ՀՐԱՒԷՐԸ ՄԵՐԺՈՂ ԱՆՁԵՐ

Որեւէ հրաւէր քաղաքավարական արարք մըն է, իսկ հրաւէրին ընդառաջել, սիրով ընդունիլ՝ բարեկամական արտայայտութիւն մըն է եւ նաեւ՝ մտերմութեան նշանակ։ Իսկ եթէ բանաւոր պատճառով մը կարելի պիտի չըլլայ ընդառաջել հրաւէրին, պատշաճ կերպով մը պատասխանել՝ կենցաղագիտութեան հա՛րց։

Հրաւէրը որքան բարեկամական անկեղծ արտայայտութիւն մը, անոր պատասխանել՝ հրաւիրողին հանդէպ յարգանքի տուրք մըն է։ Հրաւէր մը անպատասխան թողուլ անարգանք է եւ վիրաւորա՛նք։

Այս իսկ պատճառով, մեր օրերուն, ընդհանրապէս, մանաւանդ պաշտօնական հրաւիրագրերու մէջ կ՚աւելցուի «կը խնդրուի պատասխանել» մատնանշումը։ Հրաւէր մը բանաւոր պատճառներով եթէ ստիպողաբար կը մերժուի, ասիկա պէտք է տեղեկացուի հրաւիրողին, առնուազն ցոյց տալու համար թէ հրաւէրը արժէք մը կը ներկայացնէ հրաւիրուողին համար եւ յարգուած ըլլալու փոխարէն որպէս գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելու քաղաքավարական եւ փափկանկատական շարժո՛ւմ մը…։

Հրաւէրը որեւէ կերպով անպատասխան թողուլ անտարբերութիւն է ե՛ւ անփափկանկատութի՛ւն։

«Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քի՛չ», (ՄԱՏԹ. ԻԲ 14)։

Հրաւէրի մը չընդառաջել կը ծագի անտարբերութենէ, անհետաքրքրութենէ։ Անոնք որ իրենց հանգիստը վրդովել չեն ուզեր, ընդհանրապէս անտարբեր կը գտնուին հրաւէրի մը նկատմամբ։ Այսպիսիներ մարդուս հոգիի կեանքը ուրացողներ են՝ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն միայն աշխարհային-արտաքին կեանքի եւ չեն մտածեր ուրիշը բարոյապէս վիրաւորելու մասին։ Կարելի է ըսել՝ թէ անոնք այլամերժ՝ ինքնակեդրոն անձեր են եւ միա՛յն իրենց մասին կը մտածեն եւ արժէք չեն ընծայեր ուրիշներու արժէքներուն, հաւատալիքներուն եւ փափաքներուն…։

Այս իմաստով, հրաւէրը մերժողներ կարելի է բաժնել երեք խումբի (ՄԱՏԹ. ԻԲ 3-10) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԴ 14-23). ուստի, առաջին խումբը ուղղակի կը մերժէ հրաւէրը եւ չ՚ուզեր գալ։ Երկրորդ խումբը կարեւորութիւն չի տար եւ ամէն մէկը կ՚երթայ իր անձնական գործերուն եւ զբաղումներուն. զոր օրինակ, մին ագարակ կ՚երթայ, միւսը առեւտուրով կը զբաղի, ուրիշ մը իր ընտանիքէն բաժնուիլ չ՚ուզեր, եւ այլն։ Իսկ երրորդ խումբին մէջ կը գտնուին բարիներ եւ չարեր, քանի որ հրաւիրուած են փողոցը հանդիպուող ամէն անոնք՝ որ անձնապէս չեն ճանչցուիր հրաւիրողին կողմէ։

Այս երրորդ խումբին մէջ կը գտնուին հրաւէրին ընդառաջելու համար արտաքնապէս եւ ներքնապէս պատրաստ եղողներ եւ անպատրաստ վիճակի մէջ՝ հրաւէրի պատշաճ վիճակ չունեցողներ, քանի որ հրաւէրի մը ներկայ գտնուելու նպատակով եւ մտադրութեամբ չէին պատրաստուած։

Եւ այս երրորդ խումբին մէջ անպատրաստ վիճակի մէջ ներկայացողներ անմիջապէս կը հեռացուին հարսանիքի ճաշասեղանէն, քանի որ անոնք արժանի չեն մասնակցելու այդ սեղանին. (ՄԱՏԹ. ԻԲ 14)։ Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քի՛չ։

Արդարեւ, հրաւիրեալներու եւ ընտրեալներու մասին այս առակին ընդհանուր պատկերը շատ յստակ է եւ իմաստը՝ յայտնի՛։ Ուստի Աստուծոյ տնտեսութեան-կարգաւորութեան հանդէպ մարդոց հակազդեցութիւնը եւ դիրքորոշումը կը յայտնէ այս առակը։ Առակին մէջ հրաւիրողը՝ թագաւորը Աստուած ի՛նք է։ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս։ Հարսը՝ Եկեղեցին եւ հրաւէրը՝ հոգեւոր պաշտամունքի սեղանը։ Իսկ հրաւէրը մարդոց հաղորդողները՝ առաքեալները եւ անոնց յաջորդները՝ Բանին Կենաց քարոզիչները։

