով հերթի փոփոխութեան նշանակութիւն ունի։ Հիմնական նորութիւնը այն է, որ Կեդրոնական վարչութեան առընթեր, ՀԲԸՄ կ՚ունենայ հոգաբարձութիւն մը, որուն վերապահուած է Կեդրոնական վարչութեան էական հարցերու մէջ խորհուրդներ տալու եւ ելմտական խնդիրները պարբերաբար համատեղ քննարկելու դերակատարութիւնը։ Խորհրդանշական ձեւով ծերակոյտի մը կը նմանի այս մէկը։ Ճիշդ է, որ վերջին տարիներուն արդէն ձեւաւորուած էր համապատասխան կորիզ մը, սակայն այժմ սա աւելի կը կայանայ, կը դառնայ աւելի կազմակերպուած եւ աստիճանաբար պիտի դառնայ մարմին մը՝ մանաւանդ, որ անոր գլուխը անցնիլ յանձն առած է ազգային բարերար Վաչէ Մանուկեանի նման վառ անհատականութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքը ընդհանուր ժողովի ընթացքին մեծ խանդավառութեամբ ողջունեց Վաչէ Մանուկեանի այս յանձնառութիւնը։
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՅԹԸ ՀԱՄԵՐԳԷ ՄԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻՆ ԷՐ ՈՒ ԽՈՐ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԵՑ ԲՈԼՈՐԻՆ ՎՐԱՅ
ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի եռօրեայ ծրագրին մէջ առանձնացաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ նորոգ հանգուցեալ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին ձօնուած համերգը։ Փառաշուք երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որ իսկապէս համերգէ մը շատ աւելին էր։ Salle Wagram-ի շքեղութիւնը կու գար տարբեր խորհուրդ մը վերագրել այս ձեռնարկին՝ այն առումով, որ Ազնաւուր մեծ բեմերու, մեր դահլիճներու անկրկնելի նուաճող մը եղած էր։ Ան ախոյեան մըն էր մարդոց սիրտը նուաճելու տեսակէտէ եւ իր յիշատակին նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ալ կու գայ վկայել այս բանը։ ՀԲԸՄ այս համերգը կազմակերպած էր՝ ընկերակցութեամբ «Ազնաւուր» հիմնարկի, որու գլուխը կը գտնուի երգիչի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուր։ Թէ՛ այս համերգին եւ թէ ընդհանուր ժողովի ծրագրի զանազան փուլերուն ան եւս ներկայ գտնուեցաւ։
Համերգը նախատեսուած էր երկու հիմնական փուլով։ Նա՛խ ներկաները ունկնդրեցին Ազնաւուրի հետ աշխատած երկու յայտնի արուեստագէտներ, որոնք Ազնաւուրի կենդանութեան գործակցած էին անոր հետ։ Այդ երկու անուններէն մին էր դաշնակահար Էրիք Պերշօ, որ սքանչելի անցումներով ներկայացուց մեծ վարպետի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը։ Միւսն էր Ժոանա Մենտիլ, որ մեներգեց Ազնաւուրի գործերէն մին, որու ձայնագրութեան ժամանակ ծանօթացած էր իրեն։
Յայտագրի յաջորդ փուլին հանդէս եկան խումբ մը հայ երգիչներ, որոնք կատարեցին Ազնաւուրի ամենայայտնի շարք մը գործերը կամ վարպետի ներշնչանքով, անոր հետ առընչուած քանի մը կտորներ։ Այսպէս, երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկան՝ Նարինէ Տովլաթեան, Իվեթա Մուկուչեան, Հայկ Պետրոսեան, Սօնա Ռուբէնեան, Սրբուհի Սարգսեան եւ Գոռ Սուճեան։ Յաջող էին բոլորն ալ։ Անշուշտ, Իվեթա Մուկուչեան ամենափորձառուն էր այս շարքին մէջ, սակայն, Հայկ Պետրոսեանն ալ անանտեսելի մակարդակի մը վրայ էր թէ՛ կատարողական կարողութեամբ եւ թէ բեմական վարպետութեամբ։
