ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«STAND BY ME» («ՄՆԱ՛ ԻՆԾԻ ՀԵՏ»), ՊԵՆ ՔԻՆԿ

20-րդ դարու ռիթմ եւ պլուզ ոճի ամենայայտնի երգերէն մէկը, որ Պեն Քինկը ձայնագրեց 1960 թուականին:

Քինկը այս երգը գրեց տպաւորուելով աւետարանական եկեղեցւոյ նոյնանուն հոգեւոր երգէն՝ 1905 թուականին գրուած, որուն, իր հերթին, հիմք կը ծառայէին տողեր սաղմոսէն: Երգի աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար իրեն օգնեցին երկու համահեղինակ, երգահաններու յայտնի զոյգ՝ Ճերրի Լիպերն ու Մայք Սթոլերը:

1961 թուականին երգը գլխաւորեց «Պիլլպորտ» («Billboard») ամսագրի աղիւսակը եւ մտաւ «Պիլլպորտի թէժ 100-եակ»ի առաջին տասնեակին մէջ: Ան նաեւ կը մտնէ «Ռոլլինկ Սթոն» («Rolling Stone») ամսագրի 500 հանրայայտ երգերու շարքին մէջ:

Երգը երկրորդ ծնունդ ստացաւ 1986 թուականին «Մնա՛ ինծի հետ» ժապաւէնի նկարահանումէն ետք: Ժապաւէնի յաջողութեան ալիքին հետ եկաւ նաեւ երգի յաջողութեան նոր ալիք, եւ ան 1987 թուականին դարձեալ մտաւ «Պիլլպորտ»ի տասնեակին մէջ՝ այս անգամ զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականը:

Զայն կատարած են բազմաթիւ երգիչներ, որոնցմէ են՝ Ճիմմի Հենտրիքսը, Էլթըն Ճոնը, Ատրիանօ Չելենթանոն, Ճոն Լենըը, «Լետ Զեփլին» խումբը, ինչպէս նաեւ բռնցքամարտիկ Մուհամմէտ Ալին եւ գրող Սթեֆըն Քինկը: Ընդհանուր առմամբ ան ունի 400-էն աւելի վերաերգուած տարբերակ:

1987 թուականին Սթեֆըն Քինկը կը գրէ «The Stand» («Դիմակայութիւն») գիրքը, որու վերջին հատուածին մէջ մէջբերումի տեսքով կը յայտնուի երգէն քառեակ մը, որ անտեսանելիօրէն կը կապէ նաեւ գիրքն ու երգը: Դժուար է ըսել, թէ արդեօք Սթեֆըն Քինկը երգէն ոգեշնչուելո՞վ գրած է գիրքը, թէ պարզապէս անոնք բառախաղով կապած է իրար, բայց ընթերցողները կը փաստեն, որ երգը կը հնչէ գիրքին մէջ (գիրքին մէջ երգի տողերուն հատուածը կարդալու ժամանակ երգը ակամայ կը սկսի հնչել ընթերցողի միտքին մէջ):

Քինկը իր երաժշտական գործունէութեան սկսած է «The Drifters» խումբի կազմին մէջ: Իր ծորուն պարիթոնը ռիթմ եւ պլուզ ժանրը յայտնի դարձուց սպիտակամորթ հանդիսատեսի շրջանակներուն մէջ, իսկ «Stand by Me» երգը դարձաւ դարու անմահ երգերէն մէկը, որ մինչեւ օրս կը յուզէ հանդիսատեսի սիրտը:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 18, 2019