ՀՈԳԻԻՆ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդս ամբողջութիւնն է մարմնի, այսինքն ֆիզիքական էութեան, մտքի եւ հոգիի։ Մարմինը կ՚աճի սնունդով, իր լայն առումով՝ հացով, իսկ միտքը կը զարգանայ գիտութեամբ։ Եւ հոգին կ՚ազնուանայ հոգեւոր սնունդով։

Բնութեան մէջ ամէն էակ կը ճանչցուի իր «նկարագրով» քան անունով։ Վերջապէս նկարագիրն է որ պատիւ կամ անարգանք կը բերէ անունին։ Լաւ նկարագիր ունեցողը լա՛ւ անունով կը ճանչցուի, իսկ վատ նկարագիր ունեցողը՝ վա՛տ։

Այն որ գոյութիւն ունի երկրի վրայ, արտաքնապէս սիրելի եւ համակրելի ըլլալու համար փնտռուածը անոր գեղեցկութիւնն է։ Որեւէ բան, եւ մա՛րդն ալ եթէ «գեղեցիկ» է՝ սիրելի է եւ համակրելի ընդհանրապէս, առանց բծախնդիր ըլլալու անոր ներքինին։ Զոր օրինակ, ծաղիկ մը, եթէ գեղեցիկ գոյն ունի՝ գոյներու համադրութիւն եւ նոյնպէս գեղեցիկ բոյր, սիրելի է եւ համակրելի։ Այս ուղղութեամբ, նոյնպէս եւ մարդու մը մէջ արտաքին տեսքն է, որ կը հրապուրէ առաջին ակնարկով եւ սիրելի կը դարձնէ զայն։

Բնական եւ սովորական երեւոյթ մըն է ասիկա։

Բայց մարդ քանի որ միայն մարմին չէ, միայն արտաքին տեսքով էակ մը չէ, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ անոր ներաշխարհը, մանաւանդ հոգին, հոգիին ազնուութիւնը, ազնուականութիւնը։

Կան բոյսեր որոնք լոյսին երեսին չեն ժպտիր. անոնց ժպիտը մութին վերապահուած է. մի գուցէ կ՚ամչնան լոյսէն, որովհետեւ անոնք տեսակ մը «խղճի բեռ» ունին։ Խաւարի որդիներ են եւ անոնց երեսը՝ ժպիտ, բայց սիրտը սեւ է եւ գիշերուան՝ մութին ընկերակից։

Կարելի է հարցնել. ինչպէ՞ս, եւ ինչո՞ւ։

Այդ տեսակ բոյսեր կը փաթթուին իրենց շուրջը գտնուող ուրիշ բոյսերու ցօղուններուն եւ ամրապէս պրկելով զանոնք շնչահեղձ կ՚ընեն, կը չորցնեն։ Թերեւս արտաքնապէս գեղեցիկ, հրապուրիչ տեսք ունին, բայց ներքնապէս տգեղ են եւ խաւա՛ր։ Այդ բոյսերը որպէսզի իրե՛նք ազատ շնչեն, իրենց նմաններուն, իրենց ազգակիցներուն, իրենց դրացիներուն շնչառութիւնը եւ անշուշտ կեանքը կը խափանեն։

Անոնք, իրենք որպէսզի ապրին, կը մեռցնեն իրենց ընկերները, որպէսզի իրենք բարձրանան, ո՛չինչ կը համարեն ուրիշները… եւ թերեւս՝ նաեւ անոր համար որ անոնք աւելի՛ գեղեցիկ են եւ հրապուրիչ։ Մէկ խօսքով սադայէլութիւն մը՝ սատանայութիւն մը, խորամանկութիւն մը կայ այս տեսակ բոյսերու մէջ որ արժանի են միայն խաւարի, միայն մութի, միայն գիշերուան։ Մութը եւ խաւարը իրենց սնունդն են, այլապէս չեն կրնար գործադրել իրենց սադայէլութիւնը։ Յետին նպատակով գործող, միշտ մութը եւ խաւարը նախընտրող նկարագիրներու ներկայացուցիչներ են այդ տեսակ բոյսերը։