«Քեզի համար Ազնաւուր» կարգախօսով կազմակերպուած էր այս համերգը։ Սա ակնյայտօրէն փոխ առնուած էր Ազնաւուրի «Քեզի համար Հայաստան» անուն երգէն։ Ցուցադրուեցան կեանքէն յատկանշական դրուագներ կամ հին տեսագրութիւններ։ Ներկաներու անբացատրելի զգացումներու դրսեւորումը կը հանդիսանար ծափահարութիւններու տարափը։ Արուեստագէտները կը գիտակցէին, որ այդ ծափերը իրականութեան մէջ կ՚երթային Ազնաւուրին, սակայն ուրախ ու բաւարարուած էին այդ միջնորդութեան համար։ Իսկ ունկնդիրներն ալ կը ծափահարէին՝ որպէս հերթական խոնարհում իր անթառամ յիշատակին առջեւ։ Բեմի ֆոնի իր գծանկարը սրբապատկերի մը վերածուած ըլլար կարծես. հայեացքը այժմ կը վերահսկէ իր հարազատ ժողովուրդին երթը։
FRANCE 24-Ի ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ԱՇԽԷՆ ՎԵՐՏԵԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԴԱՍԵՐ Կ՚ԱՌՆԷ
ՀԲԸՄ-ի Փարիզի ընդհանուր ժողովի մասնակիցներու շարքին էր ֆրանսական մետիայի հայազգի ծանօթ անուններէն Աշխէն Վերտեան։ Ան նոր սերունդէ լրագրող մըն է ու վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ հետեւողական վերելք։ Վերջին տարիներուն ան կ՚աշխատակցի France 24 հեռուստակայանին։ Ընդհանրապէս պաստառի վրայ կը հետեւինք իրեն, բայց զիրար չէինք ճանչնար։
Փարիզի հաւաքի ժամանակ առիթը ներկայացաւ ծանօթանալու։ Ոտքի վրայ, հապճեպով զրոյց մըն էր, սակայն պարտաւոր էինք գոհանալ՝ ժամանակի սղութեան պատճառով։ Այդ կարճ զրոյցը շատ գոհացուցիչ է, որովհետեւ առաջին իսկ պահէն կարելի է զգալ, թէ Աշխէն Վերտեան շատ հաճելի զրուցակից մըն է եւ ունի շատ հաղորդական բնաւորութիւն։ Պատմեց, որ վերջին տարիներուն հայերէնի դասեր կ՚առնէ ու կը ջանայ զարգացնել լեզուն։ Ունի երկու զաւակ, որոնց եւս հայերէն կը սորվեցնէ եւ կը ջանայ իր հայերէնը յառաջացնել, որպէսզի զաւակներուն կարենայ հնարաւորինս օգտակար ըլլալ։ Համաձայնեցանք առաջին յարմար առիթով հանդիպիլ եւ աւելի երկար զրուցել։ Դիւրին գործ չէ «France 24»ի նման մեծ հեռուստակայանի մը աշխատակիցը ըլլալ ու միեւնոյն ատեն զաւակներ հասցնել, այդ ալ հայերէնի իմացութիւնը խրախուսելով։ Մաղթենք զինքը ապագային տեսնել շատ աւելի բարձր դիրքերու վրայ։
Ուրեմն, մեր ծանօթացման յիշատակն ալ անմահացուցինք «սելֆի»ով մը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ
Հայ աշխարհէ ներս հայաստանակեդրոն մտածելակերպի մը հաստատումը, նման մօտեցումներու իւրացման հարցերը վերջին տասնամեակներուն միշտ կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Այս սկզբունքին հետամուտ հիմնական կառոյցներէն մին է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ)։ Փարիզի մէջ կազմակերպուած 90-րդ ընդհանուր ժողովը այս մտածելակերպի բիւրեղացման տեսակէտէ յատկանշական էր իսկապէս։ Թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայաստանակեդրոն մտայնութիւնը. այս հարցադրման վերագրուած իմաստը հաւաքի օրերուն բաւական մանրամասնուեցաւ եւ երանգներուն մէջ ի յայտ եկան նաեւ տեսանիւթէն դէպի գործնականութիւն նախատեսուած նպատակները։
ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի եռօրեայ աշխատանքի տեւողութեան միշտ խոշորացոյցի տակ էր Հայաստանը։ Միջանկեալ նշենք, որ վերոյիշեալ սկզբունքին հետ ուղիղ համեմատութեամբ՝ ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան ամբողջին մէջ կը բարձրանայ անոր Հայաստանի կեդրոնի դերակատարութիւնը ու կը դառնայ առանցքային։ Պատահական չէր, որ վերջին երկու տարիներու գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագիրն ալ ներկայացուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանի կողմէ, որ կը գտնուի Հայաստանի մասնաճիւղին գլուխը։
Վերադառնալով հայաստանակեդրոն մտածելակերպի նիւթին՝ հաւաքի ժամանակ հնչեց այս առումով շատ հետաքրքրական եւ ուշագրաւ բանաձեւում մը. «Հայաստանը վերածել ենթակառուցուածքի»: Այս բանաձեւումը, միեւնոյն ժամանակ, կու գայ աւելի ընկալելի, հասկնալի դարձնել, որ Հայաստանի մարտահրաւէրները ինչո՛ւ անտարբերութեան պէտք չէ մատնուին եւ ինչո՛ւ ՀԲԸՄ այդ բոլորը առընչակից կը համարէ իր յառաջիկայ աշխատանքի ռազմավարական ուղղութիւններուն հետ։ Այսօր ստեղծուած է նոր աշխարհ մը եւ այս նոր ժամանակներուն հայերը դարձեալ կը դիմագրաւեն նոր մարտահրաւէրներ՝ նոր սերունդի առումով։ Լեզու, դպրոց, եկեղեցի, մշակոյթ. այս բոլորը ուշադրութենէ դուրս չեն մնացած եւ յանձնառութիւնները կը շարունակուին նոր ծրագրերով ու նախաձեռնութիւններով։ ՀԲԸՄ ազդու միջոցներ կ՚որոնէ, որպէսզի մարդիկ մղէ հետաքրքրուիլ իրենց ինքնութեամբ եւ կապուիլ անոր։ Այս կէտին վրայ միշտ հաշուի կ՚առնուի, որ աշխարհի հայութեան միայն հազիւ տասը տոկոսը մասնակցութիւն կը բերէ հայկական կեանքին եւ գոյութիւն ունի ազգային կեանքէ հեռու մնացած ահաւոր մեծ զանգուած մը։ Այս իրավիճակին մէջ ներկային կը ձեւաւորուին նաեւ նոր համայնքներ՝ աւանդական աշխարհագրութիւններէ դուրս։ Նոր ուղղութիւններէն մին է Ասիան։ ՀԲԸՄ յարմար դատած է վերջին շրջանին ծրագրեր կեանքի կոչել Թոքիոյի եւ Սէուլի մէջ։ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու (IT) բնագաւառին մէջ աշխատող հայերը, որոնք հետզհետէ կը դառնան գործօն մը։ Միայն Samsung-ի հետ աշխատող կամ համագործակցող հայերու պարագայի մատնանշումը բաւարար է պատկերացնելու համար այժմու կացութիւնը։
