ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ

Գե­ղե­ցիկ ա­նուն, բա­րի, քաղցր եւ ա­նուշ պտուղ շրթանց
հա­ւա­տա­ցե­լոց.
Ի գի­շե­րի եւ ի տուըն­ջեան
յու­սով կո­չե­ցեալ,
Ընդ ա­մե­նայն տե­ղիս յի­շեալ եւ փա­ռա­ւո­րեալ.
Ե­րա­գա­հաս Սուրբդ Սար­գիս, գե­րեաց ա­զա­տիչ,
Բա­րե­խօս լեր առ Քրիս­տոս վասն ան­ձանց մե­րոց:
ՇԱ­ՐԱ­ԿԱՆ

Նման գեղեցիկ օրհներգութեամբ է, որ Հայաստանեայց Եկեղեցին ամէն տարի կ՚ոգեկոչէ հայ շարականին բանաստեղծական ու հոգեթով բառերով Սրբոյն Սարգիս զօրավարին, իր որդւոյն Մարտիրոսի եւ տասնչորս այլ վկաներուն պանծալի յիշատակը:

Երբ կը թերթատենք «Յայսմաւուրք»ի եւ «Սրբոց վարք»երու ընդմէջէն մեզի խօսող էջերը կեանքին ու գործունէութեան այս վկաներուն, մենք զմեզ անգամ մը եւս փոխադրուած կը զգանք գիրկը քրիստոնէական առաջին դարերուն, երբ աշխարհի վրայ հաստատուող եկեղեցիներու հիմերուն ամէն օր կը շաղախուէր մարտիրոսներու արդար արիւնը:

Այսօր, երբ հանգամանօրէն կ՚անդրադառնանք անոնց կեանքի սրտառուչ դրուագներուն եւ սրտաճմլիկ վախճանին, մեր փափաքն է այստեղ միասնաբար խորհրդածել ողջ քրիստոնէական եկեղեցին դարերով ու համայն մարդկութիւնը նախապատմական ժամանակներէ ի վեր տագնապեցուցած սրբութեան գաղափարին եւ զայն գործնականօրէն արտայայտելու կերպերուն մասին:

Այլ խօսքով, կ՚ուզենք հարցնել մենք մեզի, թէ ապրելով արդի անհաւատ, նիւթապաշտ, հաճոյապաշտ եւ, այսպէս կոչուած, գիտութեան սկզբունքներով միայն առաջնորդուիլ ուզող «լուսաւորեալ» ընկերութեան  գիրկը, ինչպէ՞ս կարելի է իրագործել սրբութիւնը որպէս ապրելու եղանակ՝ նաեւ մե՛ր կեանքերուն մէջ:

Բայց նախ ո՞վ էր Սուրբ Սարգիս, որուն անուան նուիրուած այսօր ալ ունինք եկեղեցիներ, եւ որուն անուան տօնին առիթով ամէն տարի այլեւս մեր կրօնական եւ ազգային աւանդութեանց մաս կազմող ծոմ ու պահք կը պահենք եւ եկեղեցական հանդիսութիւններ կը կատարենք:

Սարգիս ծագումով Կապադովկիոյ Գամիրք գաւառէն էր: Որպէս զինուորական՝ ան իր քաջագործութիւններով, առաքինի վարքով ու բարի համբաւով Բիւզանդիոնի առաջին քրիստոնեայ կայսեր՝ Կոստանդիանոսի օրով հասած էր զօրավարի եւ կառավարիչի բարձր պաշտօնին: 332 թուին, երբ Կոստանդիանոս կայսեր յաջորդը՝ Յուլիանոս Ուրացող վերահաստատեց իր երկրի սահմաններուն մէջ հռոմէական աշխարհի նախկին հեթանոսական կրօնը եւ բուռն հալածանք բացաւ քրիստոնէութեան դէմ, Սարգիս զօրավար եղաւ կայսերական բանակին այն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն մէկը, որ չհպատակեցաւ դաւանափոխութեան այս հրամանին: Ուստի, իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի հետ եկաւ ապաստան գտնելու Կապադովկիոյ դրացի Հայաստան աշխարհին մէջ՝ հայոց Տիրան թագաւորին մօտ: Ժամանակ մը հոն մնալէ ետք, աւելի հեռանալու համար հեթանոսութեան խաւարով իր հոգին կուրցուցած Յուլիանոս Ուրացող կայսրէն, ան իր որդւոյն հետ անցաւ Պարսկաստան՝ Շապուհ արքայից արքային մօտ, այս անգամ ծառայելու համար որպէս անուանի զինուորական մը պարսկական բանակին մէջ:

