ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՒ ՅԱԶԿԵՐՏ
Ե դարուն երկրորդ մասը, շատ ծանր եւ յուզումնալից շրջան մըն է եղած հայ ժողովուրդին համար։
Յազկերտի բռնած քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ՝ ձուլել էր զանոնք կրօնքով պարսից հետ։ Օրըստօրէ յաջողութիւն կը գտնէր Յազկերտի քաղաքականութիւնը, եւ հաւատուրացներ հետզհետէ կը բազմանային, հոգեւոր ապականութեան վարք ու բարքի մէջ ընդարձակ ծաւալ կը ստանային։ Այս կացութենէն վարակուած էին ո՛չ միայն աշխարհականներ, այլեւ հոգեւորականներու բարձր ներկայացուցիչներ նաեւ։
Մծըդնեայ աղանդը իր բազմաթիւ հետեւողներով կը քանդէր տիրող եկեղեցին ե՛ւ դաւանաբանութիւնը, եւ բարոյական կարգը եւ առաւելապէս կը նպաստէր պարսից քաղաքականութեան։
Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի վախճանումէն յետոյ, իր իսկ փափաքով, կաթողիկոսութեան տեղապահ կը դառնար Յովսէփ երէցը՝ Ե դարու նշանաւոր թարգմանիչներէն մէկը։
Ուստի Մաշտոցի կամքը «օրէնք» կը դառնայ եւ ժամանակի վիճակաւոր եպիսկոպոսները կ՚ընդունին այս կարգադրութիւնը ինչպէս ի յարգանս Մաշտոցի, նոյնպէս նաեւ Յովսէփի արժանաւորութիւններուն համար։
Ահաւասիկ, այս շրջանին, Եկեղեցւոյ դիրքը բարձրացնելու, հոգեւորական դասակարգը բարեկարգելու եւ ազնուացնելու համար 444 թուականին Յովսէփ կաթողիկոս կը գումարէ Շահապիվանի նշանաւոր ժողովը, «ի հրամանէ միաբանութեան», որուն ներկայ կը գտնուին ո՛չ միայն քսան եպիսկոպոսներ, յայտնի երէցներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ, այլեւ Վասակ մարզպանը, Վահան հազարապետը, Վարդան Մամիկոնեանը, Արշաւիր Կամսարականը եւ ուրիշ բազմաթիւ նախարարներ, գաւառապետներ եւ զօրավարներ։
Ժողովի աշխարհական տարրը կը պահանջէ կրկին հաստատել Սուրբ Գրիգորի, Սուրբ Ներսէսի, Սուրբ Սահակի եւ Սուրբ Մաշտոցի կարգերը, եւ աւելցնել այն՝ ի՛նչ որ լաւ է եւ օգտակար։ Եւ այս կերպով, եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու այս խառն ժողովը «օրէնսդիր» կը հանդիսանայ ընդհանուր ազգի համար եւ յանցանքներու համար պատիժներ եւ տուգանք կը սահմանէ։ Ժողովը կանոն է սահմանած նաեւ հաւատացեալներու համար եւ այսպիսիներուն մինչեւ իսկ մահուան պատիժ նշանակած՝ եթէ դարձի չգան։ Այսպիսի խիստ պատիժով կ՚երեւի ժողովը, որ կամեցաւ վատ սովորութիւններու արգելք հանդիսանալ՝ որ պարսից քաղաքականութեան պատճառով հետզհետէ մեծ ծաւալ ստացած էին։ Վերջապէս ժողովը խիստ եւ ծանր պատիժներ կը սահմանէ մծըդնէից համար, որոնք կը քանդէին տիրող եկեղեցին։
Ժողովուրդը եւ հոգեւորականներ միասիրտ եւ միախորհուրդ՝ նուիրական ոգիով կարելին կ՚ընէին իրենց հաւատքը եւ եկեղեցին պաշտպանելու եւ պահելու համար։ Բայց կանոններով կեանքը բարելաւել շատ դժուար էր, մանաւանդ որ պարսից գործունէութիւնը կար, որ ո՛չ միայն հաւատուրացութիւնը կը խրախուսէր, այլեւ ամուսնական ազատութիւն, որոնց դէմ էր Շահապիվանի ժողովը։
Այս ժողովէն մի քանի տարի վերջը պատահեցան դէպքեր, որոնք հայ ժողովուրդին կեանքը հիմն ի վեր խանգարեցին։ Այդ դէպքերը, պատմութեան մէջ կը յիշատակուին «Ա. Կրօնական» կամ «Վարդանանց» ճակատամարտ յայտնի անունով (451)։