Աշխարհ կը փոխուի շատ արագ եւ այդպէս ալ պիտի շարունակ-ւի։ Անխուսափելիօրէն պիտի փոխուի նաեւ հայութեան կեանքը։ Ահա այս կէտին վրայ կը բիւրեղանան հայաստանակեդրոն մտածելակերպի նրբութիւնները։ ՀԲԸՄ այսօր կը ձգտի հայաշխարհի կեանքի փոփոխութեան հասնելու համար Հայաստանը օգտագործել՝ որպէս ենթակառուցուածք։ Այս մօտեցումը ունի իր տրամաբանութիւնը եւ հիմնաւորումները, որոնք կրնան արդարանալ փորձագիտական նորութիւններով պայմանաւորուած հաղորդակցութեան հնարաւորութիւններով։ Աւելի՛ն, ՀԲԸՄ-ի անցած ուղին ալ խթան մըն է այս առումով, որովհետեւ ան շարունակականութեան մը խորհրդանշանն է՝ երկար ու կայուն յաջողութեամբ։
Համաշխարհայնացման ներկայ դարուն իրականի եւ վերացականի, թուայինի եւ ֆիզիքականի միջեւ տարբերութիւնները կը կրճատուին շնորհիւ փորձագիտութեան։ Այս փաստի լոյսին տակ կ՚ըլլան հաշուարկներն ու ենթադրութիւնները՝ հայաշխարհէ ներս կեանքը փոխելու, կեանքի փոփոխութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։ Այս ճանապարհին պէտք է ապահովել, որ արտադրութեան եւ նորարարութեան նոր մշակոյթ մը հաստատուի՝ մանաւանդ երիտասարդ սերունդի մտածելակերպը փոխուի համապատասխան ձեւով։ Այս առումով ՀԲԸՄ կը ձգտի ռազմավարական նոր բովանդակութիւն մը տալ իր գործունէութեան եւ ահա այս կէտէն սկսեալ կը կեդրոնանայ Հայաստանի վրայ։ Ներդրումներն ու ելմտական կայունութիւնը կրնան դուռ բանալ՝ տնտեսական, կրթական եւ քաղաքացիական հասարակութեան ոլորտներու առումով Հայաստանի մթնոլորտը արժեւորելու։ Այս ուղղութեամբ խթան կրնայ հանդիսանալ նաեւ այն տուեալը, ըստ որու արհեստական բանականութեան առումով հայերը ունին որոշ առաւելութիւններ։ Փորձագիտութեան յառաջընթացը ինքնին կ՚ենթադրէ մարդակեդրոն մօտեցումներով նոր շըր-ջան մը։ Մեծ փոփոխութիւններն ու հնարաւորութիւնները տակաւին պիտի գան, ուստի պէտք է պատրաստ ըլլալ հայութեան կեանքը փոխելու համար՝ մանաւանդ, որ թուային եւ ֆիզիքական աշխարհներու մէջ համատեղումներն ալ կը դառնան յաճախակի։ Փորձագիտական յառաջատար ընկերութիւնները կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ։ Պետութիւններու, հասարակութիւններու ներքին յարաբերութիւններու դրուածքը ամբողջութեամբ պիտի փոխուի։ Այս հանգամանքը արդէն ՀԲԸՄ-ը վերջին տարիներուն առաջնորդած է նաեւ աշխատիլ՝ որպէս հասարակական կազմակերպութիւն, համագործակցելով ՄԱԿ-ի նման կառոյցներու հետ։
ՀԲԸՄ այս փուլին կը դիտարկէ, որ դեր պէտք է ստանձնէ Հայաստանի գործարարները եւ աշխարհի ոչ-հայ գործարարները շփման մէջ անցընելու համար։ Արդարեւ, սփիւռքը այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլայ կապի ապահովման օղակ մը, մինչդեռ ներկայիս կ՚ընկալուի՝ որպէս աղբիւր։ Այս առումով ալ անհրաժեշտ է խրախուսել նորարարական ստեղծագործութիւնը եւ զարկ տալ ներուժին։
Ի լրումն այս բոլորին, յառաջիկայ շրջանին դասական հաստատութիւնները պիտի տկարանան բոլոր մարզերու մէջ։ Նոր աշխարհին թափանցելու համար պէտք է լաւ հասկնալ այս հանգամանքը։ Դասական կրթութիւնն ալ պիտի փոխուի։ Ամենամեծ փոփոխութիւնները պիտի ապրուին կրթութեան ոլորտին մէջ։
