ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԻՆ ՄԷՋ
Երկու երիտասարդներ Մաշտոցի պողոտան հանրակառք կը բարձրանան ու կողք-կողքի կը նստին. երեսուններու մօտ այս երիտասարդներուն աչքերը կը փայլին, զուարթ դէմքերէն կը ճառագայթեն երջանիկ շողեր, ու՝
-Էստեղից Ամիրեա՞ն կը գնան,- դիտելով կը հարցնէ մին, որուն կարօտաբաշխ հայեացքներէն նկատելի է անցեալի ու ներկայի համադրում մը, երկար տարիներու յիշողութիւններու վերականգնում մը:
-Հա, ախպերս, էստեղից կը գնան, ճիշդ էլ յիշում ես,- կը պատասխանէ բարեկամը աչքերը սեւեռած ընկերոջ զուարթ դէմքին. ուրախ է կարծես, որ ընկերը կը յիշէ իր մանկութեան ու պատանութեան տարիներու թափառումները, ուրախ է, որ օտարութիւնն ու տարիներու բացակայութիւնը չեն մոռցուցած հայրենիքը:
-Փակ շուկայի մօտ ենք գտնուում, էնպէս չի՞, էստեղից որ թեքուենք, մեր հարազատների տանն ենք մօտենալու:
-Ապրե՛ս:
... Ու նոր հայրենիք ժամանողը խուզարկու, ժպտուն նայուածքը սեւեռած անյագօրէն կը զննէ չորս դին, ապա հանրակառքի յաճախորդներուն դառնալով՝
-Տեսնո՛ւմ էք, ամէն ինչ էլ յիշում եմ, տասնվեց տարի է ինչ հեռու եմ հայրենիքից, տեսէ՛ք, ո՛նց չեմ մոռացել հայերէնը: Ինչքա՜ն եմ կարօտել հայրենիքը, հայ մարդկանց,- ու դառնալով գեղադէմ երիտասարդուհիի մը,- ես հայ կանանց ցաւը տանեմ, չկայ նրանց նմանը ամբողջ աշխարհում,- կ՚եզրակացնէ:
ԹՌՆԵԼՈՒ ՏՕՆ
Տեառնընդառաջին եկեղեցական արարողութենէն ետք բազմութիւնը խարոյկին շուրջ կը հաւաքուի, նոր ամուսնական բոյն կազմող զոյգեր, մանուկներ կարգով կը սկսին կրակին վրայէն ցատկել: Անձ մը խճողուածութիւնը կասեցնելու համար, պարտականութիւն կը ստանձնէ կարգի դնել մարդիկը՝
-Երեխաները մէկ անգամ, իսկ նորապսակները երեք անգամ թռնելու իրաւունքն ունեն:
Կ՚ըսէ ու զոյգերուն ցատկելուն հետ կը բարձրանայ անոր հաշուարկումին ձայնը՝ «մէկ, երկու, երեք...», ապա մանուկներուն՝ «մէկ, մէկ, մէկ, զգոյշ, չայրուէք, էն կողմից թռնէք»:
Ինքնաշարժ մը կը կանգնի, աճապարանքով երեք հոգի՝ հարս, կեսուր ու տղայ ըլլալու են, կ՚ուղղուին դէպի խարոյկը, ու՝
-Թռնէք էս խարոյկի վրով, էսօր թռնելու տօն է. թռնէք, որ մի հատ լաւ թոռ պարգեւէք ինձ,- կպ՚ըսէ կեսուրը հարսն ու տղան առաջնորդելով:
ԱՐԱԳԱՀԱՍ ՍՈՒՐԲԸ
Սուրբ Սարգիսի եկեղեցական արարողութենէն վերջ, աւանդաբար, ամէն տարի սուրբին զօրավարի տարազը հագած ձիաւորի մը առաջնորդութեամբ, կը շարունակուի արարողութիւնը Երեւանի փողոցներուն վրայ: Մարդիկ, մանաւանդ սիրահարուած զոյգեր ու նշանուածներ, իրենց աղերսները գրկած կը հետեւին, հաւատալով որ արագահաս սուրբը շուտով պիտի իրականացնէ իրենց փափաքները:
Եկեղեցւոյ շրջափակը կանգնած է զօրավարին ձին, սուրբը քամակին, ներկաները ինքնիկներով ու լուսանկարներով կ՚ողողեն պահը. մանուկ մը իր մօր՝
-Մամ ճան, ինչի՞ Սուրբ Սարգսի ձին սպիտակ է,- կը հարցնէ:
-Որ բոլորի մուրազները կատարի,- կը պատասխանէ մայրը:
-Ինչի՞ սուրբը զօրավարի տարազ է հագել:
-Սուրբ Սարգիսը լաւ կռուող է եղել:
-Իմ ու ախպօ՞ր պէս:
-Չէ, նա թշնամիների դէմ է կռուել: Պա ինչի՞ եմ քեզ բերել, որ սուրբը քեզ խելք շնորհի ու չկռուես ախպօրդ հետ:
Այ քեզ բա՜ն...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