Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Ուղղափառ աշխարհի Ս. Զատկի տօնին առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը փութաց շնորհաւորութեան, իր հետն ունենալով Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։
Ընդհանուր Փոխանորդը այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի կողմէ։
Տօնական տրամադրութեան մէջ երկու հոգեւոր առաջնորդները փոխանակեցին բարեմաղթանքներ ու մաղթեցին, որ նախախնամութիւնը միշտ արժանի ընէ խաղաղութեան մէջ տաղաւարներ ողջունելու։
Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2015