Այս իմաստով, հրաւիրեալներու առաջին խումբին մէջ կը նշմարուին անհետաքրքիր՝ անտարբեր մարդիկ, որ ամէն շրջանի յայտնի, միշտ գտնուող անձեր են։ Անոնք չեն պակսիր երբեք ընկերային ե՛ւ ընտանեկան կեանքին մէջ ամէնուրեք։

Երկրորդ խումբի հրաւիրեալները կարեւորութիւն կ՚ընծայեն հրաւիրողին եւ հրաւէրին, բայց աշխարհի զբաղումները, անձնական գործերը արգելք կ՚ըլլան ընդառաջելու հրաւէրին, քանի որ հոգւով եւ մարմնով մխրճուած են այդ զբաղումներուն եւ գործերուն մէջ, որոնցմէ չեն կրնար զատուիլ։ Այդպիսիներ փոխանակ Քրիստոսի այգին մշակելու՝ իրենց ագարակը հերկելու մտահոգութիւնը ունին։ Աստուծոյ չեն ծառայեր, այլ՝ աշխարհային շահերու։ Փոխանակ Աստուծոյ յատկացնելու, հոգեւոր խրախճանքի պահերը կը յատկացնեն դրամ շահելու, շահածներուն վրայ նոր շահեր աւելցնելու։ Անոնք աղօթքը առեւտուրի են վերածած եւ կ՚ըսեն՝ թէ աշխարհի համար աշխատիլն ալ աղօթք է… անիմաստ արդարացում եւ մխիթարանք՝ գործուած սխալին, քանի որ իրենք ալ ի վերջոյ կ՚անդրադառնան, թէ իրողութիւնը այդպէս չէ՛… բայց անոնք իրենք զիրենք այնպէս համոզելով թէ մէկ անգամ պիտի գան աշխարհ, եւ հետեւաբար դիզել եւ ապա «կեր, արբ եւ ուրախ լեր», քանի որ պէտք է վայելեն աշխարհի վայելքները, հաճոյքները։

Կան նաեւ ոմանք որոնք կը չափազանցեն եւ կը փորձեն հալածել եւ բարոյապէս սպաննել Աստուծոյ պաշտօնեաները, աւետաբերները՝ զանազան զրպարտութիւններով եւ մեղադրանքներով։ Ասոնց համար Աւետարանին վճիռը շատ հետաքրքրական եւ զարմանալի է.- Թագաւորը, փոխանակ ներելու, կը զայրանայ եւ կը փոխադարձէ նոյն ձեւով, եւ բարոյական սպանութիւն փորձողներն ալ բարոյապէս կը սպաննէ. (ՄԱՏԹ. ԻԲ 7)։

  Այս վերջինները, ընդհանրապէս կրօնքը տկարութիւն եւ ժամավաճառութիւն կը նկատեն։ Անոնք, Քրիստոսի արդարութեան, հաւատարմութեան եւ ողորմութեան ձայնը խեղդելու համար նիւթական հարստութիւնը եւ իշխանութիւնը կը գործածեն։

Այսպիսիներու համար կրօնքը աշխարհային ասելի եւ անասելի, տեսանելի եւ անտեսանելի հաճոյքներու պաշտամո՛ւնքն է։ Եւ այս տեսակ «պաշտամունք» մը կ՚անուանուի. «մարմնապաշտութիւն» եւ կամ «աշխարհասիրութի՛ւն»։ Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ թէ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան եւ պայքարին հետեւանքը եղած է միշտ ոչնչացում, պարտութիւն եւ դժո՛խք։

Պատմութիւնը կը վկայէ զանազան շրջաններու մարմնապաշտական կենցաղներու՝ որ ի վերջոյ հասած է կործանումի։

Իսկ անոնք որոնք վերջին պահուն պատրաստ չէին՝ կրնային աճապարել տուն երթալու եւ իրենց հագուստը փոխելու եւ հրաւէրին պատշաճ կերպով ներկայանալու։

Արդարեւ, մարդոց միշտ կը տրուի «վերջին առիթ» մը՝ որուն շատեր չեն անդրադառնար եւ իրենք զիրենք շահաւոր նկատած մէկ պահուն կորսնցնել ամէն ինչ, վնասուիլ եւ բոլորովին դասալիք ըլլալ։ Ուստի, մարդ պէտք է պատրաստ ըլլայ, այնպէս՝ որպէս անակնկալ մէկ հրաւէր մը, կոչունք մը կատարուի եւ անոր կարենայ ընդառաջել պատշաճ եւ ակնկալուած կերպով։

Եւ այս հրաւէրը կրնայ յայտնուիլ որպէս «հրաւէր» մը՝ երկնային յաւիտենակա՜ն կեանքի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 4, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019