ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ այն եկեղեցականներուն հետ, որոնք վերապատրաստման դասընացքներու կը մասնակցին։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան հետ մէկտեղուեցան՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի զանազան թեմերէն 17  եկեղեցականներ, որոնք կը մասնակցին վերապատրաստման։

Հանդիպման սկիզբին դասընթացքներու պատասխանատու Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց հոգեւոր հայրերը ու ձեռնարկուած աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ վերապատրաստման այս հաւաքները միեւնոյն ժամանակ առիթ են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ միասնաբար աղօթելու եւ իրարու միջեւ եղբայրական ոգին առաւել զօրացնելու տեսակէտէ։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան կարեւորեց վերապատրաստման դասընթացքներու կազմակերպումը՝ հաստատելով, որ սա լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ աղօթական մթնոլորտի մը մէջ առաւել զօրացնելու հաւատքը, հոգեւոր կեանքը, հարստանալու նոր գիտելիքներով, ինչպէս նաեւ բաժնելով հովուական կեանքի փորձառութիւնը։ Նորին Սրբութեան խօսքով՝ դասընթացքները հնարաւորութիւն կու տան հոգեւոր հովիւներուն աւելի արդիւնաւէտ դիմակայելու արդի մարտահրաւէրները, նաեւ համաքայլ ընթանալու գիտութեան նորագոյն նուաճումներով։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ հոգեւոր հովիւներու հարցումներուն, լսեց անոնց դիտարկումները ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան երեւոյթներու եւ պիոբարոյագիտական խնդիրներու վերաբերեալ։

Վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը քահանաներուն մաղթեց ուժ, կորով եւ Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութիւն իրենց առաքելութեան արդիւնաւորման մէջ։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019