Հաւաքի ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ նկատի կ՚առնուէր հայ ժողովուրդի վերապրելու ընդունակութիւնը, որու դրսեւորումը նոր աշխարհի մէջ պիտի ըլլան նոր Հայաստանն ու նոր հայերը։
Մինչ այս նոր աշխարհին մէջ հայերն ալ կ՚ընթանան համաշխարհային քաղաքացիներ դառնալու ճանապարհով, հայկական ինքնութիւնը կ՚անցնի բնական եղափոխութենէ մը։ ՀԲԸՄ այս փուլին աշխոյժ եւ գործնական, գործածական քայլերով ընթանալ կը ձգտի՝ գտնելու համար եզր մը, որպէսզի նոր սերունդը կապէ հայ ինքնութեան։ Սա ունի տեղական, շրջանային, ազգային եւ միջազգային հարթութիւններ։ Միութիւնը կ՚ուզէ բոլոր հայերուն հասնելու ձեւեր գտնել՝ արժեհամակարգի մը հասարակաց յայտարարով։ Այս նպատակով պէտք է դուրս գալ համայնքներու նեղ շրջանակէն եւ համարկուիլ աշխարհին։ Նոյն մղումներով ՀԲԸՄ կը կարեւորէ Հայստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ ծաւալուած լայն համագործակցութիւնն ալ մաս կը կազմէ նոյն տեսլականին։
Այսպէսով կ՚իմաստաւորուի Հայաստանը ենթակառուցուածքի մը, համահայկական ենթակառուցուածքի մը վերածելու մղումը՝ այդ կէտէն սկսեալ փոխելու համար հայ աշխարհի ընկերային կեանքի եւ ընդհանուր մտայնութեան դրուածքը։ Իսկ այս բոլորին տեսակէտէ շատ լաւ համայնապատկեր մը ստեղծեց Փարիզի հաւաքի ժամանակ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ուղղուած կոչը. «Աճապարեցէ՛ք նոր աշխարհին յարմարելու համար»:
Չէ՞ որ, կեանքը միշտ կը փոխուի եւ անփոփոխ կը մնայ միշտ անոր հեւքը։ Ուրեմն, բարի աճապարանք։
ՓԱԹՐԻՔ ՏԵՒԵՃԵԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԻՐ ՎՐԱՅ ԹՈՂԱԾ ՀԵՏՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Ֆրանսահայ յայտնի պետական-քաղաքական գործիչ, Օ-տը-Սենի շրջանային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեան Փարիզի մէջ կազմակերպուած հաւաքի ընթացքին շատ ջերմ վերաբարմունքի եւ յարգանքի արժանացաւ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքին կողմէ։ Միութեան ղեկավարութիւնն ալ իրեն շնորհեց պատուոյ մրցանակ մը։ Այդ մէկը միասնաբար յանձնեցին Պերճ Սեդրակեան եւ Վաչէ Մանուկեան։
Անշուշտ, քաղաքական գործիչներու պարագային դժուար է տալ միանշանակ գնահատականներ։ Քաղաքականութիւնը, իր բնոյթով, կ՚ենթադրէ շահերու անխուսափելի բախումներ, որոնք կը դժուարացնեն արժեւորումները։ Յամենայնդէպս, անվիճելի է, որ ֆրանսահայութեան եւ ընդհանրապէս եւրոպահայութեան արդի պատմութեան մէջ Փաթրիք Տեւեճեան տիրական դէմք մըն է, ունի կշիռ եւ ազդեցութիւն։
ՀԲԸՄ, բնականաբար, այս պարգեւատրումով փափաքած էր գնահատել Տեւեճեանի քաղաքական գործունէութիւնը, իսկ ան մրցանակը ստանալէ վերջ սրտի խօսքը արտասանելու ատեն անդրադարձաւ նիւթի մը, որ կապ չունէր թէեւ քաղաքականութեան հետ, սակայն չափազանց կարեւոր էր։