Անոնք իրենց սրտին սեւութեան պատմուճան կ՚ընեն մթութիւնը, խաւարը… գիշե՛րը։

Բուսական բացատրութիւնը միայն կրնան գիտնալ բուսաբաններ՝ իրենց մասնագիտութեան չափով անշուշտ։ Սովորական գիտութեամբ եւ հասարակ տեղեկութիւններով կարելի չէ գիտնալ առանց դիմելու բուսաբանի մը բացատրութեան. բայց սա՛ է ընդհանուր վերլուծումը տեսնուած երեւոյթին, թերեւս բոլորովին անհիմն, թերեւս բոլորովին սխալական, բայց հիմնաւոր՝ բարոյախօսի մը տրամաբանութեամբ, թէ այդ տեսակ բոյսերը «կը գործեն» այնպէս, ինչպէս որ երբեք չի համապատասխաներ իրենց արտաքին երեւոյթին՝ գեղեցկութեան եւ թերեւս ալ բարութեան։ Անոնց արտաքինը բոլորովին կը հակասէ իրենց ներքինին…։

Եւ անոնք բոյսեր են՝ բանականութենէ եւ մտքի զարգացումէ, հոգիի ազնուականութենէ զուրկ բոյսեր միայն։

Բայց մա՞րդը։ Բանականութեան տէր, մտքով գործող, հոգիով արտայայտուող, ճշմարիտ գեղեցիկի եւ բարութեան, ազնուութեան գիտակցութիւնը ունեցող, խորհող եւ խօսող, խորհելով եւ խօսելով գործող բանաւոր մարդը…։

Յաճախ մարդ էակն ալ բոյսի մը նման կը շարժի. պատրա՛ստ է ապրելու համար մեռցնելու, իր ճամբան բանալու համար ուրիշներու ճամբան խափանելու՝ արգելք հանդիսանալու, վեր ելլելու համար ուրիշներուն ուսերուն վրայ բարձրանալու, ո՛չինչ համարելու ուրիշներուն արժանաւորութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը, յառաջանալու համար ամէն միջոց գործածելու՝ իրաւունք եւ ազատութիւն չճանչնալու, եւ միա՛յն ինքզինք կարեւոր համարելու։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ ո՛րքան յաճախադէպ է այս նոյն երեւոյթները, որոնք ընդհանրապէս կարելի է տեսնել կարգ մը բոյսերու մէջ։

Ոմանց սիրտը նախանձով, ատելութեամբ սեւցած է. անոնք արտաքին «անմեղութեան» մը քօղին տակ, ամէն տեսակ մութ եւ խաւար դաւերու, խաղերու կը զիջանին, չէզոքացնելու՝ կամ ոչնչացնելու, մինչեւ իսկ սպաննելու բարոյապէս կամ մարմնապէս ոեւէ մրցորդ՝ որուն արժանիքը անհամեմատօրէն գերազանց է։

Արդարեւ, միջակը եւ հասարակը չեն կրնար հանդուրժել, չեն կրնար տանիլ արժանիներու, արժանաւորներու գերազանցութեան որեւէ հանգամանքով, որեւէ մարզի մէջ։

Մտածելակերպը պարզ է. որպէսզի միջակը կամ հասարակը վերապրի, պէտք է որ միջավայրը «մաքրուի» գերազանցութեան «վրդովիչ» ներկայութենէն։

Օձը՝ սատանան մարդուս հոգիին մէջ կը լարէ իր դաւը… եւ միշտ մութին, միշտ խաւարին, միշտ սեւերու մէջ։ Ազնուութեան, համեստութեան, հաւատարմութեան եւ խոնարհութեան արեւը չի բնակիր ատանկներուն մէջ։ Եւ իրենց «ժպիտ»ը մթութեան մէջ միայն կրնան յայտնել, իսկ իրենց մութ սրտին մէջ գաղտնապէս ուրա՜խ են միշտ որ խափանեցին, արգիլեցին, մեռցուցին ուրիշի մը մէջ գերազանց առաքինութիւններու, ազնուութեան, կարողութիւններու, եւ շնորհներու գեղեցկութիւնը եւ փայլը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 16, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019