ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱԾԵԼ

Պօղոս առաքեալին հետեւեալ տողերը՝ ուղղուած են թեսաղոնիկեցիներուն եւ անոնց ընդմէջէն բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն համար: Կը կարդանք. «Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ինչպէ՛ս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք» (Ա.Թս 1.3):

Վստահաբար այն ժամանակ, ինչպէս նաեւ մեր օրերուն կային այնպիսի մարդիկ, որոնց համար հաւատքը միայն երեւոյթ էր եւ խօսքի սահամաններէն այն կողմ չէր անցներ, այսինքն՝ մարդիկ միայն կը պարծենային ու դեռ եւս կը պարծենան, թէ հաւատացեալ են, փրկուած են, շատ յաճախ ալ նոյնինքն Պօղոս առաքեալին գրած տողերը կ՚օգտագործեն, որպէս յաղթութեան նշան, ըսելով, թէ՝ «որովհետեւ եթէ բերանովդ խոստովանիս թէ Յիսուս Տէր է, եւ սիրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զԻնք մեռելներէն յարուցանեց՝ կը փրկուիս։ Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սիրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ, եւ երբ բերանով խոստովանի՝ կը փրկուի» (Հռ 10.9-10): Շատ ճիշդ: Բայց այս խօսքը չի՛ վերաբերիր անոնց, որոնք հաւատքը միայն առ երեւոյթ կ՚ապրին, իսկ իրականութեան մէջ մղոններով հեռու են թէ՛ հաւատքի կեանքէն եւ թէ ալ նոյնինքն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն: Աւելի՛ն, այդպիսիները լաւ չեն կարդար հետեւեալ քաջալերական տողերը նոյն առաքեալին՝ Պօղոսին, որ ուղղած է թեսաղոնիկեցիներուն՝ ըսելով. «Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ինչպէ՛ս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք»: Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը բացատրէ հաւատքը. «Հաւատքը բարի գործերու միջոցաւ կեանք կ՚ունենայ եւ բարի գործերու պակասութենէն ալ կը մեռնի հաւատքը. իսկ եթէ հաւատքը մեռաւ, հետեւաբար յոյսն ալ կը մեռնի։ Եթէ այլեւս հաւատք չկայ, այդ մէկը կը նշանակէ, որ այլեւս Աստուծոյ չենք հաւատար եւ եթէ այլեւս չենք հաւատար, հետեւաբար ինչո՞ւ յուսանք բանի մը, որու չենք հաւատար։ Հաւատքը յոյսին հետ միանալով, վստահութիւն կը ծնի. մենք առաջին հերթին կը հաւատանք Աստուծոյ, երկրորդ հերթին մեր յոյսը կը դնենք Անոր վրայ եւ ի վերջոյ կը վստահինք, որ օրին մէկը պիտի ժառանգենք զինք տեսնելու շնորհքը։ Յոյսի հիմքը համբերութիւնն է, եւ աստուածային առաքինութիւնները իրարու միացուած են շղթայի նման։ Սակայն, երբ չարը կու գայ, մեզ կը փորձէ այն բանին մէջ, ինչ բանի մէջ որ թոյլ (տկար) ենք, որովհետեւ ան գիտէ, թէ երբ որեւէ մէկ առաքինութիւն խախտուի, ապա բոլորն ալ կը խախտուին։ Օձին իմաստութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ ան վտանգի ժամանակ իր գլուխը կը պահէ, որպէսզի չկոտրեն, որովհետեւ եթէ գլուխէն հարուածեն՝ ան կը սատկի, իսկ եթէ պոչը կտրեն՝ դարձեալ կ՚աճի։ Այժմ, գլուխը մեր հաւատքն է, եթէ մեր հաւատքը պահենք, սակայն առաքինութիւնները կորսնցնենք, այդ անցողիկ է՝ մենք ատոնք (առաքինութիւնները) դարձեալ կը վաստակինք, ինչպէս որ օձին պոչը կ՚երկարի. իսկ եթէ հաւատքը կորսնցնենք՝ մենք կը կորսուինք։ Այդպէս ալ մենք պէտք է զօրաւոր պահենք մեր հաւատքն ու յոյսը, որպէսզի Աստուծոյ երկնառաք շնորհքներուն արժանանանք»:

ա. «Ինչպէս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը». ի՞նչ կը նշանակէ այս արտայայտութիւնը: Այն, թէ մարդ Աստուծոյ խօսքը կարդալէն ու լսելէն անդին իր կարդացածն ու լսածը կեանքի պէտք է վերածէ, որովհետեւ ա՛յդ է էականը, այլապէս ի՞նչ իմաստ ունի ամէն տեղ Աստուծոյ մասին խօսիլ եւ Աստուածաշունչ քարոզել, երբ քու կեանքիդ մէջ Աստուած չկայ, եւ աւելին. դուն չես հաւատար Աստուծոյ ու զԱստուած պարզապէս կ՚օգտագործես քու սեփական շահերուդ համար: Շատ յաճախ այդպիսիները առանց անդրադառնալու այդ կը կատարեն, որովհետեւ սատանայի իշխանութեան տակ մտած են, եւ սատանան մտածել կու տայ անոնց թէ փրկուած են եւ ճշմարտութեան ճանապարհին մէջ են, մինչ ճիշդ հակառակ ուղղութեան մէջ են իրենք:

Հաւատքը կեանքի վերածել, կը նշանակէ գործել, կարեկցիլ, Քրիստոսին նմանիլ, որովհետեւ Քրիստոս Իրեն դիմողները չմերժեց, ընդհակառակը միշտ ընդունեց զանոնք: Ինչո՞ւ. որովհետեւ Քրիստոս Ինք կեա՛նքն իսկ է եւ Իր աշխարհ բերած կրօնքը՝ քրիստոնէութիւնը, կեանքի կրօնք է, եւ ո՛չ թէ մեռելութեան: Այս կապակցութեամբ Յակոբոս առաքեալ գեղեցիկ կերպով կ՚անդրադառնայ հաւատքի ու գործի մասին՝ ըսելով. «Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի։ Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել» (Յկ 2.14): Աւելի անդին կը շարունակէ ըսելով. «Թերեւս մէկը առարկէ, ըսելով. «Մարդ կայ՝ որ հաւատք ունի, մարդ ալ կայ՝ որ գործերը ունի»: Այնպիսիին կը պատասխանեմ. «Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս»։ Դուն կը հաւատաս, թէ մէկ Աստուած կայ, չէ՞. շատ լաւ կ՚ընես։ Բայց դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան, եւ կը սարսափին։ Հետեւաբար հասկցի՛ր, անմի՛տ մարդ, որ առանց գործերու՝ հաւատքը անօգուտ է» (Յկ 2.18-20): Առաքեալին խօսքեկըըըանիոյ մէջ գտնուելու օրերունրը պարզ ու յստակ են, առանց գործերու կարելի չէ հաւատք ունենալ, որովհետեւ միայն հաւատալը բաւարար չէ, եւ առաքեալը սարսափեցնող բան կ՚ըսէ այդ մասին, թէ «դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան (մէկ Աստուծոյ), եւ կը սարսափին», որով յստակ կ՚երեւի, թէ միայն հաւատալը առանց հաւատքի արտայայտութիւնը եղող գործերուն, մեզ կը նմանցնէ դեւերու, այսինքն՝ սատանայի հետեւորդներուն:

բ. «Սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն». ճշմարիտ քրիստոնեան չի կրնար ըլլալ առանց սիրոյ, որովհետեւ Քրիստոս Ինք՝ սէ՛րն իսկ է: Արդարեւ, ապրելով աշխարհի մէջ, քրիստոնեան պիտի փորձէ իր մէջ մարմնաւորչպէս «հաւատքը առանձինն առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.17), նոյնպէս սէրը՝ առանց գործերու ոչինչ կ՚արժէ: Ի՞նչ իմաստ ունի երբ կ՚ըսենք, թէ զԱստուած կը սիրենք, երբ մեր նմանը եղողին օգնութեան ձեռք չենք երկարեր: Ի՞նչ իմաստ ունի երբ կ՚ըսենք, թէ Քրիստոսի սիրով վառուած ենք, երբ կարօտեալին մէկ կտոր հաց իսկ չենք տար: Աստուծոյ համար այդպիսի սէր ընդունելի չէ: Աւելի՛ն, ընդունելի չէ սիրոյ արտայայտութիւն եղող բարեգործութիւնը, որուն կը հետեւի հպարտութիւնը: Մարդիկ կան, որոնք որպէս թէ բարիք կը գործեն ուրիշներուն, բայց գործելէ ետք չեն մոռնար իրենց գործած այդ գրեթէ ոչինչ համարուող բարիքին մասին հնարել այնպիսի գեղատեսիլ պատումներ, որով այդ բարիքը ո՛չ թէ միայն ոչնչացուցած կ՚ըլլան, այլեւ իրենց վրայ դատապարտութիւն բերած կ՚ըլլան: Աւետարանը կ՚ըսէ մեզի. «Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ» (Մտ 6.3): Պարզ ու յստակ, բարեգործութիւն եթէ կ՚ուզես ընել, ծածկաբար ըրէ, եւ Երկնաւոր Հայրդ, որ քեզ կը տեսնէ՝ կը վարձատրէ: Իսկ երբ մարդոց ցոյց տալու համար ընես բարեգործութիւնդ, վստահ եղիր, որ վարձատրութիւնդ արդէն իսկ այստեղ ստացած ես: Սէր՝ չի նշանակեր երեւոյթ եւ հպարտութիւն, սէր՝ կը նշանակէ պարզութիւն եւ անկեղծութիւն, որոնք կը մարմնաւորուին գաղտնաբար:

գ. «Եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք». այս խօսքերէն կրնանք հասկնալ, թէ թեսաղոնիկեցիներուն հաւատքը այնպիսի մակարդակի մը հասած էր, որ կատարեալ վստահութիւն սկսած էին ունենալ Քրիստոսի նկատմամբ, եւ այդ վստահութիւնը թարգմանուելով յոյսի՝ առ Քրիստոս, սկսած էին համբերել ու տոկալ նեղութիւններուն: Բնականաբար, շատերուս համար յայտնի ու պարզ է, թէ առաջին դարերուն ապրող քրիստոնեաներուն նեղութիւնները այսօրուան մեր նեղութիւններուն հետ չենք կրնար բաղդատել, որովհետեւ բաղդատելու ենթակայ չէ: Առաքեալին խօսքերուն համաձայն կ՚իմանանք սակայն, թէ անոնք նեղութիւններուն կը համբերէին: Այսօր, մեզմէ քանինե՞րն են, որոնք նեղութիւններուն կը համբերեն ու կը տոկան: Քանինե՞րն են, որոնք Քրիստոսին յուսալով կը պայքարին նեղութիւններուն դէմ՝ առանց դժգոհելու: Այսօր քանինե՞րն են, որոնք հակառակ իրենց հանդիպած նեղութիւններուն ու դժուարութիւններուն, դժգոհելու փոխարէն՝ շնորհակալութիւն կը յայտնեն ու փառք կու տան Աստուծոյ ամէն ինչի համար, որովհետեւ իրենց ամրութեան Վահանը՝ Քրիստոս Ի՛նքն է: Քանինե՞րն են, որոնք այս համոզուածութեամբ կ՚ապրին իրենց կեանքը՝ առանց տրտնջալու, առանց դժգոհելու, առանց իրենց դժուարութիւնը բաղդատելու ուրիշի մը բարօր վիճակին հետ: Եւ ի վերջոյ քանինե՞րն են, որոնք իրենց նեղութեան մէջ իրենց հոգիին աչքերը երկինք կը յառեն շնորհակալութիւն յայտնելով եւ օգնութիւն խնդրելով Ամենակալէն: Չէ՞ որ ամէն ինչ Իր ձեռքերուն մէջ է եւ Ինք ամէն ինչի կարող է:

Ունի՞ս այս երեք յատկութիւնները՝

ա. Հաւատքդ գործերովդ արտայայտելու.

բ. Սէր Աստուծոյ եւ բոլորին նկատմամբ, սակայն անկե՛ղծ սէր, եւ ո՛չ թէ կեղծ. եւ՝

գ. Նեղութիւններուն դիմանալու կամք։

Հետեւաբար, համարձակ կերպով կրնաս կանգնիլ Ամենակալին դիմաց եւ ըսել՝ «Իմ ապաւէնս եւ իմ ամրոցս Դո՛ւն ես. Դուն Ի՛նքդ զիս առաջնորդէ եւ պաշտպանէ, որպէսզի քու անունդ փառաւորուի» (Սղ 31.3):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 փետրուար 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019