Փաթրիք Տեւեճեան Մխիթարեան սան մըն է։ Ան աւարտած է Մխիթարեան միաբանութեան Փարիզի (Սեւր արուարձան-քաղաք) երբեմնի լիսէն։ Իր սրտի խօսքին մէջ ան մասնաւորապէս ընդգծեց այս հանգամանքը եւ ընդգծեց անոր ազդեցութիւնը իր հայկականութեան մէջ։ «Մխիթարեան վարժարանի հայրերը կանխեցին, որ մենք մոռնանք՝ թէ ուրկէ կու գանք։ Մեզի տուին Հայաստանի նկատմամբ սէր։ Սփիւռքի մեր սերունդը շատ երջանիկ է, որովհետեւ տեսաւ Հայաստանի անկախացումը։ Մենք մեր երիտասարդութեան կ՚ուզէինք, բայց չէինք հաւատար։ Մենք տեսանք այդ երազի իրականացումը», ըսաւ ան հաւաքի ատեն։
Իր խօսքերը կարեւոր վկայութիւն մը կը համարուին հայ դպրոցի առաքելութեան եւ սերունդներուն առթած ոգիին տեսակէտէ։ Տեւեճեանի վկայութիւնը ակամայ մտածել կու տայ նաեւ այն մասին, թէ այսօր ամբողջ Եւրոպայի մէջ մէկ հատ իսկ հայկական լիսէ չի գործեր։ Մխիթարեաններու վարժարանները փակուած են Փարիզի եւ Վենետիկի մէջ։ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնն ալ (Կիպրոս) նոյն ճակատագրին ենթարկուած է։ Մետայլի միւս երեսակին սա կը նշանակէ, որ ամբողջ ցամաքամասի մը մէջ միայն երեք լիսէով ինչ մեծ արդիւնք քաղուած է։ Այժմ այդ խարիսխները գոյութիւն չունին։ Աչքի չգան պոլսահայ մեր լիսէները, որոնք այլեւս իրենց տեսակին մէջ միակն են ամբողջ Եւրոպայէ ներս։
Հաւաքի ընթացքին Տեւեճեան հակիրճ անդրադարձաւ նաեւ հայկական հարցին։ Ըստ իրեն, այն ինչ որ տեղի ունեցած է մինչեւ այսօր՝ կ՚ունենայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը։
ՀԲԸՄ-Ի ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՈՒ ԱՆԽՈՆՋ ՀԵՐՈՍԸ՝ ԹԱՄԱՐ ԽԱՊԱՅԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի փոթորիկի՝ մանաւանդ, Սուրիոյ ներքին պատերազմի հետեւանքներէն վերջին տարիներուն ծանր բաժին վիճակեցաւ տարածքաշրջանի հայ ժողովուրդին։ Արիւնալի իրադարձութիւններով բնորոշուած տարիներ դիմագրաւել պարտաւորուեցաւ հայութիւնը։ Օր չէր անցներ, որ վայրագութեան լուր մը չհասնէր, ողբերգութիւն մը չպատահէր եւ շրջանի հայերը փորձեցին վերապրիլ՝ ենթարկուելով հուրի եւ սուրի անգութ կանոններուն, ահաբեկիչներու տմարդի արարքներուն։
Այդ ամբողջին ժամանակ հայկական լրատուամիջոցներուն մօտ արձագանգ կը գտնէր, թէ ՀԲԸՄ կ՚օժանդակէր սուրիահայութեան, սակայն կարելի չէր յստակ պատկերացնել տարուած աշխատանքին սահմանումներն ու օժանդակութեան բնոյթը։ Փարիզի ընդհանուր ժողովի օրերուն յատուկ գնահատանքի առարկայ
դարձաւ եւ պատուոյ մրցանակի մը արժանացաւ ՀԲԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի խորհրդանշական անուններէն մին՝ սուրիահայ երիտասարդ գործիչ Թամար Խապայեան։ Իրեն համար հնչած դրուատիքի խօսքերուն զուգահեռ՝ ամբողջ սրահը յոտնկայս ծափահարեց զինքը պարգեւատրման պահուն։ Իսկ իր սրտի խօսքը չափազանց համեստ էր։