Եթէ զինուորականի իր ասպարէզին մէջ փայլուն գործունէութիւն ունեցած Սարգիս զօրավարին վարքը յատկանշող կարգ մը հրաշապատում դրուագները ամփոփել ուզէինք, պիտի տեսնէինք, որ անոր նահատակութիւնը հետեւանք էր այն կրօնական ազդեցութեան, զոր ան քրիստոնէական հաւատքին մէջ նոյնքան նախանձախնդիր իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի հետ սկսեր էր ունենալ իր հրամանատարութեան ներքեւ գտնուող պարսիկ զօրքին վրայ:

Իր վարքագրէն կ՚իմանանք, թէ ժամանակ մը լուռ մնալէ ետք, Սարգիս դուրս գալով զինուորական ասպարէզին իր վրայ դրած պարտաւորութիւններէն՝ սկսեր էր ոչ միայն համարձակապէս քարոզել զՔրիստոս, այլ նաեւ յանդգներ էր արհամարհել պարսկական կրօնին չաստուածները: Օրէ օր շատցող նորադարձ քրիստոնեաներուն թիւը դարձեր էր պարսիկներուն համար մտահոգիչ, այն աստիճան, որ այլեւս Շապուհ պարսից հզօր արքան պարտաւորուած էր զգաստութեան հրաւիրել սանձարձակօրէն գործող այս քրիստոնեայ զօրավարը եւ հրաւիրել զայն ընդունելու երկրին պետական կրօնը՝ մազդէականութիւնը: Յուլիանոս Ուրացող կայսեր կրօնական հալածանքէն խոյս տուած Սարգիս հիմա դէմ յանդիման կը գտնուէր ուրիշ կրօնական հալածանքի մը: Ուստի ծառանալով Շապուհի այս հրամանին դէմ, անոր համար հնչած էր ժամը՝ իր հաւատքը բարձրաղաղակ յայտարարելու: Եկած էր ժամանակը զոհողութեան գերագոյն օրինակով ընդունելու, իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի հետ, նահատակութեան պսակը, փոխանակ պահելու այն բարձր դիրքն ու հրապուրիչ պատիւները, որոնցմով Շապուհ կը խոստանար առաւել եւս ճոխացնել անոր կեանքը:

Արդարեւ, սուրբերու մեծ ընտանիքին մէջ գուրգուրանքով պահպանուած անունը Ս. Սարգիսին լոկ մէկն է այն բազմաթիւ մարտիրոսներէն, որոնց քրիստոսանուէր կեանքին նկարագրութեամբ զարդարուած կը գտնենք էջերը քրիստոնէական վկայաբանական գրականութեան: զՔրիստոս որպէս Աստուածորդի, Յարուցեալ Տէր եւ Փրկիչ աշխարհի դաւանած այս մարդոց կեանքը երբ կ՚ուսումնասիրենք, յաճախ հիացումով եւ երբեմն ալ զարմանքով կը լեցուինք «երկնային անթառամ պսակ»ին արժանանալու ցանկութեամբ մահը քաջաբար դիմագրաւելու անոնց պատրաստակամութեան ի տես: Բայց ինչպէ՞ս բացատրել անցաւոր կեանքէն յաւիտենականին, «առաւել կեանք»ին երթալու արի արանց յատուկ այս կեցուածքը, եթէ ոչ՝ այդ մարդոց սրբութեան գաղափարը որպէս հոգեկան եւ ֆիզիքական վիճակ մը մշտապէս ունենալու բուռն փափաքով: Աստուածային նոյն տեսիլքէն առինքնուած եւ իրենց մահուամբ մահը յաղթահարած հայ սուրբերուն թիւը եղած է անհամար՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Սրբակրօն կենցաղի մը ընդմէջէն Արարիչին վերադառնալու, անոր հետ նոյնանալու այս ձգտումը իր զանազան արտայայտութեան կերպերն է ունեցած անհատներու եւ ազգերու կեանքին մէջ դարերու ընթացքին:

Այս էջերուն մէջ մեր անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ ունենալով աստուածաշնչական հաւատալիքները՝ կը տեսնենք, որ քրիստոնէական առաջին սերունդը արդէն Հին կտակարանէն ժառանգած էր կրօնական հիմնական ճշմարտութիւններէն մէկը եղող հետեւեալ ըմբռնումը, թէ Աստուած ինք սրբութեան մարմնացումն է: Մարգարէներն ու սաղմոսերգուները բազմիցս արտայայտած ըլլալով այս գաղափարը՝ սրբութիւնը կը նկատէին ոչ միայն Աստուծոյ էութիւնը յատկանշող ստորոգելիներէն մէկը, այլ նաեւ կը հրաւիրէին Աստուծոյ որդիները՝ ըլլալու սուրբ, ինչպէս էր Ան՝ Արարիչն արարածոց, որովհետեւ Աստուած կը կամենար բաժնել այդ սրբութիւնը իր արարածներուն հետ (Եբր. ԺԲ. 10):

Ուրեմն հաւատացեալ քրիստոնեային համար սրբութիւնը Աստուծոյ վերագրուած էաբանական, լոկ վերացական ստորոգելի մը ըլլալէ աւելի Իր ստեղծագործութեան մէջ ապրող, անոր գոյութեան եւ տեւողութեան իմաստ տուող Աստուծոյ մը նկարագիրը ցոյց կու տայ: Այլ բառերով՝ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէր, մարդիկ կը տեսնէին ու կը ճանչնային զԱյն Իր սրբութեան մէջ: Աւելի բացայայտ դարձնելու համար այս ճշմարտութիւնը՝ տանք ծանօթ օրինակը լոյսին: Ինչպէս արեւի ճառագայթները,  բովանդակելով հանդերձ ծիածանին բոլոր գոյները իրենց մէջ, երբ կը շողան աշխարհի վրայ, որպէս լոյս կը ներկայանան մեզի, այնպէս ալ աստուածային միւս բոլոր ստորոգելիները՝ բարութիւն, ողորմածութիւն, գթառատ մարդասիրութիւն, ամենակարողութիւն, ամէնուրեքութիւն, կատարելութիւն եւ այլն, միաձուլուելով, կը ցոլան մեր վրայ, կը յայտնուին մեզի որպէս ամբողջական սրբութիւնը Աստուծոյ, որ ծնունդ կու տայ երկիւղախառն հաւատքին մարդուս մէջ: Ահա այսպէս աստուածութիւն եւ կատարեալ սրբութիւն բառերը կը նոյնանան եւ յաճախ կը գործածուին որպէս հոմանիշներ իրարու:

Բայց եթէ Աստուած իր գերբնական էակի հանգամանքով որպէս բնազանցական գոյութիւն յաճախ մարդկային մտքի հասողութեան սահմաններէն վեր կը մնայ, Անոր էութեան, գործելու եղանակին թափանցելու, Անոր կարենալ երթալու համար ունինք շատ աւելի ուղիղ եւ ապահով ճանապարհ մը, որ կը կայանայ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անձին եւ ուսուցումներուն լաւագոյնս ծանօթացման եւ կատարումին մէջ: Արդարեւ, չկայ աստուածային սրբութիւնը աւելի պերճախօսօրէն ցոլացնող պատկեր, զայն թանձրացեալ կերպով մարմնաւորող անձ, քան աւետարաններուն մէջ նկարագրուած մարդացած Աստուածորդին՝ Նազովրեցի Յիսուսը: Անոր տնօրինական օրերուն համապատկերն ու խօսքերուն հարազատ արձագանգները աւետարանի էջերէն, ոչ միայն կը բանան մեր հոգիի աչքերուն առջեւ սրբութիւնը, այլ նաեւ կը կանգնեն այն խորանը խորհրդասքօղ, ուր մարդերն ու Աստուած կու գան իրարու քով եւ կը հաղորդակցին իրարու հետ:

Քրիստոսի Մարդեղութեան խորհուրդին եւ Յարութեան անառարկելի իրականութեան մէջ է, որ աստուածային սրբութիւնը կը դադրի աստուածաբանական վերացական գաղափար մը ըլլալէ եւ կը վերածուի քրիստոնեային կեանքը իմաստաւորող գերագոյն կոչումի, վախճանական նպատակի:

Արդ, եկեղեցին որպէս խորհրդական մարմինը Քրիստոսի, բոլոր ժամանակներու մէջ փորձած է առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ իրագործել այդ սրբութեան վիճակը տուեալ ընկերութեան ըմբռնումներուն եւ քաղաքական պայմաններու շրջագծին մէջ: Սակայն, անկախ այս ընդհանուր, հաւաքական ճիգէն, միշտ ալ գտնուած են մարդիկ, որոնք կրած են ու զգացած՝ մարդկային հոգիին ամենէն իրաւ արտայայտութիւններէն մէկը եղող այս ձգտումը իր խորագոյն ձեւին մէջ: Այդ քրիստոնէական եւ միաժամանակ համամարդկային ձգտումը դարձած է անոնց համար զուտ անձնական տագնապ մը՝ բացառիկ համեմատութեանց հասած եւ յանգած անսովոր լուծումներու:

Հոս պիտի փափաքէինք հակիրճ անդրադառնալ այդ հոգեկան տագնապէն ծնունդ առած կրօնական ընդհանուր շարժումի մը, որ առաջին օրէն իր լայն արձագանգը գտաւ նաեւ մեր ժողովուրդի ծոցին մէջ: Տակաւին քրիստոնէական առաջին դարերէն սկսեալ գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց շրջապատին չարիքներէն, փորձութիւններէն հեռու մնալու ցանկութեամբ եւ առհասարակ մեղքէն չկիզուելու հրայրքէն զսպանակուած, ուրանալով իրենց հարազատներն ու աշխարհը ամբողջ, քաշուեցան անապատ վայրեր ու հոն ճգնողական կեանքի մը մէջ փորձեցին գտնել խաղաղութիւնը իրենց հոգիներուն ու փրկութիւնը իրենց անձերուն: Տիւ եւ գիշեր նուիրուելով Սուրբ Գրոց ընթերցումին, ներհայեցողական աղօթքի եւ խոկումի՝ լեռներու ծերպերուն, քարայրներու եւ ձորերու խոռոչներուն մէջ, ենթարկելով իրենց մարմինը զանազան չարչարանքներու, յուսացին ազնուացնել իրենց հոգին ու ստեղծել կամուրջ մը՝ իրենցմէ դէպի Աստուած երկարող: Այդ կամուրջին դիմացի ափին վրայ անոնք յուսացին գրկել անմահութիւնը ի վարձատրութիւն այն սրբազան կեանքին, զոր ապրեցան այս երկրի վրայ:

Մեր անմիջական նպատակէն դուրս է խօսիլ այստեղ իր սկզբնական շրջանին անհատական ձեռնարկներ եղող եւ յետագային հաւաքական ճիգի եւ միաբանական դրութեանց վերածուած այս շարժումներուն մասին: Ոչ ալ հոս տեղն է այդ շարժումներուն աստիճանական զարգացման փուլերով զբաղիլ: Այսուհանդերձ, անտեղի պիտի չըլլար լոկ յիշատակելը, որ ինչպէս հայ միտքը առհասարակ ամէն միջազգային կրօնական, թէ մտաւորական շարժումի (ըլլան անոնք եկեղեցական, մշակութային թէ արուեստի կալուածէն ներս ստեղծուած)  արձագանգ հանդիսանալէ ետք, կու տայ անոնց նաեւ իր ազգային դիմագիծը, կը զարնէ անոնց ճակտին իր ցեղային իւրայատուկ ստեղծագործական կնիքը, այնպէս ալ այս կրօնական շարժումներուն տուն տալէ ետք իր հողին վրայ, անցուցած է զանոնք իր կրօնական փորձառութեանց բովէն ու պատշաճեցուցած՝ իր տեղական պայմաններուն եւ պահանջներուն: Այս կրօնական շարժումներէն ծնունդ առած Հայաստան աշխարհի վանական համալիրները շուտով վերածուեցան հայ գիրի ու գրականութեան, հայոց դպրութեան ուսուցման առաջին դպրոցներու, յոյսի եւ լոյսի օճախներու, հաւատքի բերդերու եւ արուեստի ծաղկոցներու, որոնք ճակատագրական դեր ունեցան մեր ժողովուրդի գոյապայքարի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ: Հարցումը, զոր չենք կըր-նար չհարցնել այս առիթով, կը ներկայանայ մեզի հետեւեալ ձեւով:

Ինչպէ՞ս կարելի է այսօր՝ սուրբերու եւ սրբութեան հետ շատ գործ ունենալ չսիրող մեր դարուն, որպէս Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զաւակներ, իրագործել սրբութիւնը առօրեայ մեր կեանքին մէջ:

Կ՚ապրինք «լուսաւորեալ» յորջորջուող ժամանակներու մէջ, երբ մեր շուրջ գտնուող ամէն ինչ գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի: Ամենէն շատ կը լսուի ձայնը անոնց, որոնք կը խօսին գիտութեան նուաճումներուն, մասնագիտութեանց կարեւորութեան եւ արդիականութեան պահանջներուն անունով: Փիլիսոփայական եւ քաղաքական վարդապետութիւններ, ընկերային եւ արուեստի ըմբռնումներ յեղաշրջման աննախընթաց շրջան մը կ՚ապրին: Դարերով պահպանուած ու փայփայուած մարդկային արժէքներու, ընտանեկան բարքերու եւ ազգային աւանդութեանց վրայ կը փչեն կործանարար հովեր: Բարոյական հասկացողութիւններ, կրօնական սրբութիւններ եւ համամարդկային իտէալներ կ՚ոտնակոխուին ու կ՚անարգուին ամէն օր, մարդկային իրաւանց կեղծ պիտակին տակ:

Սակայն արդի մարդը, հակառակ այսպէս կոչուած իր երբեմնի նախապաշարումներէն, ընկերային ու կրօնական կաշկանդումներէն «ազատագրուած» ըլլալուն, ինքզինք աւելի քան երբեք կը զգայ շղթայակապ ու անապահով: Մարդկութիւնը առհասարակ կը զգայ ինքզինք նորանոր հարցականներու առջեւ դրուած, բազմակնճիռ ինչուներու ճիրաններուն մէջ խեղդուած ու հիւանդագին անորոշութեան մը, ունայնութեան եւ յուսահատութեան վիհի մը եզրին հասած: Խօսելով ի մասնաւորի  սփիւռքահայութեան մասին, ճիշդ է որ այլեւս ո՛չ ոք մեզ կը հալածէ մեր քրիստոնէական կրօնին, պաշտած Աստուածութեան համար, ո՛չ ոք մահ-ւան սպառնալիքներ կ՚ընէ ուրանալու մեր հաւատքը, սակայն այս պայմաններուն մէջ,  երբ քիչ մը ամէն օր կը հեռանանք մեր հայրենաւանդ սովորութիւններէն, եւ օտար ափերու վրայ կը դաւաճանէ հողը մեր ոտքերուն տակ, մեր հայրերուն ըմբռնած կրօնական եւ ազգային սրբութիւններն ալ կը դառնան ա՛լ աւելի դժուար իրագործելի երազներ:

Հայկական սփիւռքի տարածքին՝ անապահովութեան այս գետիններուն վրայ բնականօրէն կը պակսի հայուն ամենէն անհրաժեշտը՝ այն ինչ որ կու գայ մարդուն դարերով իր պապերուն ապրած, ստեղծագործած, արիւն եւ արցունք թափած եւ անով իսկ նուիրագործուած հողին ընդերքներէն: Ուստի, Հայաստանեայց Եկեղեցին իր պանդուխտ զաւակներուն համար տակաւին կը մնայ ներշնչարանն ու զսպանակիչ ուժը այն բոլոր հաւատալիքներուն եւ վեհ իտէալներուն, որոնք մարդը կ՚ընեն մարդ, ստեղծուած՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն, եւ կու տան հայուն իր ցեղային իւրայատուկ նկարագիրը՝ որպէս քրիստոնեայ, քաղաքակիրթ, ստեղծագործ եւ տեսիլք ունեցող ժողովուրդի:

Այս բոլորէն ետք, որպէս անբաժան մէկ մասնիկը սփիւռքահայութեան, պարտաւորուած կը զգանք պատասխանելու հետեւեալ անխուսափելի հարցումին:

Ինչպէ՞ս իրագործել աստուածաշնչական, քրիստոնէական եւ միաժամանակ խորապէս համամարդկային գաղափարներ իր մէջ շաղկապող եւ միաձուլող ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ:

Եկեղեցին ընդհանուր առմամբ արդի ժամանակներուն մէջ չէր կրնար անմասն մնալ (եւ չէ ալ մնացած) իր շուրջ կատարուող փոփոխութիւններէն: Ինչ կը վերաբերի ի մասնաւորի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, թէեւ ան իր արտաքին երեւոյթին մէջ՝ իր ծէսով, արարողութիւններով, աւանդութիւններով ու նուիրապետական կարգերով, մնացած է նոյնը դարերէ ի վեր, իր ծառայութեան զանազան դաշտերուն մէջ իւրացուցած ըլլալով արդիական գաղափարներ, մեթոտներ, նաեւ կը փորձէ քայլ պահել կարգ մը միջազգային եկեղեցական շարժումներու հետ: Այսօր մեր երբեմնի շէն  վանական հաստատութիւնները գոյութիւն չունին: Իսկ այն վանքերը, որոնք ներկայիս կը պահպանուին կամ վերընձիւղած են օտար ափերու վրայ, պահելով հանդերձ իրենց հիմնական գոյութեան իմաստը, առաքելութեան կեդրոնական նպատակները, փոխած են իրենց այդ նպատակներուն ծառայելու կերպերը:

