ՊՈՒՊՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ ԵՒ ԾԻԱԾԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Գարուն էր…

Զարմուհիներս՝ Գոհարն ու Գայիանէն Ռուսաստանէն մեզի հիւրութեան եկան։ Ինձ համար, որպէս նուէր երկու «պարպի» պուպրիկ՝ մանչ եւ աղջիկ, բերին։

Օր ու գիշեր, մեր հին երկյարկանի առանձնատան պարտէզը զարմուհիներուս հետ զանազան խաղեր կը խաղայինք։ Թէպէտ մեր խաղալիկները թիւով սակաւ էին, սակայն կը փորձէինք գոհանալ ունեցածով։ Մեր նախընտրելի խաղը՝ տունտունիկն էր։

Մեծ մայրիկս ինձ ու Գոհարին ճաղերով հիւսք ընել սորվեցուցած էր։ Ես կը հիւսէի, իսկ Գոհարը զանազան հագուստներ կը կարէր իմ նոր պուպրիկներուն։ Ինչեր-ինչեր չէինք ըներ։ Օր մը ձեռքի տակ ունեցած զանազան իրերեղէններով՝ կերպաս, մատիտ, թուղթ եւ այլն ջանացինք պուպրիկներուն համար տունիկ պատրաստել։

Յիշողութեանս մէջ տակաւին թարմ են այդ երանելի օրերը, որոնք այսօր լոկ քաղցր յուշի մը վերածուեցան։ Կը յիշեմ, որ մեր տան՝ ուղղանկիւն քառանկիւն ձեւ ունեցող, լայնարձակ հիւրասենեակի վերին անկիւնը զետեղուած էր քանի մը յարկէ բաղկացեալ հին պահարան մը։ Մենք այդ պահարանի երրորդ ու չորրորդ յարկերը պարպիներուն համար յարկաբաժնի վերածած էինք. երկյարկանի տուն մը փորձեցինք շտկել։ Լուցկիի տուփով սեղան մը պատրաստեցինք, հաստ կերպասներու օգնութեամբ՝ բազմոց ու բազկաթոռներ։ Փայտի կտորներով պուպրիկներուն մահճակալ, պահարան շինեցինք։ Այդ թուականներուն նորութիւն էր, տղոց համար հետաքրքրական ու սիրուած զբաղումն էր ծամոցներուն թուղթին մէջ պահուած անակնկալ սթիքըրներ ժողվելը։ Մեր կողմէ նախապէս հաւաքած, սիրուած սթիքըրներու օգնութեամբ ալ տունիկին պատերը զարդարեցինք։ Գեղեցիկ վարագոյրի, պզտիկ թափանցիկ ճերմակ կերպասներով գոցեցինք յարկաբաժնի պատուհաններն ու դուռը՝ երկյարկանի յարկաբաժնին հաղորդելով նորաձեւ ու յարմարաւէտ տեսք։

Պուպրիկներուն գեղեցիկ տունիկ մը շտկելէ ետք, խորհեցանք, որ անոնց ամուսնութեան ժամանակն է։ Սակայն ինչ ամուսնութիւն, առանց հարսանեկան արարողութեան, առանց հարսի ճերմակ քօղի ու զգեստի։ Մեծ մայրիկս յանձն առաւ փեսայի տարազը կարելու, մայրիկս խոստացաւ խոշոր հարսանեկան կարկանդակ մը պատրաստել, մօրաքոյրս ալ քանի մը տեսակ աղցաններ, ճաշ եւ այլն։  Կարծես թէ նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները կարգադրուած են, սակայն՝ վայրկեան մը, իսկ ո՞վ պիտի կարէ հարսի սպիտակափառ զգեստը, չէ՞ որ առանց հարսի խորհրդանշական ճերմակ զգեստի, հարսանիքը ուղղակի անկարելի պիտի ըլլայ։ Այստեղ՝ մեզի օգնութեան հասաւ մեծ հայրիկիս դերձակ քոյրը, զոր խոստացաւ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, մեր հարսիկ պուպրիկին համահունչ գեղեցիկ զգեստ մը արարել։ Քանզի ամէն բան ըստ մեր ձեռնարկածի կ՚ընթանար. ես ու Գոհարը, որ ինձմէ ընդամէնը մէկուկէս ամիս մեծ է, միասնաբար հարսանիքի օրը խորհեցանք։ Քանի մը օր ետք՝ մարտի 22-ին, ժամը երեքին պիտի ամուսնացնենք մեր սիրասուն պուպրիկները։

Որչափ հարսանիքի օրը կը մօտենար, այնքան մեր յուզումնախառն ոգեւորուածութիւնն ալ կը կրկնապատկուէր։ Ահաւասիկ եկաւ սպասուած օրը։ Գոհարը, սովորութեան համաձայն արեւածագին արթնցաւ ու աճապարեց դէպի պարտէզ։ Հարսին ու փեսային ոտքերուն տակ փռելու, ինչպէս նաեւ գլուխն ի վար թափելու մտայնութեամբ, տակաւին նոր բացուող կարմիր ու վարդագոյն վարդենիներէն քանի մը  վարդ պոկեց, իսկ հարսի ձեռքի ծաղկեփունջն ալ անուշաբոյր մանուշակներէ ամբողջացուց։