ՀԲԸՄ-ի այս երիտասարդ անդամուհիին վերապահուած արդար մեծարանքի պահերը առիթ ստեղծեցին պատկերացնելու համար Սուրիոյ տագնապի տարիներուն դաշտի վրայ տարուած չափազանց բարդ գործի հասած սահմաններն ու ճակատագրական նշանակութիւնը։ Անշուշտ, հարցը միայն այնտեղ գումար փոխանցել չէր նշանակեր։ Աւելի՛ն, բուն աշխատանքը կը սկսէր այդ գումարի տեղ հասնելով։ Տնազուրկ դարձած, վիրաւորուած մարդոց հասնիլը, դարմանատան կամ կացարանի վերածուած շէնքերու մէջ մահուկենաց պայքար մղելը ով կրնայ յանձն առնել, նոյնիսկ երեւակայել։ Ահա Թամար Խապայեան այդպիսի յանձնառութիւն ունեցած է անվհատ աշխատանքով, պողպատեայ ջիղերով ու բարձր տրամադրութեամբ։ Ան թէեւ ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ գործիչներէն մին է, սակայն վերջին տարիներուն անցած ճանապարհը իրեն տուած է մեծ հասունութիւն մը եւ ծառայութեան անկրկնելի փորձառութիւն մը։
ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի եզրափակիչ փուլի կալա-ընթրիքին սեղանակից եղանք Թամար Խապայեանի հետ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին իրմէ տեղեկացանք, որ շառաւիղներէն է երջանկայիշատակ Սահակ կաթողիկոսի, Խապայեան։
Նոյն սեղանին շուրջ, մեզի հետ էր նաեւ այլ սիրելի ընկեր մը, նաեւ շատ համակրելի պաշտօնակից մը՝ Փրակի «Օրեր» համաեւրոպական ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան։ Արդէն վաղեմի ընկերներ ենք իրարու հետ։ 1995 թուականին, երբ առաջին անգամ այցելած էի Երեւան, զինքը ճանչցած էի «Ազգ»ի (այդ ժամանակ օրաթերթ) խմբագրատան մէջ։ Մինչեւ այսօր կը շարունակուի մեր կապը, անցեր է գրեթէ 25 տարի։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձի շրջանին կազմակերպուած ձեռնարկներէն մէկուն առթիւ ալ եկած էր Պոլիս։ ՀԲԸՄ-ի համագումարի երեք օրերու ծրագրի գրեթէ բոլոր փուլերուն հետեւեցանք միասին։ Հրաժեշտի պահուն կը խօսէինք, թէ երկար տարիներէ ի վեր անընդմէջ երեք օր զիրար չէինք տեսած։ Յակոբ Ասատրեանին հետ սիրտերնիս մէկ է եւ երկուքս ալ ուրախ էինք Թամար Խապայեանը ճանչնալով՝ մանաւանդ՝ վերահասու դառնալով իր երախտաշատ աշխատանքին։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԱՇԱԿԵՐՏ ՈՒՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻ 106 ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին միշտ աղերս մը ունեցած է կրթութեան բնագաւառին հետ։ Վերջին շուրջ մէկ դարուն այս միութիւնը ուղղակիօրէն ազդած է սփիւռքի հայեցի դաստիարակութեան վրայ։ Միշտ ալ խօսուած է ըրածներուն կամ չըրածներուն մասին։ Մեր օրերուն ՀԲԸՄ համայն հայութեան, ինչու չէ նաեւ մարդկութեան համար տրամադրած է Հայկական համացանցային համալսարանը (AVC)։ Սա շատ կարեւոր առցանց պատուհան մըն է հետաքրքիրներու համար։ Հիմնադիրն է Երուանդ Զօրեան, որ միեւնոյն ժամանակ մաս կը կազմէ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան։ Փարիզի ընդհանուր ժողովի ժամանակ յաճախ խօսուեցաւ՝ հայերու համաշխարհային քաղաքացի դառնալուն մասին։ Թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ համաշխարհային քաղաքացի ըլլալ եւ պահպանել ինքնութիւն։ Համագումարէն վերջ կարճ զրոյց մը ունեցանք Երուանդ Զօրեանի հետ, որ իր մօտեցումները ամփոփեց ըստ հետեւեալի.