Պարսից Յազկերտ Բ թագաւորը բովանդակ թագաւորութեան շրջանին այն քաղաքականութեան կը հետեւէր, թէ իր տէրութեան ապահովութեանը համար անհրաժեշտ է հպատակ ազգերը ձուլել պարսից հետ, եւ այն՝ կրօնական հիմքերով։ Իր այս ծրագիրը իրագործելու համար ան կը յարձակի նախ յունաց տէրութեան վրայ, երբ ան զբաղած էր արեւմուտքի պատերազմով, եւ համոզուելով որ յոյները կարող չեն իր նպատակի իրագործման արգելք հանդիսանալու, այնուհետեւ համարձակ աշխատեցաւ «պարսկացման ծրագիր»ը առաջ տանիլ, եւ սկսաւ հայ ժողովուրդէն, որ իր պետութեան ամենանշանաւոր մասը կը կազմէր։
Յազկերտ աշխատեցաւ ե՛ւ եկեղեցիին զօրութիւնը ոչնչացնել, նախարարները տկարացնել եւ ժողովուրդին վրայ ճնշել տնտեսականապէս կրօնափոխ ընելու համար։
Ապահովուած յունաց եւ քուշանաց կողմէն՝ Յազկերտ 442-էն մինչեւ 449 թուականը շարունակ մասնակի ճնշումներով եւ հալածանքներով կ՚արհամարհէր քրիստոնեաները եւ կը բռնադատէր զանոնք զանազան հալածանքներ յարուցանելով՝ ընդունիլ զրադաշտական վարդապետութիւնը եւ թողուլ քրիստոնէութիւնը։ Եւ Յազկերտ ա՛յսպէս կը վարուէր ո՛չ միայն Պարսկաստանի, այլեւ իր բովանդակ տէրութեան քրիստոնեաներուն հետ։
Ահաւասիկ, այս գործունէութեան հակառակ աշխատիլ եւ գործել մտադրած է 444 թուականի Շահապիվանի ժողովը՝ յատկապէս մահուան պատիժ սպառնալով հաւատուրաց հաւատացեալներուն։
Վերջապէս ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու պատրուակով Յազկերտ, Դենշապուհ իշխանին առանձին պաշտօն տալով, զայն կ՚ուղարկէ եւ կ՚աշխատի իր նպատակը իրագործել հայ ժողովուրդին մէջ։
Դենշապուհի առաջին գործը կ՚ըլլայ եկեղեցականներու վայելած ազատութիւնները կարճել եւ ամէնքը հարկատու դարձնել, դատաւորութեան իրաւունքը եկեղեցականներու ձեռքէն առնել եւ մոգպետի յանձնել, նախարարներու միութիւնը ջլատելու համար անոնց մէջ խռովութիւն ստեղծել։ Եւ վերջապէս ժողովուրդը ա՛լ աւելի ծանր հարկերով նեղել՝ որ պարտաւորուին դիմել մոգերուն։
Բայց հայ ժողովուրդը համբերութեամբ կը տանի այս բոլոր զրկանքները եւ կեղեքիչ հարկահանները կը գոհացնէ, որովհետեւ Յազկերտ տակաւին իր կրօնական համոզումներուն, հաւատալիքներուն եւ իր եկեղեցիին յայտնապէս ձեռք չէր դրած։
Եւ ահաւասիկ, մօտեցաւ այն պահը։
449 թուականին Միհրներսեհը Յազկերտի կողմէ նամակ մը կ՚ուղարկէ հայոց յայտնի նախարարներուն եւ բացարձակօրէն կ՚առաջարկէ թողուլ քրիստոնէութիւնը եւ ընդունիլ եւ հետեւիլ զրադաշտական վարդապետութեան։ Այս նամակին պատասխանելու համար 450-ին սկիզբները հայոց իշխանները հրաւէրով ժողով կը գումարեն Արտաշատի մէջ։ Ժողովին ներկայ կ՚ըլլան 18 եպիսկոպոսներ, բազմաթիւ երէցներ, վանականներ եւ իշխաններ, որոնք ներկայ էին Շահապիվանի ժողովին։ Ժողովը ընդհանուր հաճութեամբ եւ ստորագրութեամբ մերժողական պատասխան կ՚ուղարկէ Միհրներսեհին՝ յայտնելով պատրաստակամութիւն իրենց հաւատքին համար մինչեւ իսկ նահատակուիլ։
Հայոց համարձակ եւ ժխտողական պատասխանը մեծապէս կը զայրացնէ Յազկերտը եւ իր հրամանով Պարսկաստան կը կանչուին նամակը ստորագրող հայ իշխանները։ Տարակոյսի մէջ կ՚իյնան իշխանները՝ երթալու կամ չերթալու նկատմամբ։
Վերջապէս կ՚որոշեն երթալ՝ տալով ճշմարիտ երդումը հաստատուն մնալու իրենց կրօնին վրայ։
Անոնց հետ կը միանան նաեւ Աղուաններ եւ Վրացիներ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 22, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024