Ահաւասիկ ժամը երեքն է։ Մեր տան սանդուխներէն դէպի վար՝ գորգի փոխարէն կարմիր կերպաս մը փռեցինք, սեղանները շտկեցինք, հրաւիրեալ խաղալիկները ըստ հասակի նստեցուցինք։ Ներկայ էին քանի մը պզտիկ պուպրիկներ, կենդանական աշխարհէն՝ արջուկն ու առիւծը, փղիկը, շնիկն ու փիսիկը։ Սիրային դանդաղ երաժշտութեան մը ելեւէջներուն ներքոյ, իմ ու Գոհարի օգնութեամբ սրահ մտան օրուան խորհրդանիշը համարուող հարսն ու փեսան։ Պսակադրութենէն ետք, ի փոխարէն անձրեւի՝ նորապսակներուն ուղղութեամբ վարդենիներու ծաղկաթերթիկներ տեղացին։ Հիւրերը՝ փոքր զարմուհիիս Գայիանէի օգնութեամբ, մէկ-մէկ մօտեցան ու շնորհաւորեցին օրուան հերոսները։

Կարծես թէ ամէն բան իւր բնականոն հունով կ՚ընթանար։  Մենք ալ այլեւս խրախճանքի կը պատրաստուէինք, երբ յանկարծ մարտ ամիսը ամպրոպի պէս որոտաց։ Քանի մը երկվայրկեանի ընթացքին լուսապայծառ օդը մթագնեցաւ։ Արեգակը, առանց որեւէ ընդդիմութեան, իր տեղը զիջեց ամպերուն, որոնք վայրկենապէս սեւ քօղով մը գոցեցին մեր տեսադաշտը։ Յորդառատ անձրեւ մը սկսաւ։ Խենթ ամսուան եղանակային փոփոխութիւնը այնքան ասպասելի էր, որ մենք չկրցանք պարտէզէն տուն հասնիլ։ Մինչեւ մեր ոսկորները թրջուեցանք։

Տակաւին անձրեւ կը տեղար, երբ ամպերը աստիճանաբար սկսան անհետանալ։ Սարերու ետեւ պահուըտած արեւը կամաց-կամաց սկսաւ մեզի ժպտիլ եւ երկնակամարին գեղեցիկ ծիածան մը գոյացաւ։  Մարտ ամիսը երանգապնակին վրայ ցուցուց իւր իրական դէմքը եւ անգամ մը եւս ապացուցեց, թէ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան ժամանակին «Մարտ» մանկական բանաստեղծական տողերուն մէջ, որքա՜ն յստակ տուած է խենթ ամսուան նկարագիրը.

Ա՜խ, է՜սպէս էլ գիժ ամիս.

Մարդու հանգիստ չի տալիս։

Էսօր ուրախ օր կանի,

Վաղը անձրեւ ու քամի.

Առաւօտը պայծառ օդ,

Կէսօրը մութ ու ամպոտ։

Մին հագնում է սպիտակ,

Մին կանաչին է տալիս.

Մի օր ցուրտ է, մի օր տաք,

Մին խնդում է, մին լալիս…

Ա՛խ, է՜սպէս էլ գիժ ամիս։

Ահաւասիկ մօտեցանք օրուան ամենէն զուարճալի ու յիշարժան պահուն։ Ուրեմն՝ մեծ մայրս իր հետաքրքրական, ժողովրդական յօրինուածքներէն մէկուն մէջ՝ մեզի պատմած էր, թէ երբ անձրեւէն ետք երկնակամարին ցոլացած ծիածանի տակէն ով որ մը անցնի, սեռափոխութեան կ՚ենթարկուի։ Երկնային հրաշքի թէ պատուհասի մը միջոցաւ՝ աղջիկները մանչու, իսկ մանչերը աղջկայ կը վերափոխուին։ Մենք ալ ժիր ու միամիտ տղաքս անվերապահօրէն կը հաւատայինք այս յօրինուածքներուն։

Վստահաբար, անձրեւէն ետք, սարերու ետեւէն արեգակի հետ յայտնուած ծիածանը տեսնելուն պէս, զարմուհիս յիշեց անոր շուրջ հիւսուած առասպելը։

Լացի մը ձայն իմացանք. նայեցանք, ի՞նչ տեսնենք։ Գոհարը պատի տակ ծնրադիր, գլուխը թեւերուն մէջ պահելով հոնգուր-հոնգուր կու լայ։

-Գոհար ի՞նչ եղաւ, ինչո՞ւ կու լաս,- վախցած հարցուց մօրաքոյրս։

-Ես աղջիկ ըլլալ կ՚ուզեմ, չեմ ուզեր մանչ դառնալ։

-Ի՞նչ կ՚ըսես աղջիկս, ով ըսաւ, թէ մանչ պիտի դառնաս։

-Մեծ մայրիկը ըսաւ, եթէ ծիածանի տակէն անցնիս, անմիջապէս մանչու մը կը վերափոխուիս։

-Մի՛ վախնար, ծիածանը մեզմէ շատ հեռու է, անոր տակէն չես կրնար անցնիլ։

-Ո՛չ, նայէ՛, որչափ մօտ է, եթէ տեղիցս շարժուիմ տակէն անցած պիտի ըլլամ,- ըսաւ ու շարունակեց լալ։

Այսպէս՝ զարմուհիս սրտնեղած կաթիլ-կաթիլ արտասուք կը թափէր, մենք ալ անոր շուրջը բոլորուած խնդալէն կը մարէինք։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019