«Հայկական ինքնութիւն պահելու համար ըստ էութեան անհրաժեշտ է երկու բան։ Առաջինը՝ գիտելիք, իսկ երկրորդը՝ կապ։ Մասնաւորապէս անոնք, որոնք հայաշատ կեդրոններու մէջ չեն ապրիր, ընդգծուած ձեւով կը զգան այս երկուքին կարիքը։ Այլ խօսքով՝ որքան որ կեդրոնի հայ չըլլաս, այդքան կը պակսին այս երկուքը։ Փոխանցելու եւ զօրացնելու համար անհրաժեշտ միջոցներ են ասոնք։ Մեր օրերու փորձագիտութիւնը կը նպաստէ այս բոլորին։ Կապեր հաստատելու, ապահովելու դրութիւն մը կայ այսօր։ Մեր սփիւռքը անցեալին որոշ վայրերու մէջ կեդրոնացած կ՚ապրէր, իսկ հիմա կը ցրուի։ Հայկական համացանցային համալսարանը ներկայիս ուսանող ունի աշխարհի 106 երկիրներու մէջ։ Այսպիսի հնարաւորութիւն մը որեւէ հաստատութիւն չունի։ Դասական որեւէ կառոյց չի կրնար ունենալ նման արդիւնք մը»։
Սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցներու հետզհետէ փակման խնդրին վերաբերեալ մեր հարցման ի պատասխան Երուանդ Զօրեան նշեց.
«Կրթութիւնն ու ինքնութիւն պահելը կը շարունակեն հայ իրականութեան տեսակէտէ լուրջ կարեւորութիւն ներկայացնել եւ ՀԲԸՄ-ի յանձնառութիւնն ալ չէ պակսած այս առումով։ Ի՞նչն է, որ կը փոխուի։ Մեր սփիւռքը կայուն չէ, շարժուն է։ Ուստի ՀԲԸՄ-ն ալ կը ջանայ անոր հետ շարժիլ եւ ճկուն ըլլալ։ Մենք կը ջանանք մեր ծրագիրները համապատասխանեցնել նոր պայմաններուն, որոնք ստեղծուած են այսօր։ Հայեցի կրթութեան համար մենք կը ջանանք հնարաւորինս առաւել թիւով հայերու հասնիլ։ Մեր առած քայլերը ներկայ իրողութիւններու հետեւանքներն են, պատճառները չեն։ Իրապաշտ պէտք է ըլլալ։ Սփիւռքի հետ համապատասխանաբար պէտք է շարժիլ։ Եթէ անցեալին մեր գտնուած վայրերուն մէջ մնացած ըլլայինք, ապա այսօր պի-տի չկարողանայինք հասնիլ նոր համայնքներուն։ Մեր կեդրոնացումը կը մնայ հիմնական կէտի մը վրայ. կրթութիւնը հասանելի դարձնել, հասցնել հնարաւորինս մեծ թիւով հայերու»։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Փարիզ