ԱՅՍՕՐ ՍԿՍԱՒ ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ
Բուն բարեկենդանէն եւ փակեալ խորանէն անմիջապէս ետք ընթացք կ՚առնէ Մեծ պահքը կամ Քառասնորդական պահոց շրջանը։
Արդարեւ, Մեծ պահոց շրջանը կը կոչուի Մեծ պահոց քառասնորդական պահեցողութեան շրջան եւ կամ ժողովրդային բացատրութեամբ Աղ ու հացի շրջան, այն իմաստով, որ մեր նախահայրերը քառասուն օրերու այս շրջանը աղ ու հացով կ՚անցընէին եւ կամ աղ ու հացով ծոմը կը լուծէին։ Ծոմ պահել կը նշանակէ բնաւ բան չուտել, բերանը բան չդնել։
Ի՞ՆՉ Է ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱԿԱՆ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ
Նախ ըսենք, որ մեր եկեղեցւոյ կարգ մը մեծ տօներու շաբաթ օրը, որ Ուտիք է, այսինքն ուտելու օր է, կը կոչուի նաեւ Բարեկենդան, որոնց մէջ ամենէն յատկանշականը Մեծ պահոց նախընթաց կիրակի օրն է, որ կը կոչուի Մեծ Բարեկենդան կամ Բուն Բարեկենդան։
Բուն Բարեկենդանէն օր մը առաջ, այսինքն շաբաթ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք եկեղեցական օրէնքով խորանի վարագոյրը սեւով կը ծածկուի ու խորանը կը փակուի մինչեւ Մեծ պահոց աւարտը եւ ոչ թէ փակեալ խորանէն յետոյ կը փակուի վարագոյրը, ինչ որ մեր ժողովուրդը կը կարծէ։ Բացառիկ պարագաներու միայն կը բացուի, Ս. Պատարագ կը մատուցուի եւ ապա կրկին կը փակուի։
Մեծ պահոց շրջանին պատարագը գոց վարագոյրի ետին կը մատուցուի։
Այս առիթով ըսենք, որ մեր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագը եթէ բնական կշռոյթով երգուի մէկուկէս ժամ կը տեւէ։ Մեծ պահոց շրջանին այդ տեւողութիւնը կը նուազի, տրուած ըլլալով որ Ս. Պատարագի մուտքի եւ աւարտի բաժինները զեղչուած են, հետեւաբար պատարագիչը գոց վարագոյրի ետին կը զգեստաւորուի ու Ս. Պատարագը սկիզբ կ՚առնէ գրեթէ Աւետարանի ընթերցումով ու կը փակուի «Ի Սուրբ, ի Սուրբ»էն ետք, որմէ յետոյ պատարագիչը փիլոնով կ՚իջնէ դաս, կանոնական քանի մը աղօթքները կը կարդայ ու ժողովուրդը կ՚արձակէ։ Իսկ հոգեհանգիստի պարագային, հոգեհանգիստը կը կատարէ, Աւետարանը կը կարդայ ու ապա միայն կ՚արձակէ ժողովուրդը։
Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը պէտք է նկատի ունենայ այս պարագան, որ Մեծ պահոց բոլոր կիրակիներուն, մեր պատարագները ոչ թէ կանուխ կը սկսին, այլ զեղչուած բաժիններով բնական ժամէն աւելի կանուխ կը վերջանան։
Արդ, Բուն Բարեկենդանի կիրակիէն սկսեալ մինչեւ Ծաղկազարդի տօնը երկարող եօթ եօթնեակները -48 օր-, որոնք հոգեգրաւ խորհուրդով մը Մեծ պահքը կը հիւսեն, կը փակուին Քրիստոսի Յարութեան հրաշալի խորհուրդով։ 24-րդ օրը Միջինք է, որ կը նշանակէ, թէ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին։
Այս քառասուն օրերու ընթացքին արգիլւած է պսակ կատարել եւ մատաղ օրհնել։ Կ՚արտօնուի միայն մկրտութիւն, նշանախօսութիւն եւ բնականաբար թաղում կատարել։
Պահքը կրօնական հիմք ունի, որ բուն իմաստով կը նշանակէ զգուշանալ, ինքզինք բանէ մը զրկել, հեռու մնալ, այլ խօսքով հրաժարիլ որոշ կերակուրներէ եւ նուիրուիլ ինքնաքննութեան եւ ապաշխարութեան, կարենալ իրագործելու համար ճշմարիտ մարդու իր կոչումը։ Եկեղեցական կանոններու համաձայն, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը պահքի օրեր են։ Ինչ որ է սննդականոնը բժշկութեան մէջ, որ բժշկական պահք է, նոյնն է պահքը կրօնական դրութեան մէջ։
Քառասուն օրերու վրայ երկարող այս պահքը կը կոչուի նաեւ Քառասնորդական կամ Մեծ պահք, այն իմաստով, որ ինչպէս Քրիստոս քառասուն օրեր անապատ քաշուեցաւ ու աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ապաշխարութեամբ ինքզինք պատրաստեց աստուածային իր առաքելութեան համար, այնպէս ալ մեր եկեղեցւոյ հայրապետները Քրիստոսի օրինակով այս պահքը հաստատած են հաւատացեալին քառասուն օրեր առիթ տալու խոկումի աղօթքի եւ ինքնաքննութեան։
Մեծ պահոց ամէն մէկ կիրակի նուիրուած է կարգ մը յիշատակներու եւ այդ անունով կոչուած է կիրակին. այսպէս, առաջին կիրակին, այսինքն Բուն Բարեկենդանը նուիրուած է դրախտի յիշատակին, երկրորդը՝ Ադամի եւ Եւայի դրախտէն արտաքսման, երրորդը՝ Անառակ որդիի վերադարձին, չորրորդը՝ Տնտեսին, հինգերորդը՝ Դատաւորին, վեցերորդը՝ Փրկչի Գալստեան եւ եօթներորդը՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին, որ կը կոչուի Ծաղկազարդ։