Մայր հայրենիքին գիրկը թէ օտար երկիրներու քաղաքացի պանդուխտ հայորդիներու պարագային, տիպար քրիստոնեաներ կոչուելու, նոյնիսկ սուրբի բարի համբաւ շահելու համար այլեւս պէտքը չկայ ուրանալու աշխարհը, մեկնելու անապատ, փնտռելու առանձնութիւնը, ճգնելու լեռներու կատարին կամ ձորերու ծերպերուն մէջ՝ գտնելու համար խաղաղութիւնը եւ սրբութիւնը հոգիի: Անշուշտ որ միշտ ալ պիտի գտնուին (ինչպէս նիւթապաշտութեամբ, օգտապաշտութեամբ եւ հաճոյապաշտութեամբ յագեցած մեր ընկերութեան մէջ իսկ այսօր գոյութիւն ունին) մարդեր, որոնք ամենայն անկեղծութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ պիտի ուզեն լեցնել իրենց օրերը վանքի մը, մենաստանի մը պատերէն ներս, աղօթքով ու պատարագով, ներհայեցողական կեանքով ու սրբակրօն կենցաղով թափանցելու խորերը աստուածային խորհուրդներուն: Այսօրինակ ըմբռնումը կեանքի ոչինչ ունի ինք իր մէջ ժխտական. ընդհակառա՛կը, աշխարհն ու մարդեր պէտքը ունին անոնց աղօթքներուն: Այս վանականները իրենց  աշխարհահայեացքով ու ապրելակերպով Աստուծոյ առաջնորդող ճամբաներուն վրայ վառուած ճրագներ են, որոնք կը փորձեն ըլլալ արձագանգը Աստուծոյ պատգամներուն եւ մշտարթուն յուշարարը Անոր կամքին  աշխարհի վրայ:

Սակայն երկրի վրայ ապրուած սրբութիւն մը, որ չի գիտեր բաշխուիլ ուրիշին, դատապարտուած է մասնակի սրբութիւն մը ըլլալու: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զաւկին նշանաբանը պէտք է ըլլայ ապրիլ սրբութիւնը իր հանապազօրեայ կեանքին մէջ, իր անհատական, ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքին մէջ, միաժամանակ յաւիտենական կեանքի մը գոյութեան խորունկ համոզումով:

Սուրբերը մեր մէջ այսօր անոնք են, որոնք գիտեն սիրել ուրիշները իրենց անձերուն չափ, գիտեն իրենց եսին պարունակէն դուրս գալ ու տեսնել կեանքի նպատակներ իրագործելիք իրենց պատկանած ընկերութեան եւ ազգին ազնուացման, օգտակարութեան ու շինութեան հաշուոյն:

Սուրբերը մեր ժամանակներու մէջ անոնք են, որոնք գիտեն հետաքրքրուիլ եւ մտահոգուիլ իրենց նմանին ցաւերով, վիշտերով ու դժբախտութիւններով. անոնք՝ որ օգնութեան ձեռք մը կ՚երկարեն որբին ու այրիին, գուրգուրոտ ու սիրազեղ սիրտ մը կը ցուցաբերեն ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս տառապողներուն:

Սրբութեան վերացական գաղափարները թանձրացեալ իրականութեանց վերածողները անոնք են, որոնք գիտեն բարձրանալ ամբոխէն վեր, մնալ հոգիով ազնիւ ու վեհ, բարի եւ ներողամիտ՝ չարիքին ու տգիտութեան դէմ մարդոց:

Այս երկրի վրայ շրջող սուրբերը վերջապէս անոնք են, որոնք կրնան հաճոյքով բաժին հանել իրենց ունեցած երջանկութենէն, խաղաղութենէն, մտքի եւ հոգիի լոյսէն՝ ամէն անոնց, որոնք զրկուած են այդ բոլորէն:

Այսօր, երբ կը տօնենք յիշատակը Սրբոյն Սարգիսի զօրավարին եւ անոր որդւոյն, այս խորունկ հաւատքով է, որ տակաւին կը մնանք կառչած հաւատարիմ յիշատակին մեր սուրբերուն այն բոլոր, որոնք իրենց արեան հեղումով հիմնեցին ու կերտեցին, իրենց քաջարի ու իմաստուն առաջնորդութեամբ պահեցին ու պահպանեցին, աւերակէն ու մոխիրէն վերականգնեցին, վերաշինեցին ու վերածաղկեցուցին «Եկեղեցին հայկական» ու բանաստեղծին բառերով՝ «թաղուեցան անոր մէջ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ»: Անոնց համար Եկեղեցին հայկական, իր աղօթքին բառերով կ՚ըսէ.- «ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ, ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ»:

ԿՈՐԻՒՆ  ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ 

Շաբաթ, Փետրուար 16, 2019